ՍԻԼՎԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ
Փոքր տարիքէս ճանչցած եմ Պայծառը: Անուն մը, որ մեծ ներշնչում տուած է ինծի: Հանգիստ եւ ազատ արտայայտուող, մտածածը լաւ բանաձեւող, արթնամիտ եւ համարձակ գաղափարներ ունեցող, սկզբունքներու տէր ու պաշտպան կանգնող անձնաւորութիւն մը: Աւելի՛ն. թատերասէրի ուրոյն խառնուածքի մարմնաւորումը` դրոշմուած հայկական ինքնութեամբ, ճեմարանականի հպարտութեամբ եւ շատ իւրայատուկ ճաշակով, որ կը թափանցէ իր պարզ, բայց հարուստ կենսափորձ ունեցող ներաշխարհը:
Լոյս հոգւոյն: