Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուշեղ Գարավարդանեանին «Timeless» Անհատական Ցուցահանդէսը Անցեալը, Ներկան Ու Ապագան Կը Կամրջէ

Յուլիս 12, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Մուշեղ Գարավարդանեան արուեստագէտին (կամ Գարամուշին) 2015 թուականին ծանօթացած էի «Կանգառ» ընդյարկեայ տարածքին մէջ` «Խաչմերուկ» խորագիրով հաւաքական ցուցահանդէսին: Թէեւ բնաւ չեմ գիտեր ճիշդ ե՛րբ անոր հետ բարեկամացայ ու ընկերացայ,- եւ հետեւաբար` ինծի համար աւելի հասանելի դարձաւ արուեստագէտի իր աշխարհին հետ շփում ունենալը, բայց գիտեմ, որ, ըլլալով ստեղծագործական աշխարհներով հետաքրքրուած անձ մը, Մուշեղ Գարավարդանեանին ստեղծագործական աշխարհը նկարակտաւներու վրայ տեսնելը յատուկ խորհրդածութեան առիթ կը ստեղծէ դիտողին մօտ, իսկ անոնց մասին իրեն հետ զրուցելը աւելի կը ծանօթացնէ դիտողը անոր ստեղծագործութեան ընթացքին:

Այս անգամ Մուշեղ Գարավարդանեան արուեստագէտը կը գտնեմ այլ ընդյարկեայ տարածքի մը մէջ` «Formicaria» անունով, որ Համրայի մէջ կը գտնուի: Տարածքը քանի մը ամիս որպէս սթիւտիօ օգտագործելէ ետք, Մ. Գարավարդանեան իր անհատական երկրորդ ցուցահանդէսը կը կազմակերպէ հոն` «Timeless» («Անժամանցելի») խորագիրով, առաջինը ըլլալով գրեթէ տարի մը առաջ` սեպտեմբեր 2023-ին:

«Formicaria»-ն լատիներէն մրջնաբոյնն է. ի դէպ, տարածքը կը պատկանի Վահան Փափազեանին, որ տէրն է նաեւ «Էնց» (Մրջիւններ) խանութին, որուն դիմաց կը գտնուի այս աշխատանոց/ցուցասրահը: Շողակը (Յովհաննէսեան) եւ ես այլ պարտաւորութիւններու պատճառով փախցուցած էինք բացման հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցած էր յունիս 28-ի երեկոյեան, արուեստասէր հանրութեան ներկայութեան: Բայց թերեւս ամէն չարիքի մէջ բարիք մը ըլլալու է ըսելով, մեր այցելութեան ընթացքին Մուշեղին բռնեցինք երկար խօսակցութեան` վայելելով տարածքին բարիքները` դուրսի պարտէզը, հանդարտութիւնը, երեկոյեան զով հովը:

«Ես հոգեաշխարհի վերաբերեալ բաւական հետաքրքրութիւններ ունեցած եմ, եւ ձեւով մը ատիկա իմ մէջս եղափոխութիւններ ըրած է, չեմ գիտեր դէպի լաւ կամ դէպի վատ, բայց գիտեմ, որ բաւական զուարճութիւն եւ տառապանք անցուցած եմ: Այս երկու ապրումները իրարու ագուցած եմ, եւ ատիկա ինծի առիթ տուած է արուեստովս արտայայտուելու, գործերովս պարկեշտ ըլլալու, հետաքրքրութիւններս աշխարհին ցոյց տալու առիթ, որպէսզի աշխարհը նոյնպէս հետաքրքրուած ըլլայ արուեստովս, ու մենք միասին ռեզոնանս ընենք ու նոր համայնք մը ստեղծենք: Համայնք ստեղծելն ալ արդէն մասամբ մը «Formicaria»-ին տեսելքն է, այդ պատճառով որոշեցի նորէն հոս ցուցադրել գործերս` Վահանին քաջալերանքով: «Formicaria»-ն կ՛ուզէ արուեստագէտները իրարու ծանօթացնել, թերեւս միացնել արուեստի լաւ մթնոլորտի մը մէջ, ըլլայ ատիկա մտային, հոգեկան թէ՛ այլ», ընթացք առաւ մեր խօսակցութիւնը:

Գարավարդանեան կը պատմէ, որ «Formicaria»-ի մէջ երկու ամիս «art residency» ըրած է, այսինքն ստեղծագործելու համար «բնակութիւն» հաստատած է հոն: «Շատ աղուոր է հոս մթնոլորտը. դուրսը բնութիւն կայ, անջատուած է ճամբու աղմուկէն, ընդյարկեայ է տեղը… Ձեւով մը կը նախընտրեմ առանձին ըլլալ աշխատած ժամանակս, անշուշտ ատիկա չի նշանակեր, որ բոլորովին մինակ էի, ընդհակառակը, բազմիցս արուեստագէտ ընկերներս հրաւիրեցի հոս, ինչպէս` Հրանդ Գալեմքէրեանը, Ժաք Վարդապետեանը, Ալի Մըրին եւ ուրիշներ. ինչպէս ըսի, համայնք մը ստեղծելու տեսիլքով կը բանի վայրը: Միասին սուրճ խմեցինք, խօսեցանք, կարծիքներ փոխանակեցինք, եւ ատոր արդիւնքը անշուշտ կտաւներուն վրայ կը տեսնուի»:

Սակայն «Timeless»-ի գործերուն մէջ կայ հետաքրքրական եւ, ես պիտի ըսէի, քաջ քայլ մը, զոր արուեստագէտը համարձակած է ներմուծել: Նկատի ունենալով արհեստագիտութեան հետզհետէ աւելի ներթափանցումը մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, Գարամուշ նաեւ ընդունած է արհեստագիտական բանականութեան նկարներ արտադրելու կարողութիւնը` իբրեւ ստեղծագործութեան հիմք: Այլ խօսքով, այս ցուցահանդէսին համար Մուշեղ Գ.-ն տուեալ նկարի մը իր պատկերացումը բառերով բացատրած է արհեստագիտական բանականութեան (ԱԲ) տուեալ գործիքին, որպէսզի ան ալ իր հասկցածին պէս նկար մը արտադրէ: Արուեստագէտը ապա այդ նկարը գծանկարի վերածած ու վերջապէս կատարելագործած է իր վրձինով: «Երեւակայեցի սքեչներ եւ ԱԲ-ին հետ համագործակցեցայ զանոնք իրականացնելու: ԱԲ-ը այս դարուս գործիք մըն է, զոր կրնանք օգտագործել, եւ պէ՛տք է այդպէս ըլլայ ու ոչ` հակառակը: Պէտք չէ առիթ տանք, որ ինք մեզ` մարդ արարածը օգտագործէ: Իմ պարագայիս, «Midjourney» անունով ծրագիրը օգտագործեցի եւ ըսեմ, որ timeless, անժամանցելի ըլլալու միտքը հոնկէ կու գայ` ապագայի արհեստագիտութիւնը գործածել անցեալի, դասական մոթիֆներով` արտադրելու համար ներկային մէջ: Խառնուրդ մըն է անցեալի, ներկայի եւ ապագայի միջեւ, հետեւաբար` անժամանցելի է. timeless», բացատրեց ու շարունակեց. «Նոյնպէս ալ «Timeless»-ի բոլոր կերպարները հրեշտակներ են` մելանով սքեչներ թէ՛ իւղաներկ, քանի որ հրեշտակները անժամանցելի էակներ են. այս կ՛ամբողջացնէ անժամանցելի ըլլալու գաղափարը»:

Տպաւորուած ըլլալով Մուշեղին գործերուն մէջ կարմիր գոյնին տիրական ներկայութեամբ, կը հարցնեմ այդ գոյնին հետ իր յարաբերութեան մասին. ան կը մանրամասնէ այս «գաղտնիքը»` ըսելով. «Կարմիրը պզտիկուց զիս շատ տպաւորած է: Մէջը կեանք կը տեսնեմ: Կ՛աշխուժացնէ դիմացինը եւ արթուն կը պահէ: Կարմիրը ուզած եմ շատ գործածել, մանաւանդ երբ պոռթկում կայ գործին մէջ, կ՛ուզեմ յանկարծակի պայթում մը արտայայտել, եւ դիտողը, երբ տեսնէ ատիկա, անկասկածօրէն պէտք է ազդուի»:

Շողակը եւս, իր հետաքրքրութեան դիտանկիւնէն, հարցում մը ուղղելով` կ՛ընդմիջէ. «Նկարներուդ մէջ տարբեր արտայայտութիւններ կան, արդեօք ատոնք կը փորձէիր զանազանե՞լ, խորապէս վերլուծե՞լ իւրաքանչիւրը, թէ իրենք ինքնըստինքեան մէջտեղ ելան»:

«Պատկերացումներ ունէի երբ գործի սկսայ», կը յայտնէ Գարամուշը. «Մտքիս մէջ ունէի, որ հրեշտակները գերցնծութեան մէջ պիտի ըլլան, սակայն երբ սկսայ գծագրութիւնը կատարելագործել, մէջտեղ ելան տարբեր զգացումներ եւ արտայայտութիւններ, որոնց վրայ գիտակից հսկողութիւն չունէի: Աւելի շատ ենթագիտակցութիւնս էր, որ կ՛արտայայտուէր: Ատիկա նշմարելի եղաւ գործիս աւարտին, երբ նկարները ցուցադրութեան դրի քով-քովի եւ տեսայ, որ, ուա՛ու, նախնականէն տարբեր արտայայտութիւններ կան հոն: Ըստ երեւոյթին, ցաւը շատ էր, քան գերցնծութիւնը: Անշուշտ կան ոմանք, որոնք հանգստութիւն, խաղաղութիւն կ՛արտայայտեն, բայց ցաւ ու տառապանք ալ կայ», կը բացատրէ ան:

Դարձեալ պատասխանելով Շողակին հարցումին, թէ դիտողը հրեշտակներուն ցաւն ու տառապա՞նքը կամ գերցնծութիւնը աւելի պիտի տեսնէ, թէ՞ կախում ունի իր ներքին աշխարհէն` Գարամուշ կը հաստատէ, որ բնականաբար դիտողին ներաշխարհը մեծ դերակատարութիւն ունի գործի ընկալումին մէջ:

Մուշեղ Գարավարդանեանին հետ կը խօսինք նաեւ հայ երիտասարդ արուեստագէտներու շրջանակին ու անոնց տեսանելիութեան մասին: Ան կը հաստատէ, որ «Formicaria»-ն իր շուրջ արդէն հաւաքած է երիտասարդ ստեղծագործողներ` հայ թէ օտար, յիշելով, որ «Formicaria»-ի բացման ցուցահանդէսը երեք հայ արուեստագէտներու` Գօգօ Աւեսեանի, Հրանդ Գալեմքէրեանի եւ Սիրուն Սարեանի հաւաքական ցուցահանդէսն էր: Ան կ՛ըսէ նաեւ, որ ապագային կան այլ ցուցահանդէսներ ու ծրագիրներ:

Մուշեղ Գարավարդանեան ծնած է 1992-ին, Պէյրութ: Պատանեկան տարիներուն հետեւած է Գրիգոր Արփաճեանի «Atelier D՛Art» դպրոցին դասերուն: Պսակաւոր արուեստիցը ամբողջացուցած է Լիբանանեան համալսարանի Գեղարուեստի հիմնարկէն, իսկ մագիստրոսականը` նոյն համալսարանի Գեղարուեստի եւ ճարտարապետութեան բաժանմունքէն: Ան տեղական ու միջազգային տարբեր ծրագիրներու ու ցուցահանդէսներու մասնակցած է, ինչպէս` 2016-ին` Ֆրանսա, 2016-ին` Լիբանան, 2020-ին` առցանց, Արցախի նուիրուած բարեսիրութեան աճուրդի ծրագիրի մը, 2021-ին` Սպանիա, 2023-ին` Լիբանան եւ Ճափոն:  Գործերը կը կեդրոնանան կտաւի վրայ աքրիլիքի եւ իւղաներկի օգտագործութեամբ նկարներու: Ունի նաեւ որմնանկարներ:

Ցուցահանդէսը բաց է երկուշաբթիէն շաբաթ օրերը, կէսօրուան 12:00-էն երեկոյեան 6:00, մինչեւ 13 Յուլիս, «Formicaria», Մախուլ պողոտայ, HDM շէնք, Համրա:

 

 

 

 

Նախորդը

Վկայութիւն. «Դո՞ւք Էլ Եկած Էք Փրկելու»

Յաջորդը

Հարազատնե՞րը, Թէ՞ Արհեստական Բանականութիւնը

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?