Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատրաստութեան Ամառ, Թէժ Աշունի Համար

July 11, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

«Սրբազան պայքար»-ի գլխաւոր մասնակիցները կը շարունակեն մարզային այցելութիւնները: Մարզերու մէջ, ինչպէս վերջերս Արագածոտնի մարզին մէջ, Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան եւ ընկերակիցներ հանդիպումներ կ՛ունենան գիւղերու եւ աւաններու բնակիչներուն հետ եւ կը բացատրեն շարժումին դրդապատճառները: Նպատակ ճշդուած է վերազարթեցնել հայ մարդոց ազգային ապրումները եւ անոնց ենթագիտակցութեան խորքը ծուարած արժանապատիւ հայու տիպարը վերակերտել: Ասիկա երկարատեւ ու հետեւողական աշխատանք պահանջող գործ է: Ցարդ այցելութիւն կատարուած է տասը մարզերէն միայն երեքին. կը նշանակէ, որ ամէն շաբաթ մարզ մը որդեգրելով, գրեթէ երկու ամիս տեւողութեամբ իրազեկման արշաւներ կատարելու հնարաւորութիւն կայ:

Երբ իրազեկման աշխատանքը արդիւնաւորուի, «Սրբազան պայքար»-ը դուրս եկած կ՛ըլլայ մասամբ տաւուշեան, սակայն առաւելաբար երեւանեան իր պարունակէն եւ կը վերածուի համահայաստանեանի: Աշնան, նախապատրաստական աշխատանքը աւարտելէ ետք, հանրային ու քաղաքական կեանքի աշխուժացման զուգահեռ` նոր թափով կը վերսկսի:

Շատ բան փոխուած է արդէն հայ մարդոց գիտակցութեան մէջ: Սահմանադրութեան փոփոխութեան ալիեւեան պահանջը Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ դրական արձագանգի ենթարկուած էր: Ազրպէյճան կ՛ուզէ, որ Սահմանադրութենէն դուրս գան Արցախի Հայաստանի հետ միաւորման եւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման վերաբերող նշումները, Ազրպէյճան այս սրբագրութեամբ կը պայմանաւորէ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումը: Բայց ահա, հարցախոյզ մը Երեւան կը հանէ, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն 80 առ հարիւրը դէմ է սահմանադրական փոփոխութեան: Ուրեմն, այդքան շեփորուած եւ շուտով կատարելի պայմանագիրի ստորագրումը պիտի խափանուի, կամ առնուազն յետաձգուի ցնոր տնօրինութիւն:

Ռուսիոյ դէմ պայքարը կը շարունակուի. Հայաստան դուրս չի գար զինք Ռուսիոյ հետ կապող բազմաթիւ պայմանաւորումներէն, սակայն խռովկան պատանիի մը նման չի մասնակցիր ժողովներուն ու միջոցառումներուն: Արեւմուտքը կը շարունակէ գովաբանել Հայաստանի իրականացուցած ու իրականացուող «ժողովրդավարական» փոփոխութիւնները, չտեսնել ձեւացնելով քաղաքական պատճառներով հետապնդումները եւ ոստիկանական բռնութիւնները: Արեւմուտքը պատրաստ է օժանդակելու Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու նպատակով: Ազրպէյճան քաղաքավարօրէն կը մերժէ ամէն օժանդակութիւն եւ կը շարունակէ յաղթողի յոխորտանքով իր ճնշումի ու սպառնալիքի քաղաքականութիւնը: Ազրպէյճան ամէն առիթ կ՛օգտագործէ Արցախի գրաւումը օրինական ու անսակարկելի դարձնելու համար: Օտար հիւրեր կ՛այցելեն Ղարաբաղ ու յատկապէս Շուշի: Շուշիի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Թրքական երկիրներու կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական գագաթաժողովը: Ներկայ էին, Ազրպէյճանի նախագահի կողքին, Ղազախստանի, Ուզպեքիստանի, Հիւսիսային Կիպրոսի նախագահները, Թուրքիոյ փոխնախագահը, կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը եւ… Եւրոպական Միութեան անդամ Հունգարիոյ նախագահը` Վիքթոր Օրպան: Գագաթաժողովը ընդունած է «Ղարաբաղեան հռչակագիր» մը, ուր կը խօսուի կայուն ապագայի մը կառուցման մասին փոխադրութեան, կապի եւ կլիմայական գործողութիւններու միջոցով: Հռչակագիրը կը խօսի նաեւ թրքական պետութիւններու դերին մասին պատմութեան ընթացքին… համաշխարհային քաղաքականութեան` տնտեսութեան եւ քաղաքակրթութիւններու զարգացման գործին մէջ: Կ՛իմանանք այսպէս, որ թրքական պետութիւնները քաղաքակրթական արժէքներ ստեղծած են: Շուշին այդ արժէքներու ստեղծման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է:

Հայաստանի իշխանութիւնները լուռ են. չեն ուզեր որեւէ գանգատով կամ մեկնաբանութեամբ բարկացնել Ազրպէյճանը: Մէկ կողմէ ժողովրդավարութիւնը կ՛ամրացնեն, միւս կողմէ` խաղաղութեան դարաշրջան կը բանան: Կը փափաքին, որ ստեղծման գրեթէ վերջնագիծին հասած «իրական» Հայաստանի մէջ, քաղաքացիները երջանիկ կեանք մը ունենան նման այն երջանկութեան, զոր կը վայելէին ժամանակին խորհրդային Հայաստանի բնակիչները: Քիչ կը մնայ ըսել, որ ճշմարիտ ազատութիւնը, անկախութիւնը, միշտ հոլովուած ինքնիշխանութիւնը կրնան իրականանալ թուրք-ազրպէյճանական հովանաւորութեան տակ:

Իշխանութեան փոփոխութիւնը ինքնանպատակ չէ, ատիկա անհրաժեշտ է վարուող քաղաքականութենէն շեղելու ու հայ մարդոց ու ազգին արժանապատուութիւնը վերականգնելու համար:

 

 

Նախորդը

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Կազմակերպած «Տոհմիկ Օր»-ը Ձօնուեցաւ Լիբանանի Հայ Գաղութին

Յաջորդը

Թենիս. Սինըր Դուրս Մնաց

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.