Յօդուածներ

Հուրիին (Ի Յիշատակ Հուրի Թորիկեանի)

Հուրի Թորիկեանի Յիշատակին*. Հուրիին Գիծը

Զ. ԹՈՐԻԿԵԱՆ Չորս հատ թիւ, ապա գծիկ, եւ կրկին չորս հատ թիւ: Զահրատի սիրահարները հաւանաբար շուտով կռահեցին: Եզակի գրչի տէր այս պոլսահայ բանաստեղծին հարիւրամեակը կը նշենք այս տարի: Թուական մը, ապա գիծ եւ թուական մը: Մանրամասնենք այդ «թուական մը, ապա գիծ, եւ թուական մը» եզրոյթը. Անձի մը կեանքն է. երկու թուականներ, որոնք իրարմէ կը բաժնուին գծիկով մը: Թուաբանութեան մէջ վարպետ...

Հուրի Թորիկեանի Յիշատակին

Հուրի Թորիկեանի Յիշատակին

ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ Հուրի՛, Կոկոնի մը փթթումին կը նմանէիր նկարագիրիդ քնքշութեամբ: Քառասունհինգ տարի բաժնուած մնացինք, բայց այդ հեռաւորութիւնը բնաւ զգալի չեղաւ, անցեալին` միեւնոյն շէնքին մէջ, դուն` չորրորդ, ես` երրորդ, վեր վար, անվերջ միասին: Տարիներ ետք ճամբորդներու հետ նամակներ, բացիկներ սկսայ ղրկել ուրախութեամբ: Այս մէկը արցունքով գրուած նամակ մը եղաւ... Անվերջ` գրէ՛, Հերա, մի՛ դադրիր գրելէ, կ՛ըսէիր անուշ ձայնովդ, ասա՞նկ պիտի գրէի...

Հայերէնի Ընդմէջէն Ազգային Ու Համամարդկային Դաստիարակութիւն Ջամբողը

Հաւաքականն Ու Ազգայինը Գերադասող Հուրի Թորիկեան

Դժուար է վերջին հրաժեշտի եւ յարգանքի խօսք արտասանել Հուրի Թորիկեանին մասին, որ 47 տարիներ շարունակ սրտանց հաւատաց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաքելութեան եւ հետապնդած նպատակներուն, միշտ ի մտի ունենալով ՀՅԴ-ի Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականը: Մեր աննման, անգին ընկերուհին իր հարազատներուն եւ իր սիրելի ընկերներուն առյաւէտ հրաժեշտ տուաւ 28 մայիս 2024-ի առաւօտեան: Մեր բոլորին համար այնքան խորհրդանշական օր մը` անոր...

Նարեկ Աւագ Քահանայի Յիշատակին

Նարեկ Աւագ Քահանայի Յիշատակին

13 մայիս 2024-ին Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ  Հայաշէնի զաւակ արժանապատիւ Նարեկ Աւագ քահանայ Փեհլիվանեանը, աւազանի անունով` Պերճ կամ «Cheif»: Ան ծնած է 1943-ին Պէյրութի հայահոծ Հայաշէն թաղամասին մէջ, ազգասէր, գաղափարապաշտ, եկեղեցասէր հայ ընտանիքի մը յարկին տակ: Իր նախնական ուսումը ստացած էր  Հայաշէնի ազգային Թորգոմեան վարժարանին մէջ, ուր եղած էր բարի, հնազանդ եւ աշխատասէր աշակերտ մը:...

Ինչո՞ւ Օտարով Օտարանալ

«Ո՞վ Եմ Ես» (Այլակերպութեան Տօնին Առիթով)

ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն երեք տարի շարունակ քարոզելէ, հրաշագործելէ, կազմաւորելէ ետք անոնց անսպասելի քննութենէ մը կ՛անցընէ` հարցնելով. «Մարդիկ ի՞նչ կ՛ըսեն Մարդու Որդիին մասին. ո՞վ եմ ես» (Մտ 16.13): Անոնք, իրենց կարգին, Յիսուսին մասին բազմութենէն իրենց լսածը յայտնեցին. «Ոմանք քեզ Յովհաննէս Մկրտիչը կը կարծեն, ոմանք` Եղիա մարգարէն, իսկ ուրիշներ` Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը» (Մտ 16.14): Սակայն, հարցաքննութիւնը...

Գերբնական Թուային Զրոյցներ` Հայերէնի Արձագանգը Կը Հնչէ Ապագայէն

Անյիշատակ Տիպարներ

ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Այս անիրաւ աշխարհս շատերը կը նետէ լուսանցքին մէջ, ուր անոնք կը մնան աննկատ ու կը վրիպին մեր ուշադրութենէն: Այդտեղ կը սպասեն անձայն, բայց` ո՛չ անգործ, յաճախ չարչարալից աշխատանք տանելով: Կը սպասեն` իրենց ուսերուն կրելով լեղահամ լուծը կեանքին: Իսկ ինչի՞ կը սպասեն, գուցէ յոյսի շողքի մը, գուցէ լոյսի ցոլքի մը: Երեւի կը սպասեն, որ կեանքը քաղցրանայ, կամ ճակատագիրը...

Մեր Խօսքը

Չմրոտել Երիտասարդութեան Պայծառ Դիմագիծը (ԼԵՄ 50-Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «... Երիտասարդ էինք, կենսուրախ եւ հաւատաւոր: Կեանքը մեզ համար այնքա՜ն հրապուրիչ էր, խորհրդաւոր ու քաղցր: Դաշնակցութիւնը ի՞նչ էր` լաւ չգիտէինք, բայց Դաշնակցութիւնը մեր մէջ էր` մեր մտքի, մեր հոգու, մեր մարմնի, մեր ողջ էութեան մէջ էր: Եւ ամէն ինչ թւում էր, այնքա՜ն դիւրին ու հնարաւոր...»: ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ («Կեանքի ուղիներով» Ա. հատոր)   Ճիշդ է, որ վերեւ արձանագրուած տողերը...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. «Հայաստան Խենթ Չէ Մնացած…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան երկու թեկնածուներուն` Ճօ Պայտընի եւ Տանըլտ Թրամփի միջեւ պատկերասփռուած առաջին բանավէճը (դուք ըսէք` բեմադրութիւնը) հազիւ աւարտած (հինգշաբթի, 27 յունիսի գիշերը)` գրաւոր ու լսատեսողական մամուլը ողողուեցաւ անթիւ ու անհամար մեկնաբանութիւններով: Ընդհանուր տպաւորութիւնը այն էր, որ Թրամփ կէտեր շահած է այժմու նախագահին դէմ: Սա բնականաբար ահազանգի մատնեց Դեմոկրատական կուսակցութիւնը, զրոյցներ հրապարակ եկան, որ անոր ղեկավարները կը մտածեն...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդ.  Սրբազան Պայքարի Մեր Կամաւոր Բանակը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդ. Սրբազան Պայքարի Մեր Կամաւոր Բանակը

Սոյն թուականի յունիսի 17-ին «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման հանրահաւաքում Բագրատ սրբազանը յայտարարեց, որ աւարտուեց շարժման առաջին փուլը: Որպէս առաջին փուլի սահմանագիծ` նա մատնանշեց յունիսի 12-ի հանրահաւաքը, որի ժամանակ, վարչապետի անմիջական յանձնարարութեամբ, ոստիկանութիւնը կիրառեց վտանգաւոր պայթուցիկ միջոցներ` վիրաւորելով 100-ից աւելի քաղաքացիների: Մի շարք մասնակիցներ խոշտանգուեցին բորենիներին վոհմակ յիշեցնող ոստիկանական խմբերի կողմից: Ի դէպ, սրբազանը տեղի ունեցածը համեմատեց 2008 թուականի մարտի մէկի...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի Վեցերորդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի Վեցերորդ Թիւը

Յունիսի 25-էն համացանցային էջին վրայ տեղադրուած է «Դրօշակ»-ի 2024 թուականի 6-րդ թիւը: Բնականաբար այս թիւին մէջ տեղ գտած յօդուածներուն առանցքը հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական իրադարձութիւններն են` իշխանութիւններու վարած կործանարար քաղաքականութիւնը, Հայաստանի մէջ ընթացք առած Սրբազան պայքարը, անոր արձանագրած արդիւնքներն ու շարժման ապագայի խնդիրները: Այս թեմային նուիրուած է թիւին «Առաջնորդող»-ը, իսկ Անի Մելքոնեան կ՛անդրադառնայ դաւաճան իշխանութիւններուն օրօք Հայաստանի մէջ սկիզբ առած...

Անահիտ Չարենցի Հետ

Անահիտ Չարենցի Հետ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ 29 յունիսին, 89 տարեկանին մահացաւ Եղիշէ Չարենցի կրտսեր դուստրը` Անահիտ Չարենց: Է՜յ, հին օրերէն օր մը. Անահիտ Չարենց Նիւ Եորք էր արդէն եւ քանի մը օր առաջ` իր հօր յոբելեանին մասնակցած: Շաբաթ առտու առի զինք իր հիւրընկալուած տունէն. գացինք Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան պատկառելի շէնքը: Երկու ժամ ետք, համակրելի, խորիմաց Անահիտն ու ես քալեցինք Մենհեթընի ամայի փողոցներէն. շաբաթ առտու...

Վեր. Աբրահամ Յարթունեանի Հայոց Ցեղասպանութեան Ինքնատիպ Յուշագրութիւնը

Վեր. Աբրահամ Յարթունեանի Հայոց Ցեղասպանութեան Ինքնատիպ Յուշագրութիւնը

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ Վարդան Յարթունեան իր հօր` վերապատուելի Աբրահամ Յարթունեանի հեղինակած յուշագրութեան հայերէն անտիպ բնագիրը անգլերէնի թարգմանելով, հրատարակած է հետեւեալ խորագիրով` «Ո՛չ խնդալու է, ո՛չ ալ լալու-Հայոց ցեղասպանութեան մասին յուշագրութիւն», Հայագիտութեան եւ հետազօտութեան ազգային ընկերակցութիւն, Քեմպրիճ, Մասաչուսեց 02138, Բ. հրատ., ԱՄՆ, 1986, 206 էջ (Rev. Abraham Hartunian, «Neither to Laugh, Nor to Weep- A Memoir of the Armenian Genocide» - National...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Երրորդ (Եւ Ճիշդ) Բացատրութիւնը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Երրորդ (Եւ Ճիշդ) Բացատրութիւնը

ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ Շատերու նման` աւելի քան վեց տարիէ ի վեր ես ալ կը հետեւիմ Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքական գործունէութեան եւ ելոյթներուն: Բնական է. մարդուն զբաղեցուցած պաշտօնը, կեցուածքները, որոշումներն ու յայտարարութիւնները լրջագոյն հետեւանքներ կրնային ունենալ եւ ունեցա՛ն հայրենի պետականութեանց համար: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի լիազօրութեանց վերջին օրերու իրադարձութիւններուն, 2020-ի պատերազմին, Արեւմուտքի մէջ քաղաքական հանդիպումներու եւ, վերջապէս` 2023-ի արցախասպանութեան ժամանակ Ն. Փաշինեան իր ելոյթներուն մէջ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Յունաստան ՀՅԴ Յունաստանի Պատանեկան Միութեան 60-Ամեակի Նշում Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինին, 15 յունիսին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի մարզադաշտին մէջ նշուեցաւ միութեան 60-ամեակը: Օրուան հանդիսավար Արմէն Աճեմեան ներկայացուց  ձեռնարկին նպատակը, ապա Վարիչ մարմինին խօսքը արտասանեց Ժաննա Յովսէփեան: Ան նկատել տուաւ, որ տարիներու ընթացքին շատ բան փոխուած է, սակայն կայուն եւ անփոփոխ մնացած է միութեան նպատակը, որն...

29 Տարիներու Անմնացորդ Ծառայութիւն

29 Տարիներու Անմնացորդ Ծառայութիւն

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ 1995-էն ի վեր իւրաքանչիւր տարուան յունիս ամիսը բոլորիս համար առիթ է նշելու եւ ըստ արժանւոյն յարգելու Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հոգեւոր անդաստանի եւ ազգային կեանքի բնագաւառներէն ներս մատուցած բոլորանուէր ծառայութիւնը: Վեհափառ հայրապետին 29 տարիներու վրայ երկարող արդիւնաւէտ գործունէութիւնը եւ իր բազմաթիւ իրագործումները խօսքի սահմաններու մէջ կարելի չէ ամբողջականօրէն ներկայացնել, սակայն կարելի է անվարանօրէն հաստատել, որ  անոնք մարմնաւորուեցան`...

Սթափելու Ժամանակը

Ի՞նչ Կը Թելադրեն Ֆրանսական Ընտրութիւնները

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Կիրակի, 30 յունիսին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններու առաջին հանգրուանը: Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահը` Էմանուել Մաքրոն 9 յունիսի երեկոյեան լուծած էր Ազգային ժողովը, ի տես Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութեան ծայրայեղ աջերու արձանագրած մեծ յաջողութեան: Ֆրանսայի Ազգային ժողովի 577 երեսփոխանները կ՛ընտրուին 577 առանձին ընտրատարածքներու մէջ մեծամասնական ընտրակարգով: Քուէներուն կէսէն աւելին ապահովողները ընտրուած կը համարուին, բան մը, որ քիչ կը...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Երիտասարդ Նորագիրներ Համալրեցին ՀՅԴ Հայաստանի Կառոյցի Շարքերը Կիրակի, 30 յունիսին, Եռաբլուրի մէջ 6 նորագիրներ դաշնակցականի երդում տալով` համալրեցին կուսակցութեան շարքերը: «ՀՅԴ-ի շարքերուն կը միանաք ծանր ժամանակներու ընթացքին, երբ երիտասարդները կը խուսափին կուսակցական դառնալէ, կը խուսափին տարատեսակ պիտակաւորումներէ, կը նախընտրեն ապրել իրենց կեանքը` հանգիստ, առանց մտահոգուելու կամ ներգրաւուելու համընդհանուր ու ամէն հարցէ վեր այս հոգերուն մէջ: Ձեր կամքի դրսեւորումը,...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Փափրաւանդի Գրաւումը Եւ Վարազաբունի Հերոսական Պաշտպանութիւնը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Փափրաւանդի Գրաւումը Եւ Վարազաբունի Հերոսական Պաշտպանութիւնը

Ռուսական Պատժիչ Արշաւախումբը Հայկական Գիւղերուն Մէջ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի մէջ ծայրայեղ լարուած մթնոլորտ կը տիրէր, երբ 1906 յունուարի սկիզբը Գանձակէն հոն հասաւ Համազասպ եւ ստանձնեց Խաչենի ու Ջիվանշիրի ինքնապաշտպանական ուժերու հրամանատարութիւնը: Խաչենի մէջ Համազասպի օգնական նշանակուեցաւ Իսրայէլ Ղուլիքեւխեան: Վարանդայի ինքնապաշտպանական ուժերու հրամանատարութիւնը ստանձնեցին Հայրում եւ Մածուն Խեչօ, Դիզակի հրամանատարութիւնը` Գերասիմ Բալայեան: Արցախի ինքնապաշտպանական ուժերու ընդհանուր հրամանատարը Խանասորայ Վարդանն էր: Ան,...

Մեր Պետականութեան Լինել-Չլինելու Մեծ Փորձաքննութիւնը

Սրբազան Պայքարին Ներքին Տրամաբանութիւնը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Մօտաւորապէս 3 ամիս առաջ Տաւուշի մէջ ստեղծուեցաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը: Անունը ամէն ինչ կը բացատրէ: Շուտով այս շարժումը ստացաւ «Սրբազան պայքար» անուանումը, ոչ թէ անոր համար, որ զայն առաջնորդողը հոգեւորական մըն էր (այս պարագային` Քանատայի թեմի նախկին եւ Տաւուշի թեմի ներկայիս առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանը), այլ որովհետեւ, պայքարը, շարժումը կը միտէր սրբելու, մաքրելու այն կեղտը, որ կուտակուած...

Ապահովե՛նք Պատանիներուն Իրաւունքները

Ապահովե՛նք Պատանիներուն Իրաւունքները

ՎԻՔԻ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ Աճելու եւ զարգանալու համար ինչպէս նաեւ պատասխանատու երիտասարդ դառնալու համար, պատանին ունի հիմնական իրաւունքներ եւ ազատութիւններ: Այդ իրաւունքներէն կարելի է նշել` կրթութիւն ստանալը, առողջ շրջապատը, ընտանիք ունենալը, բռնութենէ պաշտպանուիլը, կարծիք արտայայտելու ազատութիւնը... Պատանիները լաւապէս պէտք է ծանօթանան իրենց իրաւունքներուն, որպէսզի կարենան պաշտպանուիլ եւ ունենան հնարաւորութիւն ապրելու անվտանգ, ֆիզիքական, մտային եւ հոգեւոր առողջ պայմաններու մէջ: Մանուկներն...

Page 179 of 1110 1 … 178 179 180 … 1,110

Արխիւներ