Լիզպոնի գործողութեան, հինգ անձնազոհ եւ տիպար հայորդիներուն արարքին մասին ԼԵՄ-ականներուն մտածումներուն ծանօթանալու նպատակով անոնց ուղղուեցան հետեւեալ 5 հարցումները: Ստորեւ՝ տրուած պատասխաններն ու երիտասարդներուն մտորումները:
1.- Ի՞նչ է Լիզպոնի գործողութեան կարեւորութիւնը եւ նշանակութիւնը:
2.- Լիզպոնի Հինգը ինչպիսի՞ ազդեցութիւն ձգած են վրադ անանձնական մակարդակի վրայ:
3.- Եթէ Լիզպոնի գործողութիւնը տեղի չունենար, ինչպիսի՞ վիճակ պիտի պարզէր Հայ դատի պայքարը, յատկապէս` լիբանանահայութեան պարագային:
4.- Ներկայ պայմաններու լոյսին տակ զինեալ պայքարէ մը կարելի՞ է յաղթանակած դուրս գալ:
5.- Իբրեւ 21-րդ դարու հայ երիտասարդ եւ ԼԵՄ-ական` ինչպէ՞ս կրնաս շարունակել Լիզպոնի Հինգին ուղին:
————
1.- Լիզպոն 5-ին կատարած գործողութիւնը կ՛արտացոլացնէ գերագոյն զոհաբերութեան իմաստը իւրաքանչիւր ԼԵՄ-ականի եւ հայու մէջ: Այս խոնարհ հերոսները մոռնալով կեանքի բոլոր վայելքները` մեկնեցան Լիզպոն եւ ցուցաբերեցին հայրենասիրութիւն եւ ազգասիրութիւն:
2.- Իմ վրաս մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ հինգ տղոց գաղտնապահութեան մակարդակը: Ոչ ոք տեղեակ էր, նոյնիսկ` անոնց ընտանիքները:
3.- Այս գործողութիւնը նոր զարթօնք մը յառաջացուց Հայ դատի աշխատանքներու հետապնդման ճամբուն վրայ: Հայ դատը մոռցուած պիտի ըլլար, եթէ այսպիսի գործողութիւն մը չկատարուէր:
4.- Անուրանալի է զինեալ պայքարի դերակատարութիւնը մեր Հայոց պատմութեան մէջ, սակայն այսօր պէտք է համակերպիլ ներկայ պայմաններուն հետ, որովհետեւ բաւական յառաջդիմած է աշխարհը: Պէտք է գտնել լաւագոյն դաշնակիցներ եւ զարգացնել դիւանագիտական մեր աշխատանքները` հասնելու համար մեր նպատակին:
5.- Պահել եւ շարունակել մեր նախնիներու ժառանգ ձգած կտակը: Ամէն գնով աշխատիլ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման համար:
ՅՈՎՍԷՓ ԱՍԱՏՈՒՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղ
1.- Լիզպոնի տղոց անձնազոհութիւնը համազգային հոգեփոխութիւն մը ստեղծեց եւ շրջադարձ մը եղաւ հայութեան բոլոր իրաւունքներուն տենչով ապրող երիտասարդութեան մօտ: Համայն աշխարհը կրցաւ համոզել, որ Հայ դատի արդար լուծման համար յայտարարուած պայքարը անդրդուելի է, ետդարձ չի ճանչնար եւ անզիջելիօրէն վճռական է:
2.- Երբ առաջին անգամ դիտեցի տեսերիզը ու մտիկ ըրի Սագոյին, Սեդրակին, Սիմոնին, Վաչէին ու Արային պարզ, բայց ուժեղ արտայայտութիւնները, գիտցայ, թէ ազգային-գաղափարական դաստիարակութիւն ի՛նչ կը նշանակէ, որ` վեհանձն նպատակներուն համար գործելը ու նոյնիսկ նահատակուիլը վերացական գաղափարներ չեն, որ` հայրենի հողը, մեր ժողովուրդն ու արդար իրաւունքները արժանի՛ են գերագոյն զոհողութիւններու:
3.- Այս գործողութիւնը բնականաբար նպատակ ունէր Հայ դատը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը այժմէականութեան հրապարակ բերել եւ մեծ փոփոխութիւններ արձանագրեց ըլլա՛յ միջազգային հարթակներու վրայ, ըլլա՛յ հայ ժողովուրդի մէջ: Ու եթէ տեղի չունենար, Հայ դատը պիտի մնար դիտումնաւոր խաւարի մէջ ու պատահական սեւ էջի մը վերածուէր աշխարհի պատմութեան գիրքին մէջ: Իսկ լիբանանահայութիւնը պիտի չանդրադառնար իր իւրայատուկ դերակատարութեան` իբրեւ սփիւռքահայութեան բաբախող սիրտը, ինչպէս նաեւ` օրինակելի եւ մղիչ ուժը:
4.- Ներկայ պայմաններու լոյսին տակ եւ Հայաստանի բանակի կարողութիւններով դժուար է զինեալ պայքարէ յաղթանակած դուրս գալ, սակայն երբ համայն սփիւռքն ու Հայաստանը միակամ ու համակարգուած ձեւով եւ մէկ զօրաւոր բազուկով մղեն զինեալ պայքար, մայիս 28-եր իրականութիւն կը դառնան:
5.- Մենք կը շարունակենք Լիզպոնի Հինգին գաղափարի ուղին` հաւատալով, որ անձնազոհութիւն անպայման մահ չի նշանակեր, այլ ապրիլ ու շնչել Հայ դատին համար` զոհելով անձնական հանգստութիւն յանուն ազգի ու հայրենիքին: Օգտուելով 21-րդ դարու ընձեռած հնարաւորութիւններէն, պիտի աշխատինք տեղական մակարդակի վրայ համախմբել լիբանանահայ երիտասարդութիւնը եւ մեր ձայնը լսելի դարձնել միջազգային ատեաններուն վրայ` թուրք ու ազերի ցեղասպան քայլերուն դէմ, մինչեւ որ վերադարձնենք մեզմէ խլուած մեր յաղթանակները, գերեվարուած Արցախը եւ վերացնենք վտանգը Հայաստանի Հանրապետութենէն: Մենք չենք կրնար հաշտուիլ այս ողբերգական կացութեան հետ, որովհետեւ մեր պատանեկան օրերէն դաստիարակուած ենք, որ սուգն ու պարտութիւնը յաւերժ կը մնան, եթէ մեր մէջ մարին պայքարի կրակն ու յարատեւ պայքարի կամքը:
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԱԶԷԶԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ
1.- Լիզպոնի գործողութիւնը մեծ դեր ունի իւրաքանչիւր դաշնակցականի կեանքին մէջ: Ան կը սորվեցնէ պայքար` նոյնիսկ կեանքի գնով եւ Հայ դատի պահանջատէր ըլլալ մինչեւ վերջին կաթիլը արիւնի:
2.- Պատանի տարիքիս լսեցի 5 տղոց մասին ու անոնց օրինակէն սորվեցայ, որ կեանքի գնով պէտք է պաշտպանել մեր հայրենիքը եւ նպաստել անոր ապահովութեան:
3.- Եթէ այս գործողութիւնը տեղի չունենար, շատեր պիտի կարծէին, թէ հայը պահանջատէր չէ, սփւռքահայը եւ մանաւանդ լիբանանահայը միշտ կարեւոր դեր ունեցած են Հայ դատի պայքարին եւ պահանջատիրութեան մէջ, եւ Լիզպոնի 5 տղոց պայքարը սկսաւ Լիբանանէն` հասնելով Լիզպոն:
4.- Ներկայ իրավիճակին մէջ շատ դժուար դարձած է դիմել զինեալ պայքարի, սակայն կրնանք դիմել ուրիշ միջոցներու եւ անոնց ճամբով ցոյց տալ աշխարհին` ներկայ հայրենիքի կացութիւնը եւ տարածել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութիւնը:
5.- Իբրեւ 21-րդ դարու հայ երիտասարդ եւ ԼԵՄ-ական, օրինակ առնելով Լիզպոն 5-ի անձնազոհութենէն եւ նուիրական ոգիէն, կրնամ շարունակել անոնց ուղին` ըլլալով տիպար ԼԵՄ-ական եւ յոյս ունենալով, որ պայքարը կանգ պիտի չառնէ:
ԳՐԻԳՈՐ ՇԻՇԷՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ
1.- Լիզպոնի գործողութիւնը կարեւոր կը նկատեմ, որովհետեւ ան վերստին յիշեցուց ժողովուրդին, որ Հայ դատ կայ:
2.- Լիզպոնի 5-ը շատ մեծ ազդեցութիւն ձգած է վրաս: Մեր այս նոր սերունդը պէտք է շարունակէ պայքարը եւ պահպանէ ազգին արժանապատուութիւնը:
3.- Եթէ Լիզպոնի գործողութիւնը տեղի չունենար, միջազգային ուշադրութիւնը պիտի չկեդրոնանար Հայ դատին վրայ, որ կրնար մոռացութեան տրուիլ:
4.- Ներկայ պայմաններու լոյսին տակ զինեալ պայքարէ մը կրնանք յաղթանակած դուրս գալ: Ես կը հաւատամ, որ հայը իր յաղթանակը կը նուաճէ միայն զէնքով:
5.- Իբրեւ 21-րդ դարու հայ երիտասարդ եւ ԼԵՄ-ական` կարելի է շարունակել Լիզպոնի Հինգին ճամբան մնալով ազգային եւ յեղափոխական, պաշտպանելով հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքը:
ԳԷՈՐԳ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ
1.- ԼԻԶՊՈՆ` Դաշնակցական երիտասարդի մը, յատկապէս ԼԵՄ-ականի մը համար քաղաքէ մը աւելի…
2.- Լիզպոնը իւրաքանչիւր դաշնակցականի սրտին ցաւն է, 5 «խենթերուն» թափած արիւնն է, մայրերու կողմէ իրենց զաւակներուն սպասուած ուղին է, քոյր-եղբայրներուն կարօտն է:
3.- Լիզպոնի գործողութիւնը իւրաքանչիւր ԼԵՄ-ականի միտքին մէջ դրոշմած է, որ սփիւռքահայ երիտասարդ մը սահմանին կանգնած երիտասարդէն տարբեր չէ: Բոլորս ունինք մեր պարտականութիւնները` աշխարհի ո՛ր ծայրին ալ ըլլանք, ունինք Հայ դատը, ունինք գրաւուած հողերը, որոնց պահանջատէրը կը մնանք:
4.- Ես` իբրեւ ԼԵՄ-ական, իմ մտքիս մէջ դրոշմած եմ Լիզպոնի հինգէն Վաչէ Տաղլեանի խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Երիտասարդութիւնը թող լսէ այդ ձայնը, որ կը կանչէ մեզ հեռուէն, թող աչքը քիչ մը դէպի Հայաստան տանի այլեւս…»: Իմ կեանքս ու ուղիս կը շարունակեմ այս խօսքերով` աչքերս ուղղելով միայն հայրենիք տանող ճամբուն, որովհետեւ յատկապէս հիմա ներկայի Հայաստանը եւ ժողովուրդը մեզի պէտք ունին, նոր ուժերու, երիտասարդ ուժերու, նոր զինեալ պայքարներու, որպէսզի մեր երկիրը մաքրենք ներքին «թուրքերէն»:
5.- Մենք` իբրեւ 21-րդ դարու հայ երիտասարդներ եւ ԼԵՄ-ականներ, պիտի շարունակենք Լիզպոնի` ուղին օտարամոլութենէն հեռանալով, մեր երիտասարդ ուժը հայրենիքին ի սպաս դնելով, որպէսզի իրականացնենք իւրաքանչիւր դաշնակցականի երազը, յատկապէս` Լիզպոնի «Խենթերուն» գաղափարը` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումը:
ԿԱՐԷՆ ՏԵՔՐՄԵՆՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ
1.- Լիզպոնի 5-ի գործողութիւնը շատ մեծ նշանակութիւն ունի հայերուն եւ յատկապէս սփիւռքահայերուն համար, առաջին հերթին աշխարհին ներկայացուց Հայկական հարցը Եւրոպայի մէջ ու եղաւ զինեալ պայքարի կարեւոր քայլերէն մէկը:
2.- Երբ առաջին անգամ պատանեկան տարիքիս վարիչներս պատմեցին Լիզպոնի գործողութեան մասին, հետաքրքրութիւն արթնցուց մէջս զինեալ պայքարի հանդէպ: Առաւել եւս, պատմութեան մէջ եւս լսեցի անոնց կատարած սխրագործութեան մասին:
3.- Լիզպոնի գործողութիւնը ժողովուրդին մէջ արթնցուց պայքարի ոգին, ցոյց տուաւ, որ կարելի է իրագործել աներեւակայելին` պէտք եղած դաստիարակութեամբ եւ նուիրումով: Այդ մէկը հանդիսացաւ Հայ դատի պայքարի առաջին անհրաժեշտ քայլերէն մէկը, որ առիթը տուաւ հետագային աշխատանքներու կազմակերպման ներշնչման: Եթէ տեղի չունենար Լիզպոնի գործողութիւնը, հայ ժողովուրդին մէջ նոյնպէս պիտի չվերածնէր զինուելու եւ պայքարի ոգին:
4.- Զինեալ պայքարի որեւէ աշխատանք պէտք է տեղի ունենայ միմիայն այն ատեն, երբ վերականգնենք մեր կազմակերպական հզօր կեանքը եւ ամրապնդենք մեր կարգապահութեան մակարդակը:
5.- Իբրեւ ԼԵՄ-ական, Լիզպոն 5-ի ուղին կը քալենք` ըլլալով հաւատարիմ մեր անցեալին, յեղափոխական մեր արմատներուն, ազգային մեր ոգիին եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի գաղափարին:
ԼԻԼԱ ՄԱՔՏԵՍԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ


