Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգեշարժողական Կրթութեան Կարեւորութիւնը Երեխաներու Համար

July 29, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱԼԻ ԱՒԵՍԵԱՆ
Հոգեշարժողական մասնագէտ

Վերջին տարիներուն նկատելի է զարգացման յապաղմամբ կամ ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու թիւի աճը:

Այսօր բազմաթիւ երեխաներ ունին դժուարութիւններ, որոնք կրնան ազդել իրենց կրթութեան եւ զարգացման ընթացքին վրայ: Այս իրավիճակը կը պահանջէ յատուկ ուշադրութիւն` ճիշդ լուծման, ինչպէս նաեւ ճիշդ միջոցը գտնելու իրենց աջակցութիւն եւ օգնութիւն ցուցաբերել իրենց համար:

Հոգեշարժողական կրթութիւնը (Psychomotor Therapy) առաջնային եւ կարեւոր է այդ երեխաներուն համար: Ան ոչ միայն կ՛օգնէ անոնց զարգացման, այլ նաեւ կը նպաստէ դպրոցի մէջ իրենց ուսումնառութեան հեզասահ ընթացքին: Հոգեշարժողական կրթութիւնը համապարփակ մօտեցում է, որ կը կեդրոնանայ երեխաներուն հոգեկան, շարժողական եւ ընկերային զարգացման վրայ: Այդպիսի կրթութիւնը կը ներառէ մեթոտներ եւ միջոցներ, որոնք կարելիութիւն կու տան երեխաներուն զարգանալու  բոլոր ուղղութիւններով:

Այսօր ուղղախօսութեան կրթութիւնը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ, բայց անիկա բաւարար չէ: Շատ յաճախ ծնողները եւ մանկավարժները կը կեդրոնանան միայն խօսքի զարգացման վրայ` մոռնալով, որ հոգեշարժողական զարգացումը նոյնպէս չափազանց կարեւոր է: Հոգեշարժողական կրթութիւնը ոչ միայն կը լրացնէ ուղղախօսութեան կրթութեան արդիւնքները, այլ  նաեւ կ՛օգնէ երեխաներուն` ձեռք բերել աւելի մեծ ինքնուրոյնութիւն եւ հմտութիւններ:

Հոգեշարժողական կրթութիւնը համապարփակ մօտեցում մըն է, որ կը նպաստէ երեխաներուն հոգեկան եւ ֆիզիքական զարգացումին` շարժման միջոցով: Այս կրթութիւնը կը ներառէ երեք հիմնական ոլորտներ` մեծ շարժումներ, մանր շարժումներ եւ գրելու ու մտային կարողութիւններ: Մեծ շարժումները կը վերաբերին մարմնի լայն ու մեծ մասերու շարժումին, ինչպէս` վազքը, ցատկելը եւ բարձրանալը: Մանր շարժումները, ընդհակառա՛կն, կը պահանջեն աւելի ճշգրիտ ու մանրամասն շարժումներ, ինչպէս` մատներով գործելը եւ փոքր առարկաներ բռնելը: Գրելու հմտութիւնները կը ներառեն ձեռքով գրել, գծել եւ այլ մանր շարժումներու հմտութիւններ: Մտային կարողութիւնները կը վերաբերին ուշադրութեան, յիշողութեան եւ խնդիրներու լուծման կարողութիւններուն: Հոգեշարժողական կրթութիւնը կ՛օգտագործէ այս ոլորտներուն յատուկ բոլոր միջոցները`, յօգուտ յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու ընդհանուր զարգացման եւ բարելաւման:

Հոգեշարժողական կրթութեան միջոցով երեխաները կրնան յաղթահարել շարժողական խնդիրները, զարգացնել հոգեկան ինքնատիրապետումը, ձեռք բերել ինքնավստահութիւն եւ աւելի արդիւնաւէտ ներգրաւուիլ դպրոցական կեանքին մէջ:

Աւարտելով` կրնանք ըսել, որ հոգեշարժողական կրթութիւնը անփոխարինելի է զարգացման ուշացումի կամ ուսուցման դժուարութիւններ ունեցող երեխաներու համար: Անիկա պէտք է դառնայ առօրեայ գործիք` ծնողներու, մանկավարժներու եւ մասնագէտներու համար, որպէսզի երեխաները կարենան ստանալ անհրաժեշտ աջակցութիւն եւ զարգանալ իրենց ներուժով:

 

 

Նախորդը

Մկրտիչ Մազմանեան (Լ.) «Նրա Տաղանդը Արժանի Է Նման Զոհողութեան…»

Յաջորդը

Էջերն Անմահութեան. Յարութ Բանոյեան

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.