ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ամէն տարի Քեսապի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը տեղի կ՛ունենայ համաժողովրդային ներկայութեամբ, նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ Քեսապի երեք յարանուանութիւններուն, նաեւ` մասնակցութեամբ ու իրագործումով Քեսապի վարժարաններուն եւ միութիւններուն:
Այս ոգեկոչումը տեղի կ՛ունենայ Քեսապի Հայ աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, մինչ Վարդանանքի տօնի ոգեկոչումը` Քեսապի Հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ:
Քեսապի Հայ աւետարանական եկեղեցին, որուն շինարարութիւնը թէեւ սկսած էր նախքան Ցեղասպանութիւնը եւ` աւելի քան յիսնամեակ մը սպասելով` ամբողջացած էր նախորդ դարու 60-ական ու 70-ական տարիներուն, կը կոչուի նաեւ Ճերմակ եկեղեցի, որովհետեւ անոր շէնքը կառուցուած է սրբատաշ ճերմակ քարերով, որոնք բերուած են Պաշուրտ գիւղէն, որ նախքան Հայաստան ներգաղթը` ունեցած է մօտ 40 տուն բնակչութիւն. Թուրքիոյ սահմանին վրայ գտնուող գիւղը ամայի է ու մարդաթափուած:
2014-ին Քեսապ ներխուժեցին Թուրքիոյ հովանաւորած եւ առաքած ահաբեկիչները, որոնք Քեսապի Հայ աւետարանական եկեղեցին հրկիզեցին, սակայն 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումը հոն կատարուեցաւ, իսկ այսօր անիկա վերանորոգուած է արդէն:
Այս տարի Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման համար քեսապահայութիւնը իբրեւ բանախօս ունեցաւ Քեսապի քոյր Այնճարէն հրաւիրուած, գիւղատնտես ու ազգային նուիրեալ գործիչ Եսայի Մարտիրոս Հաւաթեանը:
Անոր ներկայութիւնը աւելի եւս օգտաշատ եղաւ, երբ ան հանդիպում մը ունեցաւ Քեսապի գիւղատնտես-պարտիզպաններուն հետ եւ անոնց հաղորդեց այդ մարզին անհրաժեշտ նորութիւններ:
Ոգեկոչման աւարտէն անմիջապէս ետք սովորաբար համաժողովրդային քայլերթ տեղի կ՛ունենայ եկեղեցիէն մինչեւ Քեսապի գերեզմանատուն, ուր կը բարձրանայ (1964-էն ի վեր) Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողը (որ վերանորոգուեցաւ 2009-ին):
2014-ի մարտ 21-ի չարաբաստիկ թուականին Քեսապի եկեղեցիները կա՛մ հրկիզուած էին եւ կա՛մ պղծուած, ջարդուած: Պղծուած էին նաեւ գերեզմանատուներն ու դամբարանները:
Քեսապահայութիւնը շուտով վերանորոգեց եկեղեցիները:
Վերոյիշեալ թուականէն ետք, ապրիլեան քայլարշաւին Քեսապի համայնքապետներուն կողքին, ժողովուրդին առաջնորդութեան կը միանան Քեսապի պետական աւագանին (կառավարիչը, ապահովական կառոյցներու պետերը…), մանաւանդ` Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումէն ետք:
* * *
2024-ին եւս ապրիլեան ոգեկոչումի գեղարուեստական յայտագիրը, ինչպէս միշտ, կ՛ընդգրկէր` ասմունք, մեներգ, խմբերգ, խմբային ասմունք, խօսքեր ու բանախօսութիւն… եւ այլն:
Սակայն զիս յուզող ու հոգիս ալեկոծող ասմունքը եղաւ Սիամանթոյի «Պարը» բանաստեղծութիւնը, զոր արտասանեց դեռատի պարմանուհի մը:
«Պարը» բանաստեղծութիւնը ինծի անծանօթ չէր, քանիցս լսած ու կարդացած էի. Սիամանթոյի «Պարը» եւ «Խեղդամահը» բանաստեղծութիւնները հարազատ պատկերացումն էին թրքական խժդժութիւններուն, վայրագութեանց, համիտեան, Ատանայի կոտորածներուն թէ (տակաւին չգործադրուած) հայոց ահաւոր ցեղասպանութեան:
Սակայն հոգւոյս ալեկոծման մէկ այլ, սակայն հիմնական պատճառը վերյիշումս էր` առաջին անգամ «Պարը» քերթուածը լսելուս:
Պատմեմ ուրեմն:
1970 թուականին էր, երբ սկսայ յաճախել Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան: Վեցերորդ դասարանի զուգընթաց բաժինին մէջն էի:
Իբրեւ հայերէն լեզուի ուսուցիչ` ունեցայ անկրկնելի Յարութիւն Քիւրքճեանը, որուն կողքին նաեւ` փաղանգ մը անկրկնելի ուսուցիչներ, որոնք անմոռանալի յիշատակներ ու ապրումներ կնքած էին հոգիիս, սրտիս ու մտքիս մէջ:
Յ. Քիւրքճեանէն զատ ինծի համար եզակի ապրումներ թողած է հանգուցեալ Մանուշակ Պոյաճեանը: Անոնք ուսուցիչէ աւելին էին. մեծ եղբայր ու քոյր էին բոլորիս համար` իրենց տածած անկեղծ ու ջերմ հոգածութեամբ:
Մանուշակ Պոյաճեանը եղած էր Ճեմարանի մէջ ունեցած առաջին դասապահի` ֆրանսերէն լեզուի ուսուցչուհիս: Ապա երբ հասայ 8-րդ կարգ, ան մեզի դասաւանդեց հայոց պատմութիւն:
Վերադառնալով Յ. Քիւրքճեանին` ան Լեւոն Շանթի պատրաստած դասագիրքերով, 6-րդ եւ 7-րդ կարգի հայոց լեզուի դասատուս էր:
Դասագիրքին մէջ տեղ յատկացուած էր Սիամանթօ եղեռաբախտ բանաստեղծին: Ան ներկայացուց (Յ. Քիւրքճեանը), Սիամանթոյի կեանքն ու գործը: Ապա, իբրեւ գործնական պարապում, գիրքին մէջ տեղադրուած էր «Պարը» բանաստեղծութիւնը:
Սիրելի ուսուցիչս, երբ սկսաւ կարդալ բանաստեղծութիւնը, անոր ձեռքերուն դողը ակներեւ դարձաւ: Ան այնքան խոր ապրումով ու դողալով կարդաց «Պարը», որ անոր դողը մեզ վարակեց ու համակեց մեր էութիւնը, հոգին, խորքը…
Յ. Քիւրքճեանը մեզի կու տար շաբաթը առնուազն գիրք մը կարդալու տնային պարտականութիւնը, պարտաւոր էինք անոր ամփոփումը կատարելու եւ գիրքը իսկապէս կարդացած ըլլալու յատուկ հարցարանի մը պատասխանելու:
Հիմա, երբ այս տողերը կը գրեմ, կը տեսնեմ սիրելի ուսուցիչս, դասարանի ամպիոնին վրայ կանգնած` ինչպէ՛ս կարդալով կ՛ապրի, կը դողայ, իր ու գրագէտին ապրումները, հոգեկան խռովքը մեզի կը փոխանցէ: Կը տեսնեմ դասարանս, դասընկերներս, ուսուցիչներս, Ճեմարանի թիւ 1 պատմական շէնքին երկրորդ յարկի վրայ գտնուող, ետեւի` արեւելեան կողմի կիսամութ մեր դասարանը, ուր Յ. Քիւրքչեան այդ ամպիոնէն որքան անմիջականութեամբ կրցաւ վերապրեցնել այդ բանաստեղծութեան հոգեցնցող իսկութիւնը:
Կը տեսնեմ անոր մեղմ, սակայն պահանջկոտ դէմքը, կը լսեմ խթանող թելադրանքները, պահանջները, որ լաւապէս սորվինք մայրենի լեզուն:
Անցան տարիներ: 1975-ին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը զիս շպրտեց ծննդավայրս` Քեսապ ու Հալէպ, ուր շարունակեցի ուսումս:
1983-ին, երբ իբրեւ քիմիագէտ շրջանաւարտ եղած էի Հալէպի պետական համալսարանէն, մեկնեցայ Պէյրութ, ուր կ՛ուզէի ուսանիլ Լիբանանի պետական կամ Արաբական համալսարանին մէջ` հետեւելով պատմագիտութեան, թէկուզ արաբական պատմագիտութեան:
Պէյրութի մէջ կեցութեան, ապրուստի, գործի եւ այլ հոգերու մասին ցուցմունքներու կարիք ունէի:
Յիշեցի Յ. Քիւրքճեանը` մեր ուսուցիչ-ընկերը, որուն թելադրանքները կը հայցէի: Ու ոտքերս (թէ միտքս) զիս ուղղեցին «Արա Երեւանեան» ակումբ:
Գիտէի, որ զինք պէտք է հոն փնտռել: Բարձրացայ 3-րդ յարկը` Մամլոյ դիւանին սենեակները: Հոն գտայ ոչ միայն Յարութ Քիւրքճեանը, այլ նաեւ` ուրիշ սիրելիներ, ինչպէս` հանգուցեալ Գրիգոր Աչըգեանը, Գէորգ Պէլեանը, Յովիկ Պերթիզլեանը, Փառէն Յովսէփեանը… եւ ուրիշներ: Իսկ քովընտի սենեակին մէջ Կարօ Յովհաննէսեանը, որուն ծանօթացած էի, երբ Հալէպ այցելեց. ան գետին փռուած կ՛աշխատէր խմբագրել հատոր մը (արդեօք Ռոստոմի՞, Զաւարեանի՞, թէ՞ Ն. Դումանի հատորն էր):
Յ. Քիւրքճեանին հետ տեղաւորուեցանք 3-րդ յարկի սենեակները իրարմէ բաժնող լայն ընդունարանի նստարանի մը վրան, ուր` որպէս ընկերներ, երկար ու մտերիմ զրոյց մը ունեցանք:
Ափսո՜ս, սակայն այդ երազս, իղձս չկրցայ իրականացնել այլ պատճառներով, չյաջողեցայ պատմագիտութիւն ուսանիլ:
Բայց ո՛չ: Այդ վերջին հանդիպումս չեղաւ ուսուցիչ-ընկերոջս հետ: Անոր հանդիպեցայ, երբ Սուրիոյ ազգային վարժարաններուն մէջ սկսան օգտագործել անոր պատրաստած հայոց լեզուի դասագիրքերը` «Հայրենի աղբիւր»-ի շարքը:
Ու աւելի՛ն. անցեալ ամիս եւս անոր հանդիպեցայ, երբ Համազգայինի «Բագին» հանդէսը թիւ մը ամբողջութեամբ անոր նուիրած էր:
Վերոյիշեալ պատումները, յիշողութիւններն ու ապրումները պատճառ դարձան, որ հոգիս խայտայ ու կրկնակի յուզումով պատուի, երբ ապրիլ 24-եան ոգեկոչման ընթացքին ականջալուր եղայ «Պարը» բանաստեղծութեան ասմունքին:
Հայոց ցեղասպանութիւն, Սիամանթօ, «Պարը», Ճեմարանը, ուսուցիչներս, դասընկերներս ու անցած օրերը մէկ ակնթարթին մէջ տողանցեցին մտապատկերիս դիմաց:
Ն. Փալանճեան Ճեմարանի ուսուցիչներս, Յարութիւն Քիւրքճեանի նմանները, մեր մտքերուն, հոգիներուն մշակներն էին, մարդակերտումի ու հայակերտումի նուիրական առաքեալներ:
Քեսապ
20 մայիս 2024