Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերուն Միայն 13 Տոկոսը Կ՛աջակցի Փաշինեանին. Ան Կորսնցուցած Է Իր Մանդատը. Անհրաժեշտ Են Նոր Ընտրութիւններ

Յուլիս 30, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

3-6 յուլիս 2024-ին Հայաստանի մէջ «Կոլափ Ինթըրնեշընըլ»-ի կատարած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին վարկանիշը իջած է մինչեւ 13,4 տոկոս, հնարաւոր հայ ընտրողներու շրջանին մէջ: Երբ վեց տարի առաջ ան առաջին անգամ եկաւ իշխանութեան, անոր վարկանիշը մօտաւորապէս 80 տոկոս էր:

Հարցումին` «Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Նիկոլ Փաշինեանին աշխատանքը».

– Հանրութեան 13,4 տոկոսը ըսած է, որ անոր աշխատանքը կը նկատէ «ամբողջութեամբ դրական»: Այս 4 տոկոսով աւելի է, քան երկու ամիս առաջ` մայիսին բաղդատած:
– 21,7 տոկոսը անոր աշխատանքը յուլիսին գնահատած է իբրեւ «աւելի շատ դրական», 3 տոկոսով աւելի` մայիսին բաղդատած:
– 40,3 տոկոսը անոր աշխատանքը յուլիսին գնահատած է իբրեւ «ընդհանրապէս բացասական», 1 տոկոսով ցած, քան` մայիսին:
– 14,5 տոկոսը անոր աշխատանքը յուլիսին գնահատած է իբրեւ «աւելի շատ բացասական», 4 տոկոսով ցած` մայիսին բաղդատած:
– Մասնակիցներու 10,1 տոկոսը ըսած է, որ «կը դժուարանայ պատասխանել» հարցումին:

Ասիկա կը նշանակէ, որ հանրութեան 35,1 տոկոսը յուլիսին Փաշինեանին աշխատանքը գնահատած է իբրեւ «դրական» եւ «աւելի շատ դրական»` մայիս ամսուան 27,8 տոկոսին դիմաց, մինչդեռ մեծամասնութիւնը` 54,8 տոկոսը, յուլիսին անոր աշխատանքը գնահատած է «բացասական» եւ «աւելի շատ բացասական»` մայիս ամսուան 59,7 տոկոսին բաղդատած:

Հարցում. «Եթէ յաջորդ կիրակի տեղի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ, ո՞ր կուսակցութեան կամ կուսակցութիւններու դաշինքին կու տաք ձեր ձայնը»: Ահա՛ անոնց պատասխանները.

1) Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան` 14,4 տոկոս:
2) «Հայաստան» դաշինքին` 3,7 տոկոս:
3) «ԴՕԿ/Դեմոկրատիա, օրէնք եւ կարգապահութիւն» կուսակցութեան` 3,5 տոկոս:
4) «Պատիւ ունեմ» դաշինքին` 2,3 տոկոս:
5) Բագրատ սրբազանին` 1,5 տոկոս:
6) Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան` 1,2 տոկոս:
7) Հանրապետութիւն կուսակցութեան` 0,6 տոկոս:
8) Այլ` 2 տոկոս:
9) Ոչ մէկուն` 8,6 տոկոս:
10) Կը մերժեն պատասխանել` 29,6 տոկոս:
11) Պիտի չմասնակցին ընտրութիւններուն` 32,5 տոկոս:

Այս թիւերը կարեւոր պատկերացում կու տան յաջորդ ընտրութիւններուն մասին: Փաշինեանին իշխող կուսակցութիւնը կը հաւաքէ ընդամէնը 14,4 տոկոս, իսկ միւս կուսակցութիւնները, եթէ դաշինք կազմեն, կը հաւաքեն ձայներու 14,8 տոկոսը: Որպէսզի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները յաջորդ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն դառնան, անոնք ոչ միայն դաշինք պէտք է կազմեն, այլեւ փորձեն ձայներ ստանալ մնացած 70,7 տոկոսէն, անոնցմէ, որոնք մերժած են պատասխանել, կամ դժուարացած են պատասխանելու, կամ ալ պիտի չքուէարկեն:

Հարցումին` «Հայաստան ընդհանուր առմամբ ճիշդ ուղղութեա՞մբ կը շարժի, թէ՞ սխալ», մասնակիցները պատասխանած են.

– «Լիովին ճիշդ»` 15,2 տոկոս:
– «Աւելի շատ ճիշդ»` 10,6 տոկոս:
– «Ընդհանրապէս սխալ»` 28,5 տոկոս:
– «Աւելի շատ սխալ»` 23,1 տոկոս:
– «Կը դժուարանամ պատասխանել»` 22,5 տոկոս:

Ասիկա կը նշանակէ, որ մեծամասնութիւնը` 51,6 տոկոս, կը կարծէ, որ երկիրը սխալ ուղղութեամբ կը շարժի: Միայն 25,8 տոկոսը կը կարծէ, որ կը շարժի ճիշդ ուղղութեամբ: Ասիկա լաւ բան չի յուշեր Փաշինեանին եւ անոր իշխող կուսակցութեան համար:

Հարցումին, թէ արդեօք Հայաստան պէ՞տք է փոխէ իր սահմանադրութիւնը, ինչպէս որ նախագահ Ալիեւ կը պահանջէ, հանրութիւնը պատասխանած է.

– 80,3 տոկոսը յուլիսին ըսած է ոչ, որ աւելի քան կրկնապատկուած է` յունուար 38,1 տոկոսին բաղդատած:
– 11,7 տոկոսը յուլիսին ըսած է, որ որոշ դրոյթներ պէտք է փոխել: Յունուարին նոյն բանը ըսած է  34,2 տոկոսը:
– 3,3 տոկոսը յուլիսին ըսած է, որ ամբողջութեամբ նոր Սահմանադրութիւն անհրաժեշտ է: Յունուարին նոյն բանը ըսած է 13,4 տոկոսը:
– 4,7 տոկոսը յուլիսին չէ կրցած պատասխանել, իսկ յունուարին չէ կրցած պատասխանել 14,4 տոկոսը:

Ասիկա շատ կարեւոր հարցում է, քանի որ Փաշինեան սահմանադրութիւնը փոխելու հարցով համաձայնած է Ալիեւի հետ, մինչդեռ հասարակութեան 80,3 տոկոսը դէմ է ատոր:

Հարցումին` «Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանին նախաձեռնած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը», հասարակութիւնը պատասխանած է.

– «Լիովին դրական»` յուլիսին 18,3 տոկոս, ինչ որ զգալիօրէն նուազած է մայիսի 35,1 տոկոսին բաղդատած:
– «Աւելի շատ դրական»` 15,5 տոկոս, քիչ մը նուազ` մայիսի 17,8 տոկոսէն:
– «Ընդհանրապէս բացասական»` յուլիսին 32,4 տոկոս, ինչ որ կը գերազանցէ մայիսի 23,5 տոկոսը:
– «Աւելի շատ բացասական»` յուլիսին 14,9 տոկոս, քիչ մը աւելի, քան` մայիսի 10 տոկոսը:
– Չէ կրցած պատասխանել յուլիսին 18,9 տոկոսը, մայիսին` 13,6 տոկոսը:

Պատասխանները կը վկայեն հայ հասարակութեան կողմէ արքեպիսկոպոսի շարժումին աջակցելու նուազող միտումին մասին:

Հարցումին` «Ըստ ձեզի, արդեօք Հայաստան պէ՞տք է անդամակցի Եւրոպական Միութեան»:

– 34,2 տոկոսը ըսած է` «անշուշտ այո՛»:
– 22,5 տոկոսը ըսած է, որ «աւելի շատ այո»:
– 19,1 տոկոսը ըսած է` «անշուշտ ոչ»:
– 13,7 տոկոսը ըսած է, որ «աւելի շատ ոչ»:
– 10,5 տոկոսը ըսած է, որ «կը դժուարանայ պատասխանել» հարցին:

Ասիկա կը վկայէ այն մասին, որ 56,7 տոկոսը կողմ է Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, իսկ 32,8 տոկոսը դէմ է ատոր: Մեծամասնութիւնը համաձայն է Փաշինեանին հետ: Կը կարծեմ, որ այս անիրատեսական ցանկութիւն է հայ ժողովուրդին եւ վարչապետին կողմէ, քանի որ Հայաստանի տնտեսութեան մեծ մասը կապուած է Ռուսիոյ, եւ այդ կարեւոր կապի որեւէ խափանում կործանարար ազդեցութիւն կ՛ունենայ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ: Եւրոպական Միութեան կողմնակիցներուն արձագանգը հիմնականին մէջ  պայմանաւորուած է Հայաստանի հանրութեան մեծ հիասթափութեամբ Ռուսիայէն` ռազմական ճամբով Հայաստանի օգնութեան չհասնելու համար: Միւս կարեւոր խնդիրը այն է, թէ արդեօք ԵՄ-ը թոյլ կու տա՞յ Հայաստանին` միանալ իրեն: Ինչպէս գիտենք, Թուրքիա տասնամեակներ շարունակ անյաջող կերպով կը փորձէ անդամակցիլ ԵՄ-ի, իսկ Վրաստան նոյնպէս տարիներ շարունակ կը փորձէ անդամակցիլ ԵՄ-ի: Հայաստան երկար տարիներ պիտի սպասէ:

Նման հարցում մը տրուած է, թէ «Արդեօք Հայաստան պէ՞տք է դուրս գայ Եւրոասիական տնտեսական միութենէն (ԵԱՏՄ) եւ սկսի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթացին»:

– 28,8 տոկոսը ըսած է` «անշուշտ այո»:
-17,3 տոկոսը ըսած է, որ «աւելի շուտ այո»:
– 21,4 տոկոսը ըսած է` «անշուշտ ոչ»:
-15,6 տոկոսը ըսած է, որ «աւելի շատ ոչ»:
– 16,9 տոկոսը ըսած է, որ «կը դժուարանայ պատասխանել» հարցումին:

Ասիկա կը խօսի այն մասին, որ հասարակութեան 46,1 տոկոսը կողմ է ԵԱՏՄ-էն դուրս գալուն, իսկ 37 տոկոսը դէմ է ԵԱՏՄ-էն դուրս գալուն:

Յաջորդ հարցումը. «Արդեօք Հայաստան պէ՞տք է դուրս գայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) եւ ձգտի միանալ ՕԹԱՆ-ին:

– 44,3 տոկոսը յուլիսին ըսած է. «Հայաստան որեւէ կառոյցի անդամ պէտք չէ ըլլայ. պէտք է ըլլայ չէզոք երկիր»: Փետրուարին նոյն պատասխանը տուած էր 40,3 տոկոսը:
– «Հայաստան պէտք է շարունակէ անդամակցիլ ՀԱՊԿ-ին»: Յուլիսին ըսած է 16,9 տոկոսը: Փետրուարին նոյն պատասխանը տուած էր տոկոսը:
– 29 տոկոսը յուլիսին ըսած է, որ «պէտք է ձգտիլ անդամակցիլ ՕԹԱՆ-ին»: Փետրուարին նոյն պատասխանը տուած էր 22,5 տոկոսը:
– 9,8 տոկոսը յուլիսին ըսած է, որ «կը դժուարանայ պատասխանել» հարցումին, իսկ փետրուարին նոյն պատասխանը տուած էր 9,2 տոկոսը:

Ոչ զարմանալիօրէն, այս պատասխանները կը վկայեն Հայաստանի հասարակութեան հետաքրքրութեան նուազման միտումին մասին` կապուած Ռուսիոյ հետ եւ Արեւմուտքի նկատմամբ հետաքրքրութեան աճով: Այսուամենայնիւ, ՕԹԱՆ-ին միանալու ցանկութիւնը անիրատեսական է:

Այս վերջին հարցախոյզը ցոյց կու տայ հայ հասարակութեան շարունակական դժգոհութիւնը Փաշինեանի եւ իր կուսակցութեան նկատմամբ եւ հանրութեան հետաքրքրութիւնը` Ռուսիայէն դէպի Արեւմուտք թեքուելու հարցով:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Լիզպոնի Գործողութեան 41-Ամեակի Նշում Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Անյապաղ Վերջ Տալ «Օրուէլեան Երթ»-ին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?