Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Բարձրագոյն Պաշտօնեաները Արձակուրդի Մէջ Են. Ոմանք Յոյս Ունին, Որ Անոնք Չեն Վերադառնար

Յուլիս 27, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գրասենեակը զարմանալիօրէն յայտարարեց, որ ան երկարատեւ արձակուրդի կը մեկնի` 15 յուլիսէն մինչեւ 12 օգոստոս: Աւելի ցնցիչը այն է, որ Հայաստանի քանի մը այլ պաշտօնեաներ որոշած էին նոյն ժամանակ արձակուրդի երթալ` երկիրը ձգելով առանց բարձրագոյն ղեկավարութեան:

Ես ոչ մէկ մտահոգութիւն կ՛ունենայի, եթէ Փաշինեան մէկ կամ նոյնիսկ երկու շաբաթ տեւողութեամբ արձակուրդի երթար: Ամէն մարդ,  ժամանակ առ ժամանակ,  հանգիստի կարիք  ունի: Սակայն երկրի բարձրագոյն ղեկավարի գրեթէ մէկ ամիս արձակուրդի մէջ ըլլալը անհաւատալի է: Ես երբեք չեմ լսած, որ աշխարհի որեւէ երկրի ղեկավար 29-օրեայ արձակուրդի երթայ:

Բացի վարչապետին` աշխատավայրէն ապշեցուցիչ երկարատեւութեամբ բացակայութենէն, ես երեք այլ մտահոգութիւններ ունիմ.

1) Կը թուի, թէ տարրական հասկացողութիւն չունին, որ երկրի քանի մը ղեկավարներ միաժամանակ չեն կրնար բացակայիլ աշխատավայրէն: Ի՞նչ կ՛ըլլար, եթէ, Աստուած մի՛ արասցէ, պատերազմ սկսէր կամ այլ լուրջ արտակարգ իրավիճակ ստեղծուէր: Սովորաբար, երբ որեւէ երկրի ղեկավար ժամանակաւորապէս կը բացակայի, անոր տեղակալը կը կատարէ անոր գործառոյթները, բայց` ո՛չ Հայաստանի մէջ: Հայաստանի քանի մը լրատուական միջոցներ հաղորդեցին, որ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, որ պէտք է փոխարինէ վարչապետը, անոր բացակայութեան ժամանակ, նոյն ժամանակահատուածին մէջ ինը օրով արձակուրդի մեկնած է: Բարեբախտաբար կայ երկրորդ փոխվարչապետ, որ կը կատարէ վարչապետին պարտականութիւնները: Ասկէ զատ, խորհրդարանի նախագահ Ալեն Սիմոնեան որոշած է 16 յուլիսէն 5 օգոստոս` 20 օրով արձակուրդի երթալ: Զայն կը  փոխարինեն փոխխօսնակ Ռուբէն Ռուբինեան (16-22 յուլիս) եւ փոխխօսնակ Յակոբ Արշակեան (23 յուլիսէն 5 օգոստոս): Արձակուրդի մէջ են նաեւ ֆինանսներու նախարար Վահէ Յովհաննիսեան (10 օրով) եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան (մինչեւ 22 յուլիս):

2) Եթէ Զուիցերիոյ ղեկավարները օրերով, շաբաթներով կամ նոյնիսկ ամիսներով բացակայէին իրենց աշխատավայրերէն, ապա ոչ մէկ վատ բան տեղի կ՛ունենար, քանի որ անոնց երկիրը կը գտնուի աշխարհի խաղաղ հատուածին մէջ: Ցաւօք Հայաստան կը գտնուի անկայուն տարածաշրջանի մէջ ուր մշտական սպառնալիքներ կան Ազրպէյճանի կողմէ: Հայաստանի ղեկավարները պէտք է միշտ զգօն ըլլան եւ ջանասիրաբար աշխատին լուծել երկրին առջեւ ծառացած բազմաթիւ հարցեր: Այս պայմաններուն մէջ անոնց երկարատեւ  եւ նո՛յն ատեն արձակուրդի երթալը անխոհեմութիւն է եւ անպատասխանատուութիւն:

3) Ի վերջոյ, Փաշինեան նախորդ ամիս յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է մէկ ամսուան ընթացքին խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու Ազրպէյճանի հետ: Ինչո՞ւ ան պէտք է կռնակը դարձնէր եւ մէկ ամիսով արձակուրդի երթար: Արդեօք ան պէտք չէ՞ իր աշխատավայրը ըլլար, եթէ, հրաշքով մը, նախագահ Ալիեւ համաձայնէր ստորագրել նման պայմանագիր մը, որ, իմ կարծիքով, ոչ միայն անօգուտ է, այլեւ կը հակասէ Հայաստանի շահերուն: Ալիեւ խելամտօրէն կը ձգձգէ խաղաղութեան պայմանագիրին ստորագրումը, որպէսզի անվերջ զիջումներ կորզէ Հայաստանէն…

Թէեւ ամբողջ ղեկավարութեան բացակայութիւնը լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ որեւէ երկրի համար, սակայն բազմաթիւ հայեր այդքան ալ մտահոգուած չեն: Ընդհակառակը, անոնք ուրախ են, որ ղեկավարները հեռու են աշխատավայրէն, ուստի անոնք աւելի քիչ վնաս կը հասցնեն երկրի շահերուն: Հանրութեան որոշ անդամներ յոյս ունին, որ այդ ղեկավարները կը մնան մնայուն արձակուրդի մէջ եւ չեն վերադառնար իրենց պաշտօններուն:

Որոշ ընթերցողներ կը կարծեն, թէ ես չափազանց քննադատաբար կը վերաբերիմ Փաշինեանին: Թէեւ ճիշդ է, որ ոչ ոք կատարեալ է, ինձմէ սկսեալ, սակայն վարչապետը մեծ ջանքեր կը գործադրէ կոպիտ սխալներ ու անհիմն յայտարարութիւններ ընելու համար, որոնք ծիծաղելի կ՛ըլլային, եթէ այդպիսի լուրջ հետեւանքներ չունենային: Նման հարիւրաւոր օրինակներ կու գան միտքս: Նշենք միայն վերջին օրինակը, երբ 14 յուլիսին Պերլինի մէջ վարչապետը իր կնոջ հետ ներկայ էր ՈՒԵՖԱ-ի ֆութպոլի առաջնութեան խաղին:

Ընկերային ցանցերով տարուած Փաշինեան իր բոլոր ելոյթները, հանդիպումները եւ այցելութիւնները պարբերաբար կը հրապարակէ Դիմատետրի, «ԹիքԹոք»-ի, «Ինսթակրամ»-ի, «Էքս»-ի եւ «Եու Թիուպ»-ի վրայ: Ի տարբերութիւն աշխարհի այլ ղեկավարներու` ան կը շրջի մէկ կամ երկու բջիջային հեռախօս ձեռքին:

Պերլինի մէջ ֆութպոլի խաղի ժամանակ ան իր բջիջային հեռախօսը դրած է իր առջեւ եւ նկարահանած իր դէմքը եւ ոչ թէ խաղը` տեսահոլովակին աւելցնելով 31-ամեայ ամերիկացի երգչուհի Թինաշէի արտառոց երգը: «Ուիքիփետիա»-ի մէջ «Nasty» («Զզուելի») երգը կը  նկարագրուի իբրեւ R&B («Ռիթմ եւ պլուզ») եւ կշռութաւոր փոփ երգ, ուր Թինաշէն «ռեփ կ՛երգէ» իր սեռական ուժին համապատասխանող մէկը փնտռելու մասին, որուն ան  հերթականութեամբ կը կոչէ իր «արտասովոր»-ը եւ իր «զզուելի»-ն, միաժամանակ օգտագործելով քանի  մը ռիսքային  իմաստներ: Երգը ունի «ռոպոթային» դիւրին միտք պահուող հատուած, իսկ երկրորդ քառեակին մէջ Թինաշէ կը մանրամասնէ սեռային ժամադրութեան մասին` երգելով. «Շտապ, ազդրերս նստարանին են, ես ոչինչ ունիմ վարը, կարծես դուն կը պատրաստուիս գիշերել, կարծես թէ ես կը պատրաստուիմ փոխել քու կեանքդ»:

Ինչո՞ւ Հայաստանի վարչապետը իր տեսահոլովակին կ՛աւելցնէ այդքան անպատշաճ երգ, որուն մէջ կայ «զզուելի» բառը, եւ այդ «զզուելի» բառը կը կրկնուի 59 անգամ:

Զարմանալի է, որ Փաշինեանի տեսահոլովակը «Nasty» երգի հետ հաղորդուած է Լոս Անճելըսի Channel 5-ով: Հեռատեսիլով հեռարձակուող այդ հատուածի վերնագիրն էր` «Փաշինեանն ու կինը Պերլինի մէջ` ֆութպոլի Եւրոպայի առաջնութեան եզրափակիչ խաղի ընթացքին կը լսեն «Nasty» երգը»: Հեռատեսիլի կայանը հարցուցած է. «Ի՞նչ ընդհանուր բան կայ 2024 թուականի Եւրոպայի առաջնութեան եզրափակիչի, Թինաշէի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ»: Պատասխանս է` բացարձակապէս ոչինչ…

Channel 5 յայտնած է, որ Փաշինեան «ԹիքԹոք»-ի վրայ տեղադրած է երկրորդ տեսանիւթ մը, ուր կը ցուցադրուի յաղթանակի տօնակատարութիւնը ֆութպոլային խաղի աւարտին` անգամ մը եւս աւելցնելով «Nasty» երգը: Հեռատեսիլի կայանը նշած է. «Յայտնի չէ, թէ ան ինչո՞ւ ընտրած է Crescenta Valley-ի միջնակարգ դպրոցի երբեմնի աշակերտուհիին երգը` իբրեւ երկու տեսահոլովակներու ֆոնային երաժշտութիւն: Նաեւ, առաջին հերթին, յայտնի չէ, թէ ան ինչպէ՞ս գտած է այդ երգը»:

Գրեթէ անկարելի է բացատրել վարչապետին արարքներն ու անոնց տուն տուող պատճառները: Թերեւս ան աշխատանք կը փնտռէ Հոլիվուտի մէջ, երբ այլեւս վարչապետ չէ:

http://www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Խաչատուր Աւետիսեան Երաժշտահանը

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Գրադարան-Պարտէզը Անմոռանալի Ամառ Պարգեւեց 33 Հայ Մանուկներու

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?