Իւրաքանչիւր անգամ որ համակարգիչիդ դիմաց նստած փորձ կը կատարես քանի մը տող, միտք ու ապրում փոխանցելու սպիտակ պաստառին, յայտնապէս մեր սրբազան տղոց յիշատակին առիթով, կամայ-ակամայ, յուզաշխարհ մը ամբողջ դարձեալ իր ներկայութիւնը կը պարտադրէ, հպարտութեան եւ պատկանելիութեան խայտանքը սիրտդ կը կլանէ, ու պահ մը կը դադրիս ստեղնաշարդ գործածելէ` խորասուզուելով մօտիկ անցեալին պատահած դիպաշարին մէջ:
Խօսքը, բնականաբար, դիպաշարի մը մասին է, որ խորապէս կ՛առնչուի հայ երիտասարդութեան, որ կամքէ անկախ ծնած է հայրենիքէ հեռու, սակայն միշտ ալ երազած է ունենալ սեփական հող ու հայրենիք, ազատ ու գերիշխան պետութիւն:
Ճիշդ է, որ ամբողջ պատմութիւն մը, գործընթացներու եւ արարքներու հոլովոյթ մը տեսած է հայ ժողովուրդը, Ցեղասպանութիւն ապրած ու Արեւմտահայաստան կորսնցուցած է, միշտ ալ փորձած է իր բազուկով եւ արեամբ, Հայ դատի նուիրական աշխատանքով եւ քրտինքով վերատիրանալ սուրբ հողին ու վերադառնալ նախնեաց հայրենիք` Արարատի շուքին տակ միաւորուելու ու խաղաղութիւն շնչելու առյաւէտ:
Այլապէս ալ դէմ յանդիման գտնուելով աշխարհաքաղաքական որոգայթներու, թրքաբարոյ դաւերու ու միջազգային սին հաշուարկներու, հայութիւնը ժամանակ առ ժամանակ ունեցած է հաւաքական յուսալքութեան պահեր, բայց մանաւանդ` ազգային պարունակի տակաւ ընդարմութեան վիճակներ, որոնք պատճառ են եղած ազգային կեանքի թուլացման եւ տարբեր մտասեւեռումներու առիթի:
Սակայն, ստեղծուած կացութեան ճնշումին տակ, ահա, արդար բողոքի եւ ընդվզումի ՁԱՅՆ մը կը լսուէր աշխարհով մէկ, պոռթկումի եւ ցասումի ուժեղ ԱՐԱՐՔ մը լոյսին կու գար, ուժգին պայթումի մը արձագանգը կը տարածուէր շուրջբոլոր, ապա, ծուխի, կրակի ու մշուշի շիջումէն ետք բոլորիս դիմաց կը պայծառանային սրբազան երիտասարդներու առաքելատիպ դէմքերը, ժպիտը մաքրամաքուր, ոգեկան բարձրութիւնը անաղարտ` կրկին յիշեցնելու ամբողջ մարդկութեան, թէ հայ երիտասարդութիւնը պատրաստ է միշտ իր գերագոյնը զոհաբերելու հայրենիքի ազատագրութեան ու սեփական ժողովուրդի բարօրութեան համար:
Իրապէս, սա կը նշանակէր, որ ազգի մը ընդերքը կը նմանէր հրաբուխի մը, որուն համար ըստ երեւոյթին, որոշ ժամանակ էր պէտք ժայթքելու եւ իր ազգայնաշունչ լաւան տարածելու:
Ու մեր տղաքը, որ երիտասարդական տարիքի սեմին էին` ապաւինելով իրենց սեփական բազուկին, անկոտրում կամքին եւ հաւատամքին, ուզեցին շրջանցել, աւելի՛ն. քանդել պարտադրուած լռութեան պատը ու ընտրել դէպի սրբազան լեռ` Արարատ տանող ճանապարհը: Թէեւ տատասկոտ ու դժուար անցանելի ճանապարհ մըն էր անիկա, այդուհանդերձ անոնք` Լիզպոնի հինգը, շնորհիւ իրենց ազգային ու գաղափարական դաստիարակութեան, հոգեկերտուածքին, ապառաժեայ հաւատքին եւ անյեղլի կեցուածքին, արշաւեցին դէպի թրքական դեսպանատուն, տէր կանգնեցան իրենց աստուածավայել խոստումին ու սեղմեցին ուժանակը` վերջ տալով իրենց մատղաշ կեանքին:
Անոնք` Լիզպոնի հերոս տղաները, այնքան վեհ ու անսակարկելի համարեցին իրենց ազգային արժանապատուութիւնը, որ նախընտրեցին մարտիրոսութիւնը` իրենց իսկ սեփական կամքով, քան` թշնամիին յանձնուելու ստորնութիւնը:
Ու այդ ուժանակի պայթումէն վայրկեան ետք, անոնք իրենց սխրանքով եւ գերագոյն զոհաբերութեամբ դարձան հայութեան լեկենտները, որոնք ոչ միայն ապշեցուցին մարդկութիւնը, այլ նաեւ նուաճեցին իւրաքանչիւր հայու սիրտն ու հոգին:
27 յուլիս 1983:
Աւելի քան քառասուն տարիներու հեռաւորութեամբ իսկ ցարդ այս արարքին վեհութիւնն ու գաղափարայնութիւնը կը շարունակէ հոգեզինել ու խանդավառել մեզ, ուժ եւ կորով սնուցել, ազգային հպարտութեամբ լիանալու եւ առանց վարանումի դէպի ապագայ նայելու ներշնչում տալ: Որովհետեւ, մահկանացու այս տղաները իրենց քաջագործութեամբ դարձան ազգային հոգեմտաւոր շտեմարանը պարուրող յոյսի եւ լոյսի քուրմերը, հայ կեանքին շունչ ու որակ յանձանձող անմոռանալի հերոսները:
Ընդգծելին կը մնայ այն, որ իրերայաջորդ սերունդներ, հակառակ կեանքի դաժան յորձանուտին ու այս կամ այն կողմի լկտի խօսքին, բամբասանքին ու տկլոր մօտեցումին, տակաւին կը շարունակեն սէգ ճակատով եւ հպարտ աչքերով հանդէս գալ տղոց շիրիմին առջեւ, խոնարհիլ, խունկ ու մոմ ծխել, երդուել եւ իրենց հայեացքը ուղղել Արարատին, Արեւմտահայաստանին ու բռնագրաւուած Արցախին:
Ահա հո՛ս կը կայանայ Լիզպոնի հինգին մեծութիւնը ու անոնց գաղափարական տաճարին ամրութիւնը, որուն երդիքին տակ ցարդ կը շարունակեն ծառայել սերունդներ` յեղափոխական շունչով տոգորուած եւ ազգային ապրումներով լիացած:
Ուրեմն, Լիզպոնի տղոց շիրիմը չէ դադրած կտոր մը հայրենիք ըլլալէ: