ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Հնագէտ»-ի մը զարմանալի եւ անտրամաբանական եզրակացութիւնը, որ նկատելու համար հնագէտ ըլլալու կարիքն իսկ չկայ: Դոկտ. Քրիսթինա Քիլկրով Kristina Killgrove, հնագէտ է, մասնագիտացած` վաղեմի մարդկային կմախքներու եւ գիտական հաղորդակցութեան մէջ, Հիւսիսային Քարոլայնայի Չեփըլ Հիլի համալսարանի պատմութեան ամպիոնէն… 6 յունիս 2024-ին` «Մարդը ձին չէր ընտելացուցած մինչեւ 4200 տարի առաջ` հազարամեակ մը ուշ, քան կը կարծուէր», (Humans didn’t domesticate horses until 4,200 years ago – a millennium later than thought) յօդուածը հրատարակած է «Լայվ Սայէնս» կայքէջին մէջ (1)…

2.Արցախի ցեղասպանութեան պատճառով ամայի Ստեփանակերտի մէջ իրենց տէրերը կորսնցուցած երկու ձիեր եւ շնիկ մը:
Նոյն համալսարանի նոյն ամպիոնէն էր հազարապետ Ռոզան Հորսուիլը, որուն մասին` «Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան զինուորական առաքելութիւնը դէպի Հայաստան», կամ` «Հարպորտ առաքելութիւն»-ը, որուն տեղեկագիրը հիմքն է Սեւրի դաշնագրով ճշդուած Հայաստան-Թուրքիա սահմանին. խեղաթիւրելու փորձ մը եւս» յօդուածով անդրադարձած էի (2): Արդեօք զուգադիպութի՞ւն է քանի մը թուրք դասախօսներով պատմութեան կաճառ ունեցող այս փոքր համալսարանէն երկու աւարտողներուն հակահայ եւ պատմութիւնը խեղաթիւրող գործերը` հրատարակութիւնները:
Ընդհանրացնելով ամէն ինչ, ըստ Քիլկրովին, մարդ արարածը ձին ընտելացուցած է 4200 տարի առաջ միայն եւ ոչ թէ` 5200, այսինքն ՔԱ 2176-ին… «Շուրջ 500 ձիերու վաղեմի ծինային քննութիւնը ցոյց կու տայ, որ մարդիկ զանոնք ընտելացուցած են միայն ՔԱ 2200-ին` 1000 տարի աւելի ուշ, քան մենք նախապէս կը կարծէինք», կ՛ըսէ ան` առանց ապացուցելու… Այսպիսի հաստատում կատարողը պէտք է փաստէ, որ, նախ` ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս 5200 տարի կը կարծուէր, եւ փաստէ, որ այդ թուականը պնդողներուն քննութիւններն ու ապացոյցները սխալ էին. սակայն` ո՛չ մէկ խօսք այդ մասին… Ինք կրնայ խօսիլ միա՛յն այն վայրին մասին, ուր ինք քննութիւն կատարած է` Ներքին Մոնկոլիա…
Յաւելեալ պրպտումներէ ետք, որ միշտ պէտք է կատարել, երեւան եկաւ, որ ինք որեւէ քննութիւն չէ կատարած, այլ այս յօդուածը առած եւ «սխալ» կերպով մեկնաբանած է անգլիական «Նէյչըր» (Nature) գիտական հանդէսի 6 յունիս 2024-ի համարէն, որուն բուն հեղինակներն են Փապլօ Լիպրատօ (Pablo Librado) եւ իր 25 աշխատակիցները: Իսկ կարեւորը` բնագիրին խորագիրը, աւելի տրամաբանական է, որ բոլորովին ուրիշ բան կ՛ըսէ. «Եւրասիոյ մէջ ձիերու վրայ հիմնուած լայնատարած շարժականութիւնը սկսաւ ՔԱ շուրջ 2200-ին», (Widespread horse-based mobility arose around 2,200 BCE in Eurasia) (3)… Այստեղ կը յստականայ Քիլկրովին ՄԵԾ ՍԽԱԼԸ նաեւ, «Լայվ Սայէնսին» ա՛լ աւելի մեծ սխալը, որ չէ ստուգած Քիլկրովին աղբիւրը ու տեղ տուած է այս հազար տարուան եւ Եւրասիայէն դուրս, ձիերու պատմութեան մասին մեծ սխալին ու անտեսումին: Այնտեղ ոչ մէկ խօսք կայ ձիերու ընտելացման ընդհանուր պատմութեան, կամ ծագումին մասին…
Յաւելեալ պրպտում կատարելով` գտայ տասնեակներով լրատուամիջոցներ, որոնք այս նոյն լուրը տուած են, սակայն բոլորը` վերիվարոյ ճշգրիտ եւ տրամաբանական: Անոնցմէ ստորեւ պիտի նշեմ երեք օրինակներ, որպէսզի տեսնենք, թէ նոյն գիտական լուրը Քիլկրով ինչպէ՞ս խեղաթիւրած է.
Ա.- Աւստրալիական «Քանպերա Տէյլի» օրաթերթին խորագիրն է. «Արդի ձիուն հետքը կարելի է կապել 4200 տարի առաջ ծագած սերունդին` շառաւիղին», (Origin of modern horse traced to lineage 4200 years ago) (4). «Շուրջ 4200 տարի առաջ ձիերու որոշ տոհմ մը արագօրէն գերիշխող դարձաւ Եւրասիոյ մէջ, որ կ՛ենթադրէ, թէ այդ ժամանակ մարդիկ սկսան ընտելացած ձիեր տարածել ամբողջ աշխարհի մէջ, ըստ «Նէյչըր» ամսագրի հինգշաբթի հրապարակած հետազօտութեան…»:
Բ.- Ամերիկեան Վըրճինիայի «Տէյլի Նիուզ Ռէգըրտ»-ը. «Գիտնականները յայտնաբերած են ժամանակակից ձիու ծագումը 4200 տարի առաջ սկսած սերունդէն» (Scientists have traced the origin of the modern horse to a lineage that emerged 4,200 years ago) (5): «Գիտնականներ գտած են ժամանակակից ձիու ծագումը, որ յառաջացած է 4200 տարի առաջ եւ արագօրէն գերիշխող դարձած` Եւրասիոյ մէջ…»:
Գ.- Ամերիկեան «Եու Էս նիուզ»-ը ճիշդ Բ.-ին նման է (6). «Շուրջ 4200 տարի առաջ ձիերու յատուկ տոհմ մը արագօրէն գերիշխող դարձաւ Եւրասիոյ մէջ, որ կ՛ենթադրէ, թէ այդ ժամանակ մարդիկ սկսան ընտելացած ձիեր տարածել աշխարհով մէկ, ըստ հինգշաբթի «Նէյչըր» ամսագրի հրապարակած հետազօտութեան…»:
Ցարդ 24 յօդուածներով «Հայաստանի ձիերը, ձիաւոր հերոսները, հեծելազօրը եւ յաղթանակները» յօդուածաշարքով եւ օգտուելով այնտեղ նշուած 214 հայ եւ օտար, հին ու նոր աղբիւրներէ, պեղումներէ եւ հետազօտութիւններէ ու զանազան ուղղութիւններէ տուեալներով` փաստեր ներկայացուցած ենք, որ ձիուն ընտելացումը առաջին անգամ սկսած է Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ շուրջ 7 հազար տարի առաջ: Այսինքն` Քիլկրովի նշած 5000-էն նոյնիսկ 2000 տարի աւելի՛ առաջ իսկ:

«Հայ պատմաբան Նիկողայոս Ադոնց կը նկարագրէ դամբարաններէ պեղուած պրոնզէ գօտիներ, որոնց վրայ փորագրուած է երկու ձիով կառքեր, որոնք, ըստ ֆրանսացի հնագէտ ճարտարագէտ Ժագ տէ Մորկանին, ՔԱ 3-րդ հազարամեակին կը պատկանին (էջ 34-40) (7) (8): Այսինքն Հայաստանի մէջ 5000 տարի առաջ ոչ թէ միայն ձիեր ընտելացուցած էին, այլ երկու ձիեր վարժեցուցած էին, որոնք միասնաբար կառքեր կը քաշէին, եւ անոնք այս նկարը փորագրած էին գօտիներու վրայ: Ստորեւ կը բացատրուի, թէ ձիերու ընտելացման հոլովոյթը կ՛ենթադրէ, թէ ձիերու այսպիսի ընտելացում-վարժեցումը առնուազն յաւելեալ հազար տարի առաջ սկսած պէտք է ըլլայ:
«ՔԱ 4-էն 3-րդ հազարամեակի Հայաստանի ժայռապատկերներուն մէջ ձիերն ու ձիաքարշ կառքերը առատ են: Հնէակենդանաբան Սոնա Մէջլումեան իր «Ընտանի ձին Հայկական Լեռնաշխարհում» աշխատութեան մէջ կ՛եզրակացնէ, որ ձիու ընտելացումը Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ սկսած է ՔԱ 5-րդ հազարամեակին: Այսպէս, «Հնէակենդանաբանութեան մէջ հաստատուած է այն միտքը, որ ընտանի կենդանիի մնացորդներու ի յայտ գալը որոշ ժամանակաշրջանի մը, կ՛ենթադրէ, որ այդ ընտելացումի հոլովոյթը առնուազն հազար տարի աւելի առաջ սկսած էր:
«Այսպիսով, ՔԱ 4-րդ հազարամեակի սկիզբին ընտելացուած ձիուն ի յայտ գալը կ՛արտօնէ վստահօրէն պնդել, որ մէկ հազարամեակ առաջ, այսինքն` ՔԱ 5-րդ հազարամեակին, Հայաստանի տարածքին արդէն սկիզբ առած էր ձիու ընտելացման հոլովոյթը»: Հայաստանի ՔԱ 7-6-րդ հազարամեակի հնութիւնները սակաւաթիւ են, սակայն բոլորը կը պարունակեն ձիու մնացորդներ, որոնք, միջին հաշուով, կը կազմեն 3 տոկոս, իսկ ՔԱ 5-4-րդ հազարամեակին` 7-9 տոկոս, իսկ 3-րդ հազարամեակին արդէն կան ձիու դամբարաններ` 100 տոկոս կմախք»: Այսինքն Քիլկրովի նշած 5000 տարի առաջ` Հայաստանի մէջ արդէն ընտելացած ձիու դամբարաններ յայտնաբերուած են:

«Ըսածիս վառ վկայութիւնն են ՔԱ 3-րդ հազարամեակին պատկանող Գեղամայ լեռներու ժայռափոր սանձուած ձիու պատկերը, Սիւնիքի հեծեալ որսորդները եւ հեծեալը` թամբած ձիու վրայ: «Հասկանալի է, որ այս մակարդակով տիրապետել ձիուն ո՛չ հարիւրամեակներու եւ ո՛չ ալ մէկ հազարամեակի արդիւնք է, եւ այս բոլորը տեղի ունեցած են շատ աւելի առաջ, քան` այդ իրողութեան արտացոլումը իր ժամանակի արուեստի ժայռապատկերներուն մէջ», կը գրէ Սոնա Մէջլումեան (9), (10), որուն այս աշխատութիւնը 21-25 մայիս 1990-ին Ուաշինկթընի Միջազգային 6-րդ հնակենդանաբանական խորհուրդին յատկացուած մարդ-անասուն յարաբերութեան ներկայացուած էր (The International Council for Archaeozoology (ICAZ) devoted to the study of human-animal relationships over time using archaeological evidence):
Պեւըրլի Տէյվիս 2007-ի «Ձիերու զարգացման ժամանակացոյցը» 208 էջ պատմական ընդհանուր աշխատութեան մէջ (11), (12), վերը` նկար 3, ուր թուականի շարքով` սկսելով ՔԱ 75 միլիոն տարեշրջանէն մինչեւ մեր օրերը, ձիերու ընտելացման հիմնական փուլերու թուականները նշած է: Հայաստանի ձիերու ընտելացման վերաբերող հետեւեալ ամենահինէն սկսեալ` ժամանակացոյցը թուած է անուղղակի կերպով երկրորդելով Մէջլումեանին.
«ՔԱ 3000 ժամանակաշրջանի Հայաստանի մէջ (հնդեւրոպական ժողովուրդներու հաւանական բնօրրաններէն մէկը) գտնուած ժայռապատկերները ցոյց կու տան ցարդ ամենահին նկարները, ուր մարդիկ կը քշեն ձիով բանող ռազմակառքեր, սայլեր եւ արօրներ (3000 BCE Petroglyphs found in Armenia (one of the possible sites for the Indo-European homeland) show the oldest pictures of men driving chariots, wagons, and plows, with horses doing the pulling.) էջ 12: Ապա ՔԱ 2000-ին գերազանց վիճակի մէջ պահպանուած նախնական սայլեր գտնուած են Հայաստանի մէջ: Անոնք ցարդ յայտնաբերուած աշխարհի ամենահին սայլերն են, (2000 BCE Primitive wagons dating from this time have been found in excellent condition in Armenia. These are the oldest known wagons in the world.) Էջ 13:
Ոեւէ անձ, որ ձիերու մասին պատմական հետազօտութիւն պիտի կատարէ, անպայման պիտի հանդիպի Պեւըրլի Տէյվիսի այս աշխատասիրութեան, մանաւա՛նդ` ձիու մասին գրող Քիլկրովի նման հնագէտ մը, որ բոլորովին անտեսած է ձիերու ընտելացման իսկական պատմութիւնը եւ ուրիշին աշխատութիւնը` սխալ ձեւով մեկնաբանած: Աշխարհը լեցուն է դոկտոր տիտղոսով անլուրջ «պատմաբաններով», որոնք յատուկ պատուէրով պատմութիւն կը կեղծեն:
Իսկ երբ Հայկական Լեռնաշխարհի, Հայաստանի, Արցախի, Հայոց պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան կամ մշակոյթին մասին պէտք է գրեն ու վկայեն, կ՛ըսեն անծանօթ, little known անյայտ ժողովուրդ մը… Կարելի է վստահ ըլլալ, որ արեւմտեան Ասիոյ, Կովկասի, Մերձաւոր Արեւելքի, կամ Միջին Արեւելքի եւ նոյնիսկ Եգիպտոսի պատմութեան մասին երբ «անյայտ ժողովուրդ մը» կ՛ըսուի, այդ հոմանիշն է հայ ժողովուրդին:
12 յունիս 2024
haroutchekijian.wordpress.com
———————–
- https://r.smartbrief.com/resp/sdjCCTmEkpDCkfAaCigmdvBWcNcBKG?format=multipart
- https://www.aztagdaily.com/archives/610183
- https://www.nature.com/articles/s41586-024-07597-5
- https://canberradaily.com.au/origin-of-modern-horse-traced-to-lineage-4200-years-ago/
- https://www.dnronline.com/associated_press/national/scientists-have-traced-the-origin-of-the-modern-horse-to-a-lineage-that-emerged-4/article_6350aa85-6937-578c-92db-87ec4d1b47a5.html
- https://www.usnews.com/news/world/articles/2024-06-06/scientists-have-traced-the-origin-of-the-modern-horse-to-a-lineage-that-emerged-4-200-years-ago
- «Պատմական ուսումնասիրութիւններ», Նիկողայոս Ադոնց, Ա. Ղուկասեան հրատարակութիւն, Փարիզ, 1948 (յետմահու լոյս տեսած):
- https://www.aztagdaily.com/archives/557124
- https://aztag32.rssing.com/chan-56539322/article8871.html
- https://lousavor-avedis.org/?p=19195
- http://www.sino-platonic.org/complete/spp177_horses.html
12. SINO-PLATONIC PAPERS, Number 177, Timeline of the Development of the Horse, by Beverley Davis, Department of East Asian Languages and Civilizations, University of Pennsylvania, August, 2007:


