Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Արեան Տուչութեան Արշաւին Առիթով. Բոլորին Համար` Մեզի Համար

Սեպտեմբեր 4, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան 5 սեպտեմբերին կազմակերպած արեան տուչութեան արշաւը կարեւոր խորհուրդ ու պատգամ կը պարփակէ իր մէջ: Նախաձեռնութիւնը կրնայ շատ պարզ թուիլ, սակայն եթէ անոր էութեան մէջ պիտի թափանցենք, կարեւոր խորհրդածութիւններու դիմաց պիտի գտնուինք անտարակոյս:

ԼԵՄ-ը իր հիմնադրութեան օրերէն իր ժողովուրդի անվտանգութեան համար կամաւոր զինուորի իր կոչումին կողքին, գաղափարական կեցուածքով իր ազգի վեհ իտէալները ապրեցնող ու տեսլապաշտ ոգիով եւ վճռականութեամբ առաջնորդող միութիւն եղած է:

Եւ նաե՛ւ, ԼԵՄ-ը ոչ մէկ ատեն զլացած է մեր ժողովուրդի յառաջապահը դառնալու ընկերային եւ այլ կարիքներուն անսալու առաքելութեան մէջ: Պատերազմի թէժ օրերուն, ԼԵՄ-ականներ վտանգելով իրենց կեանքը հաց եւ ջուր մատակարարած են պատերազմական վտանգաւոր գօտիներու մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներուն, կրակներու մէջէն անցած ու մահը անտեսած են, որպէսզի հասնին շտապ օգնութեան կամ հիւանդանոց: ԼԵՄ-ականներ պատերազմի ընթացքին, երբ հարազատներ ի վիճակի չէին հասնելու գերեզմանատուն` իրենց հանգուցեալը յուղարկաւորելու, իրենք կատարած են նաեւ այդ սրբազան պարտականութիւնը:

ԼԵՄ-ը  նախանձախնդիր եղած է հայկական թաղամասերու մաքրութեան ու կենսոլորտային հարցերուն, եւ այդ պարտականութիւնն ալ կատարած է խանդավառութեամբ ու յանձնառութեամբ:

ԼԵՄ-ականին համար ռոստոմեան մեծ ու փոքր գործերու միջեւ խտրութիւն չդնելու եւ դաշնակցական գործը համապարփակ ձեւով ընկալելու գիտակցութիւնը դարձած է կենսակերպ: Այսօ՛ր, այս նախաձեռնութիւնը նաեւ ԼԵՄ-ի նուիրական առաքելութեան մաս կազմող աշխատանք է:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը մի՛շտ ալ գտնուած է իր հարազատին, բարեկամին, ծանօթին, կամ նաեւ իրեն համար արիւն ապահովելու հրամայական անհրաժեշտութեան դիմաց: Բոլորս ալ ապրած ենք մեր հիւանդը կամ վիրաւորը փրկելու համար անմիջականօրէն արիւն ապահովելու մղձաւանջը եւ դիմած մեր ակումբներուն ու կազմակերպութիւններուն, որպէսզի օգտակար դառնան մեզի: Այլ խօսքով` բոլորս ալ մեր մորթին վրայ զգացած ենք այս տագնապը եւ անմասն չենք այս անհրաժեշտութենէն:

Փորձանքը, աղէտը եւ հիւանդութիւնը բոլորիս համար է, անխտի՛ր: Եւ ուրեմն` գործնապէս արժեւորենք եւ հաւաքաբար սատարենք հաւաքականութեան համար կատարուող այս նուիրական աշխատանքին: Համոզուինք, որ մարդասիրական եւ ազնուական այս ծրագիրը պիտի թեթեւցնէ ճգնաժամի ընթացքը, կարիքը ունեցողին ու իր շրջապատին ցաւն ու տառապանքը: Մանաւա՛նդ այս նախաձեռնութիւնը առիթ է, որ եթէ մենք օգտուած ենք այլոց արեան տուչութենէն, մարդկային վեհ զգացումով, առիթ է նաեւ, որ հիմա՛` մասնակցութեամբ, երախտագիտական մեր գիտակցութիւնը դրսեւորենք:

Մասնակցի՛նք եւ ապրի՛նք գոհունակութեան պահը:

Անփորձանք կեանք բոլորին:

 

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Քաղաքական Թուաբանութեան Կանոնները Ա՛յլ Են

Յաջորդը

Մեր Մեծերը. 10 Հետաքրքրական Փաստեր Սիլվա Կապուտիկեանի Կեանքէն

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?