Գրեց` ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Նախորդ յօդուածի մը մէջ (https://www.aztagdaily.com/archives/623918) դէմ յանդիման բերեր էի ամերիկաբնակ խարբերդցի երկու գրագէտներ` Համաստեղն ու Վահէ-Հայկը, խօսելու համար անոնց գաղափարական «հակադրութեան» մասին, որ առաւելաբար մղում կը ստանար իւրաքանչիւրին կուսակցական պատկանելիութենէն: Երկու գրագէտները, սակայն, երբեմն կրցեր էին ծակ մը բանալ զիրենք իրարմէ անջատող պատին վրայ ու ձեռք երկարել մէկզմէկու… Նամակագրութիւն պահեր էին իրարու հետ, գիրքեր փոխանակեր եւ այլն:
«Հակադրութիւն» բառը նախընտրեցի չակերտել, որովհետեւ աւելի ամբողջական սերտողութիւն մը` այս զոյգ գրագէտներու հայեացքին ու համոզումներուն մասին, մեզ պիտի առաջնորդէ այն եզրակացութեան, թէ հայրենակից երկու գրողները, իրենց դիրքերուն վրայ անխախտ կանգնելով հանդերձ, այնքան ալ հեռու չէին իրենց տեսակէտներով: Ազգային վիճայարոյց հարցերու մէջ անոնք երբեմն կը մտածէին գրեթէ համանման ձեւով ու կուսակցական իրենց պատկանելիութեան արտաքին կեղեւն էր լոկ, որ ենթադրել կու տար ինչ-որ հակադրութեան մը մասին:
Հիմա դէմ յանդիման կը բերեմ Համաստեղն ու Խորհ. Հայաստանը, որ է ըսել` 1920-ին գոյաւորուած մեր ափ մը հայրենիքը, ուր երբեք չկրցաւ այցելել Համաստեղ` հակառակ իր բուռն ցանկութեան եւ հակառակ իրեն ուղղեալ պաշտօնական քանի-քանի հրաւէրներու:
Նիւթին շուրջ տուեալներ մէկտեղելու համար ինծի ուղեցոյց ունիմ Համաստեղի 2003-ին Երեւան տպուած «Նամականի»-ն, որ «Կարպիս Լ. Նազարեան հիմնադրամ»-ի հրատարակած 6-րդ գիրքն է: Թէեւ օգտակար աշխատանք մը կատարած է սոյն հատորը կազմող հայրենաբնակ բանասէրը` Մարգարիտ Խաչատրեան, սակայն պէտք է խոստովանիլ, որ գիրքին 500 էջերը լեցուն են անհաշուելի, բազմահարիւր սխալագրութիւններով, հետեւանք` բնագիր նամակներու անգիտակից կամ անփոյթ ընդօրինակութեան եւ մատենագիտական կամ լեզուական անճիշդ, անստոյգ ու խաթարիչ վերծանումներու, որոնք ներելի չեն կրնար ըլլալ «բանասիրական գիտութիւնների դոկտոր»-ի մը… Որեւէ առթիւ, եթէ կարիքն զգացուի այս գիրքէն որոշ էջեր վերատպելու, ապա անհրաժեշտ պիտի ըլլայ զանոնք սրբագրել ծայրէ ի ծայր:
*
50-ական թուականներուն Ամերիկա ապրող հայ գրողներուն մէջ ամէնէն հռչակաւորն ու դասական դէմքը ապահովաբար Համաստեղն էր: Ան գրականութեամբ կը զբաղէր 1920-ականներէն սկսեալ ու իր ետին ունէր պատկառելի տոկուն վաստակ մը:
Բայց նշանաւոր գիւղագիրին առջեւ միշտ փակ կը մնային Խորհ. Հայաստանի դռները: Անոր գործերէն ոչ մէկ նմուշ կը տպագրուէր խորհրդահայ գրական մամուլին մէջ, ոչ մէկ ակնարկութիւն կը կատարուէր իր մասին… Մինչ սփիւռքահայ նուազ արժէքաւոր ու նոյնիսկ երկրորդական կարգի դէմքեր լորձնաշուրթն կը գնահատուէին Երեւանի մէջ, եւ անոնց գործերը հանրութեան կը ներկայացուէին, կը տպագրուէին, անդին` Համաստեղ կ՛անգիտացուէր, պարզապէս որովհետեւ… չէր գտնուեր «խորհրդայնասէր» խրամատին մէջ:
Ոմանք, Վահէ-Հայկի նման, կը դժգոհէին, որ Համաստեղ հրապարակային լռութիւն ու կրաւորականութիւն կը պահէր Խորհ. Հայաստանի խանդավառիչ իրականութեան առջեւ, չէր ծափահարեր հոն կատարուող հայրենաշէն գործերը: Իսկ Համաստեղ ալ, իր կարգին, կ՛ակնկալէր, որ հայրենիքը չանտեսէր իր գրականութիւնը, տեղ տար ատոր` մամուլի մէջ կամ առանձին հրատարակութիւններու ճամբով: Համաստեղ ի՛րապէս կ՛ուզէր սեղմել Հայաստանի իր գրչեղբայրներուն ձեռքը, թէեւ շա՜տ վշտացած էր` տեսնելով, որ անոնք կը յամառէին դիրք բռնել իրեն նկատմամբ կամ կ՛անտեսէին իր գոյութիւնը:
Իրականութեան մէջ, Համաստեղ Պոսթընի իր բնակավայրէն կարելի չափով կը հետեւէր Հայաստանի մշակութային ու գրական վերելքին, որ կը խանդավառէր զինք: Եթէ կարդանք իր նամակները, պիտի իմանանք, որ ան ամերիկաբնակ գրող Կարապետ Սիտալի միջնորդութեամբ կը ստանար երեւանեան «Սովետական Գրականութիւն» եւ «Սովետական Հայաստան» ամսագրերը եւ այլ հրատարակութիւններ: Բացառաբար նամակագրութիւններ ունէր Սիպերիոյ աքսորավայրէն վերապրող գրագէտ Գուրգէն Մահարիի եւ Արտասահմանեան երկրների հետ բարեկամութեան եւ կուլտուրական կապի հայկական ընկերութեան պատասխանատու տիկ. Բերսաբէ Գրիգորեանի հետ: Իր գիրքերը կը փոխանակէր այս ընկերութեան կողմէ իրեն առաքուած մեծաթիւ հրատարակութիւններու հետ:
Օր մըն ալ, սակայն, պատահեցաւ անսպասելի դէպք մը: Թուականը` 1958 սեպտեմբեր:
Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոս Համաստեղին ուղղեալ հեռագրով մը զինք Էջմիածին կը հրաւիրէր` որպէս Մայր Աթոռի պաշտօնական հիւր, մասնակցելու համար հայրապետին ծննդեան 50-ամեակի ու գահակալութեան Գ. տարեդարձի հանդիսութեանց, որոնք պիտի երկարէին նոյն տարուան հոկտեմբեր 11-24:
Այլ խօսքով, Խորհրդային Հայաստանէն պաշտօնական հրաւէր կ՛ուղղուէր դաշնակցական գրողի մը…
Համաստեղ նախ կը զարմանար, ապա մտմտուքի ու խռովքի կը մատնուէր: Երթա՞լ, թէ՞ չերթալ: Անակնկալ այս հրաւէրը տակնուվրայ կ՛ընէր իր հոգեկան անդորրութիւնը, նոյնիսկ օրեր շարունակ կը կորսնցնէր իր գիշերային քունը… Կուսակցական իր ընկերներէն ոմանք կը քաջալերէին զինք, որ երթայ, ուրիշներ` աւելի ծայրայեղները, կը թելադրէին չիյնալ այս «ծուղակ»-ին մէջ, չերթա՛լ: Միւս կողմէ, նոյն հարցին առնչութեամբ, հեռաձայնով Համաստեղին կը կապուէր Նիւ Եորքի առաջնորդարանի Թեմական խորհուրդի ատենապետն ալ` վստահեցնելով, որ շատ շուտով անցագրի (վիզա) դիւրութիւններ պիտի ընծայուէին իրեն ու ամբողջովին պիտի հոգացուէր իր ճամբորդական ծախքը:
Այս հրաւէրը նախանշան մըն էր, թէ բան մը սկսած էր փոխուիլ Խորհ. Հայաստանի մէջ, դրականօրէն: «Կանաչ լոյս» մըն էր ասիկա, զոր կը վառէր Վազգէն Ա. հայրապետ, հեռատես, շինիչ ու խելացի քայլով մը:
Թուականը խիստ յատկանշական էր: Արտասահմանի բովանդակ հայութիւնը կ՛անցնէր երկփեղկեալ ու ներազգային թշնամութեան տխո՜ւր շրջանի մը մէջէն: Նախ` Էջմիածին-Անթիլիաս եկեղեցական տագնապը կը շարունակուէր իր ամէնէն սուր համեմատութիւններով, յետոյ` Պէյրութի փողոցներուն մէջ եղբայրասպան ոճիրներ կը գործուէին օրն ի բուն: Հայ երիտասարդներ դիտապաստ կ՛իյնային գետին` ա՛յլ հայերու ատրճանակներէն արձակուած գնդակներով, պարզապէս իրենց գաղափարական պատկանելիութեան պատճառաւ…
Համաստեղ, դժբախտաբար, չկրցաւ ընթացք տալ այս բացառիկ հրաւէրին: Վարանումներէ, տատամսումներէ ետք, ան ի վերջոյ հրաժարեցաւ հայրենիք մեկնելէ` հակառակ իր բուռն փափաքին: Յետոյ, շատ շուտով, խորապէս պիտի զղջար իր այս չկամութեան համար, ընկերներու եւ մտերիմներու (Եդ. Պոյաճեան, Գուրգէն Մահարի, Կարապետ Սիտալ, Յակոբ Խաշմանեան եւ այլք) ուղղեալ նամակներու մէջ սրտցաւօրէն արտայայտուելով այս մասին:
«Ես ինքս չեմ կրնար բացատրել, թէ ինչո՞ւ այդ քաջութիւնը չունեցայ», գրած է ան նամակի մը մէջ: «Անճարակութիւն» սեպած է իր վարանումը եւ` խոստովանած, թէ երկչոտ է բնաւորութեամբ…
*
Հարց կը ծագի անշուշտ, թէ ի՞նչ դրդապատճառներով Համաստեղ չկրցաւ ընդառաջել իրեն ուղղեալ հրաւէրին: Անձնակա՞ն արգելքներ դեր խաղցան այստեղ, թէ՞ կային նաեւ կուսակցական նկատումներ… Ըստ երեւոյթին` երկո՛ւքն ալ:
Փորձենք պարզել:
Նախ յայտնենք ի սկզբանէ, որ Վազգէն Ա. հայրապետին հրաւէրը կրկնուեցաւ եւս ԵՐԵՔ ԱՆԳԱՄ, յաջորդ տարիներուն: Վեհափառը «դուռը բաց թողուց» Համաստեղին առջեւ ու միշտ ալ զգացնել տուաւ իր տածած ջերմ ու անկեղծ համակրանքը գրողին հանդէպ:
Արդէն, 1958-ի առաջին հրաւէրէն քանի մը ամիս ետք, արտասովոր հրատարակութիւն մը պիտի երեւէր Մայր Աթոռոյ «Էջմիածին» պաշտօնաթերթին մէջ: Անոր 1959-ի մարտի թիւով գնահատական տողերով պիտի գրախօսուէր Համաստեղի «Աղօթարան» գիրքը, որ լոյս տեսած էր Պէյրութ, 1957-ին: Երեւոյթը աննախընթաց էր, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով Խորհ. Հայաստանի մամուլին մէջ դրական անդրադարձ կը կատարուէր դաշնակցական գրողի մը մէկ գործին մասին: Այս ուշագրաւ գրախօսականին անմիջական մէկ արձագանգն ալ այդ օրերուն կու գար ամերիկահայ բանաստեղծ Կարապետ Սիտալէն (1891-1972), որ ծանօթ էր իր «յառաջդիմական» թեքումով ու շատ ջերմ կապեր կը պահպանէր միշտ Խորհ. Հայաստանի գրական շրջանակներուն հետ: Ան նամակով մը կ՛իմացնէր Համաստեղը, թէ շա՜տ շատեր կը փափաքին ունենալ նորատիպ «Աղօթարան» հատորէն: Համաստեղի պատասխան նամակը Սիտալին բաւական խիստ էր ու դառնութեամբ լեցուն: Կարդա՛նք.
– Կը գրէք, որ Հայաստանէն «Աղօթարան» ուզեցին: Ի՞նչ կը պատահի յանկարծ: Գիտեն ուրեմն, որ մէկը գոյութիւն ունի եւ ճիգ կ՛ընէ իր աշխատանքը բերելու հայ գրական անդաստանին: Ատենին ես ղրկած եմ իմ բոլոր գիրքերը Երեւանի պետական գրադարանին, եւ սակայն բարեհաճած չեն դաշնակցականիս գիրքերը ստացած ըլլալը երկտողով մը իմացնելու: Կ՛ընդունիմ, որ անծանօթ մըն էի եւ Ստալինը փառաբանող «մեծատաղանդներ»-էն չէի: Կրնամ Հայաստանի հայ գրողներուն եւ մանաւանդ ժողովուրդին անծանօթ ըլլալ նաեւ ա՛յս օրերուն: Ինչո՞ւ միայն «Աղօթարան»-ը կ՛ուզուի եւ` ձեր միջոցով: Կ՛երեւի կարդացեր են «Էջմիածին» ամսագրին մէջ երեւցած գրախօսականը. եւ իսկապէս` ի՜նչ մեծ յանդգնութիւն Էջմիածնի ամսագրին կողմէ: Կ՛երեւի լուր չունին, որ ես աւելի կարեւոր գործեր գրած եմ` «Գիւղը», «Անձրեւ», «Քաջն Նազար», «Սպիտակ ձիաւորը»` երկու մեծ հատոր: Գուցէ դուք այստեղ եւս խապար չէք, որ այդքան աշխատանքներ ըրած եմ եւ դեռ կը շարունակեմ, Հայաստանի մեր ժողովուրդէն հեռու, Ամերիկայի իմ պայմաններուն մէջ» (2 ապրիլ 1960):
Այս կծու նամակէն ինը ամիս անց, նոյն Կ. Սիտալին ուղղեալ այլ նամակի մը մէջ, Համաստեղ յոյս կը յայտնէր, որ` «կը վերանան պատնէշները` այսպէս կոչուած Պաղ պատերազմին», ու անկէ ետք` «Գուցէ ինծի ալ վիճակուի երթալ Հայաստան, ըլլալ հայ ժողովուրդին եւ հայ գրողներուն հետ, որոնց հանդէպ հիացում ունիմ: Երկու տարի առաջ կաթողիկոսին հրաւէրին չկրցի ընթացք տալ, հակառակ անոր որ շատ գնահատեցի այդ հրաւէրը: Մտքիս եւ հոգիիս մէջ շատ կարեւոր տեղ բռնած է իմ Հայաստան երթալը» (1 յունուար 1961):
Պիտի մղուինք մտածելու, թէ Վազգէն Ա.-ի հրաւէրը Համաստեղին` այնքան ալ հաշտ աչքով չդիտուեցաւ Դաշնակցութեան վերին մարմիններուն կողմէ: Այլապէս, գրագէտը պիտի չպարտաւորուէր Սիմոն Վրացեանի ուղղեալ նամակի մը մէջ (5 փետրուար 1959) արձանագրել սա՛ տողերը. «Վերջերս իմացայ, որ Բիւրոն ալ համաձայն եղած չէ իմ երթալուն: Ու կ՛աւելցնէր. «Այդ համաձայն չըլլալ»-ն ալ չեմ հասկնար: Միշտ ալ խղճիս վրայ պիտի մնայ, որ չգացի: Ինծի համար թարմացում պիտի ըլլար: Պատեհութիւնն այն էր, որ իմ բոլոր ծախսերը կը վճարէին` Նիւ Եորքէն սկսեալ» (անշուշտ կուսակցական այս խիստ կեցուածքն ու վերապահութիւնը յաջորդող տարիներուն պիտի մեղմանար տակաւ` ի վերջոյ կատարելապէս չքանալու համար):
1960-ին նոր կամուրջ մը կը հաստատուի Համաստեղի ու Վազգէն Ա.-ի միջեւ: Գրագէտն ու վեհափառը անձամբ կը հանդիպին իրարու ու երկարօրէն կը տեսակցին Պոսթընի մերձակայ Քեմպրիճի հայոց եկեղեցիին համալիրին մէջ, պաշտօնական հացկերոյթի մը նախօրէին, Ամենայն Հայոց հայրապետին Ամերիկա տուած հովուապետական անդրանիկ այցելութեան ատեն (մայիսէն յուլիս): Փոխադարձ հասկացողութիւն մը կը գոյանայ երկուքին միջեւ: Հայաստան այցելելու հրաւէրը կը կրկնուի: Այս ուշագրաւ հանդիպման վաղորդայնին Յ. Խաշմանեանին գրած իր մէկ նամակին մէջ Համաստեղ կը յայտնէր, որ շատ դրական տպաւորութիւններ կրեց Վազգէն կաթողիկոսէն, անոր անձին մէջ յայտնաբերեց ազնիւ եկեղեցական մը: Նոյնիսկ կը հաւաստիացնէր, որ վեհափառը «շատ լաւ կ՛ըմբռնէ Դաշնակցութեան քաղաքական տեսակէտը եւ սակայն չ՛ըմբռներ պայքարը Էջմիածնի դէմ»: Կը թելադրէ յարատեւ երկխօսութիւն հաստատել կաթողիկոսին հետ: Այլ առիթով մը Համաստեղ կ՛արձանագրէր իր այն տպաւորութիւնը, թէ Վազգէն Ա. «Ոչ միայն կը սիրէ գրականութիւնը, այլեւ գրականագէտ է. եթէ ժամանակ ճարէ եւ անկախ ըլլայ միմիայն կրօնական խնդիրներով զբաղելու, կրնայ գրական կարեւոր աշխատանքներ տալ» (Սիտալին ուղղեալ նամակէ մը):
Հայաստան այցելելու հեռանկարը այլեւս կ՛ոգեւորէր զինք: Շարունակ կը թելադրէր իր բարեկամներուն, որ առիթ չփախցնեն հայրենիք երթալու: Օրինակ, երբ կ՛իմանայ, որ Պէյրութէն դաշնակցական բանաստեղծ Եդ. Պոյաճեան չէ ընդառաջած Խորհ. Հայաստան այցելելու հրաւէրի մը, կը գրէ անոր (օգոստոս 1963). «Ատենն է, որ քանդուին այն նախապաշարումները, որ հայ պոլշեւիկները ունին Դաշնակցութեան հանդէպ եւ` փոխադարձաբար: Մենք եւս լեցուած ենք նախապաշարումներով եւ Քրեմլինը կը շփոթենք Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հետ եւ այդ ձեւով տեսակ մը խորթութիւն ստեղծած ենք: Կը մոռնանք, որ Հայաստանը մերն է եւ մերն է ժողովուրդը, եւ մենք այդ ժողովուրդին անբաժան մասն ենք: Մեր դաշնակցական մամուլին բերանը վրայ չ՛երթար ըսելու «մեր Հայաստանը եւ մեր ժողովուրդը» եւ ի զուր մենք մեզ որբացուցած ենք:… Ատենն է, որ որոշ բաներ սրբագրուին»: Ի դէպ, 1965-ին, այլ ուսուցիչներու շարքին, Պոյաճեանն ալ կը հրաւիրուի Հայաստան ու կ՛երթայ: Համաստեղ նախօրօք կը խրատէ իր ընկերը, որ անպայման երթայ. «Տանուտէրի պէս մտիր Հայաստան եւ այդ հողին վրայէն քալէ իշխանի մը պէս` որբի մը յաւիտենական ձորձը ետեւ ձգած: … Լաւ բաներով խանդավառուիլը աւելի առողջ է, եւ մենք կը տեսնենք, որ այժմ Հայաստանի մէջ լաւ բաներ կը կատարուին եւ առաւելապէս` հայրենասիրական: Երկուքուկէս միլիոն ժողովուրդը Հայաստանի հողին վրայ այնքան ամուր է, որքան` Հայաստանի երկաթէ լեռները: … Երանի՜ քեզի» (31 մայիս 1965): Իսկ Պոյաճեան վերադարձին կը գրէր. «Հայաստանը հոյակապ էր. կը մաղթեմ, որ օր առաջ երթաս: Քեզ շատ կը սիրեն»:
Սայաթ Նովայի (1712-1795) ծննդեան 250-ամեակի յոբելենական նշումները, 1963 հոկտեմբերին, նոր առիթ մը կը ստեղծեն Վազգէն Ա. կաթողիկոսին, որպէսզի դա՛րձեալ (երրորդ անգամ ըլլալով) Հայաստան հրաւիրէ Համաստեղը:
Հրաւէրը չորրորդ անգամ ըլլալով կը կրկնուի 1965-ին ալ, վեհափառին գահակալութեան տասնամեակի հանդիսութեանց առիթով:
Ա՛լ Համաստեղ վարանում չունէր: Կրնար երթալ: Բայց… այս անգամ ալ հիւանդացեր էր իր կողակիցը` Սրբուհին, ծանրօրէն: Անողոք հիւանդութիւնը հետզհետէ կը յառաջանար ու իրարու յաջորդող վիրաբուժական գործողութիւնները ապաքինումի մեծ յոյսեր չէին ներշնչեր: Սրբուհին շաբաթնե՜ր ու ամիսնե՜ր շարունակ կը պարտաւորուէր գամուած մնալ հիւանդանոցի անկողինին… Ան կը կարօտէր իր ամուսնոյն եւ երկու դուստրերուն մնայուն հոգածութեան:
Մինչ այդ գրագէտ Գուրգէն Մահարին ալ կը խթանէր Համաստեղը, որ անպայման Հայաստան գայ` հոն նշելու համար իր ծննդեան 70-ամեակը, գրողներու շրջանակին մէջ: Նմանօրինակ առաջարկ կ՛ընէր նաեւ Վարդգէս Համազասպեան` Սփիւռքահայութեան հետ մշակ. կապի կոմիտէի նախագահը: «Սովետական Հայաստան» ամսագիրը 1966-ի իր թիւերէն մէկուն մէջ տեղ կու տար Համաստեղի շատ սիրուն հին մէկ պատմուածքին` «Չալօ»-ին: Սփիւռքեան ճակատի վրայ ալ, իր կարգին, թափ կ՛առնէր գրողին 70-ամեակը յոբելենական ձեռնարկներով նշելու աշխատանք մը, որուն հետամուտ կ՛ըլլային մասնաւորաբար Ամերիկայի ու Քանատայի հայահոծ քաղաքները: Լոյս կ՛ընծայուէր յոբելենական յուշամատեան մը: Ձեռնարկներ կ՛իրականանային Պոլիս, Պաղտատ, Թեհրան եւ Պէյրութ: «Բագին» ամսագիրը առանձին թիւ մը կը նուիրէր յոբելեար գրողին: 1966-ին Վազգէն վեհափառ հայրապետական գիրով մը կ՛ողջունէր այս նախաձեռնութիւնները եւ իր օրհնութիւնները կը յղէր:
Համաստեղ կը մտածէր, որ եթէ քանի մը ամիսէն ապաքինէր Սրբուհին, վերջ գտնէին նաեւ Ամերիկայի տարածքին իր յոբելեանին կապուած պարտաւորութիւնները, առաջին առիթով իսկ պիտի մեկնէր Երեւան…
Անողոք հիւանդութիւնը, սակայն, ի վերջոյ պիտի զգետնէր Սրբուհին, որ կը մահանար 1966-ի մարտին, խանգարելով ամէն ծրագիր ու բաղձանք: 70-ամեակի ձեռնարկներն ալ, բնականաբար, կը յետաձգուէին քանի մը ամիս:
Յետոյ վրայ կու գար իր` Համաստեղի անհանգստութիւնը: Բժիշկները սրտի լուրջ անբաւարարութիւն կ՛ախտորոշէին իր մօտ: Ուստի կը թելադրուէր իրեն զգուշանալ երկար ճամբորդութիւններէ, յոգնութենէ, յուզումներէ:
Եւ գիտենք արդէն, որ գրագէտը կաթուածահար պիտի իյնար բեմի՛ն վրայ, Լոս Անճելըսի մէջ սարքուած իր յոբելեանին օրը, իր եզրափակիչ սրտի խօսքը կարդացած պահուն: Յոբելեանը պիտի վերածուէր սգահանդէսի…
Կը լռէր Հայաստանի լեռներուն սրնգահարը` առանց իրականացնելու հայրենիք այցելելու իր երազը…
Հալէպ