Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ սեպտեմբեր ամսուան առաջին երկուշաբթին «Աշխատաւորներու օր» է: Եւրոպայի եւ այլ երկիրներու մէջ «Աշխատաւորներու օր»-ը կը տօնուի մայիս 1-ին:
Երբ կը խօսինք աշխատանքի մասին, ի միտի ունենալու ենք, որ ի վաղուց յետէ մարդիկ աշխատած են: Աւանդական առաջին մարդը, Ադամն ալ, կ՛աշխատէր Եդեմի պարտէզին մէջ:
Ինչ կը վերաբերի աշխատանքին, հարկ է ըսել, որ այս աշխարհի մէջ կան մարդիկ, որոնք չեն սիրեր աշխատիլ, չեն սիրեր որեւէ տեսակի գործ: Հակադարձաբար, կան ուրիշներ, որոնք կը սիրեն աշխատիլ եւ կը սիրեն իրենց գործերը: Ոմանց համար աշխատանքը օրհնութիւն է, իսկ ուրիշներու համար աշխատանքը անէծք է:
Կ՛արժէ տեսնել, թէ գիրքերու գիրքը` Աստուածաշունչ մատեանը, ի՛նչ կ՛ըսէ աշխատանքի մասին: Աստուածաշունչ մատեանի տեսակէտը աշխատանքի մասին հետեւեալն է.
Առաջին. ըստ Աստուածաշունչ մատեանին, Աստուած աշխատող Աստուած է, եւ իր կամքը այն է, որ Իր արարածներն ալ աշխատին: Բովանդակ Սուրբ գիրքը յստակօրէն կը յայտնէ, որ ստեղծագործութենէն ի վեր Աստուած կ՛աշխատի տիեզերքի, բնութեան եւ մարդոց կեանքերուն մէջ: Տիեզերքի եւ բնութեան կարգ ու սարքը Աստուծոյ աշխատանքին արգասիքն են: Աստուած Իր ստեղծած մարդը Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէսզի այդ պարտէզը «մշակէ ու պահէ» (Ծննդ. 2.15): Աստուծոյ ծրագիրն էր, որ մարդ արարածը աշխատի:
Սուրբգրային բոլոր հերոսներն ալ աշխատող, գործունեայ մարդիկ եղած են: Դաւիթ հովիւ էր, ապա եղաւ թագաւոր, Պետրոս ձկնորս էր, ապա եղաւ եկեղեցւոյ առաջնորդ, Մատթէոս հարկահաւաք էր, ապա` աւետարանիչ, Լիտեան վաճառական կին էր, ապա` եկեղեցւոյ սիւներէն մին, Պօղոս վրանագործ էր, ապա դարձաւ հեթանոս աշխարհի մեծագոյն աւետարանիչը: Նոյնիսկ մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս, իր հանրային առաքելութիւնը չսկսած` արհեստով հիւսն էր:
Աստուածաշունչ մատեանը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ աշխատանքը անէծք մը չէ մարդ արարածին համար, այլ կեանքի անբաժան մէկ իրողութիւնը:
Երկրորդ. Աստուածաշունչ մատեանը կը դատապարտէ անգործութիւնն ու ծուլութիւնը: Անշուշտ անգործութեան պարագային հարկ է նշել զանազանութիւնը կամայ եւ ակամայ անգործութեան: Կան մարդիկ, որոնք կը սիրեն աշխատիլ, բայց պարագաներու հարկադրանքին պատճառով անգործ են: Սակայն ուրիշներ չեն սիրեր աշխատիլ ու այդ պատճառով չեն աշխատիր եւ կը դառնան ձրիակեր: Պօղոս առաքեալի թելադրութիւնը այս վերջիններուն հետեւեալն է. «Ան որ չ՛ուզեր գործել, հաց ալ թող չուտէ» (Բ. Թես. 3.10):
Ծուլութիւնը ոչինչ ընելու, դատարկ կեանք մը ապրելու իրավիճակն է: Զանցառութեան մեղքն է ան: Յիսուս իր «Տաղանդներու առակ»-ին մէջ, «ծոյլ եւ չար ծառայ« կոչեց այն միատաղանդ ծառան, որ իրեն տրուած տաղանդը չշահարկեց, այլ գետնին մէջ պահեց եւ ապա իր տիրոջ վերադարձուց:
Կամովին անգործութիւնն ու ծուլութիւնը իրենց տխուր հետեւանքներն ունին: Առակաց գիրքին հեղինակը կը գրէ. «Ծուլութիւնը թմբիրի մէջ կը ձգէ, եւ թոյլ անձը պիտի անօթենայ» (Առկ. 19.15): Նոյնպէս Ժողովողի վիրքը կը գրէ. «Ծուլութեամբ շէնքը կը փլչի, եւ ձեռքերու թուլութեամբ տունը կը կաթի» (Ժողով. 10.18):
Միջին դարերէն ի վեր ծուլութիւնը եօթը մահացու մեղքերէն մին կը համարուի: Ծոյլ մարդիկ ինքնահաճ եւ անպատասխանատու են եւ մարդկային ընկերութեան ոչ միայն նպաստ մը չեն բերեր, այլ բեռ կը դառնան անոր:
Երրորդ. աշխատանքին մէջ հոգեւոր նպատակ կայ: Կեանքը աննպատակ չէ: Աստուած ամէն անհատի կեանքին մէջ նպատակ մը ունի: Եթէ մարդիկ իրենց կեանքը նպատակալից կը սեպեն, այն ատեն իրենց աշխատանքն ալ իմաստալից պիտի սեպեն: Եթէ մարդիկ իրենք զիրենք Աստուծոյ որդիները կը համարեն, այն ատեն իրենց աշխատանքը պիտի համարեն որպէս ծառայութիւն: Եփեսացւոց եկեղեցիին գրած իր նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ կը գրէ, «Մենք Անոր (այսինքն` Աստուծոյ) ձեռակերտն ենք, Քրիստոս Յիսուսով ստեղծուած` բարի գործերու համար, որոնց համար սկիզբէն մեզ պատրաստեց, որպէսզի անոնցմով լեցնենք մեր կեանքը» (Եփես. 2.10):
Անցորդ մը ածուխի հանքի մը քովէն անցած ատեն նշմարեց մուրէ սեւցած հանքագործի մը կերպարանքը եւ մեղքանալով անոր` գոչեց. «Այս ի՜նչ տաժանակիր եւ աղտոտ գործ է»: Հանքագործը ծռելով ափ մը ածուխ առաւ իր ձեռքին մէջ եւ ըսաւ, «Պարո՛ն, չեմ կարծեր, որ դուն գիտես, թէ այս ձեռքիս ածուխը լոյս է, ջերմութիւն է, ուժ է: Այս ձեռքինս փողոցներ կը լուսաւորէ, տուներ կը տաքցնէ եւ մեքենաներ կ՛աշխատցնէ: Ես այս հանքին մէջ չեմ աշխատիր միայն դրամ վաստկելու համար, այլ` ծառայելու մարդոց, զորս չեմ տեսած, իրենց կեանքը բարելաւելու, զիրենք հանգստացնելու եւ ուրախ պահելու»:
Աստուածաշունչի հայեցակէտէն դիտուած` պատուաւոր եւ օգտակար գործ մը որքան ալ համեստ ըլլայ` ծառայութիւն մըն է հանրութեան, եւ այդ իմաստով հոգեւոր տարողութիւն մը ունի: Ձկնորսին, մաքսաւորին, հովիւին, բժիշկին կամ ոեւէ արհեստաւորի կամ արհեստավարժի գործերը աստուածահաճոյ գործեր են, այնքան ատեն որ այդ գործերը կը կատարուին ուղիղ առումով, անոնք օգտակար եւ անհրաժեշտ ծառայութիւններ են: Անշուշտ, երբ հարկ է, գործ մը պէտք է իր վարձատրութիւնը ունենայ: «Մշակը արժանի է իր վարձքին»: Բայց գործաւորը իր գործը կատարելու է` իր վարձատրութենէն աւելի վսեմ գիտակցութեամբ: Այդ հասկացողութիւնը, նիւթական վարձատրութենէն անդին եւ աւելի, աշխատողին կու տայ արժանապատուութեան զգացում եւ հոգեկան գոհունակութիւն:
Չորրորդ. աշխատանքը պէտք է լաւագոյն ձեւով կատարուի: Ինչ գործ որ անհատ մը կ’ընէ, իր լաւագոյնը ընելու է, փոյթ չէ թէ որքա՛ն համեստ է այդ գործը: Եթէ գործը աղբահաւաքութիւն է, կամ ճաշարանի մը մէջ աման լուալ, կամ շէնքի մը պատուհանները լուալ, կամ համբաւաւոր (prestigious) գործ մը, ինչպէս` բժշկութիւն, հոգեբանութիւն, կրթութիւն կամ հոգեւոր գործ, այն բոլոր աշխատանքները կատարուելու են խղճմտօրէն, ազդուօրէն եւ լաւագոյն կերպով: Պօղոս առաքեալի յորդորը թեսաղոնիկեցի քրիստոնեաներուն հետեւեալն է . «Բարիք գործելէ մի՛ ձանձրանաք» (Բ. Թես. 3.13): Նոյն առաջադրութեամբ ան կը պատուիրէ Հռոմի քրիստոնեաներուն` «Եռանդագին աշխատեցէք եւ ջերմեռանդ հոգիով Տիրոջ ծառայեցէք« (Հռոմ. 12.11):
Առաքեալին յորդորը նոյն է նաեւ մեզի, ինչ գործի մէջ որ ըլլանք, կատարելու ենք զայն եռանդով, խղճմտօրէն եւ լաւագոյն ձեւով: Այդ ոգիով կատարուած աշխատանքը օրհնութիւն մը կը դառնայ թէ’ ուրիշներուն եւ թէ’ մանաւանդ զայն կատարողին:



