ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ճիշդ տարի մը առաջ էր, երբ հայոց ազգային ազատագրական պայքարի միջնաբերդ հանդիսացող Արցախը կը հայաթափուէր` ենթարկուելով Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած յարձակումին, նորովի ցեղասպանութեան սպառնալիքին ու ահաւոր ռմբակոծումի տարափին:
Քանի մը օրուան անհաւասար մարտերը թէեւ ցուցանիշ էին, որ հայոց բանակի տղաները ոգի ի բռին կը պաշտպանէին հայրենի հողը` տալով նահատակներու եւ վիրաւորներու հսկայ փաղանգ, այդուհանդերձ, սեւ ամպերը սկսած էին կուտակուիլ Արցախի վերեւ, իսկ թշնամին կը սեղմէր իր օղակը, շահագործելով, այսպէս ըսած, միջազգային քաղաքական, դիւանագիտական ու ռազմական մրցակցութիւնը, այս կամ այն երկրի միջեւ տեղի ունեցող սուր պայքարը`տիրելու տարածաշրջանին, փոխելու համար աշխարհաքաղաքական քարտէսն ու ռազմավարական հարթակը:
Արցախահայութիւնը, տոկալ չկարենալով ստեղծուած ահռելի կացութեան, բռնեց գաղթի ճամբան ու լքեց հազարամեայ հայրենի հողը: Այլապէս ալ ուրիշ ելք չունէին անոնք, որովհետեւ գազանացած թուրք-ազերի հորդաներ պատեհ առիթին կը սպասէին` նորովի ցեղասպանութիւն կատարելու եւ իրենց արիւնարբու բնազդին յագուրդ տալու:
Թէեւ յաջորդող ամիսներուն որոշակի ձայներ բարձրացան ու կեցուածքներ լոյսին եկան` միջազգային տարբեր մակարդակներու վրայ, դատապարտելով թուրքն ու ազերին, աւելի՛ն` պահանջելով արդարութիւն եւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունք, սակայն անոնց տարողութիւնը մնաց զգացական մակարդակի վրայ, ոչինչ փոխելով իրականութենէն, որովհետեւ, պարզ ըսած, իւրաքանչիւր երկրի շահն ու ակնկալութիւնը գերադաս էին, քան քրիստոնեայ ժողովուրդի մը ճակատագիրը:
Միւս կողմէ, ներհայկական կեանքը իր բոլոր բաղադրիչներով եւ ոլորտներով արդէն մխրճուած էր տիղմի մէջ` քաոսային վիճակի հասցնելով պետական կեանքն ու քաղաքական կացութիւնը, ուր երկբեղկուած հասարակութիւնը գարշ կու տար իր ներքին կեանքին, առանց էապէս անդրադառնալու պատահածի ահաւորութեան` հայրենի երկիրին եւ թափուած արեան կորուստին:
Փաստօրէն թշնամի անյայտ ու բացայայտ ուժեր յաջողած էին իրենց ծրագիրին մէջ, մեծագոյն հարուածը հասցնելու հայոց պետականութեան ու ժողովուրդին, որ երեսուն տարի առաջ յաջողած էր ծունկի բերել թշնամին, յաղթել թրքութեան, քանդել թշնամիին զինուորական կարողութիւնը եւ յաւակնութիւնը ունենալ` Շուշուայ բերդին վրայ ծածանելու Եռագոյնը:
44-օրեայ պատերազմէն եւ Արցախի հայաթափումէն ետք, հայոց պետութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ արտասովոր երեւոյթի մը, երբ ներքաղաքական կեանքը ալեկոծուեցաւ, երբ պառակտեալ հասարակութիւնը ինկաւ զգացականութեան եւ անլրջութեան գիրկը, երբ շփոթի մատնուեցաւ հայ քաղաքական միտքը, ու այս բոլորի պատճառով` ազգովին կորսնցուցինք հայաշունչ արեւելումի կողմնացոյցը:
Յայտնապէս, տասնեակ հազարաւոր էջեր կը լեցնեն, հայ պատմաբաններու, այս կամ այն կողմի հետեւող քաղաքական գործիչներու, վերլուծողներու, նախկին թէ ներկայ զինուորականներու, պետական այրերու, բանասէրներու, վեթերաններու, հրապարակագիրներու, մարտերու մասնակցած ֆետայիներու թէ հայոց բանակի զինուորագրեալներու յայտնած թեր եւ դէմ կարծիքները, խօսքն ու բացատրութիւնը, տագնապն ու ընդվզումը`հայոց կեանքին ու բանակին մէջ պատահած ողբերգական վիճակներուն մասին:
Փաստօրէն, հայութիւնն ու ամբողջ մարդկութիւնը ականատես եղաւ տարբեր ելոյթներու եւ հարցազրոյցներու, ամբաստանութիւններու եւ զրպարտութեանց, որոնք գրաւեցին պատկերասփիւռի թէ համացանցի պաստառները, առաւել սրելով ներհայկական կեանքի մթնոլորտը:
Ու այս քաոսային իրադրութեան մէջ տիրապետողը եղաւ ազգային հինաւուրց «հիւանդութիւն»-ը` անհանդուրժողութիւնը, այլամերժութիւնն ու յանցանքը ուրիշին վրայ բեռցնելու մարմաջը, փոխանակ անդրադարձ զգայնութեամբ եւ քաղաքական հասունութեամբ գործելու եւ պատրաստուելու հետագայ ընելիքներուն:
Արդ, ինչի՛ ծառայեցին վերոնշեալ ախտերը եթէ ոչ այս կամ այն կողմը սիրաշահելու, նախկինը բանադրելու եւ դատապարտելու, աւելի՛ն. ներկայ իշխանութեան գլուխին կանգնած այրերու քաղաքական թէ դիւանագիտական գործելակերպը ձեւով մը արդարացնելու կամ ինքնագոհութեամբ լեցուելու:
Ու ստեղծուած այս անախորժ կացութեան մէջ ինքզինք կը պարտադրէր ընդդիմութիւնը, ատիկա ըլլայ խորհրդարանական թէ ժողովրդական, որ, իր կարգին, դիմագրաւելով բազում դժուարութիւն եւ ոչ կազմակերպ ընթացք, արդէն այս կամ այն փուլին կ՛ունենար մակընթացութիւն եւ տեղատուութիւն, այլապէս կը մատնուէր անորոշութեան` պատճառ դառնալով հոգելլկումի եւ հիասթափութեան:
Սա չէր նշանակէղեր, որ ընդդիմութիւնը չունեցաւ իր խօսքն ու դերը հայ կեանքի թէ քաղաքական մտքի ձեւաւորման մէջ, կամ`այսպէս ըսած, ձախողեցաւ իշխանափոխութիւն կատարելու, աւելի՛ն. որոշակի բացթողումներէն ետք չկրցաւ նոյնիսկ հասնիլ իր նպատակին ու կացութիւն փոխել ընդհանրապէս:
Ձախողութեան պատճառները այլազան ու խոր են, չունին լոկ տեղական բնոյթ, այլ անոնք ագուցուած են շրջանային թէ միջազգային բարդ իրավիճակներու:
Այսօր ամբողջ Միջին Արեւելքն ու եւրոպական ցամաքամասը կ՛եռեւեփին, բազմաթիւ երկիրներ մխրճուած են քաղաքական թէ պատերազմական քաոսի մէջ, պաղեստինեան Կազա քաղաքը գրեթէ գոյութիւն չունի. տասնեակ հազար մահեր ու վիրաւորներ, անասելի քանդում ու աւեր, ահ ու սարսափ ամենուրէք:
Հիւլէական պատերազմը, ըստ երեւոյթին, հորիզոնին է, խօլ արշաւները կը սպառնան մարդկութեան, աշխարհաքաղաքական քարտէսներ կը պատրաստուին:
Ո՛ւր ենք մենք այս բոլորի մէջ: Այսօր ո՛վ կը խօսի Արցախի կորուստին թէ հայրենի տունէն բռնի տեղահան եղած ժողովուրդի մը մասին:
Կը նեղանանք, երբ քննադատական խօսքեր լսենք: Կ՛ընդվզինք, երբ յստակ ուղերձ կը յղենք շուրջ բոլոր` յայտնելով, որ այլեւս մենք` ազգովին, պէտք է դադրինք պատրանքով ապրելէ, քարոզաբոյր արտայայտութիւն ունենալէ: Ե՛րբ պիտի դադրինք ամէն ինչ վարդագոյն տեսնելու եւ մենքզմեզ խաբէութեամբ պարուրելու ախտէն:
Բեմերն ու քաղաքական հարթակները, դժբախտաբար, կը ծառայեն ամուլ եւ սեւաթոյր խօսքերը ըսելու, զիրար անարգելու եւ թշնամին ուրախացնելու:
Փաստօրէն, Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ եռամիասնութենէն գործնական ի՛նչ մնաց, հակառակ այն իրողութեան որ այս եռամիասնութիւնը ունեցած է այնպիսի ուժ եւ կարողականութիւն, եւ տակաւին կրնա՛յ ունենալ ստուգապէս, լիցքաւորելու ազգային գաղափարական հնոցն ու քաղաքական մտքի շտեմարանը, որոնցմով պետութիւնն ու ամբողջ հասարակութիւնը պիտի կարենայ դիմակայել թշնամի հարուածները, որոգայթներն ու խարդաւանքները:
Դժբախտաբար, սովոր ենք անիծել մեր ճակատագիրը, փոխանակ անցեալէն դասեր քաղելու եւ նորովի կացութիւն ստեղծելու: Կը զարմանանք, որ բռնագրաւուած Արցախի մէջ տեղի կ՛ունենայ մշակութային սպանդ, փոխանակ ամէն քայլափոխի այս կամ այն միջազգային հարթակէն մեր պահանջները բարձրաձայն ըսելու: Կ՛ափսոսանք, որ մօտիկ թէ հեռու բարեկամ(ներ) տարբեր առիթներու կ՛ողջագուրուին ազերի հորդաներու հետ, իսկ մենք լուռ կը հետեւինք անոնց գործելակերպին:
Մտածա՞ծ ենք, թէ ի՛նչ պիտի ըսենք գալիք սերունդներուն` Արցախի մասին. մենք պարտուեցա՞նք, ծախեցի՞նք մեր երկիրը, թէ՞ յանձնեցինք զայն թշնամիին:
Միւս կողմէ, յաճախակի լսողաց ենք, թէ պիտի վերադառնանք Արցախ ուշ կամ կանուխ: Շատ աղէկ: Բայց ինչպէ՞ս, ե՞րբ, ինչպիսի՞ աշխատանքով եւ քրտինքով:
Հարցադրումներ, որոնք ցարդ պատասխան չունին: Հայոց պետութիւնը իր բոլոր բաղադրամասերով պարտաւոր է ցոյց տալ այնպիսի ուժականութիւն, կորով, հաւատք ու անպարագծելի աշխատանք, որ հայոց հիասթափութիւնը վերանայ, եւ Արցախին նկատմամբ մեր հաւատքը վերանորոգուի, ամրանայ, ուժեղանայ:
Հայոց պետականութեան մեծագոյն մարտահրաւէրը միասնականութեան ոգին եւ գիտակցութիւնը վերաջրդեղելն է: Իսկ իրական խաղաղութեան հասնելու միակ ճանապարհը`դիւանագիտական ճարտարութիւնն է, ոչ թէ աղերսանքն ու թշնամիին պարտադրանքները ընդունելու տրամադրութիւնը:
Կը յուսանք, որ հետագայ սերունդներ նաեւ իրենց հրաժեշտի վերջին բարեւը չտան Արցախին, այլ ապրին ու գործեն` վերատիրանալու հայրենի հողին ու հասնին Շուշուայ բերդի կատարին:


