Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէտք Է Ամէ՛ն Օր Ծեծենք, Մինչեւ Որ…»

Սեպտեմբեր 3, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Վերջերս Հայաստանի պատկերասփիւռի եւ եութուպեան ալիքներէ աւելի յաճախ կը հնչեն Երեւանի ներկայ իշխանութիւնը ի հարկին բիրտ ուժով «խելքի բերելու» առաջարկներ ու մեկնաբանութիւններ: Թէեւ նման առաջարկ բերողներէն ոմանք քիչ ետք կը խօսին նաեւ բիրտ ուժէ ետ կենալու ընտրանքին մասին` նկատի ունենալով, որ բռնութիւնը բիրտ հակադարձութիւն կրնայ ստեղծել, չարաշահուիլ այլ ուժերու կողմէ եւ երկիրը տանիլ ներքին բախումներու (շա՛տ ճիշդ տեսակէտ), սակայն նման մտածումներ կը կրկնուին, ըստ էութեան` «երբ չի մնում ելք ու ճար…»-ը մտաբերելով:

Քանի մը օր առաջ դարձեալ այս իմաստով առաջարկի մը ականջալուր եղայ, եւ յանկարծ յիշողութեանս մէջ ծագեցաւ աւելի քան 35 տարի առաջ, արցախեան շարժումի նախօրեակին պատահած դրուագ մը, որ առերեւոյթ ծիծաղաշարժ է, սակայն ունի այժմէականութեան գիծ մը:

***

…Եկո՛ւր, ընթերցո՛ղ, միասին երթանք դէպի Ժըտէյտէի ու Անթիլիասի (Լիբանան) արեւելեան բլուրներու այն շրջանը, ուր տակաւին կային տարածուն ծառաստաններ, բնակարանային նոր թաղամասեր կառուցելու նախապատրաստութեամբ, բացուած էին նոր ճամբաներ, բայց շրջանը բաւական կէս մը ամայի էր: Հոն երբեմն կիրակի կանուխ առաւօտուն տեղի կ՛ունենային ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի (միջդպրոցական) մրցումներ` վազք եւ այլն:  Միւս մրցումներուն ժամադրավայրը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտն էր:

Գարնանային օր մըն էր. որոշեր էի, հակառակ աշխատանքէս բխած սովորութեանս, կանուխ արթննալ, երթալ եւ ներկայ ըլլալ մրցումներուն, վայելել մանուկներու եւ պատանիներու աղուոր մթնոլորտը: ՀՄԸՄ-ական բարեկամներս մի՛շտ ալ պատմած էին, թէ հոն ներկայ ըլլալը անփոխարինելի վայելք մը կ՛ընծայէ դիտողին, իսկ մրցողներո՞ւն…

Հասայ մրցավայրը: Դալարազարդ մարգագետիններ, կտրտուած` նոր կպրապատուած «ժապաւէններով»: Դիտողին աչքերուն դիմաց կը պարզուէր ապրող, շարժուն գորգ մը. վառ կարմիր, կապոյտ, կանաչ, դեղին ու նարնջագոյն շապիկաւորուած պատանի մարզիկներ խումբ-խումբ տարածուած էին մարգագետիններուն վրայ, ճռուողելով ու բացագանչութիւններով զիրար կ՛ողջունէին եւ այլ գոյնի հասակակիցներու մէջ նոր ընկերներ կը շահէին` սպասելով, որ մարզիչ-ուսուցիչները, հետեւելով իրենց ձեռքի ցուցակներուն, յայտարարէին, թէ այսինչ խումբին կարգն է մրցելու:

Քիչ մը հեռուէն, ճամբաներէն վեր կանգնած բլրակի մը վրայէն կը դիտէին գունագեղ ու մի՛շտ ձեւ փոխող գորգը, որուն հենքը կանաչաւուն մարգագետիններն էին: Կը մտածէի, թէ սա ինչպիսի՜ լուռ նախապատրաստութիւն կը պահանջէ: Չէի անդրադարձած, որ մարզիչ-ուսուցիչներէն մէկը` կապուտաչուի, պեխաւոր եւ սրամիտ կատակներով ծանօթ Պօղոսը(*), ձախ կողմէն մօտեցեր էր եւ կանգներ` քանի մը քայլ անդին, կը դիտէր տեսարանը ըմբոշխնողս:

–  Աղուոր տեսարան է, չէ՞, ընկե՛ր Սարգիս,- ըսաւ` միտքիս ոտքերը գետին վերադարձնելով:

–  Իսկապէ՛ս որ… Ինծի յաճախ ըսած էին, որ աչքովդ տեսնելը տարբեր բան է… Հիմա կը հասկնամ, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէին,- պատասխանեցի ժպիտով:

–  Գիտե՞ս, հոս հիմա քանի մը հարիւր աշակերտ կայ. ասոնք կը մրցին, կ՛ուրախանան, կ՛ուրախացնեն, չշահողը քիչ մը կը տխրի, բայց մարզական կեանքը, ՀՄԸՄ-ը եւ անոր առաքելութեան հաւատացողները մի՛շտ շահաւոր են,- բացատրեց` քիչ մը փիլիսոփայական ոճով:

Քիչ մը զրուցեցինք: Պատմեց, թէ իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ` ինչպիսի՜ աղուոր զգացումներ կ՛ունենայ, երբ առաւօտները դպրոցներու բակին մէջ կ՛աշխատի դեռատի պատանիներու ֆիզիքականը յղկել ու հոգին ազնուացնել (ինք լաւ հայ, լաւ մարմնամարզիկ եւ լողորդ է), կ՛ուրախանայ, երբ աշակերտները կը հետեւին իր ցուցմունքներուն ու ասանկ մրցումներու լաւ արդիւնքներ ձեռք կը բերեն:

Ու յանկարծ խօսակցութեան ինքնաշարժին ղեկը 90 աստիճան թեքելով` կէս-կատակ շարունակեց.

– Գիտե՞ս` ինչ կը մտածեմ, ընկե՛ր Սարգիս: Կը մտածեմ, որ ամէն առտու, երբ մարզանքի պահուն աշակերտները բակին մէջ խմբուին, պէտք է մտրակը քաշենք եւ սկսինք զիրենք լաւ մը ծեծե՛լ, ծեծե՛լ ու ծեծե՛լ: Պիտի սկսին ցաւէն ճչալ, լալ, հարց տալ, թէ ինչո՞ւ ծեծ կ՛ուտեն: Պիտի չպատասխանենք, պիտի շարունակենք ծեծել: Նոյնը` յաջորդ օրը, երրորդ օրը… Մի՛շտ պիտի պաղատին, որ ծեծը դադրեցնենք, գոնէ ըսենք, թէ ինչո՞ւ կը ծեծենք, ի՞նչ յանցանք գործած են: Տեղի պիտի չտանք, մինչեւ որ հասկնանք, թէ մեր ըսելիքը հասկնալու համար «հասունցած» են: Պիտի հարցնենք. «Կ՛ուզէ՞ք, որ այլեւս ձեզ չծեծենք»: Ձեռք-ոտք պիտի համբուրեն եւ պիտի ըսեն. «Ամա՜ն, պարո՜ն, օրիո՛րդ, ի՛նչ որ կ՛ուզես, կ՛ընենք, միայն թէ այլեւս մի՛ ծեծեր մեզ»: Այն ատեն պիտի ըսենք. «Ձեր հայրենիքը ազատ-անկախ չէ, գացէ՛ք, ազատագրեցէ՛ք, որպէսզի այլեւս ծեծ չուտէք»:

Գահ-գահիս պատասխանեց իր անուշ ժպիտով ու պեխը շոյելով, յետոյ գնաց իր աշակերտներուն քով, ես ալ երկար պահ մը դիտեցի մրցողները, եւ որովհետեւ կէսօրը կը մօտենար, Պօղոսին սրամտութիւնը մտքիս մէկ անկիւնը նետած, գացի ի՛մ գործիս, վստահ ըլլալով, որ ազնուասիրտ Պօղոսը իր մտածումը դաժան գործի վերածողը չէր, այլ կ՛ուզէր պատկերաւոր բան մը հասկցնել:

***

Շուտով պայթեցաւ արցախեան շարժումը, յաջորդեց ազատամարտը, ազգովին կտրեցինք Հայաստանի վերանկախացման հանգրուանը, յաջորդ փուլին Արցախը գործնապէս վերամիացուցինք Հայաստանին… Վստահ եմ, որ Անթիլիասի բլուրներուն վրայ մրցող ԼԵՎԱՄ-ականները հասակ առին այդ մթնոլորտին մէջ, առանց ծեծ ուտելու տեսան անկախ Հայաստանը` Արցախով միասին, թերեւս ալ այս կամ այն ձեւով մասնակից եղան հայրենիքի կերտումին, հզօրացման:

Հիմա, ամէն անգամ, որ ականատես ու ականջալուր կ՛ըլլամ Արցախի կորուստն ու Հայաստանէն զիջումները «արդարացնելու» ՔՊ-ապետին ու դաւադրակիցներուն փորձերուն, միտքս կու գայ Պօղոսն ու իր «փիլիսոփայութիւնը»: Կը մտածեմ, որ Հայաստանը վաճառքի հանողները պէտք է հաւաքել դպրոցի մը մարզադաշտին մէջ, մտրակը քաշել եւ անընդհատ ծեծել, մինչեւ որ աղաչեն-պաղատին, որ մտրակահարումը դադրի, եւ իրենք պատրաստ են ընելու այն, ինչ որ պահանջուի իրենցմէ: Այլ խօսքով` «Կեցցէ՛ հեծանիւը» քաղաքականութիւնը փոխարինել «մտրակի քաղաքականութեամբ»…

Պէտք ունի՞մ ըսելու, թէ ի՛նչ պահանջ պիտի դրուի անոնց:

31 օգոստոս 2024

(*) Ականջդ խօսի՜, Պօղո՛ս:

Նախորդը

Հանդիպում Մը Կեանքի Ուղիներուն Վրայ

Յաջորդը

Փոկոն Յաղթեց Մեծ Արդիւնքով Եւ Պիչաքչեան 2 Էսիսթ Կատարեց

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?