Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մե՛նք, Ո՛չ Իրենք… Մե՛ր, Ո՛չ Թէ Իրե՛նց Սարերը

Սեպտեմբեր 5, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպասելի՞ էր այս ահաւոր պատկերը: Այն ալ ինչպէ՜ս…

Եւ ահա՛, Արցախի ամբողջական պարպումէն գրեթէ տարի մը ետք,

Բազմաթիւ սրբատեղիներու, վանքերու, եկեղեցիներու, յուշարձաններու եւ խաչքարերու կանոնաւոր ու ծրագրուած քանդումէն ետք,

կարգը եկաւ կոթողական կառոյցին` Արցախի «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» կամ «Տատիկ-Պապիկ» անունով յայտնի յուշարձանի «դիմափոխման», փաստացի` սրբապղծման:

Խոր իմաստ ունի վիթխարի կոթողը, որ քանդակուած է հայկական կարմիր տուֆով, քար մը, որ ինքնին հայկականութեան վկայական է:

Ստեփանակերտի հիւսիսային մուտքին կառուցուած կոթողը կանգնեցուած է 1967-ին: Անիկա կը խորհրդանշէ Արցախի բնակիչներուն կառչածութիւնը իր հողին եւ արմատներուն:

Մասնագէտներ այս գործը որակած են տարեցներու, այսինքն մեր պապերուն ու տատերուն ձօնուած յուշակոթող մը: Բնական է այս բնութագրումը, մանաւանդ երբ այցելուն իր դիմաց կը տեսնէ խրոխտ ու հպարտ տարեց զոյգ մը` արցախցի ամուսիններ` ուս-ուսի, հպարտ հայեացքով եւ վրիժառու կեցուածքով: Անոնց մարմինը մխրճուած է Արցախի հողին մէջ:

Հողին կառչած զոյգ մը, որ պատրաստ է դիմագրաւելու ամէն դժուարութիւն, տանջանք ու զրկանք:

Եւ յանկարծ… Ազրպէյճանի պետական մշակութային հիմնարկը զայն կ՛անուանէ ազրպէյճանական արուեստի գործ մը, որ իբր թէ կառուցուած է Խանքենդի (Ստեփանակերտի ազերիական անուանումը) քաղաքին մէջ, 1967 թուականին, իբր թէ ցայտուն օրինակ` Ազրպէյճանի բազմամշակութային եւ ազգային-կրօնական հանդուրժողականութեան: Եւ իբրեւ ապացոյց` ազերիներ հաւաքուած են կոթողին շուրջ եւ ուրախ-զուարթ կը պարեն, մէկն ալ կը բարբաջէ. «Արցախը Ազրպէյճանի կը պատկանի…»:

Ապատեղեկատուութիւնը յայտնապէս յօրինուած ու տարածուած է համբակներու կողմէ. այս մշակութային հիմնարկը մինչեւ իսկ «խապար» չունի, որ այս գործին մէկ փոքրատիպը` իբրեւ հայկական յուշարձան, ներկայացուած է Իտալիոյ մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի մը եւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է:

Ազրպէյճանի մշակոյթի պաշտպան այդ հիմնարկը վստահաբար քաջատեղեակ է, որ այդ կոթողական գործին հեղինակն է Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, պետական մրցանակի դափնեկիր եւ հանրահռչակ քանդակագործ Սարգիս Բաղդասարեան: Ճարտարապետն է Եուրի Յակոբեան, իսկ «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» անուանակոչումն ալ կատարած է Բագրատ Ուլուպապեանը, որ այդ օրերուն սերտօրէն գործակցելով եւ խորհրդակցելով Արցախի Մարզային խորհուրդի նախագահ Մուշեղ Օհանջանեանի հետ, որոշած է Ստեփանակերտի մօտակայ բլրակին վրայ կանգնեցնել այդ «զոյգ»-ը:

Ազերիները ունին իրենց խեղաթիւրող «վարկած»-ը: Պաքու կը փորձէ աշխարհը համոզել, որ յուշարձանը կառուցուած ու տեղադրուած է խորհրդային տարիներուն, երբ Արցախի Ինքնավար Մարզը Ազրպէյճանի մաս կը կազմէր, եւ թէ` Խորհրդային Միութեան անդամ Ազրպէյճանի պիւտճէէն յատկացուած գումարներով իրականացած է այս աշխատանքը:

Եւ… ջարդը, մշակութայի՛ն ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի: Միացեալ ազգերու կազմակերպութի՜ւն, ԵՈՒՆԵՍՔՕ եւ այլ կառոյցներ կը մնան անկարող, անարդար ու անտարբեր: Վստահաբար հոն ալ գործի լծուած են ազերիական քարիւղի «փեթրօ-տոլարները», որպէսզի «Մենք»-ն ու «մեր սարեր»-ը եղծուին եւ վերածուին «Իրենք եւ իրենց սարեր»-ու: Իսկ եթէ «հանդուրժողութիւն» կը նշանակէ Արցախի հայ բնակչութեան բռնագաղթը, դարաւոր ժառանգութեանց փոշիացումը…

Մեր առաջին տողին մէջ հարց տուինք. «Սպասելի՞ էր այս ահաւոր պատկերը», ու պատասխանեցինք. «Այն ալ ինչպէ՜ս…»: Այս ակնարկութիւնը կատարեցինք` աչքի առջեւ ունենալով Երեւանի ՔՊ-ականներու ԱՀԱՒՈՐ վարքագիծը, որ ո՛չ միայն անվիճելիօրէ՛ն ու պատմականօրէն հայկակա՛ն Արցախը ճանչցաւ իբրեւ ազերիապատկան, այլ այդ կեցուածքով իսկ ի սկզբանէ անպարտութեան վկայագիր տուաւ Արցախը հայաթափող Ազրպէյճանին, որ կը կործանէ ու կը փոշիացնէ հայկական կոթողներն ու հետքերը (ո՜վ կը յիշէ Նախիջեւանի խաչքարերը, Թուրքիոյ մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեանց փոշիացումը), նոյնքան անվիճելի հայկական եկեղեցիները կը հռչակէ աղուանական կամ…  «քրիստոնեայ ազերիներու» ժառանգութիւն, իսկ այդ բոլորին դիմաց, պաշտօնական Երեւանը կը մնայ լուռ… եւ հլու կամակատար, կը փորձէ մեր ժողովուրդն ալ համոզել, թէ ա՛յս Թուրքիոյ եւ ա՛յս Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան դարաշրջանի մը սեմին ենք:

Անընդհատ ահազանգ պէտք է հնչեցնել պետական ու ոչ կառավարական հիմնարկներու ճամբով, հայկական սփիւռքին հետ միաձայն, այլապէս, ազերիները Նախիջեւանի խաչքարերու ճակատագիրին պիտի մատնեն Արցախի բոլոր հայկական կոթողները: Հայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը հեծիկով կամ լողալով տեղ չի հասնիր…

Գործնապէս վկայենք. «Տատիկ-Պապիկ»-ը մենք ենք… Սարերն ալ մենք ենք:

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

Արցախի Նախագահը Եւ Առաջնորդը Արցախի Անկախութեան Առիթով Եռաբլուր Այցելեցին

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?