Յօդուածներ

Տեսակէտ.  Հայոց Ցեղասպանութիւնը Անսակարկելի Յանձնառութիւն` Սփիւռքի Թէ Հայաստանի Վերակազմակերպման Մէջ

Ս. Ներսէս Շնորհալի Շարականագիրը, Հայ Մարդուն Հոգիէն Առ Աստուած Արձակուած Ճիչին Թարգմանը

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ «ՀԱՍԿ» հայագիտական տարեգիրքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գիտական ուսումնասիրութեանց ժողովածուն է, որ յատուկ առիթներով կը հրատարակուի եւ կ՛ընդգրկէ հայագիտական բնոյթի նիւթեր, ուր կ՛ամփոփուին հայ ժողովուրդի մշակութային, հոգեւոր, կրօնական եւ հասարակական նուաճումներուն ու վերիվայրումներուն մասին աշխատասիրութիւններ` վերծանելով հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական մակարդակը: 2011-2023 ժամանակահատուածը ընդգրկող այս հատորը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայագիտական տարեգիրքերու ընդհանուր հրատարակութիւններուն տասներեքերորդ ժողովածուն է, որ ծաւալուն կերպով կ՛ընդգրկէ...

Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը` արտասանուած ՀՅԴ Աւստրալիոյ կառոյցի հիմնադրութեան 60-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին: ՀՅԴ Բիւրոյի ընկերներս եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհին այս օրերուն կը գտնուինք Աւստրալիա` ոչ միայն մասնակցելու ժողովներու, հերթական հանդիպումներու եւ զեկուցելու մեր շարքերուն ու ժողովուրդին, այլ նաեւ` մեր մասնակցութիւնը բերելու նաեւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ աշխուժ կառոյցի հիմնադրութեան վաթսունամեակի նշումին: Արդարեւ, Աւստրալիոյ մեր շրջանը այսօր կարեւոր դերակատարութիւն...

Ֆրանսահայ Երիտասարդութիւնը Կը Մերժէ Աթաթուրքի Կիսանդրիի Տեղադրումը

Ֆրանսահայ Երիտասարդութիւնը Կը Մերժէ Աթաթուրքի Կիսանդրիի Տեղադրումը

26 հոկտեմբերին Փարիզի հիւսիսային արուարձաններէն Էփինէ սիւր Սենի մէջ բացումը կատարուեցաւ Աթաթուրքի կիսանդրիին: Այս մասին եւ տեղւոյն հայ երիտասարդութեան ու գաղութին կեցուածքին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Նժդեհ Գարագաւորեանին հետ: Ան տեղեկացուց, որ  իրենք նման քայլի մը մասին գիտցած են անհատներու ճամբով, որոնք նման լուր կարդացած են...

Կրնա՞յ Արհեստական Բանականութիւնը Փոխարինել Ծնողները

Կրնա՞յ Արհեստական Բանականութիւնը Փոխարինել Ծնողները

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Անկասկած անփոխարինելի են ծնողները, սակայն յառաջացած արհեստագիտութիւններու ճիշդ գործածութիւնը ծնողներուն կողմէ, շատ օգտակար կրնայ ըլլալ երեխաներուն համար: «Միտիում» կայքի յօդուածը այս մասին կը խօսի: Ն. Պատկերացուցէք աշխարհ մը, որ շատ նման է մերինին, բայց աւելի մեծ կախուածութեամբ` թուային լուծումներէն: Աշխարհ մը, ուր երեխան, եկէք, զայն կոչենք Զօ, դպրոցէն տուն կը շտապէ ոչ թէ ծնողներու ջերմ գրկախառնութեան, այլ զարգացած...

Պէյրութի Փողոցները

Պէյրութի Փողոցները

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Անգամ մը եւս ՊԷյրութը կ՛այրի, անգամ մը եւս ո՛չ իր հարցերուն կամ պայքարին համար: Ամէն օր լսուող լուրերը կ՛արթնցնեն յուշը, եւ ափսոսանքի լեղին կը շարունակէ տառապեցնել մեզ: «Կարծեմ երբեք նման տողեր պիտի չգրուին Պէյրութի մասին, գոնէ` իմ սերունդի գրիչներուն կողմէ: Մեր Պէյրութը ղարպիյէն կամ շարքիյէն էր, հին փողոցներ չկային, կային քանդուող փողոցներ»: Ասիկա գրեր էր Խաչիկը (ՏՂ)` կարդալէ...

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Հայ օգնութեան միութեան համար հայ ուսանողին թեւ եւ նեցուկ կանգնիլը միշտ եղած է առաջնահերթութիւն մը: Իր հիմնադրութենէն ի վեր ՀՕՄ-ը իր կարելիութիւններուն սահմաններուն մէջ կը ջանայ նպաստել հայ ուսանողին, որպէսզի ան անարգել շարունակէ իր ուսումը: ՀՕՄ-ի կրթաթոշակին նպատակն է պատրաստել երիտասարդ մասնագէտներ, որոնք համալսարանական ուսումը ամբողջացնելէ ետք իրենց գիտութիւնը ի սպաս կը դնեն գաղութային եւ հայրենիքին կարիքներուն: Երկար տարիներու աւանդութեան...

«Ինչքան Կայ Հայրենիքում Ապրելու Կամքը, Մենք Կը Լինենք Արցախի Կողքին». Ռ. Ճանպազեան

«Օո՞ւմ Ըրմեյննըս» («Ո՞ր Ընտանիքէն Ես»)

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ «Մենք լեռն ենք տակաւին», ռխ. խառն միջոցներ, 2020. լուսանկար՝ Երեւան, Ա. Չիլոյեան-Ճանպազեանի, 2024 Ընտանիքի անդամներէն հազարաւոր քիլոմեթր հեռու ապրիլը յաճախ սիրտ կը ճմլէ, սակայն բախտաւոր եմ, որ ծնողքս գրեթէ, առանց բացառութեան, ամէն տարի Հայաստան կու գան այցելութեան: Այս տարի խելքս գլուխս հաւաքեցի, համոզեցի, որ աշնան գան` փոխանակ ամրան կիսուն, որ Օհանաւանի մեր պարտէզին անուշահամ պտուղներէն «օգտուին» (ինչպէս հոս...

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Հայագիր Յօդուածագիրներու Ուշադրութեան

ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Ա) Նորութիւն մը  չ՛ըլլար, եթէ ըսեմ, որ հայերէն ընթերցողներուն թիւը ահաւոր վայրէջք արձանագրած է հետեւեալ պատճառներով. - Տարիքի պատճառած դժուարութիւններ, ինչպէս`  տեսողութեան վատթարացում: - Նոր սերունդին մօտ անտարբերութիւն` առհասարակ ընթերցանութեան նկատմամբ, յատկապէս` հայկական նիւթերու մասին երկարապատում յօդուածներու: Բ) Յարգելի հայագիր յօդուածագիրնե՛ր, ես ալ ներառեալ, մենք կը կարծենք, նոյնիսկ հաւատացած ենք, որ շատ կարեւոր հարցերու մասին կը գրենք, բայց...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Տեսակէտ «Աշխարհի Զանազան Վայրերու Մէջ Իրավիճակի Վատթարացում Պէտք Է Ակնկալենք», Եւ «Ռուսիոյ Շուրջը Ո՞վ Ո՛վ Է` Ընկերներ, Թշնամիներ, Հարեւաններ»

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ասոնք են խորագիրները հանրածանօթ ռուսահայ քաղաքագէտ եւ արեւելագէտ Կարինէ Գէորգեանի 2 նոյեմբեր 2023-ին, Ճէոֆորին (GEOFOR Center for geopolitical forecasts) տուած հարցազրոյցին` Քարին Ալեքսանտրովնային, Կազայի մէջ Համասի ազատագրական գործողութեան առթիւ (1) եւ, նոյնպէս, երկրորդը` 27 սեպտեմբեր 2023-ին (2): Նախ` առաջինէն ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ հատուածներ: Շուրջ տարի մը առաջ արտայայտուած այս միտքերը այժմէական են, եւ ոմանք արդէն իրականացան: 1....

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Պարգեւատրուեցաւ «Լապիպ Մատանաթ» Մրցանակով

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Պարգեւատրուեցաւ «Լապիպ Մատանաթ» Մրցանակով

Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան խնամակալ մարմինը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ իր ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, հինգշաբթի 17 հոկտեմբեր 2024-ին պարգեւատրուած է «Լապիպ Մատանաթ»-ի յիշատակին յատկացուած մրցանակով: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած  միջազգային Strategic Resource Group (SRG) քրիստոնէական կազմակերպութեան կողմէ հիմնուած այս մրցանակը կը միտի պարգեւատրել անհատներ, որոնք իրենց կեանքով եւ գործունէութեամբ կը սատարեն իրենց շրջանակներու հոգեւոր, ընկերային եւ մշակութային...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Նիւ Եորքի Մէջ` Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Տարեկան Մեծարանքի Հանդիսութիւնը Շաբաթ, հոկտեմբեր 19-ին, Նիւ Եորքի Քուինզ շրջանի «Թերաս ան տը փարք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին տարեկան մեծարանքի 18-րդ հանդիսութիւնը: Օրուան հանդիսավարը Վեհ Պզտիկեանն էր: Ան բեմ հրաւիրեց իր քոյրը` երգչուհի Յուշեր Պզտիկեանը, որ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները մեկնաբանելով`...

Միջազգային Խլացնող Լռութիւն.  Յուշարձաններ Կը Քանդեն, Բանակ Չունինք Եւ Մասամբ Նորին…

Միջազգային Խլացնող Լռութիւն. Յուշարձաններ Կը Քանդեն, Բանակ Չունինք Եւ Մասամբ Նորին…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հայկական թերթ մը` որպէս լուր, հաղորդած էր, որ 2020-էն ի վեր Ազրպէյճան 570 հայկական յուշարձաններ քանդած է: Խաղաղութեան ցանկութեամբ, չանհանգստացնող արձանագրութիւն կը պահենք եւ անդին կը նայինք: Որքան լաւ պիտի ըլլար, որ Հայաստան եւ սփիւռք` թիւերով խօսէինք եւ ըսէինք, թէ ո՞ւր եւ ի՞նչ ըրած ենք, եւ կ’ընենք, որպէսզի յուշարձաններ չքանդուին, անոնց տէր մնանք: Պետութիւն եւ գերաճող սփիւռք, բազմանուն...

Սթափելու Ժամանակը

Վտանգին Ընդառաջ` Միասնականութիւն

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Լիբանանի դէմ պատերազմը կը յամենայ. հակառակ թափուող դիւանագիտական, իրական կամ կեղծ, ճիգերուն, քանդումները կը շարունակուին, զոհերուն թիւը կ՛աճի ու վիրաւորները կը շատնան: Պատերազմը Իսրայէլի պետութեան եւ լիբանանեան Հըզպալլա անունը կրող դիմադրական շարժումին միջեւ է թէեւ, սակայն վնասուողը Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդն է, այն ժողովուրդը, որ արդէն յոգնած էր իրերայաջորդ տագնապներուն պատճառով: Մտահոգութիւնը արդարօրէն ըմբռնելի է, համատարած ու խոր: Լրատուական...

Հետաքրքրական Պատմութիւն Մը Կոմիտասի Կեանքէն (1869 Հոկտեմբեր 8 – 1935 Հոկտեմբեր 22)

Հետաքրքրական Պատմութիւն Մը Կոմիտասի Կեանքէն (1869 Հոկտեմբեր 8 – 1935 Հոկտեմբեր 22)

Կոմիտասի` արտասահմանէն վերադարձէն անցած էր 6-7 ամիս: Այդ ժամանակ ան արդէն որոշ համբաւ ունէր: Սակայն էջմիածնի մէջ կային մարդիկ, որոնք այնքան ալ լաւ աչքով չէին դիտեր «եար» եւ «սէր» երգող վանականը: Այն ժամանակ մամուլը Կոմիտասի մասին գրեց. «Երեք տարուան ընթացքին կօշկակարութիւն կարելի չէ սորվիլ, ալ ո՜ւր մնաց` երաժշտութիւն»: Այս յօդուածը վշտացուց Կոմիտասը, թէեւ կը ձեւացնէր, թէ հաշուի չէր առներ յօդուածագրին...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անհաւատը

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Շատ հետաքրքիր մէկ անձ մ`անհաւատ, Կ՛որոշէ փնտռել, գտնել վեհ Աստուած, Որպէսզի ինքն ալ հաւատայ անոր Փառքին ու ուժին ամենահզօր: Կը հասնի մինչեւ վայր մ`անծայրածիր, Ուր կը հանդիպի ալեւորին ծեր` Ժայռին վրայ նստած, որ զինք կը սպասէր. - Մինչեւ հոս եկար, ո՛վ անխելք, խեղճ մարդ, Ուզեցիր գտնել զիս թերահաւատ, Ահա զիս գտար, խօսէ, ի՛նչ կ՛ուզես, Որպէսզի հանգչի ալ քու...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակին Մէջ Կայացաւ Յուշ-Ցերեկոյթ` Նուիրուած Պետիկ Հերկելեանի 18 հոկտեմբերին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին մէջ կայացաւ յուշ-ցերեկոյթ` նուիրուած լիբանանահայ բանաստեղծ, արձակագիր, գրականագէտ Պետիկ Հերկելեանի (Պետրոս Հերեան) յիշատակին: Յուշ-ցերեկոյթին ներկայացուեցաւ անոր ստեղծագործութիւններու «Ընտրանի» ժողովածուն, որ կ՛ընդգրկէ հեղինակին կենդանութեան օրօք եւ յետմահու լոյս տեսած բոլոր գործերը: Գիրքը կազմողն ու խմբագիրը գրականագէտ Ալեքսանդր Թոփչեանն է, իսկ...

Ազրպէյճանի Գերիշխանութիւնը Պարտադրելու Ջանքեր Եւ Արցախահայութեան Հինգերորդ Համագումարը

Ազրպէյճանի Գերիշխանութիւնը Պարտադրելու Ջանքեր Եւ Արցախահայութեան Հինգերորդ Համագումարը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պաքու հաստատուած անգլիական զինուորական իշխանութիւնները ամէն միջոցի կը դիմէին արցախահայութեան ստիպելու համար որպէսզի ընդունի Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը փորձեց դիւանագիտական միջոցներով ազդել բրիտանական քաղաքականութեան վրայ: Հայ թնդանօթաձիգ սպայ Արտաքին գործոց նախարար Սիրական Տիգրանեան 21 մարտ 1919-ին նամակ յղեց Երեւանի մէջ բրիտանական ռազմական ներկայացուցչութեան` հետեւեալ առաջարկներով. ա) Զանգեզուրն ու Ղարաբաղը պէտք է Ազրպէյճանէն անկախ ըլլան. բ)...

Անյայտ Գաղափարի Մարտիկ՝ Վտարանդին (Արամ Չարըգ – Չարըգեան)

Անյայտ Գաղափարի Մարտիկ՝ Վտարանդին (Արամ Չարըգ – Չարըգեան)

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ Բանաստեղծ, թարգմանիչ (31 Յուլիս 1874 – 11 Մայիս 1947) Ծնած է Արեւմտեան Հայաստան, Կարին (Էրզրում)։ Նշանաւոր է «Վտարանդի» ծածկանունով: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Կարինի Արծնեան ազգային բարձրագոյն նախակրթարանէն: Յետագայ տարիներուն՝ յաճախած է Վաղարշապատի Գէորգեան ճեմարանը, նաեւ Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոց։ Լայպցիգի համալսարանին մէջ հետեւած է գրականութեան ու պատմութեան դասընթացքներուն, ապա՝ գրականութեան, Փարիզ։ Ուսման տարիներուն մտերմացած է Աւետիք Իսահակեանի հետ:...

Ուսանողութիւնը Եւ Մենք

Նո՛յն Ուղեգիծը

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Վերջին շաբաթներուն գրեթէ բոլոր մակարդակներու վրայ խօսակցութեան նիւթի վերածուած է եւ կ՛արծարծուի այն հարցը, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծը ի՛նչ է եւ ինքզինք ինչպէ՛ս կ՛արտայայտէ Լիբանանի այսօրուան քաղաքական եւ զինուորական այս պայմաններուն մէջ: Բնականաբար դէմ եւ թեր կարծիքներու փոխանակումներ կ՛ըլլան: Յաճախ կը շեշտուի այս կամ այն կարծիքը: Շատ անգամ ծայրայեղ բանաձեւեր կը դրսեւորուին: Սակայն պէտք է գիտնան...

Նշմար.  Ռո՜ւհ, Պալլեթ Ըլ-Պահըր…(*)

Նշմար. Ռո՜ւհ, Պալլեթ Ըլ-Պահըր…(*)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Եւրոպական խորհրդարանը, ձայներու յստակ առաւելութեամբ, քանի մը օր առաջ բանաձեւ մը որդեգրեց, որուն մէջ խտացուցած է Ազրպէյճանը գրեթէ ամէն բանի մէջ դատապարտող, Արցախի եւ արցախցիին իրաւունքները անգա՛մ մը եւս ամրագրող, Միջազգային ատեանի (եւ բազում այլ) որոշումներու եւ վճիռներու կենսագործման պահանջը (քննարկումներուն ընդմէջէն, չմոռցուեցան Ազրպէյճանի «խաւիարի քաղաքականութենէն» օգտուող կաշառակերները...): Երկրորդական է (թէեւ ոչ` անկարեւոր) այն, որ այս բանաձեւը կ'որդեգրուի...

Page 151 of 1110 1 … 150 151 152 … 1,110

Արխիւներ