Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ներսէս Շնորհալի Շարականագիրը, Հայ Մարդուն Հոգիէն Առ Աստուած Արձակուած Ճիչին Թարգմանը

November 1, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

«ՀԱՍԿ» հայագիտական տարեգիրքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գիտական ուսումնասիրութեանց ժողովածուն է, որ յատուկ առիթներով կը հրատարակուի եւ կ՛ընդգրկէ հայագիտական բնոյթի նիւթեր, ուր կ՛ամփոփուին հայ ժողովուրդի մշակութային, հոգեւոր, կրօնական եւ հասարակական նուաճումներուն ու վերիվայրումներուն մասին աշխատասիրութիւններ` վերծանելով հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական մակարդակը:

2011-2023 ժամանակահատուածը ընդգրկող այս հատորը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայագիտական տարեգիրքերու ընդհանուր հրատարակութիւններուն տասներեքերորդ ժողովածուն է, որ ծաւալուն կերպով կ՛ընդգրկէ 12-րդ դարու ամէնէն կարկառուն դէմքերէն Ս. Ներսէս Դ. Շնորհալի լուսաճաճանչ հայրապետին բազմոլորտ տաղանդին մասին բազմաշերտ քննարկումներ եւ ընդարձակ վերլուծութիւններ:

«ՀԱՍԿ» տարեգիրքի ներկայ թիւին առիւծի բաժինը արդարօրէն նուիրուած է Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850-ամեակին, որ կը բացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. հայրապետին հայրապետական կոնդակով: Իսկ հրատարակութեան խմբագիր Շահան արք. Սարգիսեան  ներածականով մը կը ներկայացնէ տարեգիրքը, որ կը պարփակէ աւելի քան հինգ հարիւր էջ, որուն 300 էջով հանդէս կու գան Հայ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետին գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ մտաւորականներ, բանասէրներ, երաժիշտներ` մայր հայրենիքէն եւ սփիւռքէն, իրենց բովանդակալից յօդուածներով ու գիտական ուսումնասիրութիւններով, եւ կը վերծանեն Շնորհալիի ծաւալած բազմաբնոյթ գործունէութիւնը` արժեւորելով եւ քննական ակնարկով դիտարկելով հանճարեղ յօրինողին աստուածաբանական միտքի խորութիւնն ու տիեզերական  հորիզոնը:

Երախտաշատ հսկայ, ծաւալուն եւ խստապահանջութեան հրամայականը արդարացուցած բովանդակութեամբ եւ գրողներու հոյլով սոյն հրատարակութեան մեկենասութիւնը սիրայօժար ստանձնած է համազգային արժէքներու հաւատացող, մեր ժողովուրդի զաւակներէն պատուական հայորդի Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը ի յիշատակ իր սիրելի կնոջ` Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանին:

Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-ամեակին, հայագիտական ուսումնասիրութիւններու այս հատորը հատընտիր մը ըլլալէ աւելի, 850 տարի յետոյ նուիրուած ձօն մըն է քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ տիեզերական հայեացքներով եզակի մեծանուն հոգեւորականին: Իւրաքանչիւր յօդուած առանձնաբար կ՛անդրադառնայ` Շնորհալիի շարականագրութեան, բանաստեղծական տաղանդին, էքիւմենիզմին, հայ եւ յոյն եկեղեցական յարաբերութիւններու անպարտ ու աննկուն պաշտպանին, Կիլիկիոյ հայկական պետականութեան, քաղաքական, դիւանագիտական կարողութիւններուն, աստուածաբանական ու մեկնողական արուեստին եւ անոր բերած հսկայ նպաստին Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Յօդուածներու հարուստ եւ ճոխ բովանդակութեամբ գրողներու հոյլ մը, որ կրկին անգամ կը վկայէ Շնորհալիի մեծութիւնն ու եզակիութիւնը, որոնցմով ան կ՛առանձնանայ անցնող հազարամեակի մեր կրօնաւորներու փաղանգին մէջ:

«ՀԱՍԿ»-ը կը սկսի վեհափառ հայրապետին անգլերէն լեզուով լոյս տեսած  Շնորհալիին նուիրուած յատուկ հատորէն քաղուած յօդուածով մը` St. Ners?s the Gracious and Church Unity (Antelias, 2023, pp 81-96), ուր վեհափառ հայրապետը կը վերլուծէ Շնորհալիի տիեզերականութիւնն ու անոր ըմբռնողութիւնը` աստուածաբանական հայեացքներու ընդմէջէն, մասնաւորաբար` եկեղեցիներու բաժանման պատճառները: Եօթը կէտերու մէջ վեհափառ հայրապետը կը վերծանէ Շնորհալիի մեկնութիւնները` Քաղկեդոնի ժողովէն բխած տարակարծութիւններուն, Բիւզանդիոնի Մանուէլ կայսրին հետ բանակցութիւններու մակարդակին ու եկեղեցիներու միութեան ըմբռնողութեան: Ինչպէս եւ կը հաստատէ Կիլիկիոյ իշխանութեան քաղաքական ու զինուորական ուժի ամրապնդման համար պետականութեան անձեռնմխելիութիւնը եւ ներքին համերաշխութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Եկեղեցին` իբրեւ ազգային միասնականութեան միջնաբերդ եւ անկախութեան դրօշակիր, կարեւոր ու վճռական դեր ունեցած է այս երկուքին մէջ եւ անոնց միջեւ, բան մը, որ ամուր կերպով դրոշմուած էր Շնորհալիի մէջ, անով ալ հանդիսացած է մղիչ ուժը քրիստոնէական միասնականութեան, հետեւաբար կարողացած է իր մէջ հաւասարակշռել էքիւմենիզմն ու քաղաքական նկատառումները միեւնոյն ատեն:

Հակիրճ անդրադարձով մը վեհափառ հայրապետը կը հաստատէ, որ`

Ա) Եկեղեցիներու միութիւնը պայմանաւորուած չէ հաստատութենական միութեամբ, այլ միութիւնը կ՛ընկալուի Քրիստոսի անձին շուրջ, Քրիստոսի ուսուցումներուն շուրջ` սիրոյ եւ համագործակցութեան հիման վրայ:

Բ) Քաղկեդոնի ժողովը` իբրեւ սկզբնակէտ եկեղեցիներու միջեւ ստեղծուած բանավէճերուն եւ բաժանումներուն, Քրիստոսի բնութեան մեկնութենէն բխած, ունի իր պատճառներն ու հիմնաւորումները, ինչպէս եւ նոյնութիւնները` ժողովի սկզբունքային առաջադրութիւններուն մէջ: Հետեւաբար եւ ըստ այնմ պէտք է դատել կամ ընդունիլ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ կեցուածքն ու մեկնաբանութիւնը, ըմբռնումն ու տարակարծութեան ակունքները` Քաղկեդոնի ժողովին հետ առնչուած:

Գ) Փոխադարձ սէրը եկեղեցիներու միութեան հիմքն է: Հաւասարութիւնն է եւ ոչ գերիշխանութիւնը կամ գերագահութիւնը իրարու միջեւ եւ իրարու հետ, որ պիտի յանգի եկեղեցիներու միութեան: Սէրը պէտք է առնել իբրեւ քրիստոնէութեան կեանքի հիմքը եւ ոչ` իբրեւ վարդապետութիւն կամ կրօնագիտութիւն:

Դ) Եկեղեցիներու միութեան մէջ կը շեշտուի եկեղեցիներու հաւասարութեան սկզբունքը եւ ոչ գերագահութիւնը` անկախ անոնց մեծութենէն, հարստութենէն կամ թիւէն, ընդգծելով իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ հաւասարութեան իրաւունքը եւ իրաւունքի հանգամանքը:

Ե) Աղօթքի դերակատարութիւնը ընդունիլ իբրեւ մղիչ ուժը եկեղեցիներու միութեան, եւ Ս. Հոգիի ներգործութիւնը` աղօթքին շնորհիւ, հիմնական եւ միակ գործօնը  եկեղեցիներու միութեան:

Զ) Եկեղեցիներու միութիւնը չպայմանաւորել վարդապետական, կրօնագիտական ուսուցումներով` ի գին աստուածաբանական նոյնացման, մշակութային ինքնութեան ամբողջարկման, եկեղեցիներու ինքնիշխանութեան անտեսումին եւ եկեղեցիներու կրօնագիտական հասկացողութեան իւրայատկութեան, այլ` յարգել եւ ընդունիլ եկեղեցիներու ինքնութիւնը:

Է) Ի վերջոյ, Յոյն եկեղեցին պէտք է ճանչնայ Հայ եկեղեցւոյ ուղղափառութիւնը` քրիստոսաբանութեան մէջ որեւէ միութեան պարագային: Հայ եկեղեցւոյ հաշտութիւնը չպայմանաւորել յարմարուելու եւ տեղի տալու ընկալումով կամ կանխահաւանութեամբ: Հայ եկեղեցին կը պահէ իր ինքնիշխանութիւնը, վարդապետական կրօնագիտութիւնը, ինքնութիւնը եւ աստուածաբանական դաստիարակութիւնը, ժառանգած եկեղեցւոյ հայրերէն` Կիւրեղ Աղեքսանդրացի հայրապետին մեկնաբանութեանց համաձայն, եւ դէպի միութիւն է, որ կը յառաջանայ` առանց արգելք հանդիսանալու ընդհանրական քրիստոնէական միութեան:

Դիտարկելով Ներսէս Շնորհալի էքիւմենիք սուրբին մասին` վեհափառ հայրապետը կը հաստատէ, որ Շնորհալիի էքիւմենիզմը հիմնուած է երեք սկզբունքներու վրայ.

Ա) Եկեղեցիները պարտին պահել քրիստոնէական միութիւնը, յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը` հակառակ տիրող աստուածաբանական ըմբռնումներու տարբերութիւններուն:

Բ) Եկեղեցիները պարտին խուսափիլ մեկուսացումէ եւ ճահճացումէ` ներառուելով երկխօսութեանց մէջ, հասնելու փոխ հասկացողութեան, գործակցութեան եւ իրարու հանդէպ վստահութեան:

Գ) Եկեղեցիները, առանց նսեմացնելու աստուածաբանական դաստիարակութիւնը եւ վարդապետական ուսուցման իւրայատկութիւնները, պէտք է անդրանցնին իրենց տարբերութիւնները` վերահաստատելու հաղորդութիւնը Աւետարանի աւանդութեան, ուղղափառ հաւատքին, առաջին երեք տիեզերական ժողովներուն եւ եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներուն հետ:

Ահաւասի՛կ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի մեկնութիւնը` Ս. Ներսէս Շնորհալի մեծ աստուածաբանի տեսլականին, եկեղեցիներու հաշտութեան, միութեան եւ գործակցութեան համար թափած ճիգերուն մասին: Տակաւին 12-րդ դարուն  Ս. Ներսէս Շնորհալի նաւարկելով եկեղեցական եւ քաղաքական վտանգաւոր ալեկոծումներուն դէմ` պահեց Հայ եկեղեցւոյ ինքնութիւնը, ամբողջութիւնն ու ուղղափառութիւնը, որուն հաւատարիմ աշակերտն ու ներբողողը եղաւ նոյնինքն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այսօ՛ր` 850 տարի ետք, նաւարկելով նորօրեայ ալիքներուն դէմ, դառնալով ժամանակակից էքիւմենիզմի ջատագովը եւ ջահակիրը` եկեղեցիներու հաշտութեան, միութեան եւ գործակցութեան:

★★★

«ՀԱՍԿ» հայագիտական տարեգիրքին մէջ Շնորհալիի  իւրայատկութիւններու մասին ընդարձակ քննարկումներուն ընթերցանութեան ամբողջական վայելքը կը թողունք ընթերցողին եւ կ՛անդրադառնանք անոնցմէ մէկ քանիին միայն:

Կոմիտաս արք. Օհանեան բծախնդիր ուսումնասիրութեամբ կ՛անդրադառնայ Շնորհալիի կեանքին: Վերջինս ստեղծագործած է աւելի քան 50 տարի (1120-1173) եւ մեզի կտակած է կրօնական, մեկնողական, ծիսապաշտական, բանաստեղծական, երաժշտական, շարականագրական հարուստ եւ բովանդակալից ժառանգութիւն մը:  Շնորհալի իր մատենագրական վաստակով կը հանդիսանայ  Կիլիկեան առաջին շրջանի բազմավաստակ ներկայացուցիչներէն մէկը` իբրեւ համաքրիստոնէական չափանիշներով եկեղեցականը եւ մեծ մատենագիրը: Գեղեցիկ ու պատկերաւոր նկարագրութիւնները Շնորհալիի մասին Կոմիտաս սրբազանին յօդուածը կը դարձնեն ոգեշնչող ու ոգեւորող, յատկապէս երբ  ուշադրութեան կը յանձնէ ազգայինը անոր մէջ, ընդգծելով Շնորհալիի բարեկարգչական դերը Հայ եկեղեցւոյ ծէսին եւ հոգեւոր երգերուն մէջ: Կոմիտաս սրբազան հայրը կը շեշտէ քրիստոնէական պաշտամունքին մէջ Շնորհալիին բերած ազգային գիծն ու ոգին, ուր երաժշտութեան խառնած է` «Հայկական Լեռնաշխարհի դաշտերուն եւ ձայնեղ հոսանքներով գետերուն հարազատ ձայնն ու շունչը, բանաստեղծական տաղաչափութիւնը իր տաղերուն, երգերուն եւ աղօթքներուն», ու` «Իր բոլոր յօրինումներուն աղբիւրը հանդիսանալով հայոց հայրապետներն ու հայ շարականները, զորս ո՛չ Բիւզանդիոնէն բերաւ եւ ո՛չ Աթէնքէն, այլ անոնք Սուրբ Հոգւոյ շնորհներու աղբիւրէն բխեցան», եւ` հիացումով ու ակնածանքով նկարագրելով մեծ եւ հանճարեղ յօրինողը, երաժիշտը եւ կրօնաւորը:

Աւելցնելով, որ Շնորհալին եկեղեցւոյ շարականագրութեան, խորհուրդներուն, Հոգեգալստեան եւ Վերափոխման տօներուն յաւելուածական օրերուն թերի մնացած երեւոյթները ամբողջացուցած, ճոխացուցած ու համալրած է, անկրկնելի յօրինումներով` «զպակասն ելից»:  Ծիսական փոփոխութիւններով եւ յաւելումներով զօրավար սուրբերու մասին` Ս. Սարգիսի, Ս. Գէորգի, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ծաղկազարդի, Աւագ հինգշաբթիի եւ Աւագ ուրբաթի յաւելուածականները ցոյց կու տան, ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր շարական իր պատճառն ու անհրաժեշտութիւնը ունի տօնին, ժամակարգութեան եւ տօնացոյցին մէջ: Կոմիտաս սրբազան հայրը կրկին ու կրկին անգամ կ՛ընդգծէ մանաւանդ անոնց ազգային ու տոհմիկ բովանդակութիւնը, որ կը զրահապատէ հայ անհատը շարականներու բանաստեղծական անկրկնելի յօրինուածքով եւ դիւթանքով` դիմադրելու եւ կոփուելու վտանգին դէմ:

Վեց դար ետք` 18-րդ դարուն, պիտի ունենայինք անգլիացի գրող Լորտ Պայրընը, որ սորվելէ ետք հայերէնն ու լսելէ ետք Շնորհալիի շարականներու անսպառ եւ մշտանորոգ կախարդական յուզականութիւնն ու դիւթանքը, պիտի հաստատէր, որ Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու լեզուն հայերէնն է` ակնարկելով ի հարկէ մեր աղօթքներուն եւ շարականներուն:

Անդրադառնալով հայ-յունական յարաբերութիւններուն մէջ Ս. Ներսէս Շնորհալիի խաղացած դերին` Օշական արք. Չօլոյեան առասպելական դարձած հայ-յոյն յարաբերութիւններու մերձեցման եւ հաշտեցման ճիգերուն մէջ Շնորհալին կը նկատէ նոյնքան առասպելական դերակատարութիւն ունեցող կրօնաւորը` աստուածաբանական սահմանումներուն եւ ծիսական երեւոյթներուն մեկնութեան, լուսաբանութեան եւ հաշտարար դերակատարութեան մէջ:

Ընդգծելով, որ Շնորհալին կը հանդիսանայ ամէնէն ցայտուն դէմքերէն` այս յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ ունեցած դերակատարութեամբ, մէջբերելով եւ շեշտելով «Գիր հաւատոյ»-ի մասին Բիւզանդիոնի Մանուէլ կայսեր տպաւորութիւնը, որ կարդալէ ետք` «Սքանչացաւ, հիացաւ արքայն տեսանել զզօրութիւն իմաստիցն, որ պարունակեալ էր ի բանսն»: Այսուհանդերձ, այդ ճիգերը կը վերածուին ամուլ երկխօսութիւններու, երբ յոյներու համար գերակայութեան եւ գերադասութեան կարգավիճակը կը դառնայ առաջնային եւ անգամ լուսաբանութիւններէ ետք անհասկացողութեամբ հաշտութեան յանգելու եւ հաւասարէ հաւասար գործակցութիւն ձեւաչափելու եզրակացութեան եւ որոշումին:

Պարզելով Ս. Ներսէս Շնորհալի կաթողիկոսին հայ եւ լատին, հայ եւ յոյն, հայ եւ ասորի յարաբերութիւններու հարցերուն, Հայ եկեղեցւոյ հաւատքի դաւանութեան բանաձեւն ու ըմբռնումները, ծիսական եւ տօնական աւանդութիւնները եւ անոր կեցուածքը այդ յարաբերութիւններու եւ հարցերու վերլուծութիւններուն մէջ, Նարեկ արք. Ալեմեզեան մանրամասն եւ բծախնդրօրէն կը մէջբերէ մատենագիտական հարուստ եւ ընդարձակ մեկնութիւններ` հաստատելու Շնորհալիի անտեղիտալի եւ անյողդողդ կեցուածքը Հայ եկեղեցւոյ դաւանաբանական ըմբռնումներուն մէջ` «Իմաստուն կերպով եւ նախանձախնդիր ոգիով պաշտպանեց Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ուղղափառութիւնն ու ինքնանկախ գոյութիւնը ամէն անգամ, որ փորձեր կատարուեցան օտար եկեղեցիներու կողմէ հայոց եկեղեցին ձուլելու իրենց դաւանաբանական ու ծիսական կարգերուն ու աւանդութիւններուն մէջ: Առանց այլամերժ կամ օտարատեաց ըլլալու, զինուած Աւետարանի միութեան ու եղբայրութեան սկզբունքներով, ան ջատագովեց քրիստոնէական միութիւնը` առանց սակայն զայն ըմբռնելու իբրեւ տիրապետութիւն մէկ եկեղեցւոյ»[1]: Աւելի՛ն. թէ` «Բիւզանդիայի եկեղեցին իրենից զատ եւ դուրս չի ճանաչում վաւերական եւ շնորհալից մէկ այլ եկեղեցի, ուստի միութիւն կարող է լինել ոչ թէ հաւասարների միջեւ, այլ մէկ այլ եկեղեցու` Բիւզանդիայի եկեղեցու դաւանութիւնն ու գլխաւոր սովորութիւններն ընդունելով… Մինչդեռ հայոց եկեղեցին չէր պատրաստւում հրաժարուել իր դաւանութիւնից եւ դառնալ քաղկեդոնական, նա միութիւնը հասկանում էր որպէս հաւասարների միջեւ մի տեսակ փոխզիջում, որ կարող է բաւարարել երկու կողմին էլ»[2]:

Մեծ էքիւմենիստի մասին վելուծութիւններու առանցքը Շնորհալին ըլլալով հանդերձ, Նարեկ սրբազան հայրը չի կրնար զուգահեռներ չկատարել եւ չբաղդատել իրեն ժամանակակից հոգեւոր եղբօրը` Արամ վրդ. Քէշիշեանին, որ տակաւին վարդապետ, երկչոտ քայլերով կ՛ընթանար Շնորհալիի հետքերով դէպի էքիւմենիզմ, դառնալու համար աւելի ուշ Մեծի Տանն Կիլկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.` էքիւմենիզմի ամէնէն ցայտուն եւ յախուռն ժամանակակից ախոյեանը: Բացայայտելէ ետք Ս. Ներսէս Շնորհալիի աստուածաբանական վերլուծութիւններու եւ ըմբռնումներու գերիմացութիւնը, Նարեկ սրբազան հայրը  կ՛անցնի անոր էքիւմենիզմի ջատագով մը ըլլալուն եւ կը հարցադրէ, թէ` «Ո՞ւր է Շնորհալիի մարգարէական եզակիութիւնը միջեկեղեցական շարժումին մէջ», եւ կու տայ եօթը բնագաւառներ, որոնցմով Շնորհալին կ՛անդրանցնի իր ժամանակները եւ մեր պատարագի ու շարականներու բառերուն ընդմէջէն կու տայ Շնորհալիի պատգամ կոչը` միասնականութեան, Քրիստոսի անձին շուրջ համախմբուելու, որ վեր է բոլոր տեղայնական եւ եկեղեցական հաշիւներէն, հաւատքով, սիրով, տագնապելով եւ համոզումով դիմագրաւելու միասնականութեան մարտահրաւէրը:

Անդրադառնալով Ս. Ներսէս Շնորհալիի մեկնողական արուեստին եւ տաղանդին` Շահան արք. Սարգիսեան նախ ընդարձակ կերպով կը ներկայացնէ պատմաքաղաքական եւ կրօնական այն միջավայրը, ուր ապրեցաւ Շնորհալին, անոր վարքն ու նկարագիրը, հոգեւոր եւ իմացական վաստակը` հասկնալու համար Հայ եկեղեցւոյ դերը մեր պատմութեան եւ հաւաքական կեանքին մէջ: Շահան սրբազանի վերլուծութիւնները ամփոփումն են իր երեք ընդարձակ ու խորունկ վերծանումներուն` Շնորհալիի մեկնողական տաղանդին ու արուեստին մասին, զորս ներկայացուցած է երեք տարբեր առիթներով եւ վայրերու մէջ:

Ներկայացնելով աստուածաշնչական բազմազան պատգամներու շնորհալիական մեկնութիւններու տաղանդը` հիմնուած ընդհանրական եկեղեցւոյ հայրերու մեկնաբանական գիտութեան` Ս. Եփրեմ Ասորիի, Ս. Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի, Ս. Եպիփան Կիպրացիի, Ս. Գրիգոր Նիւսացիի, Ս. Գրիգոր Նազիանզացիի եւ Ս. Յովհան Ոսկեբերանի վրայ, Շահան սրբազան հայրը կը բացատրէ, թէ Շնորհալի ինքնուրոյն կերպով կը յայտնաբերէ այն, ինչ որ Աստուած խօսեցաւ իր մարգարէներուն եւ առաքեալներուն միջոցով, եւ կը թելադրէ` չտարուիլ աստուածաշնչական յորդորներու կամ պատգամնեու միայն բառային իմաստով, չկառչիլ միայն անոնց տառին, այլ բառացի մեկնութենէն անցնիլ անոր խորքին` ոգիին եւ հոգեկան ուսուցման, որովհետեւ Աստուած խօսեցաւ մարդուն Սուրբ Հոգիին միջոցով, եւ ուրեմն Սուրբ Հոգիով միայն կրնանք մեզի ուսուցուածին ճշգրիտ մեկնութիւնը կատարել: «Ան կը ձգտի աստուածային պատգամը հասկնալի ու մեկին դարձնել, ի վերջոյ, թելադրական կամ խրատական մը փոխանցել` ներկայ եւ գալիք կեանքին համար»:[3] Աստուածաշունչի մեկնութիւնը անհուն եւ անսպառ աղբիւր մըն է, որուն կարելի չէ վերջակէտ դնել եւ ըսել, որ ա՛յս մեկնութիւնն է եւ վերջ: Ան ովկիանոսի մը նման խորունկ ու տարածուն աշխարհ մըն է, որ հոգեկան պրպտումներով կարելի է հասկնալ եւ մեկնել Աստուծոյ պատգամները հանապազօրեայ նոր յայտնաբերումներով:

Ս. Ներսէս Շնորհալին դիւանագէտ. բաւականին խրթին եւ բարդ պատմաքաղաքական նախադրեալներու ընդարձակ եւ մանրամասն քննարկումներէ ետք, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով իշխող տարրերուն կրօնական, քաղաքական հակումներն ու  հակադրութիւնները, կրօնական բախումները, դոկտ. Սեդա Տատոյեան ԺԲ. դարը կը ներկայացնէ իբրեւ Հայոց պատմութեան դժուարագոյն դարերէն մէկը, որուն ընթացքին տիրապետող ուժերը եղած են երեք մեծ ժողովուրդներ` թուրքը, յոյնը եւ արաբը, իմա՛ Եգիպտոսը: Հայաստանը` ներքաշուած թրքական յարձակումներուն մէջ. հակառակ հերոսական դժնդակ ճիգերուն` Շնորհալի կաթողիկոսը պիտի աշխատի թէ՛ իր թագաւորին գահը եւ թէ՛ հայրապետական Աթոռը ազատելու այս գազաններու երախէն:

Դոկտ. Տատոյեան կը վերլուծէ Շնորհալին կանխող ժամանակաշրջանի քաղաքական մթնոլորտը` հասկնալու համար կացութիւններն ու հարցերը, որոնք դեր խաղացած են Շնորհալիի դիւանագիտական հանգամանքին եւ քաղաքական գործունէութեան մէջ: Նկատի ունենալով նաեւ, որ քաղաքական ուժերու բացակայութեան եկեղեցին է, որ այդ դերը իր վրայ առած է, եւ այս ո՛չ միայն մեր ժամանակներու սփիւռքեան իրականութենէն մեկնած այդպէս է, այլեւ դարեր շարունակ այդպէս եղած է. երբ քաղաքական ուժերը կործանած կամ տապալած են, եկեղեցին է, որ այդ դերը իր ուսերուն առնելով` պահած ու առաջնորդած է ժողովուրդը դէպի խաղաղ ափունքներ: Հետեւաբար` «Այս դէմքերը աշխատեցան ի խնդիր եկեղեցիին եւ ժողովուրդին գոյատեւումին», ուրեմն` «Ո՛չ միայն դժուար, այլ նաեւ սխալ է պատմականացնել իրենց ասպարէզը եւ աւանդը անկախ պատմաքաղաքական պարագաներու եւ արժեչափերու»[4] :

Ընդարձակ պատմաքաղաքական ներածականէ մը ետք դոկտ. Տատոյեան կը յանգի մեկնելու Շնորհալիի աւանդէն, զոր կը բաժնէ չորս մակարդակներու` յայտնաբերելով անոր մէջ աստուածաբանը, ընկերային բարեկարգիչը եւ ժողովրդավարը, դաստիարակը, հաւատքի տարածիչը եւ քաղաքագէտ-դիւանագէտը: Առանձնացնելով վերջինը` դոկտ. Տատոյեան կ՛անդրադառնայ բիւզանդական կայսրին հետ բանակցութիւններու ընթացքին Շնորհալիին բացատրելու եւ մեկնաբանելու անսպառ համբերութեան եւ աննկուն կամքին, առանց երբեք վիճելու կամ կարծր դիրքորոշում ընդունելու, պահելով ներքին հոգեկան խաղաղութիւնը, եւ կը  հիմնաւորէ Հայ եկեղեցւոյ ուղղափառութեան ակունքներն ու հիմքերը, կը յորդորէ Մանուէլ կայսրը դիւանագիտական զուսպ ոճով խօսիլ. «Ոչ թագաւորական ահարկու զօրութեամբ … այլ քաղցրագոյն խոնարհութեամբ»[5]: Շնորհալին բոլոր պարագաներուն միշտ ալ յիշեցուցած է, խօսիլ` «քրիստոնէական սիրով», գթութեամբ եւ աղօթքով, «երբեք`  ուժով եւ պարտադրանքով», «թէ բանակցութիւնները պէտք չէ կատարուին տէր եւ ծառայի յարաբերութեամբ, այլ` Տիրոջ եւ իր ծառաներուն»[6]: Ի վերջոյ յանգելու համար Բիւզանդիոնի Հայ եկեղեցին իր տիրապետութեան տակ առնելու, հայ ինքնութիւնն ու դաւանանքը եւ անոր պաշտպան եկեղեցին վերացնելու, բանակցութիւններու վերջնական ձախողութեան:

Շնորհիւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի դիւանագիտականօրէն խոհեմ եւ համամարդկային մտածողութենէ բխած բանակցութիւններ վարելու բնածին կարողութեան ու պատմաքաղաքական միջավայրին, ուր հասակ առաւ ան, ան կարողացաւ առաջնորդուիլ դէպի քաղաքականութիւն ու բանագնացութիւն եւ պահեց Հայ եկեղեցւոյ ինքնութիւնն ու հաւատամքը:

Ս. Ներսէս Շնորհալին շարականագիր ու յօրինող. դոկտ. երաժշտագէտ Հայկ սրկ. Իւթիւճեան հոյակապ կերպով, մասնագիտական ուսումնասիրութեամբ կը վերարժեւորէ, կը հարցադրէ ու կը պատասխանէ Շնորհալիի ստեղծագործութիւններուն հետ առնչուած հարցերուն` վերծանելով շարականներու եղանակաւորումները, տարբեր ձայնեղանակներով երգուած շարականները, Շնորհալիին վերագրուած եղանակները կամ Շնորհալիէն առաջ օգտագործուած եղանակները, նոյն եղանակով երգուած տարբեր շարականներուն աղբիւրները, վերականգնելով անոնց գեղարուեստական արժէքի անվիճելիութիւնը, գեղեցկութիւնն ու հարուստ ժառանգութիւնը: Դոկտ. Իւթիւճեան մեզի կը հրամցնէ մասնագիտական ուսումնասիրութիւն մը, որ կը հարստացնէ ո՛չ միայն հայ շարականներու երաժշտական արուեստը, այլեւ հայ երաժշտութիւնը` ընդհանրապէս:

Տակաւին, երախտաշատ եւ հայ մատենագիտութիւնը հարստացնող հոյակապ եւ սքանչելի ուսումնասիրութիւնները` Անուշաւան արք. Դանիէլեանի «Աստուածաբանն ու էքիւմենիզմի համար թափած ճիգերը» անգլերէն յօդուածը, Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի «Հեռատես հայրապետը», պատմաբան Վահէ Թորոսեանի «Շնորհալին եւ Կիլիկիոյ հայկական պետականութիւնը», գրականագէտ եւ դիւցազնագէտ Հայկ Համբարձումեանի «Հաւատով խոստովանիմ աղօթքը Սասնայ Ծռեր ազգային դիւցազներգութեան մէջ»  ընդհանրութիւններու  վերլուծութիւնը, աւագ գիտաշխատող Լիլիթ Սարվազեանի «Շնորհալիի քաղաքական եւ իրաւական հայեցակարգը», հետազօտող Նաւասարդ Մարտոյեանի «Քրիստոսի բնութեան մեկնութիւնը Շնորհալիի նամակներուն մէջ», երկրաչափ Հուրի Ազէզեանի արաբերէն լեզուով ներբողը Շնորհալիի եւ իր գործերուն մասին: Բոլորը իրենց ընդարձակ ուսումնասիրութիւններու խորքով ու բծախնդիր քննարկումներով կու գան հարստացնելու հայ մատենագիտական դպրութիւնը` հաստատելով Շնորհալի եզակի դէմքին երաժշտական, մեկնողական եւ սրբախօսական, դիւանագիտական, քաղաքական տաղանդին ու նպաստին մասին քրիստոնէութեան եւ հայ պատմութեան մէջ:

Բոլոր յօդուածագիրները անվրէպօրէն եւ անպայմանօրէն կ՛անդրադառնան` Շնորհալիի երկխօսութեան ախոյեան մը ըլլալուն, բանակցելու ճկունութեան, սուր դիւանագիտական լեզուին եւ մտածողութեան տաղանդին, էքիւմենիզմի լուսաւոր դէմք մը եւ ռահվիրայ մը ըլլալու հանգամանքին, որոնք չեն վրիպիր ոեւէ մէկուն ուշադրութենէն: Անկախ անկէ, որ իւրաքանչիւրը կ՛անդրադառնայ յատուկ բնագաւառի մը, ուր կը փայլի լուսաճաճանչ կրօնաւորը իր տաղանդով եւ իւրայատկութեամբ: Սակայն ընդհանուր յայտարարը, որ բոլորին մէջ անշրջելի կերպով կը շեշտուի, իր  համոզումներուն եւ հաւատալիքներուն մէջ ամուր խարսխուած հայ ուղղափառ հոգեւորականն է, հայ դաւանաբանութեան անկախութեան ջատագովն ու պաշտպանը, իր արմատները խորունկ երկարած Հայ եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան մէջ, հաւատարիմ` իր հայրերու ուսուցումին եւ անտեղիտալի ազգայինը, առանց օտարատեաց մը ըլլալու:

«Ութ դարերու ընթացքին ան ոչինչ կորսնցուցած է իր ուժէն եւ կրնայ նկատուիլ իբրեւ եկեղեցական հրահանգութիւններու եւ բարեկարգութեան լաւագոյն ուղեցոյցը` թէ՛ կրօնականներու եւ թէ՛ աշխարհականներու համար: Դաւանաբանական հարցերու տեսակէտով Շնորհալին կարելի է անվարան նկատել Հայ եկեղեցւոյ ամէնէն ուղղափառ, անշեղ, ընդհանուր եկեղեցւոյ ոգին ամէնէն հարազատ արտայայտող եւ կարելի պայծառութեամբ հաստատող մեր մեծ հայրապետը: Շնորհալին Հայ եկեղեցւոյ տրամաբանութիւնն է»[7]:

★★★

«ՀԱՍԿ» տարեգիրքին երկրորդ բաժինով, որ կը կրէ «Արխիւ եւ պատմութիւն» ընդհանուր վերնագիրը, հանդէս կու գան հայրենի եւ սփիւռքահայ բանասէրներ, գիտաշխատողներ, պատմաբաններ` արխիւային ու մշակութային եւ գրական նիւթերով, որոնց ի հարկէ կարելի չէ մէկ առ մէկ անդրադառնալ, սակայն շատ տխուր իրականութեան հետ առնչուող բաժին մը մեզի կը ստիպէ արձագանգել, յատկապէս` Միհրան Մինասեանի հետազօտութեամբ ձեռք բերուած, որ կը վերաբերի Սահակ Բ. կաթողիկոս Խապայեանի եւ Բերիոյ թեմի Շահէ ծ. վրդ. Գասպարեանին միջեւ փոխանակուած հինգ նամակներուն` գրուած 1909-ին եւ վերջինը անոնցմէ` 1910-ին, ուր Սահակ կաթողիկոս տեղեկութիւններ կը պահանջէ Ատանայի, Մարաշի, Հաճընի, Զէյթունի, Չորք Մարզպանի, Անտիոքի մէջ տեղի ունեցող կոտորածներուն, սպանդին, սովին, անօթութեան եւ թշուառութեան մասին: Հազարաւոր զոհեր, որբեր, այրիներ, անտունիներ` ձգուած ճակատագիրի քմայքին, որոնց մասին կաթողիկոսը առաջնորդէն կը պահաջէ իրեն փոխանցել ժողովուրդի իրավիճակին, դպրոցներու, եկեղեցիներու, աշակերտներու, յարանուանութիւններու` առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական, կորուստներու մասին տեղեկութիւններ, թիւեր, սեփականատէրերու անուններ, թափուր մնացած կալուածներու, ագարակներու, հօտերու թիւ ու քանակ, որոնք բռնագրաւուած են թուրքերու կողմէ, ոճիրներու մասին տեղեկութիւններ, անուններ եւ թիւեր, եթէ ունէին, ինչպէս նաեւ ձերբակալուածներու եւ անհետ կորածներու մէջէն, վերադարձողներէն ստուգել անոնց գտնուած վայրին մասին տեղեկութիւններ, թէ  ո՞ւր քշուած ու տարուած էին, քանի՞ հոգի էին այնտեղ, եւ որո՞նք կային, քանի՞ն կոտորուեցաւ եւ քանի՞ն կրցաւ փախչիլ անոնցմէ:

Շահէ ծ. վրդ. Գասպարեան ամենայն մանրամասնութեամբ կը փոխանցէ բոլոր տեղեկութիւնները, որոնք իր ձեռքին տակ ունի, ո՛չ միայն վիճակագրական, այլեւ յաւելեալ բացատրութիւններ` ժողովուրդի ընդդիմութեան, իրավիճակին ու հասած օժանդակութիւններու կողոպուտին, թալանին` գայմագամներու եւ կուսակալներու կողմէ, եւ տիրող ահաւոր թշուառ իրավիճակին մասին:

Այստեղ ուշագրաւը Սահակ կաթողիկոսին նամակները աւարտելու ոճն է, ուր ստորագրելէ առաջ զանոնք բոլորը կ՛աւարտէ` Կարօտ Հաճըն, Կարօտ Մարաշ, Կարօտ Ատանա, Կարօտ Անտիոք, աւելցնելով իւրաքանչիւր շրջանի անուան առջեւ «կարօտ» բնութագրումը, որովհետեւ արդէն իսկ զանոնք կորսնցուցած կը զգայ եւ կը սգայ անոնց կորուստը: Իսկ անուան ստորագրութեան առջեւ կը գրէ` «Սահակ Հրաժարեալ կթղկ.»: Էջատակի բացատրութեան մէջ կը պարզուի, որ Սահակ կթղ. 1909-ին թրքական կառավարութեան իր հրաժարականը ներկայացուցած է` բողոքելով  ազգապատկան կալուածներու գրաւման դէմ:

Ուշագրաւ է նաեւ, որ փոխանակուած նամակները հազիւ թէ մէկական էջ ըլլան,  սակայն էջատակի բացատրութիւնները, առաջին մէկ նամակին մէջ միայն, ունին աւելի քան եօթը էջանի փոքրատառ մատենագիտական մանրամասն ծանօթութիւններ, որոնք հաւանաբար աւելի քան տասնհինգ էջը անցնին բնական տպագրական տառաչափերով: Այս անտիպ տեղեկութիւններուն մէջ կ՛ամփոփուի ամբողջ ողբերգութիւնը մեր ժողովուրդին, կոտորածի, տեղահանութեան, սպանդի, թշուառութեան, սովի, անհամար որբերու եւ այրիներու անտուն  ու անօթի, տխուր իրավիճակին մասին` թիւեր, տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ:

Յաջորդական յօդուածներով արխիւային լայնածաւալ տեղեկութիւններ կը փոխանցուին Բաբգէն եպս. Կիւլէսէրեանին, հետագային աթոռակից կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ` «Հայերը եւ թիւրք լեզուն» շատ շահեկան յօդուածով, ինչպէս նաեւ դարձեալ Բաբգէն եպս. Կիւլէսէրեանի տեղեկագիրներէն Սուրիոյ եւ Պաղեստինի, Հալէպի, Լիբանանի, Երուսաղէմի, Իսկէնտէրունի հայ գաղթականներու վերաբերեալ` թիւեր, վիճակ, հաստատութեան վայր, անուն, սեռ եւ այլն, Էտկար Յովհաննիսեան ստորագրութիւնը կրող յօդուածին մէջ:

Այս յօդուածներուն կը յաջորդէ Անի Ֆիշէնքճեանին յօդուածը, ուր ան կ՛անդրադառնայ գաղթակայաններու համար կազմակերպուող կիրակնօրեայ դպրոցներուն ու  համայնքային կեանքի կազմաւորման համար տարուած աշխատանքներուն:

Յաջորդաբար, Վերա Սահակեանի աշխատակցութեամբ, Խրիմեան Հայրիկին ուղղուած ուշագրաւ նամակներն ու աղերսները` գրուած իր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ, օժանդակութիւն փութացնելու հիւծող ու կործանման եզրին հասած թշուառներուն: Մատենագիտական տեղեկութիւններ, յուշագրութիւններ, տեղագրութիւններ` քաղուած Բուլանըք գաւառի Փիոնք անունով բնակավայրի նամակագրութիւններէն եւ  վկայութիւններէն:

Կարելի չէ հոգիիդ վրայ բռնացող խոցն ու այնտեղէն ժայթքող ընդվզումն ու բարկութիւնը զսպել` ի լուր կարդացուած տեղեկութիւններուն: Կը թելադրենք բոլորին, որ կարդան ո՛չ թէ մեր պատմութիւնը միայն, այլ առնուազն` «ՀԱՍԿ» Հայագիտական տարեգիրքի այս թիւէն Միհրան Մինասեանի եւ Էտկար Յովհաննիսեանի զոյգ յօդուածները (էջ 381-436)` իմանալու համար, թէ ի՛նչ կատարուած է մեր ժողովուրդին հետ` միայն Կիլիկիոյ այս քանի  մը շրջաններուն մէջ, տակաւին` 1909-ին, եւ ունենան քաջութիւնը, թիւերն ու անունները փոխանցելու թուրք «պաշտօնակիցներուն», որոնք վերջերս պահանջած էին անուանացանկը եւ ազգագրական տեղեկութիւնները կոտորուածներուն, պարզապէս կրկին ու կրկին անգամ հաստատելու Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Այս տարեգիրքը մատեան մըն է նաեւ մեր ժողովուրդին ողբերգութիւնը վաւերականացնող տեղեկութիւններով:

Եւ տակաւին` յօդուածներ, որոնք բոլորը, առաւել կամ պակաս, լոյս կը սփռեն ժամանակահատուածի մը վրայ, երբ մեծ հոգեւորականը` Ս. Ներսէս Շնորհալին, ապրեցաւ եւ կրեց հետեւանքները քաղաքական ու ազգային ներքին վերիվայրումներուն, որոնք ունեցան երբեմն ժխտական, երբեմն դրական ազդեցութիւն եւ հետեւանք` հայ կեանքին վրայ:

Լեւոն Շառոյեանի «Աշոտ Բագրատունի եւ իր ժամանակը» յօդուածը, ուր յօդուածագիրը կը նկարագրէ Աշոտ Բագրատունի թագաւորին ժամանակաշրջանը, Շնորհալիի ժամանակահատուածէն քիչ առաջ` 885-ին, ո՛չ միայն տեղեկութիւններ են անոր անձին, դիւանագիտական, քաղաքական յարաբերութիւններուն եւ ազգային շահերով առաջնորդուող սպարապետին ու ապա թագաւորին մասին, այլ կոչ մըն է նաեւ այսօրուան մեր երկիրը ղեկավարող անձերուն, թէ Աշոտ Բագրատունի չորսուկէս դար ետք յարութիւն տուաւ «կործանած հայ թագաւորութեան» [8], որ` «բարձրացուցանէր զազգս Թորգոմեան», «սկիզբ դնելով Բագրատունիներու 160-ամեայ հարստութեան» եւ «Հայաստանի զարգացումին ու բարգաւաճման» [9], «հնչելով համահունչ այսօրուան կարիքին, հայ պետականութեան ղեկին համախմբելու հաշտարար ճիգերով բոլոր նախարարութիւնները, արթնցնելով հաւաքական հայրենիքի գաղափարը բոլորին մէջ» [10]:

«ՀԱՍԿ» տարեգիրքին մէջ ներառուած են նաեւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի յօրինած եւ եղանակաւորած «Լոյս, Արարիչ լուսոյ», «Անեղանելիդ» եւ «Ճանապարհ» շարականները` նոր մշակումով, լուսահոգի Մեղրիկ սրբազանին կողմէ եւ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի մշակումով` «Տարածեալ»-ը:

Հատորը կ՛աւարտի Հայ եկեղեցւոյ մասին ռուս պատմաբանի վկայութիւններու ծանօթացումով, թարգմանութեամբ` Երուանդ Տէր Խաչատուրեանի կողմէ:

Այս ուսումնասիրական, հետազօտական, վերլուծական յօդուածներուն կ՛ընկերանան ընդարձակ եւ հարուստ մատենագիտական տեղեկութիւններ` պատմական, վերլուծական եւ ծանօթագրական, բաւարարելով ընթերցողին միտքը  չարչրկող հարցերն ու գոհացնելով անոր հետաքրքրութիւնը:

Մատենագիտական աղբիւրները ցոյց կու տան, որ օգտագործուած աղբիւրները չեն պատկանիր միջնադարու գրողներուն անպայման  կամ միայն, այլ` ժամանակակից  պատմաբանասիրական գրողներու, հետազօտողներու, ուսումնասիրողներու, որոնք զբաղած են  այս հարցերով եւ կը յայտնաբերեն եկեղեցական կամ պատմաբանասիրական հարուստ ժառանգութիւնը Շնորհալիի տաղանդին, մտածողութեան եւ եկեղեցւոյ կենսափիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան հորիզոնին մասին եւ մանաւանդ` հաստատելով անոր ներդրումին անժամանացելիութիւնն ու տաղանդին մեծութիւնը:

Այս յօդուածներու ժողովածուն երախտաշատ եւ սքանչելի հաւաքածոյ մըն է, որ կը վերահաստատէ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին` Հայ եկեղեցւոյ խորիմաց աստուածաբանին ու անխորտակելի հաւատքի կրանիթեայ ու լուսափայլ գագաթին փառքն ու անժամանցելիութիւնը: Անոր աղօթքի բառերն ու քաղցրահունչ մեղեդիականութիւնը շարականներուն անվերծանելի գեղեցկութիւնն են հայ հոգիին, անոնցմով իւրաքանչիւր ունկնդիր կ՛ապրի լուսաշող ներկայութիւնը բանաստեղծ յօրինողին ու կը վերանայ առ Աստուած` հաստատելով, որ Հայ եկեղեցւոյ աղօթքներն ու շարականները եւ աստուածաբանութիւնն իսկ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը ճշդորոշողներն են:

Նորահաս սերունդները գալիք դարերուն դեռեւս պիտի յափշտակուին ճառագայթափայլ բարձունքով, որ կը կոչուի Մեծն Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետ, ու պիտի լուսաւորուին անոր լուսաճաճանչ ներկայութեամբ եւ պիտի հաղորդուին իրենց հայրերուն փառքին ու մեծութեան հետ, մանաւանդ` անոր խորունկ ու անսպառ աստուածաբանական մեկնութիւններուն եւ աստուածավայել ու աստուածային մեղեդիին մոգական թովչանքով, պիտի յափշտակուին ու գերուած Շնորհալիի հրաշագործ շարականներով` պիտի մերձենան Ամենակալին` իրենց հոգիին ճիչն ու պաղատանքը արտայայտելու, եւ տանին հայ ժողովուրդի մշակոյթի պատմութեան հպարտութիւնը` դէպի դարերը գալիք, իբրեւ ազգային պարծանք:

19  յուլիս 2024 

————–

[1] ՀԱՍԿ, անդ, էջ 71, Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 800-ամեակին առթիւ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի կոնդակէն (6 Ապրիլ 1976):

[2]  ՀԱՍԿ, անդ, էջ 85:

[3] ՀԱՍԿ, անդ, էջ 132:

[4] ՀԱՍԿ, անդ, էջ 183:

[5] ՀԱՍԿ, անդ, էջ 195:

[6] ՀԱՍԿ, անդ, էջ 191:

[7] Եղիշէ Արք. Տէրտէրեան, Շնորհալիի  մահուան 800-ամեակին առթիւ Էջմիածին պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածով՝  նուիրուած Ներսէս Շնորհալիին։

[8] ՀԱՍԿ, անդ, էջ 494:

[9] ՀԱՍԿ, անդ, էջ 509:

[10] ՀԱՍԿ, անդ, էջ 509:

Նախորդը

Իսրայէլ 2-րդ Օրն Ըլլալով Յարձակում Գործեց Պաալպեքի Վրայ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (1 Նոյեմբեր 2024)

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.