Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ռո՜ւհ, Պալլեթ Ըլ-Պահըր…(*)

Հոկտեմբեր 29, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Եւրոպական խորհրդարանը, ձայներու յստակ առաւելութեամբ, քանի մը օր առաջ բանաձեւ մը որդեգրեց, որուն մէջ խտացուցած է Ազրպէյճանը գրեթէ ամէն բանի մէջ դատապարտող, Արցախի եւ արցախցիին իրաւունքները անգա՛մ մը եւս ամրագրող, Միջազգային ատեանի (եւ բազում այլ) որոշումներու եւ վճիռներու կենսագործման պահանջը (քննարկումներուն ընդմէջէն, չմոռցուեցան Ազրպէյճանի «խաւիարի քաղաքականութենէն» օգտուող կաշառակերները…):

Երկրորդական է (թէեւ ոչ` անկարեւոր) այն, որ այս բանաձեւը կ’որդեգրուի անմիջականօրէն կենսոլորտի հարցերու յատկացուելիք` Պաքուի ժողովին (ՔՈՓ 29) նախօրեակին: Կարեւորը այն է, որ Եւրոպական խորհրդարանը առանց բառերը ծամծմելու` խարանի նոր կնիք մը կը դնէ ոճրագործ պետութեան ճակատին:

Խօսքը ծովուն յատակը սալաքարելու մասին չէ, այլ մակերեսը…

Ազրպէյճանի պատասխա՞նը. «Ռո՜ւհ, պալլեթ ըլ-պահըր»: Ան կը շարունակէ հայ պատանդները պահել ու դատավարութիւններ կապկել, գրաւման տակ պահել Արցախը, կը փճացնէ ու կը խեղաթիւրէ հայութեան հետքերը (աննախընթաց չէ. նոյնը ըրած է Նախիջեւանի մէջ, նոյնը ըրած է ու կ՛ընէ Թուրքիա` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ), մի՛շտ նորանոր «պարտամուրհակներ» կը դնէ Հայաստանի իշխանութիւններուն սեղանին, եւ այդ իշխանաւորները մրցումի ելած են, թէ ո՞վ աւելի առատօրէն եւ շուտ կրնայ իրականացնել այդ պահանջները…

Ազրպէյճանի այս յոխորտանքին համահունչ են Եւրոպական խորհրդարանի անդամ երկիրներու ԳՈՐԾԱԴԻՐ իշխանութիւնները, որոնք կը շարունակեն գործակցիլ բռնատիրական իշխանութեան հետ: Քարիւղ ներածելը կաշառք չէ…

***

Կազայի եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան ոճրային յարձակումները գրեթէ ամէն օր դատապարտանքի, առնուազն քննադատութեան կ՛ենթարկուին ՄԱԿ-ի թէ առանձին պետութիւններու կողմէ, որոնց շարքին` Իսրայէլի բարեկամ հռչակուածներ: Նեթանիահու եւ իր վարչախումբը բոլորին կը պատասխանեն. «Ռո՜ւհ, պալլեթ ըլ-պահըր»: Անոնք Համասին եւ Հըզպալլային փակցուցած են «ահաբեկիչ»-ի պիտակը, ««ահաբեկիչ կը հետապնդենք» նշանախօսքով» բազմահազար քաղաքայիններ, մեծ մասամբ մանուկներ ու կիներ կը սպաննեն ու կը վիրաւորեն, նոր ստալինկրատներ կամ հիրոշիմա-նակազաքիներ կը սարքեն կորիզային ռումբի հզօրութեամբ հրթիռներով, ու մինչեւ անգամ դատապարտողները կուլ կու տան այս այլանդակ ինքնարդարացումները:

***

Աշխարհին ու դաշնակիցներուն «Ռո՜ւհ, պալլեթ ըլ-պահըր» կ՛ըսէ Թուրքիա, եւ «ահաբեկիչ կը հետապնդեմ»-ի  դիմակ հագած` մահ ու աւեր կը տարածէ Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ, մոռնալով, որ նման ոճիրներու համար դեռ երէկ մեղադրանքներ կ՛արձակէր… Իսրայէլի դէմ: Էրտողան ու գործակիցներ կը փորձեն ստեղծել այն պատրանքը, թէ Նեթանիահուն իրենց խրամատակիցը չէ: Իսկ խօսիլ «Ռո՜ւհ, պալլեթ ըլ-պահըր» խորագրով Ազրպէյճան եւ Թուրքիա զուգերգին մասին` աւելորդ է: Գոնէ մենք` հայրենիք ու ազգ պահպանելու կոչուած հայերս, շա՜տ լսած ենք այն երգը («Պտտուի՜ր, պտտուի՜ր կարուսել, ես քո երգը…»):

(Չենք ուզեր անդրադառնալ նոյն յոխորտանքին կրկնութիւններուն` Ուքրանիոյ ճակատներուն վրայ թէ այլուր: Մեզի ի՜նչ. անոնք մեզմէ հեռու են):

***

«Ռո՜ւհ, պալլեթ ըլ-պահըր» նշանախօսքը որդեգրած է նաեւ Հայաստանի ՔՊ-ական իշխանութիւնը եւ զայն ամէն քայլափոխի կը նետէ ընդդիմադիրներուն ու բոլոր անոնց երեսին, որոնք հայրենիքն ու պետութիւնը կորուստի տանող ուղիէն ետ կանգնելու կոչերով հրապարակ կու գան ամէն օր:

««Ռո՜ւհ, պալլեթ ըլ-պահըր» աղաղակեց Փաշինեան, երբ Արցախը ճանչցաւ իբրեւ Ազրպէյճանի մաս եւ զայն մաս առ մաս յանձնեց Ալիեւի, ճամբայ հարթեց հայկական հողամասի ամբողջական հայաթափման (յիշեցէք Նախիջեւանի նախընթացը` խորհրդայիններու օրերուն, Արեւմտեան Հայաստանը` Ցեղասպանութեան պատճառով: Տարբերութիւնը այն է, որ այդ փուլերուն լիիրաւօրէն ճանչցուած անկախ պետութիւն չէինք): Նոյնը` հազարաւոր նահատակներ տուած ընտանիքներու երեսին: Նոյնը` Արցախն ու արցախցիները Հայաստանի մասնիկ դաւանողներուն (ցանկը չկրկնենք):

«Ռո՜ւհ, պալլեթ ըլ-պահըր» աղաղակեցին ՔՊ-ապետն ու գործակիցները, երբ առանց հիմունքի` Տաւուշէն հողեր աւելցուցին Ազրպէյճանի արդէն իսկ խլած հողերուն վրայ:

«Ռո՜ւհ, պալլեթ ըլ-պահըր» ըսին դեռ երէկ, երբ վաւերացուցին սահմանազատման օրէնքը, յայտնապէս` նոր ապացոյց մը փաստագրելով, թէ ընդհանրապէս Փաշինեան ու Ալիեւ եւ անոնց ներկայացուցիչները ժողովուրդէն գաղտնի ինչե՜ր կը սարքեն` մի՛շտ ի վնաս Հայաստանի: Եւ թող ո՛չ ոք փորձէ մեր ժողովուրդը համոզել, որ առնուած իւրաքանչիւր վնասարար քայլ համապատասխան չէ Ազրպէյճանի պահանջներուն ու ծրագիրներուն, վաղն ալ նոր հողամասերու յանձնումը պիտի չըլլայ նոյն այդ պահանջներուն համապատասխանաբար, թէ` 2020-էն ասդին, Հայաստան ո՛չ իսկ մէկ կորուստ վերականգնած է: Աչք ունեցողը կը տեսնէ, սակայն կայ զանգուած մը, որ կը նախընտրէ լուռ հանդիսատես ձեւանալ` մտածելով. «Ինչո՜ւս պէտք, դանակը ի՛մ ոսկորիս չէ հասած…»:

Վերջապէս, ՔՊ-ականները «Ռո՜ւհ, պալլեթ ըլ-պահըր» կ՛ըսեն նոյնինքն Եւրոպական խորհրդարանին եւ բոլոր անոնց, որոնք առաւել կամ նուազ չափով պաշտպան կը կանգնին Արցախի իրաւունքներուն, կը պահանջեն մեր գերիներուն ու պատանդներուն վերադարձը (մէկ խօսքով, կը պաշտպանեն մեր իրաւունքները): Հայաստանի իշխանութիւններէն դատապարտանքի կամ քննադատութեան որեւէ խօսք չի հնչեր ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, այլ կրկին ու կրկին կը հնչեցնեն «մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք»-ի, «սահմանները բանանք»-ի եւ նման` աւրուած-մաշած ձայնապնակները, հոգ չէ թէ մերթ ընդ մերթ կը խոստովանին, որ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը ունին 1915-ի (եւ անկէ առաջ սկսած) Ցեղասպանութիւնը ամբողջացնելու ծրագիրներ, դիտաւորութիւններ, կը գործադրեն զայն:

***

«Ռո՜ւհ, պալլեթ ըլ-պահըր» բացագանչելու կոչուած է հայրենասէր ու հայրենապաշտպան զանգուածը` թշնամիին գործակատարը դարձած իշխանաւոր խմբակին երեսին: Ահա թէ ինչո՛ւ անյետաձգելի է իշխանափոխութեան օր առաջ իրականացումը, որովհետեւ այս իշխանութիւնը, իր իւրաքանչիւր յաջորդ քայլէն ետք, ո՛չ միայն քաղաքական-հայրենապաշտպանութեան գետիններու, այլ նաեւ տնտեսական ու այլ ոլորտներու մէջ ժողովուրդին երեսին պիտի շպրտէ. «Ռո՜ւհ, պալլեթ ըլ-պահըր»:

25 հոկտեմբեր 2024

(*) Արաբերէնով շատ տարածուն եւ բազմիմաստ խօսք: Բառացիօրէն կը նշանակէ «Գնա՛, ծովը սալարկէ», այսինքն ինքզինքդ լծէ անիմաստ, անկարելի եւ արդիւնք չտուող գործի: Խորքին մէջ այս խօսքը ըսողը դիմացինին հանդէպ արհամարհանք ունի, սեփական սխալներով կը յոխորտայ, քիչ մըն ալ դիմացինին վրայ կը խնդայ:

 

Նախորդը

Վրաստանի Կացութիւնն Ու «Արգիլուած Պտուղ»-ը

Յաջորդը

Նո՛յն Ուղեգիծը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?