Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վտանգին Ընդառաջ` Միասնականութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Լիբանանի դէմ պատերազմը կը յամենայ. հակառակ թափուող դիւանագիտական, իրական կամ կեղծ, ճիգերուն, քանդումները կը շարունակուին, զոհերուն թիւը կ՛աճի ու վիրաւորները կը շատնան: Պատերազմը Իսրայէլի պետութեան եւ լիբանանեան Հըզպալլա անունը կրող դիմադրական շարժումին միջեւ է թէեւ, սակայն վնասուողը Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդն է, այն ժողովուրդը, որ արդէն յոգնած էր իրերայաջորդ տագնապներուն պատճառով: Մտահոգութիւնը արդարօրէն ըմբռնելի է, համատարած ու խոր:

Լրատուական միջոցները ձանձրալի ըլլալու չափ անդադար լուրեր կը հաղորդեն ռմբակոծումներու մասին, շինութիւններու քանդումի նկարներ կը հեռասփռեն, բախումներու մասին կը խօսին: Երկրի ամբողջ տարածքին կը գտնենք վտանգէն խուսափած գաղթականներ, որոնց կարիքները հոգալու համար կարգ մը երկիրներ օժանդակութիւններ կը հասցնեն օդային ճամբով:

Կատարուողին ու հաւանական հանգուցալուծման մասին քննարկումները եւ մեկնաբանութիւնները անհամար են: Տեսակէտներու տարբերութիւններ կան բնականաբար, սակայն ակներեւ ճիգ մը նշմարելի է տագնապին նկատմամբ գոնէ ձեւական ազգային միասնականութիւն մը ձեւաւորելու:

Ցարդ, հայերով բնակուած վայրերը դուրս կը մնան վտանգուած շրջաններէն: Ամէն մարդ գիտակից է սակայն, որ տագնապին բարդացումով, վտանգը կրնայ մօտենալ, նոյնիսկ ընդգրկել հայաբնակ շրջանները:

Ի՞նչ կ՛ընեն հայկական կազմակերպութիւնները վտանգալից այս պայմաններուն մէջ: 1975-ին սկսած Լիբանանի անունով քաղաքացիական, սակայն իրողապէս աշխարհաքաղաքական շահերու բախումով յատկանշուած պատերազմը կարեւոր նախընթաց մը կը հանդիսանայ ներկայ կացութեան յանձանձումին համար: Արդարեւ, ժամանակին հայկական երեք կուսակցութիւնները որդեգրեցին «դրական չէզոքութեան» քաղաքականութիւնը, որ կը կայանար ինքնապաշտպանութեան հաւաքական կազմակերպումին եւ կողմերու միջեւ հաղորդակցութեան միջոց հանդիսանալու պատրաստակամութեան մէջ: Զոհեր տուինք ու վնասներ կրեցինք, սակայն նուազագոյն չափով միայն: Մանաւանդ` մնացինք միասնական ու միակամ:

Տագնապին հնարաւոր զարգացումները նկատի ունենալով, անգամ մը եւս հայկական երեք կուսակցութիւնները Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը, որդեգրեցին հայ համայնքի պաշտպանութեան միտուած միասնական դիրքորոշում: Երեք կուսակցութիւններու Լիբանանի բարձրագոյն մարմինները ժողովուեցան բազմաթիւ անգամներ ու որոշեցին միասնական բաց նիստ յայտարարել: Կուսակցութիւններուն հետեւեցան զանազան կազմակերպութիւններ, կրօնական եւ մարդասիրական-բարեսիրական միութիւններ ու կառոյցներ:

Կուսակցական կազմակերպութիւններու պարզած միասկանութիւնը չի նշանակեր քաղաքական-գաղափարական կողմնորոշումներու համահարթեցում, գաղափարական վարդապետութիւններէ ու անոնցմէ բխող քաղաքական դիրքորոշումներէ առաջ գոյութիւն ունի համայնքի ապահովութեան, անոր կենսագործունէութիւնը պահպանելու համազգային անհրաժեշտութիւնը: Երբ պատերազմ է, երբ վտանգը կը սպառնայ բոլորին, տարբերութիւնները կը չէզոքանան, եւ հաւաքաբար կ՛որդեգրուի վտանգը դիմագրաւելու մարտավարութիւնը:

Կուսակցութիւնները անհրաժեշտ են ժողովուրդի գաղափարական ու քաղաքական դիրքորոշումները հունաւորելու, զանոնք սահմանելու ու ժողովրդականացնելու համար: Բոլոր տեսակի դիրքորոշումներէն եւ տարբերութիւններէն վեր գոյութիւն ունին հասարակաց արժէքներ, որոնք անշրջանցելի են: Տարակարծութիւնը համազգային արժէքները տարբերակելու մէջ չի կայանար, զանոնք պահպանելու ու զարգացնելու միջոցներուն կը վերաբերի: Պատերազմը այդ միջոցներն ալ իրարու կը մօտեցնէ, կը միաւորէ:

Ազգային գիտակցութեամբ օժտուած ժողովուրդները ահա՛ այսպէս կը վարուին: Սովորութիւն դարձած է քննադատել մեր անմիաբանութիւնը, որ պարզապէս առողջ բազմակարծութեան արտաքին երեւոյթն է: Բազմակարծութիւնը ժողովրդավար միջավայրերու մէջ բնական երեւոյթ է: Եթէ ազգի գոյութեան ստորոգելիները կը յարգուին, բազմակարծութիւնը վերանորոգումի եւ յառաջդիմութեան ազդակ կը դառնայ ու կը գոյացնէ ազգային ճշմարիտ միասնականութիւն` հիմնարար արժէքներու շուրջ:

Ողջունենք մեր քաղաքական կազմակերպութիւններու օրինակելի միակամութիւնը եւ մաղթենք, որ ան մնայուն դառնայ մեր գոյութեան ու ինքնուրոյնութեան սպառնացող բոլոր վտանգներուն պարագային:

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական Պատմութիւն Մը Կոմիտասի Կեանքէն (1869 Հոկտեմբեր 8 – 1935 Հոկտեմբեր 22)

Յաջորդը

Միջազգային Խլացնող Լռութիւն. Յուշարձաններ Կը Քանդեն, Բանակ Չունինք Եւ Մասամբ Նորին…

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?