Անգամ մը եւս ՊԷյրութը կ՛այրի, անգամ մը եւս ո՛չ իր հարցերուն կամ պայքարին համար: Ամէն օր լսուող լուրերը կ՛արթնցնեն յուշը, եւ ափսոսանքի լեղին կը շարունակէ տառապեցնել մեզ:
«Կարծեմ երբեք նման տողեր պիտի չգրուին Պէյրութի մասին, գոնէ` իմ սերունդի գրիչներուն կողմէ: Մեր Պէյրութը ղարպիյէն կամ շարքիյէն էր, հին փողոցներ չկային, կային քանդուող փողոցներ»:
Ասիկա գրեր էր Խաչիկը (ՏՂ)` կարդալէ ետք «Հալէպի հին թաղերը»:
Կարդացի իր տողերը եւ վրաս խուժեցին Պէյրութ ապրած տարիներուս յուշերը, Պէյրութի ա՛յն թաղերը, որոնց ծանօթ էի, եւ որոնք կարեւոր դարձեր էին ինծի համար: Որոշեցի յիշածներս գրի առնել, նախքան որ անոնք ալ անհետանան այլ յուշերու նման:
Ամէն օր կ՛ելլէի մայրապետներու վանքէն, ուր որպէս գիշերօթիկ կը մնայի, կ՛առնէի սերվիսը Ժըտէյտիի հրապարակէն, կ՛իջնէի Նահատակաց հրապարակին վրայ եւ հոնկէ կը քալէի մինչեւ երաժշտանոց, որ Ս. Նշան եկեղեցւոյ գրեթէ դիմացն էր, զառիվերին վրայ:
Հրապարակը մի՛շտ խճողուած կ՛ըլլար եւ ինծի` Հալէպ «գաւառ»-էն այս Փըթի Փաղին ինկածիս համար, նաեւ քիչիկ մը վախազդու:
Կը փորձէի վախս զսպել եւ չորս կողմս դիտել: Այդպէս էր, որ Սոլհ հրապարակին վրայ, դէպի երաժշտանոց գացող ճամբուն սկիզբի անկիւնը, Librarie Antoine-ը գտեր էի եւ օր մը, դասէս ետք մտայ հոն:
Աստուա՜ծ իմ, դրա՞խտ էր. կարծեմ առաջին մեծ, իրապէ՛ս մեծ գրախանութն էր, որ կը տեսնէի:
Դէպի վեր, կամ դէպի վար գացող աստիճաններուն վրայ նստած ընթերցող երիտասարդ-երիտասարդուհիները պարզապէս նախանձս շարժեցին: Որոշեցի, որ մի՛շտ պիտի գամ ու ես ալ իրենց պէս` աստիճաններուն վրայ նստած` գիրք կարդամ:
Նոյնիսկ այդ օրերուն մտածեր էի` «Բայց կրնամ գիրք չգնել (ուսանող էի եւ բոլոր ուսանողներուն նման` գրպանս մի՛շտ պարապ էր…), այլ ամէն օր գալ, նոյն գիրքը առնել եւ աստիճաններուն վրայ նստած` կարդալ մինչեւ վերջանայ»: Չէի գիտեր` արդեօ՞ք արտօնուած էր նման բան ընել, թէ՞ ի վերջոյ պիտի ստիպեն քեզ կա՛մ գնել գիրքը, կա՛մ ալ գրախանութ չգալ:
Առիթ չունեցայ, սակայն, այս ծրագիրս գործադրելու եւ գաղափարս հաստատելու կամ ջրելու:
Յետոյ սկսայ ապրիլ մեծ մօրաքոյր Զեքիէին տունը, որուն ամուսինը մինակը կ՛ապրէր, կնոջ մահէն ետք: Հայահոծ շրջան մըն էր Ուաթուաթը («Ո՛չ, ո՛չ, Ուէթուէթ», կը ճշդէ լիբանանցի Խաչիկը). կ՛ըսէին, թէ երբ հալէպահայեր եւ քրիստոնեայ հալէպցիներ Պէյրութ գաղթեր են, սկիզբը ա՛յդ շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատեր են: Նոյնիսկ անեքթոտ մըն ալ կայ.
հալէպցի կին մը թաքսի մը կ՛առնէ գացած տեղէն տուն վերադառնալու համար: Բայց երբ վարորդը տան հասցէն կը հարցնէ, կինը շլմորած կ՛ըսէ արաբերէնով.
– Ուա՜խ, մոռցայ:
– Հասկցայ,- կը պատասխանէ վարորդը խնդալով,- Ուախուախ փողոց, չէ՞:
– Այո՛ այո՛, յիշեցի, Ուաթուաթ փողոց,- կ՛ուրախանայ հալէպցի կինը:
Այնտեղ էր Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, որուն նուիրատուները` Փալանճեան քոյրերը, իրենց եղբօր յիշատակին համար կեանքի կոչած այդ հաստատութիւնը, եղած են… եգիպտահայ տիգրանակերտցիներ:
Այդ նեղ թաղին մէջ էր նաեւ նշանաւոր Եղիային փուռը, որ համեղ լահմաճուն կը պատրաստէր: Կիները միսը պատրաստած կը տանէին, իսկ փռապանը իրեն բաժին հասած պատրաստ լահմաճունները հատով կը ծախէր մեզի պէս տան մէջ եփող չունեցողներուն:
Կ՛ըսէին, որ այդ թաղին մէջ լիբանանահայ շատ նշանաւոր անձեր կը բնակէին. ես զանոնք չեմ ճանչցած դժբախտաբար, բայց անոնց մասին ի՜նչ աղուոր յուշեր պատմեր է Վեհանոյշը:
Կը յիշեմ, որ մեծ մօրաքրոջս տան թաղէն կրնայի դուրս, պողոտայ ելլել եւ քիչ մը ծովուն ուղղութեամբ քալելէ ետք կը հասնէի նշանաւոր Արլըքեն սրճարան-ծաղարանը:
Օր մը հաւաքեցի նոր գնած երեք գիրքերս, տետրակս եւ հոն, վերի յարկը ելայ կարդալու, գրելու եւ անշուշտ սուրճ մը խմելու: Բաւական նստելէ ետք անդրադարձայ, որ ոչ ոք եկաւ հարցնելու, թէ ի՞նչ կ՛ուզեմ խմել: Քիչ մըն ալ սպասեցի, յետոյ վար իջայ գիրքերս շալկած. երթալուս ժամն էր արդէն:
– Բայց ինչո՞ւ մէկը չեկաւ հարցնելու, թէ ի՛նչ կ՛ուզեմ խմել,- ըսի սպասեակին:
– Մտածեցի, որ մէկը կը սպասէիր,- ըսաւ խորամանկ ժպիտով:
Այդ ճամբան զառիվայրի վրայ էր, երկու կողմի շէնքերը այնքան ալ բարձր չէին, եւ ծովը կ՛երեւէր ամէն օր իր տարբեր տրամադրութիւններով, իր տարբեր, բայց մի՛շտ հմայիչ կապոյտով:
Պըրժ Էլ Մըրրը նոր սկսեր էր շինուիլ, եւ բարձրացող կրունկը տեսարանը սկսեր էր խանգարել:
Նոյն ճամբուն ձախ կողմն էր նաեւ Սըրսոք թանգարանը, որուն ցանկապատէն դուրս յորդող ծառն ու ծաղիկը երեւակայութիւնս կը բռնկեցնէր, ու երբ դարպասը բաց գտնէի, անխիպ կերպով կը դիտէի ներսի աղուոր պարտէզը:
Մէկ անգամ միայն առիթ ունեցայ այնտեղ ցուցադրութիւն մը դիտելու: Հոն գտայ Անիթա Թութիկեանին գործերն ու զինք: Հաճելի անակնկալ էր ինծի համար իր այնքան անսովոր կերպարը` համարձակ, ազատ, կայտառ, մի՛շտ ստեղծագործելու ընթացքին մէջ, որովհետեւ արուեստի իր գործերէն աւելի` կարծես ինքզինք էր, որ կը քանդակէր այդ պարիկը:
Այդ շրջանին մէջ էր ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան կեդրոնը, որուն շքեղութիւնը կարելի չէր պատկերացնել նեղ թաղին մէջէն ներս մտնելով:
Հսկայ շէնք մը, գետնի վրայ բազմաթիւ յարկերով, որուն վերջին յարկը տրամադրուած էր «Ասպետներուն», իսկ գետնին տակ` պասքեթպոլի դաշտով եւ կառատունով:
Յետոյ, դուրսի պողոտային վրայ կու գար «Արա Երեւանեան» ժողովրդային տունը, քիչ մը վեր` Հայկազեան համալսարանը, որ այդ օրերուն տակաւին քոլեճ էր:
Յետոյ կը սկսէր նշանաւոր Կարմիր պողոտան` Համրան, իր մայթեզրի հմայիչ սրճարաններով, Սարուլլա սինեմայով, ապակեպատ պետական ցուցասրահով…
Նոյն փողոցին վրայ էր քափուչիններու նշանաւոր եկեղեցին (ինչո՞ւ նշանաւոր, չեմ գիտեր) եւ անշուշտ Արա ………..եանին փենթ-հաուզը` ամբողջովին նոր մօտեցում մը տուն կամ յարկաբաժին ըսուածին: Արան մեր ազգականուհիներէն մէկուն հետ ամուսնացեր էր եւ դարձեր մեր գերդաստանին, կարծեմ, ամէնէն հարուստ փեսան: Ուղղակի ափ ի բերան մնացեր էի այդ տունը տեսնելով:
Համրան կը վերջանար ինծի համար հոն, ուր կը սկսէր Red Shoe-ն իր մեծ վաճառատունով:
Համրան, սակայն, նաեւ ու մանաւանդ իր մայթերուն վրայ ճեմողներով Համրա դարձեր էր` հմայիչ կիներ, որոնց մէջ աւելի աչքդ կը խածնէին միջին տարիքի հասուն կիները իրենց արդուզարդով, չսպառող պչրանքով, կեանքը խնձորի պէս խածնելով ուտելու անյագութեամբ: Իսկապէ՛ս մէկական տիպարներ էին անոնք, որոնց համար աշխարհը իրենց սրունքներուն տակ էր, իսկ կեանքը կը խոնարհէր իրենց հմայքին առջեւ:
Այս բոլորը` մայթերուն վրայ: Մայթերէն վար` վերջին նորոյթի ինքնաշարժներ, որոնց անունը լսեր էի, բայց պատկերներն իսկ տեսած չէի…
Վայելք էր հոն քալելը: Փողոցին սկիզբը կ՛իջնէի սերվիսէն եւ քալելով կ՛երթայի մօրաքրոջս տունը, որուն փողոցին ճի՛շդ դէմն էր ամերիկեան մշակոյթի կեդրոնը` Kenedy Center-ը: Թէ ի՛նչ կար հոն, չեմ յիշեր, բացի գրադարանէն, ուրկէ սկսեր էի գիրքեր փոխ առնել. ու երբ պատերազմին առաջին ահազանգը եկաւ, այդ կեդրոնը փակուեցաւ, իսկ փոխ առած գիրքերէս վերջինը մնաց քովս: Մինչեւ այսօր: Արդեօք որո՞ւ պէտք է վերադարձնեմ զայն…
Օտար քաղաք էր ինծի համար Պէյրութը, մանաւանդ` այդ առաջին տարին. հակառակ ատոր` կը սիրէի քալել մեր շրջանի նեղ թաղերուն մէջ, որոնք յատուկ հոտ մը ունէին, հաւանաբար` մենատուներու պարտէզներէն դուրս սպրդած. երկյարկանի գեղեցիկ մենատուներ, որոնց վրայ կը պսպղար լիբանանեան ճարտարապետութիւնը իր ուրոյնութեամբ: Փակ պատուհաններ, փոքրիկ պարտէզներ եւ թռչուններու ճռուողիւնով կէտադրուած լռութիւն: Կը քալէի եւ երեւակայութիւնս թափ կ՛առնէր` արդեօք ինչպէ՞ս է կեանքը այս տուներէն ներս, ուր, կը կարծէի, ապրիլը երջանկութիւն կրնայ պարգեւել ամէնէն տխուր մարդուն իսկ: Տակաւին հեռու էր պատերազմը, որուն կասկածն իսկ չունէի: Այդ օրերուն ոչ ոք ունէր այդ կասկածը, կամ` անոր ահաւոր տարողութեան գիտակցութիւնը:
Յետոյի օրերը բարի չեղան Պէյրութին եւ Լիբանանին համար:
Բարեբախտաբար մնացին յուշերը` թոռմած ծաղիկներու տխուր թախիծով:
Իսկ այսօր, նոր այս հրդեհին դիմաց, յուշերու այդ չոր ծաղիկներն իսկ լռութեամբ կը թափին, կը մաղուին… բարեբախտաբար` մեր սրտերուն մէջ մնալու համար: