Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Օո՞ւմ Ըրմեյննըս» («Ո՞ր Ընտանիքէն Ես»)

Նոյեմբեր 1, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

«Մենք լեռն ենք տակաւին», ռխ. խառն միջոցներ, 2020.
լուսանկար՝ Երեւան, Ա. Չիլոյեան-Ճանպազեանի, 2024

Ընտանիքի անդամներէն հազարաւոր քիլոմեթր հեռու ապրիլը յաճախ սիրտ կը ճմլէ, սակայն բախտաւոր եմ, որ ծնողքս գրեթէ, առանց բացառութեան, ամէն տարի Հայաստան կու գան այցելութեան: Այս տարի խելքս գլուխս հաւաքեցի, համոզեցի, որ աշնան գան` փոխանակ ամրան կիսուն, որ Օհանաւանի մեր պարտէզին անուշահամ պտուղներէն «օգտուին» (ինչպէս հոս կ՛ըսեն): Մտքովս անցաւ` ինչպէ՞ս պիտի դիմանան առանց մեր պէսպէս կեռասներուն, ոսկեգոյն ծիրանին ու համով սալորին:

Անոնց անմոռանալի այցելութեան ուրախութեան մէջ, սակայն, յանկարծ սրտաբեկ լուր մը ստացանք. տարիներ առաջ Թորոնթոյէն Հայաստան փոխադրուած մեր սիրելի ընտանեկան բարեկամը մահացած էր: Անակնկալ կորուստը խորապէս ցնցեց մեզ` տխուր շուք մը ձգելով միասին անցուցած մեր ուրախ ժամանակին վրայ:

Յուղարկաւորութեան կանուխ հասանք եւ որոշեցինք քալել եկեղեցւոյ կից այգիին մէջ: Մեզմէ ոչ մէկը նախապէս եղած էր հոն, եւ հետաքրքրական էր բացայայտել այս նորութիւնը: Մինչ կը թափառէինք, յանկարծ մեր դիմաց բարձրացաւ հսկայ ու գեղեցիկ, խորհրդային շրջանի յուշարձան մը` կառուցուած կարմիր տուֆով: Հետաքրքրուած` փնտռեցինք ցուցատախտակ մը կամ որեւէ նշան, որ կը բացատրէր, թէ ի՛նչ կը ներկայացնէր յուշարձանը: Չգտանք: Անհամբեր, հեռաձայնով «Ուիքիփետիա»-ն բացի, եւ սկսանք կարդալ անոր մասին: Պարզուեցաւ, որ յուշարձանը նուիրուած էր Սեբաստիոյ զաւակներուն, որոնք զոհուած էին Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին:

Մինչ կը կարդայինք, այգիին հոգատար պարտիզպանը` Աւետիսը, մօտեցաւ մեզի, հետաքրքրուած` յուշարձանին հանդէպ մեր ցուցաբերած ուշադրութեամբ: Բացատրեց, որ իրօք ան նուիրուած էր 1915-ի Ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ, եւ որ` ճարտարապետը Ռաֆայէլ Իսրայէլեանն է:

«Գիտե՞ս, Իսրայէլեան նաեւ ճարտարապետն է Սարդարապատի յուշահամալիրին եւ Մուսա Լերան յուշարձանին», ըսաւ հայրս` մուսալեռեան հպարտութեան երանգ մը իր ձայնին մէջ: Աւետիս խանդավառութեամբ գլուխը վեր ու վար շարժեց ու ըսաւ. «Ճի՛շդ. գիտե՞ս, մերոնք Ճեպել Մուսայից են եկել», ու կայծակնային արագութեամբ խօսակցութիւնը փոխուեցաւ Մուսա Լերան բարբառով:

«Վա՛յ. օ՞մ ըրմեյննես» («Ո՞ր ընտանիքէն ես»), հարցուց հայրս այն բարբառով, որմէ ես միայն պատառիկներ գիտէի…

Աւետիսը ծնած եւ մեծցած էր Հայաստան. Այնճարէն` հօրս ծննդավայրէն հայրենադարձներու զաւակ էր. անոնք եկած էին 1940-ականներուն, «Մեծ հայրենադարձութեան» ընթացքին: Անհաւատալի էր տեսնել այս մարդը, որ կը պահպանէր իր ժողովուրդին հազուադէպ լսուած բարբառը եւ այնքան բնականօրէն կը խօսակցէր հօրս հետ, որ այցելութեան եկած էր հազարաւոր քիլոմեթրերու հեռաւորութենէ:

Անոնց զրոյցը լսելով` յանկարծ մեղքի զգացում մը պատեց զիս: Ինչո՞ւ չէի սորված այս բարբառը, որ այնքան կարեւոր մաս կը կազմէր ընտանիքիս պատմութեան: Մտածեցի, թէ որքա՜ն բան կորսնցուցած եմ` չկարենալով լիովին հասկնալ իմ նախնիներուս լեզուն:

Այս հանդիպումը նաեւ ինծի մտածել տուաւ հայերէն բարբառներու այսօրուան վիճակին մասին: Մինչ արեւմտահայերէնը կը նկատուի վտանգուած լեզու, ի՞նչ է ճակատագիրը աւելի հազուադէպ հնչող, խօսուող բարբառներուն: Խօսակցութիւնը նաեւ մղեց զիս մտածելու Արցախի բարբառին մասին, բարբառ մը` բնիկ հայկական հողի մը, որ ճիշդ տարի մը առաջ «զտուեցաւ» իր հայկական բնակչութենէն: Արդեօք այդ բարբա՞ռն ալ պիտի մեռնի` ձուլուելով խօսակցական արեւելահայերէնին:

Հայրս մեր հանգուցեալ բարեկամին հետ, որուն վերջին հրաժեշտը տալու եկած էինք, կը խօսէր նոյն բարբառով, որով խօսեցաւ Աւետիսին հետ. մեր հանգուցեալ ընկերը քեսապցի էր եւ կը պատկանէր համայնքի մը, որ կը խօսէր շատ նման բարբառ մը: Ու մինչ կը լսէինք յուղարկաւորութեան շարականները եւ կը դիտէինք մեր բարեկամին դագաղը, որ եկեղեցիէն դուրս կը տարուէր, անդրադարձայ, որ այս հնամենի, անհետացող բարբառը այսօր մէկ խօսող պակաս ունի:

Աւետիսին հետ այս պատահական հանդիպումը կրնար տեղի ունենալ հաւանաբար միայն Հայաստանի մէջ, ուր այսպիսի կապերը մեր առօրեային բնական մաս դարձած են: Հոս փոխադրուելէն ի վեր վարժուած ենք հանդիպելու մարդոց, որոնք կը կիսեն մեր պատմութիւնը, մեր մշակոյթը, նոյնիսկ` մեր բարբառները. այնպիսի անձերու, որոնց ճամբան երբեք չենք հանդիպիր, եթէ սփիւռքի մէջ ըլլայինք:

Հայաստանի մէջ այս հանդիպումները պարզ զուգադիպութիւններէ աւելին են. անոնք կենդանի վկայութիւններ են մեր ինքնութեան: Ու մինչ կը սգանք մեր կորուստները` ըլլան անոնք սիրելիներ թէ բարբառներ, կը գիտակցինք նաեւ արժէքը այն անսպասելի կապերուն, զորս կը գտնենք հոս: Այս փորձառութիւնները կը յիշեցնեն մեզի մեր արմատներուն խորութիւնը եւ մեր ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ցոյց տալով,  թէ որքա՛ն դժուար, բայց եւ որքա՛ն կարեւոր է ոչ թէ պարզապէս պահպանել, այլ ապրեցնել մեր լեզուն:

«Թորոնթոհայ»
Հոկտեմբեր 2024

 

Նախորդը

Հայագիր Յօդուածագիրներու Ուշադրութեան

Յաջորդը

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?