Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայագիր Յօդուածագիրներու Ուշադրութեան

November 1, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Ա) Նորութիւն մը  չ՛ըլլար, եթէ ըսեմ, որ հայերէն ընթերցողներուն թիւը ահաւոր վայրէջք արձանագրած է հետեւեալ պատճառներով.

– Տարիքի պատճառած դժուարութիւններ, ինչպէս`  տեսողութեան վատթարացում:

– Նոր սերունդին մօտ անտարբերութիւն` առհասարակ ընթերցանութեան նկատմամբ, յատկապէս` հայկական նիւթերու մասին երկարապատում յօդուածներու:

Բ) Յարգելի հայագիր յօդուածագիրնե՛ր, ես ալ ներառեալ, մենք կը կարծենք, նոյնիսկ հաւատացած ենք, որ շատ կարեւոր հարցերու մասին կը գրենք, բայց իրական դաշտին վրայ պատկերը տարբեր է: Օրինակ, խաղքութեան (սքանտալային) բնոյթի գրութիւնները աւելի շատ ընթերցողներ կը հրաւիրեն, որովհետեւ վերջին տասնամեակներուն մամուլը վերածուեցաւ արդիւնաբերութեան եւ պիզնեսի ու յաջողեցաւ օգտագործել սովորական մահկանացուներուս նորութիւններու ետեւէն վազելու տկարութիւնը (օրինակ, այսինչ թագաժառանգին կինը… վիժեր է):

Հետեւաբար հայ ընթերցողներն ալ ինկան այդ ցանցին մէջ: Օրինակները բազմաթիւ են. ինչպէս Ն. Փաշինեանի հեծանիւով ժամանցը աւելի հետաքրքրական է, քան` արցախահայութեան ամէնօրեայ տառապանքը…

 

Գ) Ընթերցողներուն մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ «թեթեւ» նիւթեր կարդալ, իսկ նորօրեայ հանդիսականները խուժելով կը լեցնեն կատակ-կերուխումներու  կամ խրախճանքներու սրահները: Դժբախտաբար շատ քիչ է դասական եւ լուրջ բնաբաններով հետաքրքրուողներու թիւը: Այսօր հասարակ մահկանացուն հաճելի ժամանց (entertainment & fun) կը փնտռէ:

Պէտք չէ յուսահատինք սակայն, այլ ուղիներ փնտռենք յարմարելու նոր կացութեան` առանց մեր սկզբունքներէն հրաժարելու: Արեւմտաեւրոպական մամուլը, հեռուստացոյցն ու զանգուածային լրատուամիջոցները արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր որդեգրած են նոր մօտեցում մը` աշխատիլ հնարաւորինս քիչ բառերով շատ բան ըսել եւ խուսափիլ երկրորդական մանրամասնութիւններէ: Նոր մամուլը նաեւ կը խուսափի երկրորդական եւ միջանկեալ նախադասութիւններով ուռճացած պարբերութիւններէ:

Կան մասնագիտական պարբերականներ եւ հրատարակութիւններ, որոնք ունին իրենց յատուկ ընթերցողները: Սա այլ մակարդակի մամուլ է, ուր հեղինակները կրնան լրացուցիչ տեղեկութիւններու, ծանօթագրութիւններու եւ փաստերու առատութեամբ հանդէս գալ գիտական, հասարակական խնդիրներու, կրօնական մեկնաբանութիւններու, նոր հրատարակուած հատորի մը մասնագիտական գրախօսութեան եւ գրական նիւթերու շուրջ: Նկատած ենք, որ հայ մամուլին մէջ այսօրինակ գրութիւնները «էջեր կը լեցնեն», եւ մէկ կողմ կը դրուին տարիքը առած ընթերցողներու կողմէ, ա՛լ չեմ խօսիր այն մասին, թէ երիտասարդները ընդհանրապէս «կը ցատկեն» անոնց վրայէն…

ԿԱՐՃ ԳՐԵՆՔ, ՊԱՐԶ ԳՐԵՆՔ, ՄԵԾ-ՄԵԾ ԲԱՐԴ ՈՒ ԲԱՐԴԱԾԱՆՑ ԲԱԶՄԱՎԱՆԿ ԲԱՌԵՐՈՒ ՈՒԺԻՆ ՉԴԻՄԵՆՔ:

Բարեկամաբար`
ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

12 հոկտեմբեր 2024

 

Նախորդը

Ակնարկ. Ժամկէտաւոր Եւ Անժամկէտ Ուղերձներ

Յաջորդը

«Օո՞ւմ Ըրմեյննըս» («Ո՞ր Ընտանիքէն Ես»)

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.