ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Շատ հետաքրքիր մէկ անձ մ`անհաւատ,
Կ՛որոշէ փնտռել, գտնել վեհ Աստուած,
Որպէսզի ինքն ալ հաւատայ անոր
Փառքին ու ուժին ամենահզօր:
Կը հասնի մինչեւ վայր մ`անծայրածիր,
Ուր կը հանդիպի ալեւորին ծեր`
Ժայռին վրայ նստած, որ զինք կը սպասէր.
– Մինչեւ հոս եկար, ո՛վ անխելք, խեղճ մարդ,
Ուզեցիր գտնել զիս թերահաւատ,
Ահա զիս գտար, խօսէ, ի՛նչ կ՛ուզես,
Որպէսզի հանգչի ալ քու խիղճդ հեստ:
Ըսաւ ժպտելով Աստուած նոր հիւրին,
Որ պիշ աչքերով զննեց խորազնին:
– Ես եկայ, որ քեզ աչքերովս տեսնեմ,
Ունկերովս լսեմ, ո՛վ Տէր իմ վսեմ:
– Ահա զիս տեսար քու զոյգ աչքերովդ,
Լսեցիր խօսքերս երկու ունկերովդ,
Ուրեմն հիմա պիտի հաւատա՞ս
Աստուծոյ փառքին, կամքին ձեռնհաս,
Վասնզի ես ալ իմ կողքս ունիմ
Աստուածս, որուն խօսքերուն ուշիմ
Յար կը հետեւիմ կեանքիս ընթացքին,
Ամէն անգամ որ նեղի մատնուիմ:
– Ուրեմն, Տէր ի՛մ, որո՛ւ հաւատամ,
Քեզի՞, թէ՞ անոր, շուար եմ տարտամ:
– Գնա՛, հաւատա՛ դուն այն Աստուծոյ,
Որ կ՛ուղղէ քեզ յար խղճիդ անվրդով`
Բարիք գործելու, կեանքդ ապրելու,
Հաշտ խաղաղութիւն լոկ քարոզելու:
Լիբանան