Յօդուածներ

Վրաստանի Կացութիւնն Ու «Արգիլուած Պտուղ»-ը

Վրաստանի Կացութիւնն Ու «Արգիլուած Պտուղ»-ը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Վրաստանի մէջ շաբաթ 26 հոկտեմբերին տեղի ունեցած եւ իշխող Վրացական երազանք կուսակցութեան յաղթանակով աւարտած ընտրութիւնները արեւմտեան լրատուամիջոցներու կողմէ այնպէս ներկայացուեցան, որ կարծէք ընտրանքը ռուսամէտներու եւ եւրոպամէտներու միջեւ ըլլար: Իրողութեան մէջ, սակայն, Վրացական երազանքը ռուսամէտ չէ, Եւրոպական Միութեան համարկումէն չէ հրաժարած եւ Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման չի պատրաստուիր: Վրացական երազանքի եւրոպամէտ ըլլալու շօշափելի մէկ յաւելեալ ապացոյցը այն է,...

Անահիտ Ալեքսանեան (ԼԲ.)    Խենթութեան Եւ Ուշիմութեան Սահմանագիծին Վրայ…

Անահիտ Ալեքսանեան (ԼԲ.) Խենթութեան Եւ Ուշիմութեան Սահմանագիծին Վրայ…

ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ Պէրութ, 1978, յուլիս Առաջին անգամն էր, որ կը մտնէի «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրատունը հանդիպելու համար խմբագրապետին` Գերսամ Ահարոնեանին: Ան քաղաքավարութեամբ ոտքի վրայ ընդունեց զիս, ապա ով ըլլալս ստուգելէ ետք, աթոռ առաջարկեց ու սուրճ պատուիրեց: Անահիտէն բերած նամակը յանձնեցի իրեն, ստացաւ, ստուգելէ ետք, թէ ով է ղրկողը, աչքերուս նայեցաւ եւ ապա նստաւ, բացաւ ու կարդաց: Մէկ կողմ դնելէ ետք...

Հոյակապ Համերգ` Ի Պատիւ Կոմիտաս Վարդապետի Եւ Շարլ Ազնաւուրի, Սուրբ Ղազարի Մէջ

Հոյակապ Համերգ` Ի Պատիւ Կոմիտաս Վարդապետի Եւ Շարլ Ազնաւուրի, Սուրբ Ղազարի Մէջ

Անձրեւոտ աշնանային օր մը, Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը անմոռանալի համերգ մը տուաւ Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքին մէջ, Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ: Համերգը մաս կը կազմէր միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Աբբահօր մահուան 275-ամեակի տօնակատարութիւններուն եւ նուիրուած էր Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 155-ամեակին ու ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան հարիւրամեակին: Հայ եւ օտար ունկնդիրներու հոծ բազմութիւն մը ժամանած էր այս առիթով Սուրբ Ղազար: Հայր Համազասպ...

Համայնքներ Սահմաններէ Դուրս` Ջաւախքի Ճամբար

Համայնքներ Սահմաններէ Դուրս` Ջաւախքի Ճամբար

ՎԱՐԴԳԷՍ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ Նախորդ ամառ վայելեցի անհաւատալի փորձառութիւն մը` բոլորովին տարբեր աշխարհի մը մէջ: Տեղ մը, որուն մասին լսած էի միայն ուրիշներու վկայութիւններէ: Ջաւախք: Եթէ ինծի տարի մը առաջ հարցնէիք, թէ պիտի ուզէի՞ մեկնիլ Հայ օգնութեան միութեան կազմակերպութեամբ ճամբարի մը դէպի Ջաւախք, հարաւային Վրաստան` պատմական Հայաստան, պատասխանս յստակ ու կտրուկ կ՛ըլլար` «Անշուշտ ո՛չ»: Սակայն ժամանակի ընթացքին սկսայ հասկնալ, որ Ջաւախքի ճամբարը...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Թերթը, Ե-Թերթը, Եթերը… Եւ Երթը Կը Շարունակուի

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թերթը, Ե-Թերթը, Եթերը… Եւ Երթը Կը Շարունակուի

Իւրայատուկ եւ դիպուկ է Զահրատի մէկ կարճ (ու կտրուկ) բանաստեղծութիւնը, որուն վերնագիրն անգամ ` «Ինքնախօս»-ը խօսուն է: Ահաւասիկ «Ինքնախօս»-ը. Օր պիտի գայ Մարդիկ Խօսակիցէ զուրկ Խօսակիցի սով պիտի ունենան Եւ  պիտի Իրենք իրենց հետ խօսին զրուցեն Եւ  իրենք իրենց պիտի հարցնեն Եւ  իրենք իրենց Պատասխանը տան Պիտի հարցնեն-մարդիկը չկա՞ն Ու պատասխանեն-մարդիկը չկան Պիտի հասկնան թէ չկան չկան Ոչ մարդիկը կան...

Տոմս.  Սպիտակ Տունը Աճուրդի Հանուած Է…

Տոմս. Սպիտակ Տունը Աճուրդի Հանուած Է…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մօտաւորապէս 10 օր ետք ամերիկացիք քուէատուփ պիտի երթան ընտրելու համար հանրապետութեան յաջորդ նախագահը, խորհրդարանական ներկայացուցիչներ եւ քուէ տալու այս կամ այն օրինագիծին: Ինչպէս միշտ, այս տարի ալ լուսարձակները առաւելաբար կեդրոնացած են նախագահի յաւակնորդներուն եւ անոնց մղած ընտրապայքարին վրայ: Եթէ մրցակիցներուն (առաւելաբար Թրամփի) ցնդաբանութիւններէն եւ այլանդակ յայտարարութիւններէն բարձրացած աղմուկէն ու փոշիէն անդին նայինք, տեսանելի կ՛ըլլայ, որ նախագահական աթոռը աճուրդի...

Անահիտ Ալեքսանեան (ԼԲ.)  Խենթութեան Եւ Ուշիմութեան Սահմանագիծին Վրայ…

Անահիտ Ալեքսանեան (ԼԲ.) Խենթութեան Եւ Ուշիմութեան Սահմանագիծին Վրայ…

 ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ Անահիտ Ալեքսանեան Խօսքը ո՛չ Անահիտ դիցուհիի մասին է, եւ ոչ ալ Անահիտ Թոփջեանի: Այլ դաշնակահարուհիի մը, որ ուսանելու պատրուակին տակ Հայաստան եկած էր իր ցեղային արմատները որոնելու: Այդ օրերուն ամերիկահայ այլ ուսանողներ եւս կու գային հայրենիք, բայց  Անահիտը տարբեր էր...: Անոր համար կ՛ըսէին, որ` «Տաղանդաւոր է, սակայն տարօրինակ վարուելակերպ ունի, յաճախ կ՛առանձնանայ «Կարմիր անկիւնը», ժամերով դաշնամուր կը...

Կամուրջ` Աւանդութենէն Դէպի Վաղուան Տեսլական

Կամուրջ` Աւանդութենէն Դէպի Վաղուան Տեսլական

«Րաֆֆի Անտոնեան ունի ազգագրագէտի աչք եւ զգացողութիւն: Անոր պատկերած կտաւները տեսակ մը բանահիւսութիւն են նաեւ, որոնք կը պատմեն մուսալեռցիին առօրեան, անոր ընթացիկ կեանքը, մտահոգութիւններն ու ուրախութիւնները միաժամանակ: «Անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ տեղ մը կը դրսեւորուի խաղաղօրէն ապրելու ձգտումը, իսկ ուրիշ տեղ մը` անոր գոյատեւելու կիրքն ու պայքարը, ինչպէս` «Պարը»: Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Ծիրանին Րաֆֆի Անտոնեան գեղանկարիչի...

Հայկական «Գետաղ» Բեռնանաւուն Պատմութիւնը (1695-1702)

Հայկական «Գետաղ» Բեռնանաւուն Պատմութիւնը (1695-1702)

ՅԱԿՈԲ ՆԱԶԱՐԷԹԵԱՆ Երկու հայերու` խոճա Յովհաննէսի եւ խոճա Յակոբի պատկանող «Գետաղ» նաւը կը կշռէր մօտ 500 թոն, նաեւ իր վրայ կրնար բեռցնել աւելի քան 500 թոն ապրանք: «Գետաղ» նաւը 1698-ին Հնդկական ովկիանոսի Պենկալ քաղաքէն (Կալկաթա), ըստ յայտնաբերուած տեղեկագիրին (cargo declaration), կը բեռցնէ ոսկի, արծաթ, թանկարժէք լարեր, մետաքս, բամպակ, աֆիոն... եւ կ՛ուղղուի հնդկական Սուրաթ քաղաքը: Նոյն ժամանակ Բրիտանիոյ (Միացեալ Թագաւորութեան) ռազմանաւը...

Կանխելով Նոր Ալեքսանդրապոլ Մը. Հայաստանի Պետականութեան Գոյատեւման Ճակատագրական Որոնումը Եւ Միասին Գործելու Հրամայականը

Կանխելով Նոր Ալեքսանդրապոլ Մը. Հայաստանի Պետականութեան Գոյատեւման Ճակատագրական Որոնումը Եւ Միասին Գործելու Հրամայականը

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ 1920ի Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը պետականութեան փխրուն ըլլալուն ցայտուն յիշեցում մը կը հանդիսանայ. 2էն 3 Դեկտեմբեր 1920ին ստորագրուած՝ անիկա վերջ դրաւ հայ-թրքական պատերազմին, սակայն՝ աղէտալի գինով: Դաշնագիրը Հայաստանին ստիպեց Թուրքիոյ զիջիլ իր տարածքին կէսը, ներառեալ՝ Կարսի շրջանը եւ Սուրմալուի գաւառը, մինչ Նախիջեւանը, Շարուրը եւ Շահթախտը դրուեցան թրքական ժամանակաւոր հովանաւորութեան տակ: Անիկա նաեւ պարտադրեց ծանր զինուորական սահմանափակումներ եւ, փաստօրէն, վերջ դրաւ...

«Քանի՞ Աւարայր Եւ Քանի՞ Տէր Էլ Զօր»

«Քանի՞ Աւարայր Եւ Քանի՞ Տէր Էլ Զօր»

ՍԻԼՎԱ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ- ԻՍԿԻԿԵԱՆ - Տե՛ս, տե՛ս, սա՛ «չօճուխին» (մանուկին) ի՛նչ արտասանութիւն տուեր են, որ սորվի: Ինը տարեկանը ի՞նչ պիտի հասկնայ ջարդէն, Տէր Զօրէն... Խելքերնին սիրեմ: Մինչ ես մեծ ոգեւորութեամբ կը կրկնէի Ժագ Ս. Յակոբեանի բանաստեղծութիւններէն մէկը, մեր դրացուհին այս անհեթեթ խօսքը ըսաւ: Ներքուստ շատ վրդովեցայ, բայց մօրս դաստիարակութիւնը եւ քաղաքավարական օրէնքները կը պարտադրէին, որ լռեմ: Մտքովս հարց տուի. «Ո՞վ է...

«Տէր Աստուծոյ Մատուցանեցէ՛ք Ինչ Որ Ուխտով Խոստացաք. Եւ Դուք` Շրջակա՛յ Ազգեր, Ձեր Նուէրները Բերէ՛ք Ահաւորին» (Սղ 76.12)

Հաւատքի Խորացման Եւ Գործը Չյետաձգելու Անհրաժեշտութիւնը

ԱՐՄԷՆ ԱԲՂ. «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ` տեսնելու համար, թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ՞ պարզապէս իր անունը կը կրէք»                 (Բ. Կր 13.5): Իւրաքանչիւր նամակ, որ գրուած է Պօղոս առաքեալին կողմէ տուեալ եկեղեցւոյ մը համար, իր մէջ պատգամ մը, յորդոր մը, խրատ մը եւ կամ յանդիմանական բնոյթի խօսք մը կը բովանդակէ:...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Քաղցկեղը Եւ Մենք

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մեր Հոգեկան Առողջութիւնը

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Ամիսներէ ի վեր լիբանանցին կ՛ապրի ճգնաժամային պայմաններու մէջ: Կէս դարէ աւելի Լիբանանի մէջ տիրող տագնապալի իրավիճակը մեր բոլորին վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է, նաեւ պատճառ դարձած է, որ տանք մեր կեանքին վերաբերող զանազան որոշումներ` ըլլան անոնք ճիշդ կամ սխալ: Բայց եւ այնպէս, պէտք չէ մեր վճռական որոշումները տանք սարսափի, նեղութեան կամ բարկացած ժամանակ: Նոյնպէս սխալ է վճռականօրէն...

Յովսէփ Պապէթեանի Յիշատակին

Յովսէփ Պապէթեանի Յիշատակին

Քառասուն օրեր առաջ, երկարատեւ ու տանջալից հիւանդութենէ մը ետք կեանքին հրաժեշտ տուաւ Պուրճ Համուտի թաղապետներէն մէկը` Յովսէփ Պապէթեանը: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկզբնական շրջանին Յովսէփ Պապէթեան, հազիւ թեւակոխած երիտասարդական տարիքը, միացած էր Խաչիկ Պասմաճեանի ղեկավարած պահակներու խումբին: ՀՅ Դաշնակցութեան համակիր թաղեցին բծախնդրօրէն կատարեց թաղամասի ապահովութեան հսկողութիւնը եւ թաղեցիներու կարիքներու գոհացման պարտականութիւնը: Միաժամանակ ան թրծուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեամբ եւ շուտով, իր ծառայութիւնը...

Մեծ Հայ Մը Գնաց Յաւերժի Ուղիով`  Կտակելով Ազգի Ոգեկան Հարստութիւնը

Մեծ Հայ Մը Գնաց Յաւերժի Ուղիով` Կտակելով Ազգի Ոգեկան Հարստութիւնը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Արդէն շաբաթէ մը ի վեր Կարպիս Ափրիկեան հրաժեշտ տուած է աշխարհին: Ճակտի գիրը այնպէս է, որ անոր ալ զլացուած պիտի ըլլայ նախահայրերու կողքին, հայրենի հողի մէջ հանգչելու իրաւունքը: Ան հանդիսացաւ, գրեթէ դար մը, հայ մշակոյթին քուրմը  եւ եղաւ անոր անխոնջ սպասարկուն: Իր տաղանդով կրնար այլապէս դիրքեր նուաճել, բայց մնաց Կոմիտասի եւ Կանաչեանի ժառանգութեան ուղիղ գիծին վրայ, օտար դռներ...

Բացայայտուեցաւ Պաքուի Մէջ Գումարուելիք Կլիմայի Վեհաժողովին Վերաբերող ՄԱԿ-Ազրպէյճան Համաձայնագիրին Բովանդակութիւնը

Բացայայտուեցաւ Պաքուի Մէջ Գումարուելիք Կլիմայի Վեհաժողովին Վերաբերող ՄԱԿ-Ազրպէյճան Համաձայնագիրին Բովանդակութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Մինչ ՄԱԿ-ի Կլիմայի վեհաժողովը 11 նոյեմբերին պիտի գումարուի Պաքուի մէջ, հետզհետէ աւելի յստակ կը դառնայ, որ պէտք չէ արտօնութիւն տրուէր Ազրպէյճանին` նման հեղինակաւոր հաւաք մը հիւրընկալել: Արդարեւ, Պաքուի կողմէ Արցախի մէջ ի գործ դրուած ցեղային զտումներուն եւ Պաքուի բանտերուն մէջ անօրինաբար պահուող հայ գերիներուն վերաբերող հայկական բողոքներուն զուգահեռ, ամբողջ աշխարհին մէջ առարկութիւններ բարձրացած են նման  վեհաժողով մը կայացնելու...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Սլաք. ՆԱԹՕ-ն Պիտի Պատժէ (Եղեր)… Իսրայէլը (Կամ` Հասկցողին Քիչ Մը Բարեւ)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան պետը` Էնթընի Պլինքըն, պայուսակները հաւաքած` ճամբայ ինկած է դէպի Միջին Արեւելք, ամերիկեան եւ ՆԱԹՕ-ի գաղտնի սպասարկութեանց քուլիսներէն լուր մը սպրդած է (հաւատալը կամ չհաւատալը, ընթերցո՛ղ, իրաւունքդ է): Կ'ըսուի, թէ Արեւմուտքի զինուորական բազուկը, ի տես բազմահազարաւորներու սպանդին եւ համատարած քանդումին, խղճի խայթ ունեցեր է եւ որոշեր է դաս մը տալ Նեթանիահուի Իսրայէլին, մշակեր...

Եոհաննէս Լեփսիուս` Հայութեան Մոռցուած «Հրեշտակներ»-էն

Եոհաննէս Լեփսիուս` Հայութեան Մոռցուած «Հրեշտակներ»-էն

ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ հրատարակուած անցեալ յօդուածներուս մէջ յիշած էի «մոռցուած հրեշտակներ»-ուն մասին, որոնք, թէեւ` անկախ իրենց կամքէն, Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն ներկայ էին Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ուր զանազան պաշտօններ կը վարէին, բայց եւ այնպէս,  իրենց ազատ կամքով ջանացին եւ ճիգ թափեցին օգնելու հայ ժողովուրդին: Եոհաննէս Լեփսիուս մաս կը կազմէր այս «հրեշտակներ»-ուն… Ծնած է 1858-ին, Գերմանիոյ Փոցտամ քաղաքը, գիտնականի ընտանիքի...

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ Այնճարի մէջ ամառնային «Մեծարենցեան երեկոներ»-ու մշակութային ձեռնարկներուն այս տարուան  վերջինը նուիրուած էր լիբանանցի երաժիշտ, երգահան Զեքի Նասիֆի: Անիկա տեղի ունեցաւ կիրակի, 22 սեպտեմբեր 2024-ին Այնճարի Ղարիպեաններու «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ: Օրուան դասախօսն էր երկրագործական ճարտարագէտ Ուաժտի Պըրպերի, որ անցնող 12 տարիներու ընթացքին «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ տուած է ութ դասախօսութիւններ` նուիրուած լիբանանցի գրագէտներու, բանաստեղծներու, երաժիշտներու: Օրուան հանդիսավարն...

Աշխարհը Դատարկ Է Առանց Արձաններու

Աշխարհը Դատարկ Է Առանց Արձաններու

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Պահ մը երեւակայեցէք, որ ձեր բնակած քաղաքին մէջ ոչ մէկ արձան կամ քանդակ ըլլայ: Դատարկութիւն մը պիտի չզգա՞ք: Քաղաքակիրթ մարդիկ, ազգեր բազմաթիւ արձաններ կը կառուցեն, մինչ բարբարոսներ կը քանդեն: Ազրպէյճան ոչնչացումի այդպիսի մոլուցք ունի, իսկ միջազգային հանրութիւնը հանդիսատես ըլլալով` մեղսակից է: Արձանի արժէքի եւ ազդեցութեան մասին յօդուածներ հրապարակած են  ՍՈԼՎԱՆԿ եւ ՊԱՆԿԷԱ կայքերը: Կը ներկայացնենք հատուածներ: Ն. Արձանի...

Page 152 of 1110 1 … 151 152 153 … 1,110

Արխիւներ