Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 31, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Նիւ Եորքի Մէջ` Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Տարեկան Մեծարանքի Հանդիսութիւնը

Շաբաթ, հոկտեմբեր 19-ին, Նիւ Եորքի Քուինզ շրջանի «Թերաս ան տը փարք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին տարեկան մեծարանքի 18-րդ հանդիսութիւնը: Օրուան հանդիսավարը Վեհ Պզտիկեանն էր: Ան բեմ հրաւիրեց իր քոյրը` երգչուհի Յուշեր Պզտիկեանը, որ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները մեկնաբանելով` կատարեց մեծարանքի հանդիսութեան բացումը:

Ապա Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, որ կը ներկայացնէր Արեւելեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը, կատարեց բացման աղօթքը եւ օրհնեց սեղանները:

Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ-ի անդամ Արթուր Խաչատրեան:

Արեւելեան Ամերիկայի շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Արա Չալեան արտասանեց իր խօսքը: «Քիչ առաջ ձեռքի հեռաձայնիս ընծայած դիւրութիւնները օգտագործելով` ստուգեցի մեր Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի ջերմաստիճանը… 43 ֆեհրընհայթ (6 սելսիուըս) է: Կարծեմ կը հասկնաք, թէ ո՛ւր է միտքս: Առանձին չեմ: Բոլորս ալ հոն ենք: Մեր Արցախն է, ամէն գնով դարձեալ անոր տիրանալը եւ մեր քաջարի արցախահայութեան իր երկիրը վերադառնալը մեր պարտականութիւնն է», ըսաւ Չալեան: Ան ներկայացուց Հայ դատի գործունէութիւնը` շեշտելով, որ անիկա հետեւողական աշխատանք է, որուն իբրեւ արդիւնք` կարելի է իրականացնել մեկնակէտ եւ նպատակ:

Նայիրի Տիրացունեան (Նիւ Ճըրզի) ներկայացուց «Ազատութիւն» շքանշանով պարգեւատրուող ներկայացուցիչ Կրէյս Մենկը (դեմոկրատական, Նիւ Եորք), որ խստօրէն քննադատեց Պաքուի քաղաքականութիւնը:

Ապա խօսք առին նաեւ Նիւ Եորքի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Շանթել Նասրի եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գանձապահ Սթիւ Մեսրոպեան, որոնք շեշտեցին, որ բեղուն եղաւ անցեալ տարեշրջանը: «Մեր դէմ ցցուած անելները եւ դժուարութիւնները յաղթահարեցինք: Նախագահ Ճօ Պայտըն պատշաճօրէն ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն պատասխանատուութեան չկանչուեցաւ Ազրպէյճանի` Արցախի մէջ գործադրած ցեղային զտումին համար», ըսաւ Նասրի, իսկ Սթիւ Մեսրոպեան շեշտեց, որ հայանպաստ զանազան բանաձեւերու յաջողութեամբ, Հայ դատը պիտի շարունակէ գործել յաւելեալ կորովով: «Հայ դատի պահանջատիրութեամբ պայքարի ընթացքը զգալի յառաջխաղացք արձանագրած է», ըսաւ ան` շեշտելով, որ այս եւ նմանօրինակ յաղթանակներու պատիւը յատկապէս կը պատկանի երիտասարդութեան, որ վարժողական յատուկ ծրագիրներու կը հետեւի եւ, ըստ այնմ, ամենայն պատրաստակամութեամբ եւ հաւատարմութեամբ կը գործէ:

Ապա Մեսրոպեան ներկայացուց օրուան «Վահան Քարտաշեան» շքանշանակիր Անդրանիկ Պուտագեանը, որուն մօտէն ծանօթացած է տարեկան նաւապտոյտները կազմակերպելու ընթացքին:

«Շատ բան կը պարտիմ իմ ծնողքիս եւ ընտանիքիս: Անոնք ամէն գնով ուզեցին հայրենի դաստիարակութեամբ թրծել, եւ ահաւասիկ այսօր հպարտ եմ, որ կը ճանչցուիմ գաղութին մէջ` իբրեւ օրինակելի հայորդի», ըսաւ Պուտագեան:

Գաղութին մէջ կատարած իր հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանքին համար մեծարուեցաւ նաեւ երիտասարդ Թոնի Վարդանեանը, զոր ներկայացուց Շիքակոյի Հայ դատի յանձնախումբի գործօն անդամ Մարալ Աբրահամեանը: Վարդանեան նշեց, որ աննկուն պայքարելով` կարելի է սուրբ նպատակին հասնիլ: Ան նաեւ նշեց, որ դասեր պէտք է քաղենք մարդկութեան նկատմամբ կատարուած այլ յանցագործութիւններու ճանաչման եւ հատուցման օրինակներէն:

Օրուան վերջին պարգեւատրուողը յետմահու տոքթ. Արա Գաբրիէլեանն էր, ներկայութեամբ իր կողակիցին` Արեւիկին եւ զաւակին` Արմէնին:

Հանդիսավար Վեհ Պզտիկեան յատուկ մանրամասնութիւններով նկարագրեց լուսահոգի տոքթ. Արան, որ հակառակ Միացեալ Նահանգներ ծնած ըլլալուն, բացառիկ ճշգրտութեամբ կը տիրապետէր հայերէնին:

Արմէն Գաբրիէլեան իր հօր մասին խօսելով` յայտնեց, թէ որքա՛ն տպաւորութիւն ձգած է Արային կատարած հետեւողական աշխատանքը գաղութի զանազան բնագաւառներուն (ազգային, քաղաքական եւ մշակութային) մէջ: «Հպարտ եմ, որ այսպիսի հայր մը ունեցած եմ, որ հիմա վերէն կը հետեւի եւ իր կարգին հպարտ կը զգայ», ըսաւ Գաբրիէլեան:

Օրուան փակման եւ վերջին խօսքը արտասանեց Ուաշինկթընի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի պատասխանատու Րաֆֆի Համբարեանը, որ ամփոփելով օրուան հանդիսութիւնը` յայտնեց, թէ մեր պարտաւորութիւնն է հետեւողական ձեւով սուրբ գործը շարունակել: Ապա ան շեշտեց, որ միշտ պէտք է երիտասարդութիւնը ներգրաւել եւ գործի լծել: Ան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով, թէ պէտք է հետեւիլ Գարեգին Նժդեհի օրինակին եւ երբեք պէտք չէ վհատիլ: «Ահաւոր դժուար եւ դժնդակ օրեր կ՛ապրինք, բայց միասնաբար կարելի է յաղթահարել եւ յաղթել»:

Նախքան յայտագիրին անցնիլը` կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնք փոխանցուեցան Հայ դատի յանձնախումբի անձեռնմխելի հիմնադրամին: Նաեւ, կազմակերպուած աճուրդին շնորհիւ, գոյացաւ կոկիկ գումար մը:

Քանատա

ՀՅԴ ՔՊՄ «Իրաւունքը Ուժն Է Միայն» Կարգախօսով Համաքանատական Սեմինար-Բանակում

11-14 հոկտեմբերին Օթթաուայի Քրիսթի Լէյք բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութիւններու «Իրաւունքը ուժն է միայն» կարգախօսով համաքանատական սեմինար-բանակումը` մասնակցութեամբ Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Մոնրէալէն եւ Լաւալէն 140 պատանիներու եւ 25 վարիչ-պատասխանատուներու:

Սեմինար-բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ շաբաթ, 12 հոկտեմբերի առաւօտեան, դրօշակի արարողութեամբ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի երգեցողութեամբ:

Ապա պատանիները բաժնուեցան երեք տարբեր խումբերու: Չորս օրերու ընթացքին անոնք մասնակցեցան խաղերու եւ երգեցողութեան մրցոյթներու, նաեւ ունկնդրեցին դաստիարակչական նիւթեր:

Երէց պատանիներուն տրուեցան հետեւեալ նիւթերը. «Ուժի օրինակներ` մեր շուրջ եւ մեր պատմութեան էջերուն մէջ», բանախօս`  Արիանէ Թասլաքեան, «Ընկերային ցանցեր` պայքարելու նորօրեայ ուժեղ միջոց», բանախօս` Վազգէն Գարագաշեան, եւ «Հայ դատի յանձնախումբերու առաքելութիւնը», բանախօս` Սարօ Տէր Պետրոսեան, իսկ կրտսեր պատանիներուն` «ՀՅԴ զինանշանին մասնիկներն ու անոնց իմաստը», բանախօս` Սարգիս Գըլըպոզեան, «Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիրները», բանախօս` Կասիա Թաթիկեան, եւ «Արցախեան ազատագրական պայքարը», բանախօս` Վաչէ Այվազեան: Պատանիները յիշեցին Վարանգաթաղի բարձունքին ինկած հերոսները, որոնց կարգին էր նաեւ ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութիւններու նախկին վարիչ եւ դաստիարակ Քրիստափոր Արթինը, եւ ուխտեցին իրենց սեփական ուժերուն վստահելով` պաշտպանել իրենց իրաւունքները:

Սուրիա

 Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Պարգեւատրուեցաւ «Սուրիական Արժանեաց Գերազանց Կարգի Շքանշան»-ով

27 հոկտեմբերին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Գէորգեանը պարգեւատրեց «Սուրիական արժանեաց գերազանց կարգի շքանշան»-ով` որպէս գնահատանք Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման անոր բերած նպաստին:

Շքանշանը դեսպանին յանձնեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Պասամ Սապպաղ:

Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանի 100-Ամեակի Յիշատակում

Քեսապի Ազգային ուսումնասիրաց միացեալ երկրորդական վարժարանը 12 հոկտեմբեր 2024-ին նշեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը «Սարդարապատ» սրահին մէջ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի օրհնանքով` Ճեմարանին յատկացուած հանրակառքին, նուիրուած Բերիոյ հայոց թեմին կողմէ:

Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Ճեմարանի քայլերգներուն յաջորդող մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` ի յարգանս Ճեմարանի ննջեցեալ ուսուցիչներու յիշատակին, սկիզբ առաւ հանդիսութիւնը:

Հայերէն բացման խօսքը արտասանեց Ճեմարանի բարձրագոյն կարգերու հայրենաւանդ ուսուցչուհի, դաստիարակ, դոկտ. Շողեր Աշըգեան, որ արժեւորեց կրթական օճախին 100-ամեայ ժամանակահատուածը:

Արաբերէն բացման խօսք ուղղեց Ճեմարանի տնօրէն Վարուժան Փանոսեան:

Օրուան հանդիսավարներն էին մանկապարտիզպանուհի Դալար Թութիկեան- Գերպապեան եւ մանկապարտէզի ուսուցչուհի Մարինա Բէնդէզեան-Լնդեան, որոնք հերթականութեամբ բեմ հրաւիրեցին գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացնողները:

Պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Ճեմարանի 100 տարուան ամփոփ պատմականի տեսերիզը` պատրաստութեամբ միջնակարգի հայրենաւանդ ուսուցչուհի Սօսի Կարճիկեանի:

Այնուհետեւ «Գովք Քեսապի» երգով ելոյթ ունեցաւ Քեսապի սիրուած երգիչ Սեւակ Պետուրեան:

Խումբ մը շրջանաւարտներ եւ աշակերտներ ելոյթ ունեցան հայրենասիրական խմբային երգերով` ղեկավարութեամբ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Եսայի վրդ. Էօրտէքեանի, նուագակցութեամբ Էտի Ծիծաղեանի:

Յայտագիրի ընթացքին ցուցադրուեցան շնորհաւորական խօսքեր` յղուած սփիւռքի զանազան կողմերէն:

Ապա Եսայի վրդ. Էօրտէքեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ի ուղարկած Գիր օրհնութեան կոնդակը` Ճեմարանի 100-ամեակին առիթով, որ ունկնդրուեցաւ յոտնկայս:

Ազգային ուսումնասիրաց միացեալ ճեմարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Նշան Լնդեան ներկայացուց հոգաբարձութեան խօսքը, ապա յիշեց պարգեւատրեալ ուսուցիչ եւ տնօրէններու անուններ` Աբրահամ Կարճիկեան, Սօսի Թրթռեան եւ պարգեւատրեալ բարերար եղբայրներ` Սեպուհ, Հրաչ եւ Նշան Մանճիկեաններ, Պետրոս Մանճիկեան, եւ եղբայրներ` Ծերոն եւ Պետրոս Սաղտճեաններ, Նշան Պասմաճեան, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներու Ուսումնասիրաց միութիւնը, Քանատայի քեսապահայերը, Աւստրալիոյ քեսապահայերը եւ Լիբանանի Ուսումնասիրաց միութիւնը:

Անոնցմէ ներկայ էին եւ առաջնորդին ձեռամբ յուշանուէրներ ստացան` Ճեմարանի վաստակաւոր նախկին ուսուցիչ, տնօրէն եւ ազգային գործիչ Աբրահամ Կարճիկեան եւ Ճեմարանի մշտական բարերար Հրաչ Մանճիկեան:

Հուսկ, սրբազան հայրը շնորհաւորեց պարգեւատրեալները եւ իր սրտի խօսքին մէջ շեշտեց դպրոցին մեծ դերը հայապահպանութեան մէջ, ինչպէս նաեւ` ուսուցիչին ու դպրոցի պատասխանատուին նուիրուածութեան կարեւորութիւնը:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով:

Յոբելենական հանդիսութեան յաջորդեց ճաշկերոյթի երեկոյ «Սեւան» ճաշարանին մէջ:

Կիպրոս

«1974-2024. Կիպրոսի Գրաւեալ Շրջաններու Մշակութային Ժառանգութեան Քանդումի 50-Ամեայ Ընթացք» Խորագիրով Գիտաժողով

18 հոկտեմբերին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան, ընկերակցութեամբ Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեանի եւ Մոմիկ քհնյ. Հապէշեանի, ներկայ գտնուեցաւ Քիքքոյի վանքի Կրօններու եւ մշակոյթներու միջազգային հիմնարկի կազմակերպած «1974-2024. Կիպրոսի գրաւեալ շրջաններու մշակութային ժառանգութեան քանդումի 50-ամեայ ընթացք» խորագիրով միջազգային գիտաժողովին բացման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Արխանկելոս վանքի ժողովասրահին մէջ:

Բացման հանդիսութեան, հոգեւոր եւ պետական աւագանիին շարքին, խօսք առաւ նաեւ Կոմիտաս արք. Օհանեան, որ շնորհաւորեց գիտաժողովի կազմակերպիչները եւ թուեց Հայ եկեղեցւոյ սեփականութիւն հանդիսացող թէ՛ սրբավայրերը եւ թէ՛ ալ մշակութային եւ հոգեւոր արժեք ունեցող հնամեայ գանձերը: Իր խօսքի աւարտին սրբազանը յոյս յայտնեց, որ պիտի հասնի օրը, երբ գրաւեալ մեր սրբավայրերը պիտի վերանորոգուին ու վերակենդանանան եւ բոլորս միասնաբար պիտի աղօթենք անոնց մէջ:

Աւարտին սրբազան հայրը եւ իրեն ընկերակցող հոգեւոր հայրերը մասնակցեցան սարքուած ընդունելութեան եւ առիթը ունեցան անձնապէս զրուցելու ներկայ աշխարհական եւ հոգեւորական անձնաւորութիւններուն հետ:

Նոր Ջուղա

Սպահանի Հայոց Թեմի Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ Միաստուածեան Կրօններու Նահատակներուն Նուիրուած Համագումարին

Կազմակերպութեամբ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու  զօրամասին, 21 հոկտեմբերին Շիրազի մէջ տեղի ունեցաւ համագումար` նուիրուած միաստուածեան կրօններու նահատակներու յիշատակին:

Սոյն համագումարին, երկրի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողքին, ներկայ գտնուեցան նաեւ` Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Գեղարդ Մասնուրեան, Վարդան քհնյ. Աղապապայեան եւ Սպահանի ու հարաւային իրանահայութեան նահատակներու ու անձնուրացներու հարցերով կապ Զարեհ Ղարախանեան:

Նահատակներու գործն ու անձնազոհութիւնը արժեւորող խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Զարեհ Ղարախանեան:

Ձեռնարկին ընթացքին գնահատուեցան երկու հայ նահատակներու ընտանիքները:

Ատրպատական

Իսլամական Քարոզչութիւններու Կազմակերպութեան Պետական Կառոյցի Ներկայացուցիչներուն Այցելութիւնը Առաջնորդարան

22 հոկտեմբերին Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան Ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Թեհրանէն ժամանած պետական խումբի մը, որուն նպատակն է   Իսլամական քարոզչութեան կազմակերպութեան բարեյաջող գործընթացը վարել:

Սրբազան հայրը ողջունելով հիւրերը` անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող անհաւասար եւ անարդար պատերազմին, որուն զոհ կը դառնան անմեղ երեխաներ, կիներ եւ տարեցներ: Ան ըսաւ, որ աշխարհը լուռ է սիոնիստական կառավարութեան կազմակերպած անխնայ սպանդին, որ սկսելով Կազայէն` այժմ հասաւ Լիբանան:

Պետական ներկայացուցիչները հերթաբար խօսք առնելով` իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին սրբազան հօր բոլոր արտայայտութիւններուն, յատկապէս վերյիշելով` Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող վայրագ արարքները, ղեկավար տարրերու սպանութիւնը, ժողովուրդի բնակարաններու դէմ գործուած աղէտներն ու անմեղ ժողովուրդի կոտորածը:

Նետերլանտներ

Խաչքարի Օրհնութեան Եւ Օծման Կարգ

19 հոկտեմբերին Նետերլանտներու Նիուվեխայն քաղաքի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուեցաւ խաչքարի օրհնութեան եւ օծման կարգ` ձեռամբ արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեանի, ներկայութեամբ` Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիքթոր Պիագովի, Նիուվեխայնի քաղաքապետ Մարայկէ վան Պէուկերինկի եւ  իր խորհրդականին Ճոն վան Էնկելենի, նաեւ` հայ համայնքի ներկայացուցիչներու:

Խաչքար-յուշարձանին հեղինակը խաչքարագործ-նկարիչ Արտակ Համբարձումեանն է, իսկ յուշակոթողը կառուցուած է բարերար Արմէն Աւանեսովի աջակցութեամբ: Անիկա նուիրուած է հոլանտացի բարեկամ ժողովուրդին` ի նշան հայ համայնքի բարեկամութեան եւ երախտագիտութեան:

20 հոկտեմբերին Ամսթերտամի Ս. Հոգի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագի աւարտին սրբազան հօր ձեռամբ քսանմէկ պատանիներ եւ երիտասարդներ ստացան դպրութեան, հինգ երիտասարդներ` կիսասարկաւագութեան աստիճան, իսկ վեց երեխաներ օրհնութիւն ստացան խորան բարձրանալու: Սրբազանը օրհնեց նաեւ եկեղեցւոյ երգչախումբին անդամները:

Արարողութեան աւարտին սրբազանը եկեղեցւոյ հովիւին յանձնեց նոր օրհնուած սրբալոյս միւռոնը, որով կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն:

Հնդկաստան

«Envoy Excellency» Ամսագիրը Հրատարակած Է Հայաստանին Նուիրուած Յատուկ Թիւ Մը

Հնդկական «Envoy Excellency» հեղինակաւոր ամսագիրը հրատարակած է  Հայաստանին նուիրուած յատուկ թիւ մը:

Ամսագրին մէջ ներառուած են Հայաստանի պատմութեան, մշակութային ժառանգութեան, տեսարժան վայրերու, խոհանոցի, ներդրումային միջավայրի մասին ուշագրաւ տեղեկութիւններ:

Հրատարակութիւնը յատուկ էջ մը նուիրած է Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին:

Իսկ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աֆեանի հարցազրոյցին մէջ արծարծուած են հայ-հնդկական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Գենիա Մուրադեան

Յաջորդը

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Պարգեւատրուեցաւ «Լապիպ Մատանաթ» Մրցանակով

RelatedPosts

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?