Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 30, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակին Մէջ Կայացաւ Յուշ-Ցերեկոյթ` Նուիրուած Պետիկ Հերկելեանի

18 հոկտեմբերին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին մէջ կայացաւ յուշ-ցերեկոյթ` նուիրուած լիբանանահայ բանաստեղծ, արձակագիր, գրականագէտ Պետիկ Հերկելեանի (Պետրոս Հերեան) յիշատակին:

Յուշ-ցերեկոյթին ներկայացուեցաւ անոր ստեղծագործութիւններու «Ընտրանի» ժողովածուն, որ կ՛ընդգրկէ հեղինակին կենդանութեան օրօք եւ յետմահու լոյս տեսած բոլոր գործերը: Գիրքը կազմողն ու խմբագիրը գրականագէտ Ալեքսանդր Թոփչեանն է, իսկ այն լոյս տեսած է 2020 թուականին:

Յուշ-ցերեկոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան գրողին մտերիմները, գրականագէտներ եւ համազգայնականներ, նախաձեռնութիւնն էր Պետիկին եղբօր` Մովսէս Հերկելեանի:

Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանը:

Գրողին ստեղծագործական կեանքին, անոր ձգած գրական ժառանգութեան մասին խօսք արտասանեց գրականագէտ Սուրէն Աբրահամեանը:

Լիբանանահայ վաստակաշատ մանկավարժ Տիգրան Ճինպաշեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Պետիկը ճանչցած էր մօտիկէն եւ առանձնացուց այն, որ ան բացառիկ տաղանդի տէր մարդ էր, եւ անոր ձգած գրական գործերը տակաւին երկար պիտի կարդացուին ու ապրին:

Իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին նաեւ Պետիկ Հերկելեանի ընկերները` Սարգիս Ետելեանը, Արէն Յովսէփեանը, Յովսէփ Սեֆերեանը, Սարգիս Զէյթլեանը:

Գրողին ստեղծագործութիւններուն մասին գրականագիտական հայեացքներով կիսուեցաւ գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեանը:

Անոր ստեղծագործութիւններուն առանձնայատկութիւններուն անդրադարձան բանաստեղծներ Յակոբ Մովսէսը եւ Հենրիկ Էդոյեանը, որ նշեց. «Երբ բանաստեղծները կը մահանան, անոնց ձգած գրականութիւնը կը մնայ: Այս կը նշանակէ, որ բանաստեղծները մահ չունին: Այո՛, այդպիսի «սովորոյթ» ունին իրական բանաստեղծները: Պետիկը անոնցմէ մէկն է»:

Ցերեկոյթի ընթացքին Ցոլեր Շխրտմեան, որ եղած է գրագէտին աշակերտուհին, ասմունքեց «Հմայքի տղան» բանաստեղծութիւնը:

Մովսէս Հերկելեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին` իր փափաքին ընդառաջելուն եւ մտերմիկ միջավայրի մէջ ձեռնարկ կազմակերպելուն համար: Աւարտին ներկաները նուէր ստացան հեղինակին գիրքերէն:

Կայացաւ ՀՕՄ–ի Արցախի Միաւորի 19-րդ Ընդհանուր Ժողովը

Հոկտեմբեր 13-ին Երեւանի մէջ կայացաւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի անդամակցական 19-րդ Ընդհանուր ժողովը: Առաջին անգամ Արցախի սահմաններէն դուրս կայացած ժողովը լսեց ու քննարկեց միաւորի վարչութեան 15-ամսեայ գործունէութիւնը եւ նախանշեց յառաջիկայ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները:

Ժողովին ներկայ գտնուեցան` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեանը, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեանը, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանը: Ժողովը շեշտեց ՀՕՄ-ի միաւորի գործունէութիւնը` իբրեւ արցախցիները միաւորող, անոնց հարցերը եւ կարիքները հասցէագրող արցախեան եզակի կազմակերպութիւններէն մէկը: Ընտրուեցաւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութեան նոր կազմ:

Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորի ատենապետուհի վերընտրուեցաւ Մելանիա Բալայեանը:

Համազգայինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ճարտարապետութեան Եւ Շինարարութեան Հայաստանի Ազգային Համալսարան

Հոկտեմբեր 17-ին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արա Գէորգեան (Լիբանան) եւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան այցելեցին Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարան:

Անոնք հանդիպեցան ճարտարապետութեան թեկնածու, փրոֆեսէօր Էմմա Յարութիւնեանին հետ, քննարկուեցաւ հոկտեմբեր 15-ին Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի Ճարտարապետներու պալատի համագործակցութեամբ տեղի ունեցած գիտաժողովին աշխատանքը, որ նուիրուած էր Յովհաննէս Քաջազնունիի` իբրեւ ճարտարապետի: Էմմա Յարութիւնեան բարձր գնահատեց գիտաժողովի նշանակութիւնն ու կազմակերպչական բարձր մակարդակը եւ յուսաց, որ համագործակցութիւնը շարունակական կ՛ըլլայ:

Նշենք նաեւ, որ հոկտեմբեր 16-ին Արա Գէորգեան այցելեց նաեւ Ալ. Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան եւ տեսակցեցաւ տնօրէն Զարուհի Հայրապետեանին հետ: Անոնք քննարկեցին հետագայ համագործակցութեան եւ միացեալ ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւններուն վերաբերեալ հարցեր:

Զարուհի Հայրապետեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց Քաջազնունիի նուիրուած գիտաժողովին համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց թանգարանին հետ հետագայ համագործակցութեան համար: Այս հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ճարտարապետութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր Աշոտ Գրիգորեանը:

Գարեգին Բ. Միջազգային Քրէական Դատարանի Նախկին Նախագահին Ուշադրութեան Յանձնեց Ազրպէյճանի Ծաւալապաշտական Նկրտումները

22 հոկտեմբերին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Էջմիածինի մէջ ընդունեց Միջազգային քրէական դատարանի (ICC) նախկին նախագահ Սիլվիա Ալեխանտրա Ֆերնանտեզ տէ Կուրմենտին:

Կաթողիկոսը ներկայացուց տարածաշրջանին կացութիւնը` մտահոգութեամբ արձանագրելով, որ Ազրպէյճան ուժի կիրարկումով, սպառնալիքի գործադրութեամբ եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներով կը շարունակէ իր ծաւալապաշտական նկրտումները եւ Հայաստանին նոր պահանջներ կը ներկայացնէ:

Այս ծիրին մէջ Գարեգին Բ. անդրադարձաւ նաեւ հայ ժողովուրդին դիմաց ծառացած ապահովական հիմնահարցերուն` կարեւոր նկատելով միջազգային զանազան իրաւական կառոյցներու գործուն քայլեր ձեռնարկելը Հայաստանի եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, մինչ օրս Պաքուի մէջ պահուող գերիներու վերադարձի, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան նկատմամբ իրականացուած ցեղասպան գործողութիւններու դատապարտման ուղղութեամբ:

Վեհափառը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց տէ Կուրմենտի արդարադատութեան ոլորտին մէջ ներդրած ջանքերուն եւ հայ ժողովուրդի զաւակներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար:

Զրոյցին ընթացքին տէ Կուրմենտի տեղեկացուց, որ իր այցելութեան նպատակը Հայաստանին աջակցութիւն ցուցաբերելն է միջազգային քրէական իրաւունքի եւ արդարադատութեան ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` քննարկելու Միջազգային քրէական դատարանին հետ արդիւնաւէտ գործակցութեան ընդլայնումը:

Արցախի Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Հարցերով Յանձնախումբի Ամբողջական Կազմով Հաւաք

18-20 հոկտեմբերին Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբը իր ամբողջական կազմով հանդիպում ունեցաւ Երեւանի մէջ:

Յանձնախումբը հանդիպումներ ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու, Արցախի թեմի առաջնորդին հետ, ինչպէս նաեւ` Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին տեղեկութիւններ տրուեցան իրականացուած աշխատանքներուն եւ ապագայ կատարուելիքներուն մասին:

Եռօրեայ հանդիպումներու ընթացքին յանձնախումբը կարեւոր նկատելով նախորդիւ իրականացուած աշխատանքը` գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ Արցախի ժողովուրդին հաւաքական, ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքի հարցը տարբեր ձեւաչափերով բարձրաձայնուած եւ արձանագրուած է շարք մը պետութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու յայտարարութիւններուն մէջ: Այս հանգամանքը հիմք կը ստեղծէ յանձնախումբի գործունէութեան երկրորդ փուլի մեկնարկին համար, որ միտուած է ամրագրելու եւ զարգացնելու արձանագրուած արդիւնքը եւ ջանքեր գործադրելու վերադարձի իրաւունքի շուրջ քննարկումներուն համար անհրաժեշտ միջազգային բանակցային ձեւաչափի ստեղծման ուղղութեամբ:

Յանձնախումբին կողմէ քննարկուեցան յառաջիկայ վեց ամիսներուն իրականացուելիք աշխատանքները, որոնք կը ներառեն` Արցախի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութեան, հանրային եւ սեփական գոյքի պաշտպանութեան, Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձի ու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան տեսանկիւնէ կենսական կարեւորութեան այլ ուղղութիւններ:

Այս հարցերուն ուղղութեամբ համադրուած գործելու անհրաժեշտութեան օրակարգով յանձնախումբին եւ «Հայաքուէ» նախաձեռնութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ կլոր սեղան-քննարկում, որուն մասնակցեցան Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական, հասարակական, դիւանագիտական եւ վերլուծական շրջանակներու չորս տասնեակէ աւելի մասնակիցներ:

Յանձնախումբը վերահաստատեց վերոնշեալ նպատակներուն հասնելու ուղղութեամբ բոլոր շահագրգիռ կազմակերպութիւններու եւ անհատներու հետ համագործակցութեան իր պատրաստակամութիւնը:

Խոստման Արարողութիւն` ՀՅԴ–ի Անդամ, Ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի Շիրիմին Վրայ

13 հոկտեմբերին ՀՅԴ-ի անդամ, արցախեան պայքարի նահատակ, ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի շիրիմին վրայ տեղի ունեցաւ խոստման արարողութիւն: Այս մասին գրուած է «ՀՅԴ Հայաստան»-ի Դիմատետրի էջին վրայ:

«Մէկ տասնեակէ աւելի երիտասարդներ անցնելով օժանդակ շրջան, ծանօթանալով ՀՅԴ-ին պատմութեան եւ գործունէութեան` մասնակցած են խոստման արարողութեան եւ անդամակցած ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան:

«Բարի գալուստ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիք, սիրելի՛ ընկերներ», նշուեցաւ գրառումին մէջ:

Գանձասար Վանքի Բանալիները Յանձնուեցան Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանի` Արցախ Վերադարձի Հաւատքով

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան այցելեց Լոռիի մարզի Տաշիր քաղաք: Այս մասին հաղորդեցին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմէն:

Գուգարաց թեմի առաջնորդ Յովնան եպս. Յակոբեանի օրհնութեամբ եւ «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամի կազմակերպութեամբ, Տաշիրի մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Վրթանէս սրբազանի հանդիպումը արցախցիներուն հետ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ Տաշիր քաղաքի եւ յարակից գիւղերու մէջ բնակութիւն հաստատած արցախահայութիւնը:

Վրթանէս սրբազան հարցումներու միջոցով ընդհանուր պատկերացում կազմեց յիշեալ համայնքին մէջ բնակող արցախցիներու կացութեան մասին:

Հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ հետաքրքրական միջադէպ. Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի բնակիչներէն մէկը մօտեցաւ սրբազանին եւ յանձնեց բանալիներ: Բացայայտուեցաւ, որ վերջինս Գոռ Բաղդասարեանի ընկերն է, որ 1990-ական թուականներուն Գանձասարը պաշտպանողներու շարքին մաս կը կազմէր: 2023 թուականի տարհանման ժամանակ Գոռը իրեն հետ վերցուցած էր Գանձասարի վանքի բանալիները: Հանդիպման ժամանակ անոր ընկերը բանալիները յանձնեց Վրթանէս սրբազանին` յուսալով, որ բոլորը վերստին կը վերադառնան հայրենի Արցախ եւ նոյն բանալիներով կը բանան հնագոյն վանական համալիրին դռները:

Օրուան աւարտին սրբազան հայրը այցելեց Լեռնահովիտ բնակավայրը հաստատուած արցախցի ընտանիքի մը` ծանօթանալու տեղահանուածներու ներկայ իրավիճակին:

Խորհրդատուական Հանրութեան Տարուան Մասնակցեցան Շուրջ 30 Երկիրներէ Ներկայացուցիչներ

Հոկտեմբեր 7-11 Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կայացաւ միջազգային ամէնէն հեղինակաւոր Միջազգային CMC համաժողովը` Հայաստանեան խորհրդատուական եւ գործարար համայնքի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը: Աւելի քան 150 մասնակից եւ խորհրդատու 30 երկիրներէ եկան Հայաստան` քննարկելու խորհրդատուական ոլորտի նորամուծութիւնները եւ առաջնահերթութիւնները:

«Համաժողովի յաջողութիւնը ակնյայտ է, եւ ես յատկապէս կարեւոր կը նկատեմ այն, որ Հայաստանի մէջ կայացաւ այսպիսի հեղինակաւոր միջոցառում` Միջազգային CMC համաժողովը, որուն ընթացքին ձեւաւորուեցան շարք մը կարեւոր գործընկերային համաձայնութիւններ, որոնք ապագային պիտի ունենան էական ազդեցութիւն մեր երկրի խորհրդատուական եւ գործարար համայնքներու զարգացման վրայ: IMC Armenia-ի տարեկան համաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան եկան նաեւ աւելի քան 45 պատուիրակներ, եւ միջազգային խորհուրդի կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուած խորհրդատուական համագումարը գնահատուեցաւ իբրեւ լաւագոյնը», ըսաւ IMC Armenia-ի գործադիր տնօրէն Սիլվա Մեսրոպեանը:

«Եուքոմ» ընկերութիւնը CMC համաժողովի արհեստագիտական գործընկերն էր: Համագործակցութեան շրջանակներու մէջ, «Եուքոմ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան համաժողովին հանդէս եկաւ «Արհեստագիտական յառաջընթացը եւ կայուն շրջակայ միջավայրը» խորագրեալ նիւթով: Միջազգային CMC համաժողովը ընդգրկեց բազմազան նիւթեր` ուղղուած արհեստագիտութիւններու, կայունութեան եւ առեւտուրի վերափոխման:

Հիմնականօրէն արտասանուած խօսքերուն մէջ անդրադարձ կատարուեցան արհեստական բանականութեան եւ մարդամեքենաներու զարգացման, ինչպէս նաեւ հրապարակման եւ առեւտուրի կայունութեան ապագային: Թուային փոխակերպման եւ կայուն զարգացման խորհրդատուութեան մասին արտասանուած խօսքերուն մէջ կարեւոր նկատուեցաւ կայուն գործելակերպի ու կառավարման դերը ժամանակակից ընկերութիւններու մէջ:

Համաժողովի քննարկումները անդրադարձան ապագայի աշխատաշուկայի աշխուժութեան, արհեստական բանականութեան ազդեցութեան արդիւնաբերութեան վերափոխման գործընթացին եւ  թուային միջավայրին մէջ առեւտուրներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն` շեշտելով նորարարական գործիքներու կիրարկումը փոփոխուող աշխարհին մէջ:

Վարպետութեան դասերը կարելիութիւն ընձեռեցին ձեռք բերելու գործնական գիտելիքներ` անդրադառնալով արհեստագիտութիւններուն, կայունութեան, թուային փոխակերպման եւ ղեկավարման շարք մը նորարար գործիքներուն:

Համաժողովի օրերուն` հոկտեմբեր 9-ին, տեղի ունեցաւ նաեւ «Կոնստանտինուս» միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը, որ կը համարուի խորհրդատուական ոլորտի «Օսքարը»: «Կոնստանտինուս»-ը մրցանակներ սահմանած էր խորհրդատուական ոլորտին մէջ նորարարական լուծումներ առաջարկող ծրագիրներու համար, եւ յաղթող ճանչցուեցան 9 երկիրներէ ներկայացուած նախագիծներ: Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած էին նաեւ հայկական ընկերութիւններ ու նախաձեռնութիւններ:

Հայաստանի ազգային յաղթողի կոչման արժանացաւ «Հայաստանի մէջ օրկանական պարարտանիւթերու ոլորտի գնահատում եւ աջակցութիւն Հայաստանի կառավարութեան` ծախս-շահոյթ եւ արժեշղթայի ուսումնասիրութիւններու գործին մէջ» նախագիծը (Assessment of organic origin fertilizers sector status in Armenia and support to the GoA with cost-benefit and VC studies):

Հնագէտներ Կը Յայտնաբերեն Հայաստանի Ամէնէն Հին Եկեղեցին

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Գերմանիոյ Միւնսթերի համալսարանի հնագէտները Հայաստանի հնագոյն Արտաշատ քաղաքին մէջ յայտնաբերեցին նախապէս անծանօթ վաղ քրիստոնէական եկեղեցւոյ մը մնացորդները:

Ութանկիւն շինութիւնը խաչաձեւ շառաւիղ տարածութիւններ ունի: Գիտնականներուն խումբը պեղած է եկեղեցւոյ մէկ մասը եւ զայն ուսումնասիրած է:

«Չորրորդ դարու շինութիւնը երկրի հնագիտական կերպով փաստագրուած ամէնէն հին եկեղեցին է, որ կը ներկայացնէ վաղ քրիստոնէութեան զգայացունց ապացոյցները Հայաստանի մէջ», կ՛ըսէ Միւնսթերի համալսարանի դասախօս Ախիմ Լիխթենպերկեր:

«Ութանկիւն եկեղեցիները հոս ցարդ անծանօթ էին, բայց մեզի շատ ծանօթ է արեւելեան Միջերկրականի տարածաշրջանէն, ուր անոնք առաջին անգամ յայտնուած են 4-րդ դարուն», կ՛աւելցնէ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի դոկտոր Մկրտիչ Զարդարեան:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Գերիշխանութիւնը Պարտադրելու Ջանքեր Եւ Արցախահայութեան Հինգերորդ Համագումարը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անհաւատը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 13, 2025
Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր Եւ Էջմիածին
Հայրենի Կեանք

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր Եւ Էջմիածին

Յուլիս 31, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?