Հայաստան Կ՛արգելակէ Արցախեան Ժապաւէնի Առաջադրումը «Օսքար»-ի Մրցումին
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Նախորդ շաբթուան յօդուածիս մէջ ես քննադատած էի Յորդանանի կառավարութիւնը` Ազրպէյճանի ճնշման տակ Արցախի վերաբերող վաւերագրական ժապաւէնի «Օսքար»-ի մրցումի առաջադրումը յետս կոչելուն համար: Թէեւ բաւականին վատ է, որ Ազրպէյճանի նման թշնամի երկիրը կը խոչընդոտէ Արցախի մասին ժապաւէնի առաջադրումը, սակայն շատ աւելի վատ է, երբ Հայաստան ի՛նք կը հրաժարի Արցախի մասին ժապաւէնը մրցումին առաջադրելէ: Հայկական ազգային շարժապատկերի ակադեմիան որոշած է...



















