Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արցախի «Մե՛նք Ենք Մեր Սարերը» Յուշարձանը Ազրպէյճանի Համար Թիրախ Է. Mօnument Watch
Monument Watch-ը ահազանգեց, որ 8 նոյեմբեր 2024-ին ազրպէյճանական «Թելեկրամ»-ի ալիքները սկսան տարածել բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ գտնուող «Մենք ենք մեր սարերը» յուշարձանի լուսանկարները եւ տեսանիւթերը, որոնց մէջ կ՛երեւի, որ յուշարձանին ետեւի մասը պատուած է մեծաթիւ գրութիւններով` հիմնականին մէջ յուշարձան այցելած ազրպէյճանցիներու անուններ, մականուններ եւ Հայաստանն ու հայերը ծաղրող գրութիւններ:
«Տեսանիւթերուն մէջ կ՛երեւի, որ յուշարձանին շրջակայ տարածքը վնասուած է: Նոյն ատեն նկատելի է, որ ազրպէյճանական քարոզչամեքենան նոր թեզ մը յառաջ կը մղէ, որ` թէեւ յուշարձանը կառուցուած է խորհրդային տարիներուն Ազրպէյճանի գումարներով, սակայն անիկա «դարձած է հայկական անջատողականութեան խորհրդանիշ մը». առ այդ, անիկա պէտք է քանդուի: Կրնանք հաւաստել, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները Ստեփանակերտ այցելող իր բնակիչներուն չեն արգիլեր զանազան գրութիւններով կեղտոտել յուշարձանը, ինչպէս նաեւ դարձեալ կը խրախուսեն յուշարձանը քանդելու գծով քննարկումները», կը յայտնէ Monument Watch-ը:
«Պիցիրանանք Շուշի»` Պահպանելով Վերադարձի Յոյսը, Կայացաւ Շուշեցի Վլադիմիր Գէորգեանի Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ նոյեմբեր 10-12-ին ՀԲԸՄ Հայաստանի ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ շուշեցի Վլադիմիր Գէորգեանի լուսանկարներու «Պիցիրանանք Շուշի» (բարձրանանք Շուշի) խորագրով ցուցահանդէսին:
45 լուսանկարներու միջոցով Վ. Գէորգեան պատմեց Շուշիի հոգեւոր-մշակութային դիմագիծին, անսահման լոյսի ու ջերմութեան, քաղաքի բնակիչներուն, շրջապատող լեռներուն եւ բնութեան մասին:
Ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Արցախի հորովելով` երգիչ Արթուր Խաչենցի մեկնաբանութեամբ:
Բացման խօսքին մէջ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէնուհի Հերմինէ Աւագեան յատկապէս նշեց. «Այս լուսանկարներով մեզի կը նայի յաւերժական քաղաքը` Շուշին, որուն հայեացքին մէջ մե՛րթ ուրախութիւն, մե՛րթ թախիծ, մե՛րթ մտահոգութիւն ու խոհ, մե՛րթ ալ անսահման սպասում կայ: Եթէ աւելի խորը նայինք, ապա կը տեսնենք, որ այս լուսանկարներուն մէջ, այդ բոլորը մեր մէջ կը գտնուին, այդ լուսանկարները մենք ենք, քաղաքը մեր մէջ կը քնանայ ու կ՛արթննայ: Ան մեր մէջ պիտի ապրի այնքան ժամանակ, որքան մենք կանք ու կը հաւատանք յաւերժութեան խորհուրդին: Դէպի Շուշի տանող ամէնէն կարճ ճանապարհը մեր սրտերէն մինչեւ Շուշի հասնող ճանապարհն է: Ոեւէ մէկը չի կրնար շրջափակել, անցակէտեր դնել, խաղաղապահ կանգնեցնել, խլել-տանիլ մեզմէ: Անիկա մեզմէ դէպի մեզ տանող միակ ճամբան է: Եւ քանի այդ ճամբան կայ, ուրեմն Արցախը պիտի ապրի, եւ պայքարի կայծերը հաստատ պիտի արթննան, երազը օր մը նպատակ պիտի դառնայ, իսկ նպատակը` վերադարձ»:
Ան ընդգծեց, որ այս ցուցահանդէսը փորձած են կեանքի կոչել նոյեմբեր 9-10` հայ ժողովուրդի համար դաժան այս օրերուն, միաժամանակ նպատակ ունենալով ցոյց տալ, որ պէտք չէ այդ օրերը վերածել սուգի, այլ` պահանջատիրութեան: Աւելի՛ն. պէտք է շարունակել հոգիով, միտքով բարձրանալ դէպի Արցախ, հասնիլ Շուշիի բարձունքը: Ճիշդ այս պատճառով ալ խորհրդանշական կերպով ցուցահանդէսը խորագրուած է «Բարձրանանք Շուշի»:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի խորհուրդի անդամ, հրապարակագիր, քաղաքական վերլուծաբան Միքայէլ Հաճեան, որուն երկու որդիները նահատակուած են 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ, ցուցահանդէսի բացման արարողութեան նշեց. «Այս ցուցահանդէսը մշակութային ու քաղաքական շառաչուն ապտակ է բոլոր անոնց, որոնք Շուշին սկսած էին համարել տժգոյն ու դժբախտ քաղաք: Այս շառաչուն ապտակ է բոլոր այն միջազգային կառոյցներուն, որոնց անտարբեր հայեացքին առջեւ տեղի ունեցաւ մեծ ողբերգութիւնը` Արցախի բռնագրաւումն ու հայաթափումը: Ա՛յն Արցախին, ուր բազում դարեր շարունակ ապրած ու ստեղծագործած է հայ ժողովուրդը իր հայրենի երկրին մէջ, առաւել եւս` Շուշիի: Ու նաեւ այս ցուցահանդէսը կարեւոր յիշեցում մըն է Պաքուի մէջ մեկնարկած ՔՈՓ-29 միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն` հասկցնել տալու անոնց, որ կը գտնուին երկրի մը մէջ, ուր ո՛չ միայն զուտ բռնապետական, այլեւ` զաւթիչ, նախայարձակ եւ ցեղասպանութիւն իրականացուցած երկիր է: Անոնք պէտք է իրենց կարծիքը յայտնեն. ո՛չ բոլորը, բայց կարծիք յայտնողներ անպայման պիտի ըլլան»:
Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի Ծննդեան 100-Ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէսին` Հայ Նկարիչներու Աչքերով
Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին առիթով Հայաստանի Նկարիչներու միութեան տան մէջ բացումը կատարուեցաւ մեծ երաժիշտին նուիրուած «Լա պոէմ» խորագրով ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին ներկայացուեցան հարիւր հայ նկարիչի հարիւր ստեղծագործութիւն` ոգեշնչուած երգիչին «Լա պոէմ» ստեղծագործութենէն: Կտաւները վառ, լուսաւոր եւ իւրովի ոճով ներկայացուցին Ազնաւուրը, անոր երաժշտութիւնը եւ գործունէութիւնը:
Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահ Սուրէն Սաֆարեան նշեց. «Ուրախ եմ, որ մեր միութիւնը անմասն չմնաց եւ միացաւ մեծ երաժիշտին նուիրուած ձեռնարկներուն: Ցուցահանդէսը շատ հետաքրքրական է. ամէն նկարիչ իւրովի պատկերացուցած, երեւակայած, ստեղծագործած է: Տպագրուած է նաեւ պատկերագիրք մը, որուն մէջ կտաւներէն բացի` հրատարակուած են նկարիչներուն խօսքերը եւ Ազնաւուրի ու անոր երաժշտութեան մասին տեղեկութիւններ», հաղորդեց Սաֆարեան եւ աւելցուց` ցուցադրուած բոլոր ստեղծագործութիւնները Հայաստանի սեփականութիւնն են: Կտաւները պիտի նուիրուին Հայաստան այցելող պատուարժան հիւրերու եւ կամ պիտի նուիրուին Հայաստանէն արտերկիր այցելութիւններու ընթացքին կարեւոր անձնաւորութիւններու: Այս ձեւով Հայաստանը իր յարգանքի տուրքը պիտի մատուցէ Շարլ Ազնաւուրին:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանի խօսքով, յոբելենական ձեռնարկներու ծրագրին մէջ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ «Լա պոէմ» նախագիծի ընտրութիւնը պատահական չէ, որովհետեւ կարեւոր է մեծանուն արուեստագէտներուն մօտենալ տարբեր տեսանկիւններէ, տարբեր միջավայրերու մէջ: «Գաղափարը հետաքրքրական էր. «Լա պոէմ» սիրուած ստեղծագործութեան` գեղանկարին միջոցով պատկերումը հարիւր տարբեր տեսանկիւններէ, տարբեր աչքերով, որ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ տեսնել արուեստի բազմաշերտ ու հարուստ միջավայրը», նշեց նախարարը` կարեւոր նկատելով համագործակցութիւնը Հայաստանի Նկարիչներու միութեան հետ, որ շատ աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ:
Ցուցադրուած տպաւորիչ կտաւներուն մէջ աչքի կը զարնէ Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Հրանդ Թադէոսեանին (Թաթոս) կտաւը, որուն մէջ վառ կարմիր կակաչ պատկերուած է:
Նկարիչը յայտնեց, թէ հայու բնոյթը այնպիսին է, որ ամէն տեղ մարդասիրութիւն, աշխատասիրութիւն կը քարոզէ: Այդպիսին էր նաեւ Շարլ Ազնաւուրը:
Հաղորդենք, որ ցուցադրութիւնը ուղեկցուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի ստեղծագործութիւններու կենդանի կատարումով, որ աւելի ջերմացուց մթնոլորտը:
«Լա պոէմ» ցուցահանդէսը կազմակերպած էր Հայաստանի Նկարիչներու միութիւնը` Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:
Ազգային Պատկերասրահին Մէջ Կայացաւ «Արտոյտ» Ընկերութեան «Փարաջանով 100» Ցուցահանդէսը
Սերգէյ Փարաջանովի 100-ամեակին նուիրուած յոբելենական ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ կայացաւ «Արտոյտ» ընկերութեան «Փարաջանով 100» ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Փարաջանովի ոճային ներշնչանքով ստեղծուած շարփերու եւ ձեւագէտ-ոճաբաններու զգեստներու նոր հաւաքածոն:
Փակ դիտման ձեւաչափով կազմակերպուեցաւ ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան` կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեանը, պետական կառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, մշակոյթի գործիչներ:
Փարաջանովի ստեղծագործութիւնները, ներառեալ` «Մոռացուած նախնիների ստուերները» եւ «Նռան գոյնը», ստեղծած են իւրօրինակ տեսողական ոճ մը, որ կը շարունակէ ոգեշնչել տարբեր բնագաւառներու արուեստագէտները: Այս շարքի ոգեշնչումներէն է նաեւ «Արտոյտ» ընկերութեան հաւաքածոն, որ բանաստեղծական միաձուլում է Վերածնունդի շքեղութեան եւ ժամանակակից նուազապաշտութեան:
Ներկաները դիտեցին Փարաջանովի քոլաժներէն, ժապաւէններէն եւ անձնական արուեստէն ոգեշնչուած զգեստներու եւ մետաքսէ շարփերու ցուցադրութիւնը:
Յիշեցնենք, որ հաւաքածոն սեպտեմբեր 21-22 պիտի ցուցադրուի նաեւ Միլանոյի պատմական կեդրոնին` Պակաթի Վալսեքի թանգարանին մէջ, Միլանոյի նորաձեւութեան շաբաթուան ընթացքին: Նշուած ձեռնարկի ծիրին մէջ պիտի ցուցադրուին նաեւ Փարաջանովի «Յակոբ Յովնաթանեան» կարճատեւ ժապաւէնը եւ անոր նուիրուած կարճատեւ գծանկարային ժապաւէններ:
Շուխոնց Աւետարանը Դուրս Բերուեցաւ Մատենադարանէն Եւ Առաջին Անգամ Տարուեցաւ Զինուորի Տուն
Ըստ աւանդութեան, ամէն տարի Սրբոց Թարգմանչաց տօնին Մատենադարանի պահոցէն դուրս կը բերուի Շուխոնց խնդրակատար Աւետարանը եւ կը տարուի Օշական` զայն ժողովուրդին աւելի մօտ դարձնելու համար: Բայց այս տարի Աւետարանը դուրս բերուեցաւ Մատենադարանէն եւ առաջին անգամ ըլլալով տարուեցաւ Զինուորի տուն:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Մատենադարանի ձեռագրատան աւանդապահ Գայիանէ Խաչատրեան նշեց, որ Աւետարանը գրուած է 1669 թուականին` Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ կրօնաւոր Բարսեղի ձեռքով, Սպահանի Ջուղա գիւղին մէջ:
«Ձեռագիրը նկարազարդ է եւ ունի տասներեք մանրանկար: Ձեռագրի յիշատակարաններէն տեղեկացանք, որ գրելու ընթացքին յստակ չէ եղած, թէ ո՛ր եկեղեցւոյ համար նախատեսուած է այն, որովհետեւ եկեղեցւոյ անուան տեղը բաց ձգուած է: Իսկ ի՞նչ ճանապարհով յայտնուած է Աշտարակի մէջ, այդ եւս յայտնի չէ: Ձեռագրի յիշատակարանին մէջ նաեւ կարելի է հանդիպիլ Շուխոնց անուան, որ կը խօսի այն մասին, թէ անիկա պատկանած է Շուխեաններու գերդաստանին:
Աշտարակի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ աւագ քահանայ Սարգիսի ձեռքով գրուած յիշատակարանէն տեղեկացանք, որ Յովհաննէս եւ Սարգիս Շուխեանները իրենց պապերէն ժառանգութիւն ստացած գերդաստանի Աւետարանը նուիրած են Աշտարակի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ: Նուիրման թուականը նշուած է 1873-ը», ըսաւ ձեռագրատան աւանդապահը:
Մասնագէտը նշեց` Աւետարանը կը համարուի խնդրակատար, որովհետեւ ամէն մարդ կը մօտենայ սուրբ գիրքին հաւատքով եւ խնդրանքով:
Գայիանէ Խաչատրեանի խօսքով, 1922-1925 թուականներու ընթացքին պետութեան կողմէ հաւաքչական գործունէութեան ընթացքին հաւաքուած հինգ գիրքերու հետ միասին Շուխոնց Աւետարանը յանձնուեցաւ Մատենադարանին, եւ այժմ, ի թիւս միւս ձեռագիրներուն, իր պատուաւոր եւ մնայուն տեղը ունի կառոյցին մէջ:
Հրապարակախօս, Երգիծաբան Երուանդ Օտեանի Գրականութեան Ցուցադրութիւն
Նոյեմբեր 13-ին Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ արեւմտահայ մեծանուն գրող, երգիծաբան, լրագրող եւ հրապարակագիր Երուանդ Օտեանի գրականութեան ցուցադրութեան` անոր ծննդեան 155-ամեակին առիթով:
Օտեանի գրական-հասարակական գործունէութեան մասին ընդարձակ բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ գրականագէտ փրոֆեսէօր Սամուէլ Մուրատեանը:
Ցուցադրուեցան աւելի քան 70 միաւոր գրականութիւն, Օտեանի երկերու հազուագիւտ հրատարակութիւններ, անոր ստեղծագործութեան ուսումնասիրութեան նուիրուած ատենախօսութիւններ:
Յայտնենք, որ հայ դասական արձակին մէջ մեծ ներդրում ունեցած են` Օտեանի «Յեղափոխութեան մակաբոյծները» շարքի պատմուածքները, եռամաս «Ընկեր Բ. Փանջունի» («Առաքելութիւն մը ի Ծապլվար եւ Վասպուրական», «Ընկ. Փանջունիի աշխարհայեացքները», «Ընկեր Բ. Փանջունի տարագրութեան մէջ») երգիծավէպերը եւ այլ երկեր:
Երուանդ Օտեան ունի` երեք տասնեակէ աւելի բազմահատոր վէպեր, վիպակներ, կատակերգութիւններ, պատմուածքներ, նորավէպեր, յուշագրութիւններ, բանասիրական հետազօտութիւններ, շարք մը թարգմանութիւններ եւ այլն:
Նոյեմբեր 1-ի Տուեալներով, Հայաստանէն Հեռացած Է 11 Հազար 6 Հարիւր Արցախցի
1 նոյեմբեր 2024-ի տուեալներով, Հայաստանէն մեկնած է 25 հազար 483 բռնի տեղահանուած արցախցի, վերադարձած` 13 հազար 837-ը: Այսինքն բռնի տեղահանութենէն ետք, 1 նոյեմբերի տուեալներով, Հայաստանէն հեռացած եւ չվերադարձած արցախցիներուն թիւը կը կազմէ 11 հազար 646: Այս տեղեկութիւնը «ՍիվիլՆեթ»-ին տրամադրած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ):