Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս ՔՈՓ29-ը Քարիւղի Հսկաներուն Խաղավայրը Դարձաւ` Յանուն Կլիմայի Փոփոխութեան

Նոյեմբեր 19, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Կրնա՞նք Հաւատալ Կլիմայական Արդարութեան, Երբ Քարիւղի Դրամը Կը Ղեկավարէ Այս Թատերաբեմը. ՔՈՓ 29-ի Ազերի Գործադիր Տնօրէնը Նկարահանուած Է Հանածոյ Վառելանիւթի Համաձայնութեան Մը Սատարելու Ընթացքին

ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան տարեկան խորհրդաժողովը` UNCCC, որ պէտք է սահմանափակէ կենսոլորտի ապականութիւն պատճառող քարիւղի եւ նման նիւթերու արտահանումը եւ գործածութիւնը, վերածուած է նաեւ քարիւղ արտադրող կողմերու խորհրդաժողովին` ՔՈՓ: Այս տարի 29-րդ ժողովը` ՔՈՓ29, տեղի կ՛ունենայ Ազրպէյճանի մէջ, 11-24 նոյեմբեր 2024:

Այս է խորագիրը բնապահպանութեան ջատագով եւ հեղինակ, Արժանթինէն Ռիքի Լանուսի յօդուածին, որ լոյս տեսաւ 11 նոյեմբեր 2024-ին, Միտիում կայքէջի Տը Նիու Քլայմէյթ էջին վրայ (1): 8 նոյեմբեր 2024-ին նոյն պարագան արծարծած է նաեւ Պի. Պի. Սի.-էն Ճասթին Ռոլաթ (2): Ստորեւ Լանուսի անգլերէն յօդուածին գլխաւոր բաժինները կը թարգմանեմ.

Հեղինակին պատրաստած ՄԱԿ-ի Կլիմայի վատթարացման դէմ ՔՈՓ29-ի ժողովը ապականած մթնոլորտով Ազրպէյճանի մէջ գումարելու հակասական` հեգնական նկարը:

«Պաքուի կեդրոնական փողոցի առեւտուրի կեդրոնը բոլորովին նոր դարձած է: Այս փայլուն 13 յարկանի աշտարակը, ուր տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի յաջորդ կլիմայական ժողովը` ՔՈՓ29, կը գտնուի քանի մը քիլոմեթր անդին: Պաքուն նախապէս Սեւ քաղաք կը ճանչցուէր, որ 1840-ական տարիներուն համաշխարհային քարիւղի արդիւնաբերութեան ծննդավայրն էր: Քանի որ, հաւատաք, կամ ո՛չ, Պաքուն աշխարհի առաջին քարիւղի քաղաքն էր:

«Պաքուի մէջ տակաւին նաւթահորեր կան, որոնց նաւթահան սարքերը կշռոյթով վեր-վար կը ճօճուին, մինչ քարիւղի զտարաններու բոցարձակները յստակօրէն կ՛երեւին գիշերային երկինքին մէջ: Այսօր հանածոյ վառելանիւթերը կը կազմեն Ազրպէյճանի արտածումի 90 տոկոսը: Քարիւղի եւ կազի եկամուտէն կախեալ տնտեսութիւններու առաջին 10-ին մէջ կը գտնուի նաւթային այս պետութիւնը:

«Այժմ, սակայն, անհետացած են սեւ մուրով պատուած շէնքերը, որոնք քաղաքին տուած էին իր «Սեւ քաղաք» ծածկանունը: Իւրաքանչիւր տուն եւ գործարան ժամանակին ծածկուած էր Կասպից ծովու ափերուն գտնուող զտարաններուն արձակած սեւ մուրով: Անցնող երկու տասնամեակներուն ընթացքին յարատեւ մաքրութեան շնորհիւ` Պաքուի կեդրոնը վերածուած է Սպիտակ քաղաքի, ուր խորհրդային շրջանի տնաշարքերը ներկուած են փայլուն աւազագոյն ճակատներով:

«ՔՈՓ29-ը տեղի կ՛ունենայ Պաքուի Ողիմպիական մարզադաշտին մէջ: Եւ ո՞ւր կը գտնուի ժողովին շէնքը` ճիշդ Սոքարի (ազերի պետական քարիւղի եւ կազի ընկերութիւն*) նաւթի եւ կազի հսկայական շտեմարաններուն դիմաց, որոնց ետին ալ կը գտնուի Ազրպէյճանի հնագոյն քարիւղի հանքերէն մէկը…

«Յունուար 2024-ին շէնքին բացումը կատարեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, զոր շատերը իբրեւ բռնապետ կը բնութագրեն:

«Այդ օրէն Առեւտրական կեդրոնը կը հանդիսանայ նախագահ Ալիեւին համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կազմակերպութեան` ՔՈՓ29-ի գործադիր կեդրոնը: Ան ընկերութեան յանձնարարած է կազմակերպել ՄԱԿ-ի տարեկան կլիմայական բանակցութիւնները, որոնք Ազրպէյճանի մէջ տեղի պիտի ունենան 11 նոյեմբեր 2024-ին:

«Սակայն ինչո՞ւ Ազրպէյճանի նման նաւթային պետութեան մը մէջ պիտի հիւրընկալուին կլիմայի վերաբերեալ բանակցութիւնները, ուր պետական եկամուտներուն երկու երրորդը նաւթէն եւ կազէն կը գոյանայ:

«ՔՈՓ-ը նաւթի եւ կազի մասին չէ, այլ` յաւիտեանս հանածոյ վառելանիւթի:

«Եթէ ոեւէ մէկը կրնայ պատասխանել այդ հարցումին, Էլնուր Սոլթանովն է` ՔՈՓ29-ի գործադիր տնօրէնը եւ Ազրպէյճանի ուժանիւթի փոխնախարարը: Սակայն երբ ան կը միանայ «EC Capital»-ի հետ (Հոնկ Քոնկէն կեղծ ընկերութիւն մը) հեռակայ հարցազրոյցին, ան չ՛ակնկալեր, որ կը պատասխանէ այդ հրատապ հարցերէն որեւէ մէկուն, այլ` կլիմայի գագաթնաժողովին առիթով, հնարաւոր շահութաբեր համաձայնութիւններու ակնկալիքներուն: Ի վերջոյ, քարիւղի դրամն ու ՔՈՓ-երը երկար, միահիւսուած պատմութիւն ունին: EC Capital-ի հետ հանդիպումը, ուրեմն, շատ սովորական բան մըն էր: Կամ ինք այդպէս կը կարծէր:

«Սակայն Սոլթանովը տեղեակ չէ, որ իր խօսակիցը քարիւղի ներդրող մը չէ, այլ` Կլոպըլ Ուիթնեսի կողմէ գաղտնի հետախոյզ մը: Քանի որ «EC Capital»-ը ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ նաւթի եւ կազի արդիւնաբերութեան համաշխարհային ներդրումներու ընկերութիւն, որ Սոլթանովին բնաւ չի զարմացներ:

«Երբ ուքրանական պատերազմին պատճառով Եւրոպան խզեց ռուսական կազին հետ կապերը, Ազրպէյճանը արագօրէն դարձաւ հանածոյ վառելիքի շուկայի նոր սիրելին: Յաջորդ տասնամեակին ընթացքին կազի արտահանումը մէկ երրորդով աւելցնելու ծրագիրով Ազրպէյճանի դիրքը` իբրեւ Եւրոպայի ընտրեալ մատակարարի, կնքուեցաւ:

«Սոլթանովը կը յստակացնէ, որ առայժմ ինք ՔՈՓ-ի պատասխանատուն է եւ ոչ թէ` փոխնախարարը: ՄԱԿ-ի ՔՈՓ-ի օրէնսգիրքը պաշտօնեաներուն կ՛արգիլէ օգտագործել իրենց դիրքերը անձնական շահի համար` ակնկալելով, որ անոնք գործեն առանց սեփական շահի: Սակայն երբ ան որ կը հարցնեն ներդրումներու մասին, Սոլթանով կը մոռնայ իր զգուշաւոր վարմունքը եւ Ազրպէյճանի ընդարձակ հանածոյ վառելանիւթի պաշարներուն մասին քարոզչութեան կը սկսի:

«Նախ ան կը յստակացնէ, որ ՔՈՓ-ի տնօրէն ըլլալը չի նշանակեր, որ ներդրումներու առիթներ չկան Սոքար ընկերութեան հետ, եւ թէ` EC Capital-ը կրնայ հետաքրքրուիլ «կանանչ անցումային նախագիծներով»: Քանի որ «ՔՈՓ-ը նաւթի եւ կազի մասին չէ, այլ` կլիմայական ճգնաժամի մասին: Սակայն միեւնոյն ատեն ան պատահաբար կը նշէ Ազրպէյճանի «շատ մեծ նաւթի եւ կազի հանքավայրերը»` ընդգծելով իր երկրին կազի արտահանման աճը: Ան բնական կազը իբրեւ «անցումային վառելիք» գաղափարի մասին կը խօսի` շեշտելով, որ անոնք կրնան աշխարհի անբաժան մասը ըլլալ, թերեւս յաւիտեանս. հաւաստիացում մը, որ ներդրող մը պիտի ուզէր լսել:

«Հանդիպումը կ՛աւարտի EC Capital-ի կողմէ ՍՈՔԱՐ-ին ծանօթանալու խնդրանքով: Օրեր ետք Սոլթանովը կ՛ընդառաջէ: ՍՈՔԱՐ-ի գործադիր տնօրէն Էլշատ Նասիրովը EC Capital-ին Պաքու կը հրաւիրէ` քննարկելու ներդրումները, որոնք կախեալ են ՔՈՓ29-ի հնարաւոր նաւթային համաձայնութիւններէն:

«Պատգա՞մը. եթէ հանածոյ վառելիքի դրամ ունիք, ՔՈՓ29-ը բաց է առեւտուրի համար:

«Այս անգամ EC Capital-ը պարզապէս կեղծ անձ մըն է, գաղտնի հետաքննութեան համար, սակայն այդ հանածոյ վառելանիւթի ջատագովներու բանակին ամենաճշգրիտ ներկայացումն է, որ ամէն տարի կը կրկնուի ՔՈՓ-երու ընթացքին` յուսալով օգուտ քաղել ճգնաժամէն, որ անոնք կ՛օգնեն յաւերժացնել:

«Ահաւասիկ  ՔՈՓ29-ի տնօրէնը գոհ է հանածոյ վառելանիւթի ներդրողներէն, կարծես թէ, իբրեւ սովորական գործ:

«ՔՈՓ29-ը տօնավաճառ:

«ՔՈՓ29-ի «գործընկերութիւններուն» խումբը հակասական խաղ կը խաղայ ապահովելով միացեալ տնտեսում` կլիմայի շուրջ բանակցութիւններու համար, սակայն իրականութեան մէջ նաւթի եւ կազի արդիւնաբերութեան համաշխարհային առեւտուրի ժողով է այդ:

«ՔՈՓ-ի հովանաւորներու սովորական կանոնները կը պահանջեն, որ ընկերութիւնները ըլլան ՄԱԿ-ի «մրցում դէպի զերօ ապականում» ծրագիրի մաս, կամ` զերօ ապականութեան աճի խոստում տուած: Սակայն իրականութեան մէջ կեղծիք է, ինչպէս փաստեց Global Witness-ի հետաքննութիւնը: Ընկերութիւնները կրնան շրջանցել այս պահանջները` ստորագրելով «Ազգային խոստում»` յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին անորոշ յանձնառութեամբ «Զուտ զերօ հաւատալի անցումային ծրագրով» մը: Յարմար ելք մը, որ ճիշդ կը գոհացնէ «EC Capital»-ին նման ընկերութիւնները:

«ՔՈՓ29-ի խումբը, որ կը ձգտի ամբողջացնել իր հովանաւորներուն մասնաբաժինը, EC Capital-ին կը տրամադրէ 600 հազար տոլար արժողութեամբ ծրար մը, որ կը ներառէ մասնակցութեան հինգ տոմսեր եւ հնարաւորութիւն, ՍՈՔԱՐ-ի` Ազրպէյճանի պետական նաւթային հսկային հետ միացեալ ձեռնարկ կազմակերպելու: Ո՛չ մէկ խօսք կլիմայի հետ կապուած որեւէ պարտաւորութեան մասին: Պարզապէս նաւթի եւ կազի ցանցի հնարաւորութիւն` ՄԱԿ-ի կլիմայակա՛ն գագաթնաժողովին:

«Ասոր դիմաց EC Capital-ը կը պահանջէ երեք բան` հանդիպում Ազրպէյճանի ուժանիւթի փոխնախարար Էլնուր Սոլթանովի հետ, Պաքուի մէջ հանդիպումներ Սոքարի պաշտօնեաներու հետ  եւ ձեռնարկ մը` նուիրուած «նաւթի եւ կազի կայուն ներդրումներուն» ՔՈՓ29-ի ընթացքին: ՔՈՓ29-ի խմբակը սրտանց կը համաձայնի:

«Անոնք գրաւոր կը խոստանան դիւրացնել քարիւղի համաձայնութիւն մը` կանխիկ գումարի դիմաց, այն ալ` ՄԱԿ-ի կլիմայական վեհաժողովին… Ահա անպատժելիութեան նմուշ մը:

«Հանածոյ վառելանիւթի խաղագիրքը` թշնամիներդ աւելի մօտդ պահէ:

«Այստեղ կը բացայայտուի նաւթի պետութեան խաղագիրքը` բաժնետիրական առեւտրային ցուցահանդէս, ուր նաւթային շահերը կու գան ներդրումային համաձայնութիւններ կնքելու: ՔՈՓ29-ը պաշտօնապէս դարձած է նաւթային առեւտուրի վայր, այլ ո՛չ թէ` կլիմայական շարժումի: Գագաթնաժողովը վերածուած է հանածոյ վառելանիւթի ընկերութիւններու, համաշխարհային կլիմայական դիւանագիտութեան քողին տակ` համաձայնութիւններ ապահովելու վայր:

«Սակայն ՔՈՓ-ը միշտ չէ, որ եղած է նաւթի եւ կազի խաղադաշտ: Հանածոյ վառելանիւթով հարուստ երկիրները, ինչպիսին է Ազրպէյճանը, երկար ժամանակ կը դիտէին ՄԱԿ-ի կլիմայական ջանքերը` իբրեւ իրենց գոյութեան սպառնալիք: Հասկնալով, որ կլիմայական ուժեղ գործողութիւնները կրնան քայքայել իրենց տնտեսական կեանքը, անոնք սկիզբէն ներթափանցեցին այնտեղ:

«1995-ին Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած դաշինքը երաշխաւորեց, որ Պերլինի ՔՈՓ1-ը կը պահանջէ միաձայնութիւն իւրաքանչիւր որոշումի համար` հանածոյ վառելանիւթ արտադրողներուն վեթոյի իրաւունք տալով կլիմայական որեւէ ծրագիրի նկատմամբ, որ անյարմար կը նկատէին:

«Այդ ժամանակէն ՔՈՓ-երը վերածուած են խաղահրապարակներու, ուր նաւթային արդիւնաբերութեան խաղը ակնյայտօրէն զարգացած է: Բացարձակ հերքումի փոխարէն` ընկերութիւնները այժմ կը խոստանան «զուտ զերօ» ծրագիրներ` առաջարկելով վարկածային թեքնիք լուծումներ, ինչպիսիք են ածխածինի հաւաքումն ու պահպանումը (CCS) եւ ածխածինի վարկերու խթանումը, որոնք թոյլ կու տան «հատուցել» արձակումներուն դիմաց` առանց նուազեցնելու զանոնք:

«Այժմ ՄԱԿ-ի կլիմայական գագաթնաժողովը աւելի՛ն է, քան` պարզապէս կլիմայի վատթարացումը կասեցնելու հնարաւորութիւն: Հանածոյ վառելանիւթի ընկերութիւններուն համար այդ առիթ է հովանաւորչական համաձայնութիւններ ապահովելու, քաղաքականութիւն մշակողներու հետ զրուցելու եւ, այո՛, նաւթի ու կազի համաձայնութիւններ կնքելու համար:

«Յիշենք` անցեալ տարի  ՔՈՓ28-ը կայացաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, որ կը նախագահէր ԱՄԷ-ի ազգային նաւթային ընկերութեան գործադիր տնօրէն Սուլթան ալ Ժապերը: Հովանաւորութեան գիները եռապատկելէն եւ կառավարութիւններու հետ «ցանցային բացառիկ առիթներ շնորհելով» հովանաւորները գայթակղեցնելէ ետք, սպրդած փաստաթուղթերը գագաթնաժողովի «ածխաթթվացման» առաքելութիւնը վերածեցին զաւեշտի: Փոխարէնը` կլիմայի գագաթնաժողովը հարթակ դարձաւ նաւթային համաձայնութիւններու թատերաբեմի: Կը թուի, որ Ազրպէյճանը ջերմօրէն հետեւեցաւ այս նախընթացին:

«…Բայց որքա՞ն պատրաստ ենք սպասելու: Քանի՞ այսպիսի ՔՈՓ-երու կրնանք դիմանալ, ե՞րբ պիտի հասկնանք, որ համակարգը փտած է: Ամէն տարի մենք կը լսենք նոյն յոգնած արդարացումները` առաջնորդներէն, դիւանագէտներէն եւ  հովանաւորներէն` խոստանալով «յաջորդ քայլեր» կամ «յաւակնոտ պարտաւորութիւններ», մինչ աշխարհը կ՛այրի: Սա այն նոյն խաղն է, որ անդադար կ՛երկարաձգուի: Խաղ մը, որ նախատեսուած է մեզ խաբելու, եւ չ՛ուզեր ինքզինք շտկել:

«Աշխարհը պէտք չունի տասնամեակ մը եւս բանակցութիւններու, որոնք նախատեսուած են ապականութիւն պատճառող արդիւնաբերութիւնները պահպանելու համար: Մեզի կեղծ «լուծումներ» պէտք չեն, որոնք կը ծառայեն բաժնետիրական շահագրգիռ կողմերը գոհացնելու համար:

«Մենք պէտք ունինք համարձակ գործողութեան:

«Մենք պէտք ունինք ՔՈՓ-ի մը, ուր կլիմայական արդարութեան համար պայքարող առաջին գիծի ձայները պէտք է լսուին` բնիկ համայնքներո՛ւն, ջատագովներո՛ւն եւ կլիմայական խոցելի երկրներո՛ւն ձայները, եւ ո՛չ թէ` հանածոյ վառելանիւթի ջատագովներուն աղմուկը: Մեզի անհրաժեշտ է ՔՈՓ մը, որ կրնայ յոյսի փարոս ըլլալ, վայր մը, ուր մենք այլեւս չենք մտածեր, թէ արդեօք ընթացքը կեղծուա՞ծ է, կամ թէ` արդեօք արդիւնքները երբեք պիտի համապատասխանե՞ն ճգնաժամի հրատապ վիճակին:

«Աշխարհը փորձած է 29 բանակցութիւններ` ապականողներու եւ օձի իւղ վաճառողներու անընդհատ շատցող մարդոց հետ:

«Ժամանակն է, որ մենք փորձենք առանց անոնց կլիմայական գագաթնաժողով գումարել»:

ԱՀԱԶԱՆԳ – 2024-ը պիտի ըլլայ ամէնէն տաք տարին` միջինէն մէկ ու կէս աստիճան աւելի բարձր, քան ցարդ արձանագրուած է (3):

Իսկ Ազրպէյճանի կատարած ցեղասպանութիւնը, Արցախի ցեղային մաքրագործումը նախ մե՛նք է, որ անդադար պէտք է արծարծենք բոլոր կարելի միջոցներով: Իսկ այդ միջոցներուն գլխաւորը Հայաստանի այս հակահայ, թշնամիին ծառայող վարչախումբին հեռացումն է:

14 նոյեմբեր 2024

haroutchekijian.wordpress.com

———-

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին:

  1. https://medium.com/the-new-climate/how-ՔՈՓ29-became-a-playground-for-oil-giants-in-the-name-of-climate-change-bd8990f2cc3e
  2. https://www.bbc.com/news/articles/crmzvdn9e18o
  3. https://wmo.int/news/media-centre/2024-track-be-hottest-year-record-warming-temporarily-hits-15degc
Նախորդը

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Իր Տարբեր Ծրագիրներով Կը Միտի Առկայծ Պահել Հայկականութիւնն Ու Կենդանի` Հայոց Լեզուն

Յաջորդը

«ՔՈՓ 29-ը Հիւրընկալող Ազրպէյճան Յանցագործ Պետութիւն Է». Արտակ Բեգլարեան` «Ֆիկարօ»-ին

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?