Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ – Գաղութ

Նոյեմբեր 21, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Կիպրոս

Պաշտօնական Այցելութիւն Լիմասոլի Քաղաքապետարան

5 նոյեմբերին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան, հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Լիմասոլի եւ Փաֆոսի հովիւ Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեան, Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Սեպուհ Արմենակեան պաշտօնական այցելութիւն տուին Լիմասոլի քաղաքապետարան: Անոնք դիմաւորուեցան նորընտիր քաղաքապետ Եաննիս Արմեֆտիսի եւ փոխքաղաքապետ Տիմոս Կաչիսի կողմէ: Սրբազան հայրը եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչը հայ համայնքին անունով շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքեր արտասանեցին Լիմասոլի քաղաքապետարանի ազնիւ որոշումին համար, որուն հիմամբ քաղաքապետարանը տարածք մը պիտի տրամադրէ` զայն վերակոչելով «Հայկական զբօսայգի»: Քաղաքապետերն ու իր տեղակալը նշեցին, որ յոյները եւ հայերը ունեցած են եւ ունին նոյն ճակատագիրը եւ նոյն հակառակորդը, եւ թէ` Լիմասոլի քաղաքապետարանին դուռը միշտ բաց է հայ համայնքին համար:

Քանատա

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 105-րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթը Կը Յարգէ Իր Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանի Յիշատակը

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) 105-րդ տարեժողովի Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ 19 հոկտեմբերին, Մոնրէալի «Շերաթըն Լաւալ» պանդոկին մէջ:

Օրուան հանդիսավարներ Րաֆֆի եւ Արփի Շնորհօքեանները ջերմօրէն ողջունեցին ներկաները եւ բարի գալուստ մաղթեցին հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Րաֆֆի Շնորհօքեան դիտել տուաւ, որ ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն, հանգուցեալ Զաւէն Խանճեան փափաքած էր այս տարուան Ճաշկերոյթը նուիրել մեր երիտասարդութեան, աւելցնելով, որ լաւագոյն միջոցը, որով մենք կրնանք յարգել զինք, անոր տեսլականը պահպանել է եւ շարունակել այն ճանապարհը, որ ան վարած  էր վերջին 10 տարիներու ընթացքին:

Մոնրէալի Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ճորճ Տապպոյի բացման աղօթքէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան խօսք առնելով` բարձր գնահատեց ԱՀԱԸ-ը իր ստեղծման օրէն ի վեր աշխարհասփիւր հայութեան եւ յատկապէս մեր հայրենիքի ժողովուրդին մատուցած ծառայութեան եւ առաքելութեան համար: Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք ԱՀԱԸ-ի Քանատայի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան «Երիտասարդութիւնը վեր բարձրացնող անսասան նուիրում» խորագիրը կրող տեսերիզով ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւր վեր. Յակոբ Մանճըլըքեանը` գնահատելու անոր լայնածաւալ եւ նուիրուած ծառայութիւնը, որ հարստացուցած է բազմաթիւ երիտասարդներու կեանքեր, ապա հրաւիրեց զայն յանձնելու աւետարանչականի գնահատանքի նուէրը:

Վեր. Մանճըլըքեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս առանձնայատուկ պատուին համար:

Յայտագիրի երկրորդ բաժինը յատկացուած էր յարգանքի տուրք մատուցելու Զաւէն Խանճեանին: Ընկերակցութեան նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան խօսք առնելով` ըսաւ, որ տասը տարիներու ընթացքին, երբ ինք եւ Զաւէն Խանճեան միասնաբար ծառայած են ընկերակցութեան, մասնակցած են բազմաթիւ իրադարձութիւններու եւ ուրախ առիթներու, սակայն ականատես եղած են նաեւ մեծ ողբերգութիւններու, ինչպէս` արցախեան պատերազմը եւ անոր յաջորդող Արցախի բնակիչներու բռնի տեղահանութիւնը: Ան հաստատեց, որ Զաւէն  Խանճեան անյապաղ զօրաշարժի ենթարկած է ընկերակցութեան բոլոր միջոցները` հասնելու հազարաւոր անօթեւան արցախցիներուն, ապահովելով անոնց սնունդ եւ կացարան, մինչեւ անոնք կարողանան գտնել մշտական բնակարաններ,  աւելցնելով, որ Զաւէնի կարեկցանքն ու հայրենասիրութիւնը անսահման էին:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Զաւէն Խանճեանի մասին յատուկ տեսերիզ մը, որմէ ետք տոքթ. Տարագճեան բեմ հրաւիրեց անոր կինը` Սոնա Խանճեանը եւ անոր շնորհեց յատուկ գնահատանքի նուէր մը: Սոնա Խանճեան ըսաւ, թէ որքան երախտապարտ է, որ հնարաւորութիւնը ունեցած է իր կեանքը կիսելու Զաւէնին հետ, ինչպէս նաեւ աւետարանչականին եւ անոր նախագահ տոքթ. Տարագճեանին ու անոր կնոջ` տոքթ. Անիին,  իրենց ցուցաբերած քաջալերանքին եւ բարոյական աջակցութեան եամար:

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ` Տեսիլք, Կամք Եւ Յոյս» Գիրքին Շնորհահանդէս-Ներկայացում

Կազմակերպութեամբ Քանատայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, 10 հոկտեմբերին Թորոնթոյի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ` տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքին շնորհահանդէս-ներկայացումը:

Քանատայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան խնամակալութեան անունով հանդէս եկաւ Միհրան Ճիզմէճեան, որ շնորհաւորեց դոկտ. Ճէպէճեանը` երրորդ գիրքին հրատարակութեան առիթով:

Օրուան գլխաւոր բանախօս տոքթ. Անի Հասըրճեան կատարեց գիրքին բովանդակ ներկայացում-վերլուծումը: Ան դիտել տուաւ, որ գիրքին  նիւթերը ընդհանրապէս հայկական ազգային, մշակութային, ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական մարտահրաւէրներու մասին են, զորս հայերը կը դիմագրաւեն իրենց առօրեայ կեանքի ընթացքին, Հայաստանի կամ սփիւռքի մէջ,  աւելցնելով, որ հեղինակը աշխարհի զանազան անկիւններու մէջ նկատած «պատկերներ»-ուն ընդմէջէն ո՛չ միայն կ՛անդրադառնայ հայկական սփիւռքի համայնքային կեանքին, այլեւ` կը շեշտէ հայ ժողովուրդի հայապահպանման դժուարին մարտահրաւէրը` մշակոյթի, հաւատքի եւ հայկական ինքնութեան պահպանման պայքարին մէջ, մասնաւորաբար` հայրենիքէն դուրս:

Ընթացքին պարբերաբար ներկայացուեցան հեղինակին կենսագրականը, ընթերցումներ կատարուեցան գիրքի յօդուածներէն, նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Թորոնթոյի «Հայ Հորիզոն» հեռատեսիլի նախկին խօսնակ, Անթիլիասի կաթողիկոսարանի նախկին դիւանապետ, բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեան իր սրտի խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ հեղինակին որոնումներուն կիզակէտը եւ առանցքը մարդն է. փնտռել ու վերհանել մարդկային գիծը մարդուն մէջ,  աւելցնելով, որ ան կ՛որսայ յոյսը, հայո՛ւն յոյսը, մա՛րդ արարածին յոյսը, այսինքն` գոյատեւելու, վաղուան նայելու յոյսը` իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ, ուր կ՛այցելէ, իւրաքանչիւր հայու, որ կը հանդիպի, այդ հայ մարդուն անցեալէն եկող տառապանքին, ցաւին, պայքարին մէջէն վաղուան լոյսը փնտռելու եւ տեսնելու լաւատեսութիւնը կ՛ապրի եւ կ՛ապրեցնէ իր ճանապարհորդագրութիւններուն ընդմէջէն:

Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ հեղինակը:

Աւարտին պատուելի Զոհրապ Սարգիսեանի փակման խօսքէն ետք Քանատայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան եւ Թորոնթոյի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին:

Ապա «Մովսէս Ճանպազեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքերու մակագրում:

Յոբելենական Եպիսկոպոսական Սուրբ Եւ Անմահ  Պատարագ Վանգուվըրի Մէջ

10 նոյեմբերին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան իր քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակին առիթով պատարագ մատուցեց Վանքուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:

Պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը օրհնեց Խաչիկ եւ Արշօ Զարիֆեան ամոլին կողմէ նուիրուած սուրբ խորանի նոր վարագոյրն ու ծածկոցները, ինչպէս նաեւ դպրաց եւ սարկաւագաց նոր շապիկները ի յիշատակ իրենց վաղամերիկ դստեր` Սեդա Զարիֆեանի: Օրհնուեցաւ նաեւ Գէորգ եւ Թիթառ Քէօշկէրեան ամոլին կողմէ նուիրուած սուրբ խորանի խաչը:

Ապա, հետեւելով վեհափառ հայրապետի կոչին,  սրբազանը յատուկ աղօթք կարդաց Արցախի քաղաքական բանտարկեալներուն ու զինուորական գերիներուն շուտափոյթ ազատ արձակման համար:

Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով սրբազան հայրը վարդապետական լանջախաչ յանձնեց եկեղեցւոյ հովիւ Գարեգին վրդ. Շխրտմեանին` յերախտագիտութիւն իր եօթը տարիներու ծառայութեան:

Ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ զոհուած քաջարի զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Քուէյթ

«Մոռցուած Հայրենիք» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Կազմակերպութեամբ Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբին, 13 նոյեմբերին Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մոռցուած Հայրենիք» ժապաւէնին ֆիլմը ցուցադրութիւնը:

Երեկոյի ընթացքին յանձնախումբի ատենապետ Դրօ Մսըրլեանի ձեռամբ պարգեւատրուեցան Հայ դատի յանձնախումբին միշտ սատար հանդիսացող Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիզաօր դեսպան Սարմէն Բաղդասարեան, ինչպէս նաեւ` տեղացի եւ օտար բարեկամներ, որոնք իրենց աշխատանքներով միշտ նեցուկ կանգնած են հայ ժողովուրդին:                                                                                               Աւարտին խօսք առին Եգիպտոսէն ժամանած Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ` տոքթ. Արմէն Մազլումեան, նաեւ` ժապաւէնի բեմադրիչ` Իսամ Նաժի, որոնք եւս պարգեւատրուեցան յատուկ յուշանուէրներով:

Յունաստան

Երկու Գիրքերու Ներկայացում Թեսաղոնիկէի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղին եւ «Արմենիքա» պարբերաթերթին, 27 հոկտեմբերին «Տէր-Զաքարեան» սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ Յովհաննէս Ղազարեանի եւ Եորղիոս Փեփասի գիրքերու ներկայացում, որոնք կը բովանդակեն հայերու գաղթը եւ հաստատումը` Յունաստան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի անդամ Տիգրան Սարգիսեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց երկու հեղինակները:

Յաջորդաբար խօսք առին Մելին Գարաօղլանեան եւ յոյն պատմաբան Մարիա Սփիլիոթոփուլու, որոնք արժեւորում մը կատարեցին գիրքերուն մասին:

Առաջին հերթին  Յովհաննէս Ղազարեան ներկայացուց իր գիրքը, իսկ Եորղիոս Փեփասի գիրքը ներկայացուց  Կիւլա Գասապեան:

Աւարտին  Թեսաղոնիկէի  հովիւ Եղիա վրդ. Մալխասեան բարձրօրէն գնահատեց հեղինակները եւ «Արմենիքա» հաստատութիւնը, որուն շնորհիւ տպագրուեցան յիշեալ գիրքերը: Ան շեշտեց, որ համայնքային կեանքին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին այսպիսի հրատարակութիւններ, որպէսզի նոր սերունդը ճանչնայ իր նախնիներուն պատմութիւնը, եւ իրենք եւս իրենց ծառայութիւնը առաւել գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ կատարեն` ի պանծացումն Հայ եկեղեցւոյ եւ ի պատիւ հայ ազգին:

Պոլիս

Հովուական Այցելութիւն Տիգրանակերտի Եւ Խարբերդի Համայնքներուն

Օրհնութեամբ Պոլսոյ հայոց Սահակ Բ. պատրիարքին, Ալեքսանտրեթի, (Հայաշէն) եկեղեցիներու հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Աւետիս քհնյ. Թապաշեան  2 նոյեմբերին մեկնեցաւ Տիգրանակերտ:

Ան Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց սուրբ պատարագ եւ յղեց իր պատգամը` ներկայութեամբ  տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամներուն:

3 նոյեմբերին քահանայ հայրը այցելեց Խարբերդ, ուր տեղւոյն գերեզմանատան Ս. Նշան մատուռին մէջ մատուցեց պատարագ` մասնակցութեամբ տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամներուն եւ Ֆրանսայէն հիւրաբար Խարբերդ գտնուող հաւատացեալներու:

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք քահանայ հայրը զրուցեց ներկաներուն հետ: Տիգրանակերտի եւ Խարբերդի հայերը շնորհակալութիւն յայտնեցին պատրիարք հօր, որ շրջան ուղարկեց Աւետիս քհնյ. Թապաշեանը, որ իր կարգին հոգեւոր արարողութիւններով եւ քարոզով մխիթարեց զիրենք:

 

Նախորդը

Հինգ Բան, Որ Պէտք Է Ննջարանէն Հեռացնել Հանգիստ Քնանալու Համար

Յաջորդը

Նամակ Առ Լիբանան. … Ի Խորոց Սրտի

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?