Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկախութեան Հռչակագիրը Փոփոխելի Չէ

Նոյեմբեր 20, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հեծանիւ վարելը հինցաւ. չ՛արժեր կրկնելու գնով Փաշինեանի նորայայտ մարզաձեւը քննադատել: Հետաքրքրութեան նիւթ ու հանրութիւնը զբաղեցնող նոր հնարք պէտք է գտնել: Մօրուքը խուզելը եւ սափրուիլը կարճատեւ ու անցաւոր խօսակցութեան նիւթ կրնան ըլլալ. այդպէս ալ եղաւ: Պիտի հարցնէք. ի՞նչ կարիք կայ անձով զբաղուելու առիթներ ստեղծելու եւ զանոնք հանրայնացնելու: Կարիքը կատարելու պատրաստուող կարեւոր եղելութենէ մը հանրային կարծիքը շեղել ու մանրուքներով զբաղեցնել է: Այս միջոցը օգտագործուած է Նիկոլ Փաշինեանի վեց տարիներէ ի վեր շարունակուող իշխանութեան ամբողջ տեւողութեան. նոյնիսկ աւելի առաջ. յիշեցէք ցոյցերու ընթացքին Փաշինեանի ձեռքին վիրակապը:

Ո՞րն է այն եղելութիւնը, որ Նիկոլ Փաշինեան կ՛ուզէ հեզասահ կերպով իրականացնել: Պատմական Հայաստանի ու իրական Հայաստանի հակադրութենէն ետք, Արարատ լեռը Արագածով փոխարինելու գիւտէն ետք, պատերազմի ընթացքին հերոսացած ռազմիկը աշխատող ու տուրք վճարող քաղաքացիով փոխարինելէ ետք, Նիկոլ Փաշինեան յայտնապէս չյաջողեցաւ հայ մարդու հոգեկերտուածքէն դուրս մղել ո՛չ ամբողջական Հայաստանը, ո՛չ Արարատը, ո՛չ ալ ազգին ու հայրենիքին ազատութեան համար զոհուած հերոսը: Ժամանակը հասած է անցնելու ճակատային, ուղիղ գրոհի: Ըսելէ ետք, որ «Գինի լից» երգը սխալ հայրենասիրութիւն կը գովերգէ, Փաշինեան անցաւ մեծ պատառին` Անկախութեան հռչակագիրին: Փիլիսոփայ, պատմաբան, քաղաքագէտ ու գաղափարախօս Նիկոլ Փաշինեան, քանի մը անգամ ուշադիր ընթերցելէ ետք Անկախութեան հռչակագիրը, եզրակացուց, որ այդ փաստաթուղթը անկախութեան ժխտում կը քարոզէ: Հայերը սխալ կիրարկած են հռչակագիրը եւ անկախութիւն հռչակած: Հարկ է ուրեմն, որ անկախութեան պատշաճող նոր հռչակագիր մը մշակենք:

Նոր հռչակագիրը ինչո՞վ պիտի տարբերի նախկինէն: Առաջին հերթին, ոչ մէկ յիշատակութիւն ըլլայ Արցախին. նախկինը օտարին` Ազրպէյճանին պատկանող հողը կ՛ուզէ Հայաստանի միացնել, ծաւալապաշտական ի՜նչ մտասեւեռում, խաղաղութեան քաղաքականութենէն ի՜նչ շեղում:

Երկրորդը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան: Անկախութեան հռչակագիրի մշակման օրերուն, հայերը ամէնուրեք զբաղած էին պատմական այդ մանր դէպքը աշխարհին ընդունիլ տալու գործով: Հռչակագիրն ալ կ՛որոշէ աջակցիլ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին:

Առաջինը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան դէմ նկրտում է. երկրորդը` կը վիրաւորէ Թուրքիան: Հռչակագիրը յիշուած ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ, մաս կը կազմէ Սահմանադրութեան: Ազրպէյճան եւ Թուրքիա կը պահանջեն երկու յօդուածներուն յապաւումը Սահմանադրութենէն, իբրեւ նախապայման խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան:

Նիկոլ Փաշինեան լծուած է այս պայմանին գոհացման նախապատրաստութեան: Հայրենիքը պետութիւնն է, պետութիւնը` իրական Հայաստանը: Հայրենասիրութիւնը սխալ ըմբռնած ենք. հայրենասէր ըլլալ կը նշանակէ իրական հռչակուած Հայաստանի, եւ միայն անոր, հարկ ու տուրք վճարող քաղաքացի ըլլալ: Դարեր ու դարե՜ր Հայաստան երգող, Հայաստան երազող, Հայաստանի համար մեռնող հայը սխալական է եղած: Նիկոլ Փաշինեան հնարած է Հայաստանի նոր տարածք մը եւ հայ ազգին պատկանելիութեան նոր տարազ մը: Պարզացումը այնքան հետեւողական է, որ կարելի է հրաժարիլ հայոց պատմութենէն ու կառչիլ մօտաւորապէս 29.800 քառ. քմ տարածութեամբ «իրական» Հայաստանին: Ոչ թէ աննպաստ պայմաններու բերումով իբրեւ ժամանակաւոր ռազմավարութիւն, այլ ընդմիշտ: Այսինքն` իրագործել այն, որ համայնավարութիւնը, իր ամէնէն արմատական գաղափարախօսութեան կիրարկման ժամանակ, չյաջողեցաւ:

Ազգ, հայրենիք, պետականութիւն, անկախութիւն ու ազատութիւն յղացքները կազմաւորուած են դարերու ընթացքին ծանր երկունքով ու մաս կը կազմեն հայ մարդուն հոգեկերտուածքին: Անժամանակ ու անմահ է այդ հոգեկերտուածքը. կարելի չէ աղաւաղել զայն, փոխել, աւելի եւս` չքացնել: Ներկայ հոգերով բեռնաւորուած հայ մարդուն կարծեցեալ անտարբերութիւնը իր ինքնութեան խաթարման փորձերուն նկատմամբ պէտք չէ խաբէ մեզ: Ի վերջոյ, հայ մարդը պիտի անդրադառնայ, որ Նիկոլ Փաշինեան սուտ մարգարէ է, որուն անբարիշտ գաղափարները սահմանուած են ազգային ժխտման եւ մոռացման:

Բոլոր ամբողջատիրական հովերով տարուած ղեկավարներուն նման, Նիկոլ Փաշինեան եւս կը փորձէ ազգային նոր գաղափարախօսութիւն մը ձեւաւորել: Սուտ եւ խորթ հայ մարդու հոգիին: Ուրեմն` մերժելի:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Հանրային Կապերու Մարմինին Կազմակերպութեամբ. Հանդիպում-Ընդունելութիւն` Հայրենի Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներու

Յաջորդը

Ամորիմ Կ՛ուզէ Ձեռք Ձգել Քենթան

RelatedPosts

25-Ամեակ Հարաւի Ազատագրութեան.  Հարաւային Լիբանան` Պատերազմի Կիզակէտ Եւ Դիմադրութեան Օրրան
Անդրադարձ

25-Ամեակ Հարաւի Ազատագրութեան. Հարաւային Լիբանան` Պատերազմի Կիզակէտ Եւ Դիմադրութեան Օրրան

Մայիս 24, 2025
«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Ծանօթացան Լուր Գրելու Սկզբունքներուն
Անդրադարձ

«Ապագայ Լրագրող»-ներու Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Կը Գրեն

Մայիս 24, 2025
Վահէ Պէրպէրեան Երեւոյթը
Անդրադարձ

Վահէ Պէրպէրեան Երեւոյթը

Մայիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?