Արցախի նախկին պետական նախարար եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան ֆրանսական «Ֆիկարօ» թերթին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որ 9 նոյեմբերին (ՔՈՓ 29-ի մեկնարկէն առաջ) հրապարակուեցաւ թէ՛ տպագիր եւ թէ՛ ելեկտրոնային տարբերակներով. լուրը հաղորդեց «Արմէնփրես»-ը` դիտել տալով, որ հարցազրոյցին թարգմանութիւնը տարածած է Արտակ Բեգլարեանի գրասենեակը:
Հեղինակը նախաբանին մէջ յիշեցուցած է, որ նոյեմբերի կէսերուն Պաքուի մէջ բացումը պիտի կատարուի կլիմային վերաբերող ՄԱԿ-ի նոր վեհաժողովին:
«Իր առաւել քան 100.000 հայրենակիցներուն հետ հայրենիքէն բռնի տեղահանուած Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան կոչ կ՛ուղղէ` ճնշում բանեցնելու նախագահ Ալիեւի վարչակարգին վրայ, որ, ըստ անոր, հայերուն դէմ ցեղասպանութիւն կատարած է: Անոր դէմքին վրայ տառապանքներու հետքեր կան, սակայն ձայնը վճռական է», կ՛ըսուի վերոնշեալ հարցազրոյցին նախաբանին մէջ:
Հեղինակը կը պատմէ, որ 19 սեպտեմբերին Արտակ Բեգլարեան եւ իր հայրենակից Գեղամ Ստեփանեան Միջազգային քրէական դատարանին բողոք ներկայացուցին: Անոնց ակնկալութիւնն է, որ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուած յանցագործութիւններուն վերաբերող հետաքննութիւն սկսի:
«Ասիկա ցեղասպանութիւն է: Միայն քաղաքական գործիչները կը խուսափին այդ բառը օգտագործելէ: Վստահ եմ, որ օր մը անիկա միջազգային հանրութեան կողմէ կը ճանչցուի», կ՛ըսէ Արտակ Բեգլարեան:
Լրագրողը կը շեշտէ, որ հարցազրոյցին թուականը զուգադիպութեամբ չէ ճշդուած. «11 նոյեմբերին Պաքուի մէջ բացումը պիտի կատարուի ՔՈՓ 29-ին` կլիմայի վերաբերեալ մեծ միջազգային վեհաժողովին: Եւ ասիկա տեղի կ՛ունենայ այն ատեն, երբ առնուազն 23 հայ գերիներ տակաւին կը պահուին նախագահ Ալիեւի վարչակարգին կողմէ», կը գրէ պարբերականը` մէջբերելով Արտակ Բեգլարեանի այն խօսքերը, ըստ որոնց, իրականութեան մէջ կան բազմաթիւ հիմքեր պնդելու, որ գերիներուն թիւը շուրջ 100 է:
«Մեծ մասին պարագային նոյնիսկ չենք գիտեր, թէ արդեօք անոնք ո՞ղջ են», կ՛ըսէ Բեգլարեան:
Հարցազրոյցին հեղինակը կը պատմէ, որ Բեգլարեան բազմաթիւ զրկանքներ ապրած է: Ծնելով 1988-ին, Ստեփանակերտի մէջ` Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքին, ան կը յիշէ մանկութեան բանաստեղծութիւնները, երգերը եւ մեղեդիները: Ան ընդամէնը չորս տարեկան էր, երբ հայրը զոհուեցաւ ճակատին վրայ` ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ: Երկու տարի ետք, ընկերներուն հետ բակին մէջ խաղալու ընթացքին, ականի մը պայթումը զայն կոյր դարձուց: 16 տարեկանին մայրը մահացաւ սրտի կաթուածով` տղան բոլորովին առանձին ձգելով: Հակառակ այս բոլորին, ան կրցաւ ուսանիլ Երեւանի մէջ` Հայաստանի մայրաքաղաքին, իսկ յետոյ` հեղինակաւոր Լոնտոնի համալսարանական քոլեճի մը մէջ, ուր անոր առաջարկեցին մնալ», կը գրէ թերթը:
«Բայց ես վերադարձայ հայրենիք` իմ ժողովուրդիս ծառայելու համար: Ասիկա իմ կեանքիս առաքելութիւնն է, որ զիս տուն վերադարձուց», կը յայտնէ Բեգլարեան:
Շարունակելով պատմել Բեգլարեանի մասին` «Ֆիկարօ»-ի լրագրողը կը յայտնէ, որ ան դարձաւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան, ապա` նախագահի աշխատակազմի ղեկավար եւ պետական նախարար: Թերթը կ՛ընդգծէ, որ դեկտեմբեր 2022-ին` Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման մեկնարկով, կեանքը հոն աստիճանաբար անտանելի դարձաւ: Կենսական ապրանքները պակսեցան` ձէթ, հացահատիկ եւ այլն: 2023 թուականի սկիզբը Հայաստանէն ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարումը խափանուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ:
«Քանի մը շաբաթ շարունակ ես ու կինս հաց չէինք ուտեր, որպէսզի կարողանայինք զայն տալ մեր երկու դուստրերուն… Ձմրան մենք ելեկտրականութիւն ունէինք օրական միայն 12-16 ժամ: Մարդիկ ջեռուցում չունէին, եւ դպրոցները ժամանակաւորապէս փակուեցան: Նոյնիսկ ջուրի մատակարարումը խնդիր դարձաւ», կ՛ըսէ Բեգլարեան:
«Ֆիկարօ»-ն կը տեղեկացնէ, որ 19 սեպտեմբեր 2023-ին, երբ Ազրպէյճանի զօրքերը վերջնականապէս ներխուժեցին Լեռնային Ղարաբաղ, Արտակ Բեգլարեան իմացաւ, որ ազրպէյճանցի զինուորները զինք կը փնտռէին: Ան որոշեց իր ընտանիքին հետ փախչիլ:
«Մօտ 27 ժամ պահանջեց շուրջ 50 քիլոմեթր անցնիլը` մինչեւ Հայաստանի սահմանը: Ես նոյնիսկ ինքնաշարժէն չիջայ, հարազատներս կը վախնային, որ զիս կը ձերբակալեն կամ կը սպաննեն», կը պատմէ ան:
Այսօր Արտակ Բեգլարեան գաղթական է` բարեկամներու մօտ, Երեւանի մէջ: «Ես մասնակի աշխատանք ունիմ իմ ընտանիքիս կարիքները հոգալու համար: Մնացած ժամանակը ես աշխուժօրէն կը շարունակեմ պայքարիլ իմ ժողովուրդիս իրաւունքներու պաշտպանութեան համար», կ՛ըսէ ան:
ՔՈՓ 29-ի նախաշեմին Բեգլարեան կոչ ուղղեց պահուող բոլոր հայ պատանդները ազատ արձակելու:
«Ան նաեւ կը փափաքի, որ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Ֆրանսայի կառավարութիւնը աջակցին իրենց բողոքին` Միջազգային քրէական դատարանին մէջ: Ֆրանսացի երկու փաստաբաններու` Քաթալինա տը լա Սոթայի եւ Ֆրանսուա Զիմերէյի կողմէ ներկայացուած այս բողոքը շատ քիչ հաւանականութիւն ունի յաջողելու, եթէ չստանայ Հռոմի կանոնակարգի վաւերացուցած եւ ՄՔԴ իրաւազօրութիւնը ճանչցող պետութիւններէն գոնէ մէկուն աջակցութիւնը: Ան յոյս ունի նաեւ, որ միջազգային հանրութիւնը խիստ պատժամիջոցներ կը կիրարկէ այդ յանցագործութիւններու հեղինակներուն նկատմամբ», կ՛ըսէ թերթը` մէջբերելով Բեգլարեանի այն նկատառումը, որ երբ քաղաքական աջակցութիւնը կը սահմանափակուի գեղեցիկ խօսքերով եւ կարեկցանքով, իրական աջակցութիւն չէ:
«Բռնապետները, յատկապէս` ցեղասպանութիւններու հեղինակները, կ՛անտեսեն յայտարարութիւններն ու խօսքերը», կ՛ընդգծէ Բեգլարեան: