ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
«Ու պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած»…
Կը թերթեմ կեանքի գիրքը, որուն սկիզբի էջերուն քաջ ծանօթ եմ, զանոնք բազմիցս կարդացած եմ, առաջին անգամ անոնց դիպչած եմ ոչ թէ իմ մատներովս` թղթատած ժամանակ, այլ արիւնաթաթախ ոտքերովս, կեանքի հողեղէն գետնի վրայ: Անոր հնամաշ ու թխաթոյր էջերը մեծաւ մասամբ ներկուած էին կարմիրով, բոցագոյն էին ու արիւնաբիծ: Փութացի յառաջ շարժիլ, սակայն ճակատագիրը չթողուց բաժնուիմ մեր արդի օրերէն, պէտք էր էջերը թերթէի մէկ առ մէկ:
Օրերէն մէկը, ընթերցանութեան պահուն, կը նկատեմ, որ նոր էջ մը ներկուած է կարմիր գոյնով` պատերազմը հասած է Լիբանան…
Այդ պահուան իմ իրավիճակս ոչ մէկ բառ կրնայ արտայայտել, այնպէս, ինչպէս վերի կախման կէտը` կէտադրական այս խորհրդաւոր նշանը, որ կը դրուի բուն ըսելիքին տեղ` կասկած յարուցանելով ու թոյլ տալով, որ կարդացողը ի՛նք հասկնայ ըսել ուզուածը` բացէ ի բաց չըսելու համար: Ես եւս, այդ պահուն հազա՜ր ու հազա՛ր կասկածներ ունեցայ, թէ ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ, ուղղակի չմտածեցի անոնց մասին, կախման կէտի մը պէս լուռ, բայց բազում մտքերու մէջ ընկղմած:
Տիրող ձայնը արկերուն է, հրաձիգներուն ու հրթիռներուն` ըլլայ ցերեկուան ժամերուն կամ գիշերուան: Եթէ պայթումներու թնդիւններէն ու դղրդումներէն չցնցուի մարդը, ապա վատ երազներու, գոյժերու, գէշ յիշատակներու եւ երեւակայութեան խաւարամած թռիչքներու ճնշումէն կը դղրդայ իր սիրտը:
… «Պէյրութը մեր պատմութիւնն է,
Պէյրութը մեր սրտաբեկութիւնն է,
Պէյրութը Աստուծոյ փորձութիւնն է»…
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
* * *
Չսպասուած պահու մը, երբ արդէն գիրքը մէկ կողմ պիտի շպրտէի, կը նշմարեմ նոր թերթ մը, որ գիրքին մնացած էջերուն պէս դեղին ու մաշած չէր, այլ` անապակ ու ձիւնափայլ ճերմակ:
Եւ, ի տարբերութիւն միւս էջերուն, կարուած չէր գիրքին մետաքսեայ, կատւեայ կամ նայլընեայ (արհեստական մետաքս) թելերով: Այսուամենայնիւ կապուած էր գիրքին չնաշխարհիկ, աներեւոյթ եւ աննիւթական դերձանով մը:
Տրամադրութեանս տակ դրուած այս թուղթը որոշեցի գործածել նամակ մը յղելու առ Լիբանան` լիբանանահայութեան միջոցով սրտիս խօսքը հասցնելու զայն կարդացող ոեւէ մէկուն: Ըլլայ արեւմտեան Ասիոյ (1) մէջ իր գոյութիւնը պաշտպանող անձ մը, կամ Լիբանանէն ու, ընդհանուր առմամբ, տարածաշրջանէն գաղթած ու աշխարհիս անկիւններէն մէկը հասած` կրկնակի սփռուած հայ մը:
Սակայն այս դժուարին օրերուն դիւրին չէ յարմար բառեր գտնել, մորմոքած սիրտը ի՜նչ մխիթարանք տայ ճնշուած սրտերուն: Այնուամենայնիւ, վճռեցի մելանով ներկել այս թերթը, նախքան արիւնն ու արցունքը հոսին անոր երեսին: Այս հարցը լուծելու համար խորհեցայ օգտուիլ համաշխարհային գրականութենէն, թէ՛ նպատակիս հասած կ՛ըլլամ` սրտիս խօսքը հասցնել ձեզի, թէ՛ ալ մեր մայրենիին կը փոխանցեմ այս գոհարներէն գոնէ քանի մը տող: Խորհեցայ մէջբերումներ կատարել` սիրոյ, յուսոյ, համբերութեան ու տոկունութեան մասին:
Սիրոյ Մասին
Այս օրերուս, երբ ատելութիւնը հրեղէն ջրվէժի մը պէս կը տեղայ անմեղ մարդոց վրայ, կը սաստկանայ սիրոյն մեր կարիքը: Ինչպէս բժշկութեան մէջ լատիներէնով կ՛ըսուի` «Քոնթարիա քոնթարիս քոնթարուր» (հակառակը իր հակառակով կը դարմանուի): Այստեղ բնազդային, ընկերային եւ այլ տեսակի զգացումներու մասին չէ խօսքը (մայրութիւն, հայրութիւն, հայրենասիրութիւն, ընթերցասիրութիւն եւ այլն…), այլ աննկարագրելի զգացմունքին մասին է: Խօսքը այն բանին մասին է, որով մարդը մարդ կ՛ըլլայ, եւ այս իրավիճակին կրնայ մեր փրկութեան լաստը դառնալ:
«Սիրոյ ներհունութիւն» – Եուսեֆ Զիտան
Հետեւեալ չորս մէջբերումները եգիպտացի բազմահմուտ գրող, վիպասան, իմաստասէր, դասախօս, Աղեքսանդրիոյ գրադարանի, թանգարանի ու մատենադարանի նախկին ղեկավար Եուսեֆ Զիտանի «Սիրոյ ներհունութիւն» (2) գիրքէն են: Ան այս գիրքը հեղինակած է այն օրերուն, երբ, այսպէս կոչուած, «Արաբական գարուն»-ին բերած արհաւիրքները կը թակէին Եգիպտոսի դուռը, եւ ատելութեան hեղեղը կը սպառնար ամբողջ տարածաշրջանին: Յոյսով եմ, որ իր բարձրադիր լեզուէն կատարած իմ համեստ թարգմանութիւնս, թէկուզ` չնչին, օգուտ մը կու տայ մեզի:
– «Սէրը ողորմութիւն է, առանց որուն` անգթութիւնը պիտի կրծէր համայն մարդկութեան սրտերը»:
– «Սէրը կեանքի բերկրանքներէն զրկուածին համար մխիթարանք է: Տխրածին համար` սփոփանք: Կորուսեալին համար` գոյութենականութիւն: Յուսահատին համար ծայրագոյն անկարելիին մէջ յոյսով տարածուած անջրպետն է` սիրեցեալին մէջ լիակատարօրէն ձուլուիլը»:
– «Սէրը պիտի շարունակէ կեանքի նշանը ըլլալ, եթէ վերանայ, կեանքը կը վերանայ»:
– «Որքան մեր շուրջը բորբոքի ու սրի իրավիճակը, եւ որքան նօսրանան մեր հոգիները, մինչեւ (այն աստիճանի որ) զրկուինք անկէ, որուն համար եւ որով կ՛ապրինք, այնքա՛ն կը սաստականայ մեր կարիքը սիրով… փրկածփանի մը»:
Յուսոյ Եւ Համբերութեան Մասին
Յոյս եւ համբերութիւն ներշնչող երեք մէջբերումներ խորհեցայ կատարել: Անգլիացի վիպասան Ճ. Թոլքէյնը, նախքան իր վէպերը քերթելը, գիտնական-լեզուաբան էր եւ այս յօդուածին համածիրին մէջ ամէնէն կարեւորը` Համաշխարհային Ա. պատերազմի մասնակից զինուոր ըլլալով` ռմբակոծում, մահ, վիշտ ու սարսափ ապրած անձ մըն է: Անոր ստեղծագործութիւնները, մանաւանդ` «Մատանիներու տիրակալը», կառուցուած են պատերազմի իր փորձառութեան աղիւսներով եւ յագեցած են քաջութեան, բարեկամութեան, զոհաբերութեան եւ բարիի յաղթանակի մասին պատմող նիւթերով:
Հազար ու մէկ գիշերը իր էջերուն մէջ կը պարփակէ ոչ միայն արաբական, այլ նաեւ ամբողջ Արեւելքի գրականութեան սերը, յատկապէս` Միջագետքը, Իրանն ու Հնդկաստանը, ոչ այսօրուան այլ քաղաքակրթական իմաստով: Այն անժամանակ հեքիաթները, զորս կը պատմէր Շահրազատը իր կեանքը փրկելու համար, երբեմն կրնան փրկութիւն ըլլալ, եթէ` ոչ միայն անոնց ամփոփած իմաստութեամբ, այլ նաեւ Շահրազատին օրինակը, որ ստեղծագործականութիւն ու խիզախութիւն ցուցաբերեց, ելքի դուռ մը կրնայ բանալ մեզի համար, եթէ անոր հարթած ճամբով քալենք:
Իսկ Անը (3) Ֆրանքը` եւրոպացի հրեայ պարմանուհին, իր կամաւոր բանտին մէջ (4) հօրմէն նուէր ստացած օրագիրին մէջ կ՛արձանագրէ ցնցիչ, բայց յուսադրող, մտերիմ ու խորաթափանց գրութիւններ: Հետեւեալ մէջբերումը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս ան կանգնած մահուան դիմաց` ուժ կը գտնէ իր մէջ ու չի յանձնուիր յուսալքումի:
«Մատանիներու տիրակալը» – Ճոն Ռ. Ռ. Թոլքէյն
– «Աշխարհը իսկապէս լի է փորձանքներով, եւ անոր մէջ շատ են անլոյս վայրերը: Այսուհանդերձ, շատ են այն բաները, որոնք մաքուր են ու արդար: Հակառակ անոր որ սէրը այժմ խառնաձուլուած է վիշտին հետ, սակայն գուցէ այսպէս է, որ կ՛աճի ու կ՛աւելնայ»:
«Հազար ու մէկ գիշեր» – Արաբական գրականութիւն
– «Գիշերուան լռութեան ընթացքին, մթնագոյն պահուն, երբ կը կարծես, որ ամէն ինչ կորսուած է, յիշէ,՛ որ արշալոյսը պիտի գայ` իրեն հետ բերելով լոյսը: Համբերութիւնը յուսոյ ընկերակիցն է, անիկա սիրտը կենդանի կը պահէ վիշտի պահերուն: Քանզի ամէնէն նսեմագոյն մթութեան մէջ համբերութիւնը լոյս է: Իսկ յոյսը այն նշոյլն է, որ լուսածագը պիտի ազդարարէ»:
«Աղջնակի մը օրագիրը » – Անը Ֆրանք
– «Իսկապէ՛ս զարմանալի է, որ ես չեմ հրաժարած իմ բոլոր իտէալներէս, քանի որ անոնք այնքա՜ն արտառոց ու անիրագործելի կը թուին:
«Այնուամենայնիւ, ես անոնց կառչած կը մնամ, որովհետեւ, հակառակ ամէն ինչի, ես դեռ կը հաւատամ, որ մարդիկ իրենց սրտերուն մէջ իրապէս լաւ են ու բարի: Ես պարզապէս չեմ կրնար իմ յոյսս կառուցել շփոթութենէն, թշուառութենէն ու մահուընէ բաղկացած հիմքի մը վրայ: Ես կը տեսնեմ, որ աշխարհը աստիճանաբար կը վերածուի ցամաքուտի մը, ես կը լսեմ տեւապէս մօտեցող որոտումը, որ զմեզ եւս պիտի բնաջնջէ: Ես կը զգամ այն հազար-հազարներու (միլիոններու) տառապանքը, եւ այդուհանդերձ, երբ որ նայիմ դէպի երկինք, կը կարծեմ, թէ ամէն ինչ պիտի շտկուի, թէ` այս վայրագութիւնը եւս պիտի հատնի, կը կարծեմ, թէ խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը նորէն պիտի վերադառնան»:
Տոկունութեան Մասին
Կը գիտակցիմ, որ շատ դժուար է, նոյնիսկ անկարելի է այս օրերուս սիրոյ եւ յուսոյ հետ կապ հաստատել: Բայց ի՛նչ ալ պատահի, պէտք է տոկա՛լ: Յոյսն ու սէրը կը վերակերտուին, այնքան ատեն որ կը տոկանք, ժամանակին ու իր բերած տագնապներուն կը յաղթենք: Երկու մէջբերում այս մասին. առաջինը` կոյր, բայց խորատես բանաստեղծ Հոմերոսի «Ոդիսական»-էն (5):
Իսկ երկրորդ ու վերջին մէջբերումը` Լիբանանի երկնահաս լեռներու զաւակ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէ»-էն, Լիբանանի ծայրագոյն կատարելութիւնը ներկայացնող այս տիպարը (Ֆէյրուզի, Ուատիիհ Սաֆիի եւ անոնց նման մարդոց կողքին) կը թափանցէ ընթերցողին հոգիէն ներս, ուր կը սերմանէ խոհեր, որոնք պինդ յենարաններ կրնան ըլլալ զանոնք ճաշակողներուն համար: Ստորեւ տրուած գիրքի կողքին նկարը իսկական չէ, ես կազմած եմ զայն` այն յոյսով, որ «Մարգարէ»-ին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը մօտ օրէն լոյս կը տեսնէ (եթէ արդէն թարգմանուած է, յոյսով եմ կրկին անգամ լոյս կը տեսնէ եւ առաւել կը տարածուի ու դիւրամատչելի կը դառնայ):
«Ոդիսականը» – Հոմերոս (հին Յունաստան)
– «Տոկա՛, սի՛րտ իմ, ասկէ գէշին ալ տոկացած ես: Տոկա՜ եւ ժամանակուան ընթացքին ուղիդ պիտի գտնես»:
«Մարգարէն» – Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան (Լիբանան)
– «Ձեր ցաւը կը կոտրէ այն խեցին, որ պատեանն է ձեր հասկացողութեան: Ինչպէս որ պտուղին կորիզը պէտք է կոտրուի, որպէսզի անոր մէջի սերմը արեւ տեսնէ, այնպէս ալ դու՛ք պէտք է ճանչնաք ցաւը»:
Փոխան Վերջաբանի
Պատերազմները, անկախ անկէ` թէ քանի՞ օրուան, ամսուան կամ տարուան վրայ կը տարածուին, միշտ երկար կը տեւեն ու անդարմանելի սպիներ կը թողուն մեր սրտերուն մէջ:
Նուաստս վերոյիշեալ մէջբերումներէն ամէնէն շատ համբերութիւն ու տոկունութիւն պիտի մաղթեմ սիրելի ընթերցողին, մինչեւ արշալոյսը կրկին շողայ, եւ լոյսը բացուի: Մենք մեծաթիւ չենք, ոչ ալ` հզօր, սակայն տոկացո՛ղ ազգ ենք: Եւ այս համածիրին մէջ խօսքս աւարտեմ փոքր մէջբերումով մը` իմաստասէր (փիլիսոփայ) Հըրպըրթ Սփենսըրէն, որ Չարլզ Տարուինի գործը կարդալէ ետք կ՛արտայայտէ այն միտքը, թէ արարածներէն ամենաուժեղը չէ, որ յարատեւեց, այլ ան, որ տոկաց, յարմարեցաւ ու բարգաւաճեցաւ իր միջավայրին մէջ. «Տոկունը կը յարատեւէ»:
————-
- Արեւմտեան Ասիա` «Միջին Արեւելք» գաղութատիրական եզրոյթը չեմ փափաքիր գործածել:
- «Սիրոյ ներհունութիւն», արաբերէն բնօրինակին վերնագիրը «Ֆիգհ ուլ հուպ» է: «Ֆիգհ» բառը կը նշանակէ «Բան մը մանրակրկիտ ձեւով գիտնալ, հասկնալ ու ըմբռնել», խորհեցայ գործածել ներհուն բառը, որ կը նշանակէ քաջահմուտ ըլլալ, լաւատեղեակ ըլլալ:
- Անը` տառադարձութիւնը գերմաներէնէն ու հոլանտերէնէն կատարուած:
- 1942 թուականէն սկսեալ Եւրոպայի մէջ հրեաներու հալածանքներէն փախուստ տալու համար Անը Ֆրանքին ընտանիքը կը պահուըտի իր հօր աշխատավայրին մէջ գտնուող թաքցուած սենեակներու մէջ:
- Տրովադայի պատերազմի մասնակից Ոդիսեւսի տասնամեայ թափառումներուն ու արկածալից ուղեւորութեան դիւցազներգութիւնը: