Համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտին, 1918 հոկտեմբերին Օսմանեան կայսրութիւնը պարտուած դուրս ելաւ, որմէ ետք, Սայքս-Փիքօ համաձայնագիրին հիմամբ Սուրիա եւ Լիբանան ֆրանսական հոգատարութեան տակ մտան:
Մարոնիներու Իլիաս Հոայէք պատրիարք 1919 հոկտեմբերին Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին դիմեց` Մեծն Լիբանանի կազմաւորման առաջադրանքով: Մարոնի եկեղեցւոյ տեսլականով կ’առաջադրուէր Մեծն Լիբանանի կազմին մէջ ընդգրկել Պէյրութը, Թրիփոլին, Սայտան, Սուրը, Աքքարը, Պաալպէքը, Պեքան, Ռաշայան եւ Հասպայան:
Լիբանանի իսլամները կը նախընտրէին էմիր Ֆայսալ պըն Հիւսէյնի առաջադրած Արաբական պետութեան միանալ:
Ֆրանսական հոգատարութեան բարձրագոյն կոմիսար զօրավար Հենրի Կուրօ 1 սեպտեմբեր 1920-ին յայտարարեց Մեծն Լիբանանի ստեղծումը:
Ազգերու Լիկան 1922-ին հաստատեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ վրայ ֆրանսական հոգատարութիւնը: Լիբանանի առաջին սահմանադրութիւնը ընդունուեցաւ 23 մայիս 1926-ին եւ երկիրը պաշտօնապէս անուանուեցաւ Լիբանանի հանրապետութիւն:
Սահմանադրութեան ընդունումէն երեք օր ետք, 26 մայիսին խորհրդարանին կողմէ հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ յոյն ուղղափառ համայնքէն Շարլ Տեպպաս: Ֆրանսական իշխանութիւնները 1934-ին նախագահ նշանակեցին մարոնի համայնքէն Հապիպ փաշա Սաատը: 1936 յունուարին նախագահ ընտրուեցաւ մարոնի համայնքէն Էմիլ Էտտէ:
Ֆրանսեւլիբանանեան անկախութեան եւ բարեկամութեան դաշինքը ստորագրուեցաւ 13 նոյեմբեր 1936-ին, որուն հիմամբ Ֆրանսա խոստացաւ երեք տարուան ընթացքին անկախութիւն եւ ինքնիշխանութիւն շնորհել Լիբանանի եւ ապահովել անոր անդամակցութիւնը Ազգերու լիկային: Սակայն երկրորդ աշխարհամարտի նախօրեակին, միջազգային լարուած կացութեան պայմաններուն տակ Ֆրանսայի օրէնսդիր իշխանութիւնը չվաւերացուց այս դաշինքը:
Գերմանիայէն Ֆրանսայի կրած պարտութենէն ետք, 1940 յունիսին, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ տեղակայուած ֆրանսական քաղաքացիական եւ զինուորական իշխանութիւնները Վիշի քաղաքին մէջ հաստատուած եւ Հիթլէրի հետ համագործակցող մարաջախտ Ֆիլիփ Փեթէնի կառավարութեան ենթարկուեցան: Զօրավար Հենրի Ֆերնան Տենց Լիբանանի բարձր կոմիսար նշանակուեցաւ: Նախագահ Էմիլ Էտտէ հրաժարեցաւ 4 ապրիլ 1941-ին եւ հինգ օր ետք Տենց Ալֆրէտ Նաքքաշը նախագահ նշանակեց:
Դաշնակից պետութիւններու բանակները 1941 յունիս-յուլիս ամիսներուն ռազմական գործողութիւններու միջոցով վիշիականները հեռացուցին Լիբանանէն եւ Սուրիայէն: Այնուհետեւ զօրավար Շարլ տը Կոլ շրջան այցելեց եւ խոստացաւ անկախութիւն շնորհել Լիբանանի Լեւանթի մէջ Ազատ Ֆրանսայի ներկայացուցիչ զօրավար Ժորժ Քաթրու 26 նոյեմբեր 1941-ին յայտարարեց որ Լիբանան Ազատ Ֆրանսայի կառավարութեան հովանաւորութեան տակ անկախութիւն պիտի ստանայ:
Պքերքէի մէջ, 25 դեկտեմբեր 1941-ին, մարոնիներու Անթուան Արիտա պատրիարքին նախագահութեամբ եւ քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կայացած հանդիպումը մերժեց Քաթրուի առաջադրած ձեւական անկախութիւնը եւ ամբողջական անկախութիւն պահանջեց:
Խորհրդարանական ընտրութիւնները կայացան 29 օգոստոս եւ (երկրորդ հանգրուանին) 4 սեպտեմբեր 1943-ին: Նորընտիր խորհրդարանը սեպտեմբեր 21-ին Պշարա Խուրին հանրապետութեան նախագահ ընտրեց: Ռաշիտ Սոլհ դարձաւ վարչապետ:
Նորակազմ կառավարութիւնը մշակեց Լիբանանի համակեցութիւնը ապահովող Ազգային ուխտը, որ երկիրը ղեկավարելու սկզբունքներուն շուրջ գոյացած բանաւոր համաձայնութիւն էր: Սոլհի կառավարութիւնը նոյեմբեր 8-ին ձեռնարկեց սահմանադրութեան փոփոխութեան, ջնջելով ֆրանսական հոգատարութեան ակնարկող յօդուածները:
Զօրավար Քաթրու Լիբանանի կառավարութեան ձեռնարկած քայլերը միակողմանի նկատելով 2 նոյեմբեր 11-ին ձերբակալել տուաւ նախագահ Պշարա Խուրին, վարչապետ Ռաշիտ Սոլհը, Քամիլ Շամունը, Ատէլ Օսէյրանը, Սելիմ Թաքլան եւ Ապտէլ Համիտ Քարամէն եւ զանոնք Ռաշայայի բերդին մէջ բանտարկեց:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ խորհրդարանի նախագահ Սապրի Համատէ, էմիր Մեճիտ Արսլան եւ Հապիպ Ապու Շահլա Պշամունի մէջ կառավարութիւն կազմեցին: Պշամունի կառավարութիւնը Նայիմ Մուղապղապի հրամանատարութեամբ զինուած դիմադրութիւն կազմակերպեց:
Լիբանանցի ժողովուրդի դիմադրութեան, ինչպէս նաեւ բրիտանական ու դաշնակից պետութիւններու ճնշումին տակ Ռաշայայի բերդին մէջ արգելափակուածները 22 նոյեմբեր 1943-ի առաւօտուն ազատ արձակուեցան: Այսպիսով Լիբանան անկախութիւն ձեռք ձգեց, իսկ ֆրանսական զօրքերը 31 դեկտեմբեր 1946-ին հեռացան Լիբանանէն:



