Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրիներու Երկարատեւ «Ողբ»-ը Կամ «Նոր» Լիբանան Մը Փնտռելու… Մասին (Լիբանանի Անկախութեան 81-Ամեակ)

Նոյեմբեր 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Լիբանան սուրբերու երկիր է:

Ատենին, Լիբանան այցելած ու իր օրհնութիւնը անխտիր բաշխած կաթողիկէ Պապին այս հոգեգրաւ պատգամը խորքին մէջ, սրբազան խօսք մը ըլլալով հանդերձ, իր մէջ կը բովանդակէ պատկանելիութեան գիտակցութեան հրաւէր, աւելի՛ն. Վատիկանի քահանայապետի մը ի սրտէ արձակուած կոչ, որով ան լուսարձակի տակ կ՛առնէ այս հողատարածքին վրայ դարեր ապրած ժողովուրդի մը պատմութեան տարբեր փուլերը, մշակութային հարստութիւնը, դէպի ապագայ նայելու հաւաքական ճիգն ու երազը, իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան անխուսափելիութիւնը, յայտնապէս`անհրաժեշտութիւնը, իսկ ամէնէն էականը`ազատ, անկախ, գերիշխան պետականութեամբ  գոյատեւելու հրամայականը:

Վստահաբար, օրին, Պապին մտքին մէջ նաեւ առկայ էր Լիբանանի ապրած ողբերգութիւններու տեսականին, հասնելով` քաղաքացիական պատերազմի թէ ինքնաքանդումի տարիները (1975-1990), երբ սուրբերու այս երկրին մէջ ապրած բուռ մը ժողովուրդ, պէս-պէս պատճառներով` սպաննած, խոշտանգած էին զիրար, աւերած ու թալանած են մէկզմէկու` մոռացութեան տալով,  որ մօտիկ անցեալին`1943-ին, այս կամ այն աշխարհաքաղաքական պայմաններու բերումով` Լիբանանին շնորհուած էր անկախութիւն, իսկ ժողովուրդին`ազատ ապրելու իրաւունք:

Այո՛, անկախութիւն, որ չէ ունեցած հիմք ու քաղաքական իմաստութիւն, որով այս երկրին ժողովուրդը պիտի կարենար յաղթահարել ապագայ մարտահրաւէրները, զերծ մնար գաղութարարներու ճնշումներէ, ներհամայնքային պառակտումներէ, փտածութենէ, կաշառակերութենէ եւ ամէն տեսակի ինքնասպան արեւելումներէ:

Այլ խօսքով` Մեծն Լիբանանի (1920) ստեղծումէն եւ անկախութենէն ետք, այս երկրին մէջ ապրող ժողովուրդը չկրցաւ տնօրինել իր սեփական ճակատագիրը, հաւանաբար փորձեց, գէթ ժամանակի ընթացքին իւրացնել, խարսխել քաղաքացիական կրթութիւն հասկացութիւնը, չյաջողեցաւ, ու մնաց բանտարկուած իր տգէտ համոզումներուն մէջ, գերին` յարանուանական ախորժակներու: Ան, փոխանակ տէր ըլլալու իր հազարամեայ մայրիներու ժառանգին, արմատներուն, կառչեցաւ սին ու բոպիկ մտածումներու` քանդելով ապագայ սերունդներու երազն անգամ:

Սկեպտիկ մտածողութեան տէր անհատներ` յաճախ կը յիշեցնեն, որ Լիբանան անունով հողատարածքի մը գոյութիւնը լոկ աշխարհագրական վիճակ է, շօշափելի ու իրական պատկեր ըլլալէ հեռու, այսինքն`կեղծ ու ժամանակավրէպ, պարզապէս այս կամ այն պետութեան ազդեցութեան գօտին կամ կռուադաշտը:

Ճիշդ է, որ 21-րդ դարու աշխարհաքաղաքական նկրտումները սանձարձակ եւ առանց հաշուետուութեան կ՛արշաւեն երկիր մոլորակի ամբողջ տարածքին` ահ ու սարսափի մատնելով անզօր ու ստրկամիտ պետական կառոյցները, այդուհանդերձ, գոյութիւն ունի մետալին միւս երեսը, որ ուղղակի կ՛առնչուի տուեալ ժողովուրդին, երբ ուզէ պատմութենէն դասեր քաղել ու լծուիլ ինքնաղեկավարման, կառուցել երկիր ու պետականութիւն, որուն շուքին տակ պիտի ապրի ապահով ու անվտանգ:

Կրնայ առարկուիլ, որ երբ տակաւին աւատապետական դրութեամբ է, որ այս երկիրը կը ղեկավարուի, աւանդական մեծ ընտանիքներու եւ նորելուկ հարուստներու քմայքին ենթակայ է ամբողջ պետական կարգն ու սարքը, ալ ինչ խօսք ժողովուրդի մը ազատութեան եւ գերիշխան ապրելու մասին:

Դիպուկ է արաբատառ օրաթերթի մը սա բնորոշումը, որ կը փաստէ ներկայ օրերու պետական մակարդակի ու քաղաքական կեանքի խաղքութիւնը:

«Անկախութեան տարեդարձ` առանց պետութեան եւ տօնակատարութեան»:

Այսինքն` քայքայուած պետականութեան մնացորդացի իրողութիւնն է, որ կը հալածէ ժողովուրդը, երբ նախագահի աթոռը թափուր կը մնայ, երբ պետական պաշտօնէութիւնը հեռու է լիարժէք աշխատելէ, երբ տնտեսութեան հիմքը կործանման եզրին է, երբ բանակը կը կերակրուի օտար պետութիւններու օժանդակութեամբ, երբ ժողովուրդի մը համրանքին կէսը գաղթական է իր երկրին մէջ, երբ անգործութեան ալիքը իր աւերները կը գործէ, երբ երկիրը եղբայրասպան պատերազմի մը սեմին կը գտնուի եւ այլն, եւ այլն:

Հապա՞ եթէ երբեք ուզենք ընդգծել ներկայ օրերու (ամիսներու) լիբանանեան կեանքի տարողութիւնը, որ քաոսային իրավիճակէ մը աւելին` դժոխային պատկեր մը կը պարզէ, երբ անհաւասար պատերազմի (Իսրայէլ – Հըզպալլա) պատճառով գրեթէ հիմնայատակ կը կործանուին գիւղեր ու քաղաքներ:

Զանց առնելով քանի մը տասնամեակ, վերջին հարիւր տարուան ընթացքին Լիբանան կոչուած երկիրը չէ տեսած խաղաղութեան եւ բարգաւաճման տարիներ:

 

Այսպէս ըսած, փիւնիկեցիներու յաջորդներն ու քաղաքակրթութիւն կերտած այս երկրի ժողովուրդը, ըստ երեւոյթին դատապարտուած է ողբերգութիւններու մէջ ապրելու, որոնց պատճառը նոյնինքն լիբանանցիին (իսլամ-քրիստոնեայ) կուրցած մտածումն է, անհանդուրժողութիւնը եւ ինքնակեդրոն ապրելակերպը:

Հակառակ այն իրողութեան որ այս ժողովուրդը ծնունդ տուած է արժանաւոր զաւակներու, սքանչելի արուեստագէտներու եւ խոհուն մտաւորականներու, եւ ամբողջ աշխարհին ցոյց տուած է իր ստեղծագործ մտքին գեղեցկութիւնը, այդուհանդերձ, ներհակ երեւոյթներու եւ ապաշնորհ մօտեցումներու «աշխարհ» մըն է այս երկիրը, ուր հազարամեայ մայրիներու ողբը տակաւին կը շարունակուի:

Արդ, բռնազբօսիկ են այն բոլոր խօսքերն ու պատգամները, երբ լիբանանցին տակաւին չէ կրցած ձերբազատիլ իր ներքին հոգեբանական ախտերէն, խոցերէն, անբուժելի բարդոյթներէն եւ այլամերժութենէն:

Ինքզինք յարգող ոեւէ պետութիւն ու ժողովուրդ պարտաւոր է կառչիլ ազգային արժանապատուութեան եւ անվտանգութիւն հասկացողութեան, հզօր եւ յառաջադէմ բանակ ունենալու հրամայական պահանջին, պետականութեան խոր ըմբռնումին, ինքնավստահօրէն ապրելու եւ ստեղծագործելու տեսլականին, բարգաւաճ ու խաղաղ ապրելու համոզումին, քաղաքացիական դիմագիծ ու արժեհամակարգ ձեւաւորելու անյետաձգելի երազին:

Այլապէս, «նոր», բարգաւաճ ու ապահով Լիբանանի մը փնտռտուքը երկար ու անարդիւնաւէտ կը թուի ըլլալ, իսկ իրաւ անկախութեան ձգտելու մեծ երազը` անհասանելի…:

Փաստօրէն, նորովի տարազի մը մասին է խօսքը, Թաէֆի համաձայնագիրէ մը աւելին, խորը, արդիականն ու մեր ժամանակներու համահունչ, որ պիտի կարենայ նորահաս սերունդները օժտել քաղաքացիական գիտակցութեամբ, հայրենասիրական զգացումով եւ սեփական երկիր ու պետականութիւն կառուցելու հաւատամքով:

Այդուհանդերձ, դառն փորձառութիւնը կը յուշէ, որ երբ չկայ հայրենիք, ուրկէ՞ ճարել հայրենասիրութիւն:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Նշմար. Խիզախ Ամերիկացիներ Պաքուի Մէջ (Կամ` Հայ Դատի Սերմերուն Արդիւնքը)

Յաջորդը

Անկախութեան Օրուան Պատգամը` Միութիւն, Համակեցութիւն Եւ Վերականգնում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?