ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
Մահուան առաջին տարելիցն է իմ ազնիւ ընկերոջ, Ուաշինկթընի մեր համայնքի եւ առհասարակ սփիւռքի ազգային եկեղեցական կեանքի եւ Հայ դատի մեր գործի անխոնջ զինուորին` տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի: Իր անդարձ բացակայութիւնը մեր կեանքէն խլացնող է եւ ամէնօրեայ: Ան միշտ ներկայ է իր խոհուն խօսքերու խրախոյսով, իր անյատակ լաւատեսութեամբ, օգնութեան հասնելու իր պատրաստակամութեամբ: Անկեղծ, բարեհամբոյր, վճիտ եւ գերազանցօրէն պարզ ու համեստ իր անձնաւորութիւնը օրերու կնճռոտ իրականութեան մէջ միշտ ոգեշնչող եղած է եւ լիաւորող:
Մեր ազգային արժեհամակարգի բոլոր ազնիւ ուժականութիւններով օժտուած եզակի գործիչն էր ան եւ մեր հաւաքական կեանքի սիւները ամուր պահելու գործին լծուած անսակարկ նուիրեա՛լը: Կը փնտռենք զինք ամէն օր: Կը յիշենք միշտ իր մաքրամաքուր կենսափիլոսոփայութիւնը: Կը խօսինք իրեն հետ իւրաքանչիւր քայլափոխին:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, պայքարի՛ ընկեր:


