Հարցազրոյց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի Հետ
«ԱԶԴԱԿ».- Ըսիք, որ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը նոյնպէս կը նպաստէ հայոց լեզուի պահպանման ու տարածման: Ինչպէ՞ս:
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Պատմականօրէն Համազգայինը նախ ստեղծուած է իբրեւ կրթական ու հրատարակչական կազմակերպութիւն: Հետագային, սակայն, ընդլայնելով իր գործունէութեան ծիրը, Համազգայինը մշակութային միութիւն մը ըլլալու առաքելութիւնն ալ տուած է ինքնիրեն եւ արդ կը գործէ իբրեւ կրթական եւ մշակութային միութիւն: Հրատարակչական գործը հիմնարար եղած է Համազգայինի համար: Նիկոլ Աղբալեանի օրերուն ձեռք բերուած առաջին տպագրիչ մեքենան` իբրեւ հնութիւն ու ներշնչարան, պահպանուած ըլլալով, ցուցադրութեան դրուած է հրատարակչատան մէջ: Անշուշտ տարիներու ընթացին հրատարակչատան տպագրիչ մեքենաները, ըստ ժամանակի պահանջներուն, քանիցս արդիականացած են, եւ այսօր Համազգայինի հրատարակչատունը այն հազուագիւտ տպարաններէն է, որ սփիւռքի մէջ կը հրատարակէ սոսկ արժէքաւոր ու ոչ վաճառաշահ գիրքեր: Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսած են գեղարուեստական, պատմագիտական, գաղափարաբանական եւ մանկապատանեկան հազարաւոր գիրքեր, որոնք այսօր կը թուայնացուին եւ ի սպաս կը դրուին ընթերցասէր հանրութեան` յատուկ կերպով պատրաստուած ելեկտրոնային գրադարանին ճամբով, որոնք տրամադրելի են թէ՛ apple-ով եւ թէ՛ android-ով: Հոն կը շարունակուին հրատարակուիլ նաեւ դասագիրքեր: Գրատպութեան ու գրատարածի առաքելութեան կողքին, հրատարակչատան կից կը գործէ Համազգայինի գրախանութը, ուր կարելի է գտնել բազմաբնոյթ արժէքաւոր գիրքեր, ինչպէս նաեւ` «Լիւսի Թիւթիւնճեան» պատկերասրահը, որ կը խթանէ հայ գեղարուեստի զարգացումը: Սփիւռքահայ թէ հայրենի մեծաթիւ կերպարուեստագէտներ անհատական թէ հաւաքական ցուցահանդէսներ տուած են եւ պիտի շարունակեն տալ այնտեղ:
«Ա.».- Նշեցիք նաեւ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսնող դասագիրքերու մասին: Կը մանրամասնէ՞ք:
Զ. Ք.- Դասագիրք երեւոյթը ինքնին մշտանորոգ կացութիւն ու վիճակ կը պահանջէ: Ժամանակակից արհեստագիտութեան զարգացման հետ մանաւանդ, դասագիրքերու վերատեսութեան ենթարկման հարցը միշտ ալ այժմէական խնդիր է: Հայոց լեզուի իմ սիրելի դասագիրքս եղած է «Հայկարան»-ը, որուն շատ բան կը պարտիմ: Իրերայաջորդ սերունդներ այդ դասագիրքով իւրացուցած են հայոց լեզուն ու առնչուած` հայ գրականութեան: Ինծի համար սիրելի եւ յիշատակելի դասագիրք եղած է անիկա ու կը շարունակէ մնալ այդպիսին: Սակայն, արդէն գունազարդ գիրքերով հարուստ այս ժամանակներուն, չեմ կրնար մուգ թուղթով ու հայ գրողներու սեւ ու սպիտակ անորակ լուսանկարներով, իմ սերունդիս սիրելի նոյն «Հայկարան»-ով հայոց լեզու ու գրականութիւն սիրցնել պատանի որդւոյս: Հին «Հայկարան»-ին եկան փոխարինելու, օրինակ, Յարութիւն Քիւրքճեանի, Կարօ Առաքելեանի թէ այլոց պատրաստած նոր ու գունագեղ դասագիրքերը: Նոյնն է պարագան Հայոց պատմութեան դասագիրքերուն: Համազգայինի նախորդ Կեդրոնական վարչութիւնները , գործակցաբար Երեւանի պետական համալսարանի օրուան ղեկավարութեան հետ, կարեւոր նախաձեռնութիւնն ունեցած են, Հայաստանի առաջատար պատմագէտներու կողմէ, արդի ժամանակներուն յարիր, Հայոց պատմութեան արդի դասագիրքերու պատրաստութեան: Եռահատոր այս դասագիրքը գունազարդ է, ենթարկուած է մասնագէտ մանկավարժի խմբագրման ու սփիւռքի հայկական դպրոցի մէջ Հայոց պատմութիւն սորված, իսկ այժմ մասնագէտ պատմաբանի վերանայման: Լեզուական, մանկավարժական ու մեթոտական վերախմբագրման ենթարկուած Համազգայինի Հայոց պատմութեան եռահատոր նոր դասագիրքի առաջին հատորը արդէն իսկ լոյս տեսաւ ու տրամադրելի է սփիւռքի բոլոր դպրոցներուն, որոնք, ըստ տարբեր երկիրներու աշակերտութեան հայրենագիտութեան մակարդակին, կրնան որդեգրուիլ իրերայաջորդ երեք դաարաններու համար: Շուտով լոյս կը տեսնեն նաեւ երկրորդ եւ երրորդ հատորները: Քանի մը օր առաջ Համազգայինի գրախանութին մէջ տեսայ Հայոց պատմութեան նոր դասագիրքը, կողքին` հին մը: Ուրախացայ նորին համար, տխրեցայ հինին հաշուոյն: Բնականաբար, տարիներ ետք, մեր ձգտումը պիտի ըլլայ առաւել կատարելագործուած ու որակեալ դասագիրքերու պատրաստութիւնն ու հրատարակութիւնը:
Դասագիրքերու պատրաստութեան ու հրատարակութեան ծիրին մէջ ուրախութեամբ կ՛ուզեմ նշել նաեւ, որ այս տարի ամբողջացաւ մանկապարտէզի երեք տարիներու դասագիրքերու շարքի հրատարակութիւնը եւս: Եռահատոր շարքը արդէն իսկ հրապարակի վրայ է եւ որդեգրելի` սփիւռքի բոլոր դպրոցներու մանկապարտէզներուն համար: Համազգայինի իրերայաջորդ կեդրոնական վարչութիւններու նախաձեռնութեամբ, մասնագիտացած մանկավարժներու միջոցով պատրաստուած այս հաւաքածոները մեծ ոգեւորութիւն կը յառաջացնեն ոչ միայն աշակերտներուն, այլ նաեւ անոնց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն մօտ: Անոնք գունագեղ են, մանկավարժական արդիական չափանիշներով պատրաստուած եւ դիւրամատչելի` բոլորին համար: Այսպիսով, մեր մանկապարտէզի մատղաշ մանուկները երանելի են, որ հայոց այբուբենն ու հայերէնի առաջին թոթովանքները պիտի սորվին ու արտաբերեն շատ սիրելի, արժէքաւոր ու գունագեղ դասագիրքերով:
«Ա.».- Գիրքեր ու պատկերագիրքեր կը հրատարակեն նաեւ Համազգայինի, Արցախի ու Գիւմրիի գրասենեակները: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հոն տարուող աշխատանքները:
Զ. Ք.- Նախ կ՛ուզեմ խօսիլ մեր հայրենական գրասենեակներուն մասին: Հայաստանի ու Արցախի մէջ Համազգայինը ունի իր վարչութիւնները, որոնք Համազգայինի խորհուրդ կը կոչուին: Երբ կ՛ըսեմ Արցախի մէջ ունի, ներկա՛յ ժամանակով, կ՛ուզեմ յայտնել, որ Կեդրոնական վարչութեան որոշումով Համազգայինի Արցախի խորհուրդն ու գրասենեակը Արցախի ժամանակաւոր կորուստին պատճառով չեն լուծարուած, այլ իբրեւ վտարանդի կառոյց` կը գործեն Երեւանի մէջ: Մենք խորապէս կը հաւատանք, որ արցախեան պետական թէ հանրային բոլոր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները` իբրեւ վտարանդիներ, պէտք է շարունակեն իրենց կենսագործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: Հայաստանի, Արցախի ու շուրջ երկու տարի առաջ իր գրասենեակն ու գործունէութեան դաշտը հաստատող Համազգայինի Գիւմրիի կառոյցներն ու գրասենեակները նախ եւ առաջ Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի մեր շրջաններուն միջեւ փոխադարձ կապի պարտականութիւնն ունին: Սակայն անոնք կ՛իրականցնեն նաեւ իրենց կողմէ առաջարկուած ու Կեդրոնական վարչութեան կողմէ հովանաւորուող շարք մը ծրագիրներ, ինչպէս` գիտաժողովներ, յոբելենական հանդիսութիւններ, գիրքերու հրատարակութիւններ եւ այլն: Ճիշդ նկատեցիք` հրատարակչական մարզը առանցքային տեղ կը գրաւէ անոնց կողմէ ծաւալուող գործունէութեան մէջ: Բացի հերթական գիտաժողովներու գիտական զեկուցումերը ամփոփող հատորներէն, օրինակ, անցնող տարուան ընթացքին հրատարակուեցան տարեկից բանաստեղծներ Պարոյր Սեւակի ու Զահրատի 100-ամեակներուն առիթով հատընտիրներ, ու մեծ շուքով կատարուեցան անոնց շնորհահանդէսները:
Ուշագրաւ եռալեզու հրատարակութիւններ եղան արցախցի արհեստավարժ լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի` 44-օրեայ պատերազմը պատկերող «Արցախ. անաւարտ պատերազմ» պատկերագիրքը եւ Րաֆֆի Քորթոշեանի` արցախեան պատմամշակութային կորուստներու «Արցախ. վտանգուած ժառանգութիւն» պատկերագիրքի առաջին հատորը: Արցախի ամբողջական հայաթափումը մեզի կը ստիպէ շուտով լոյս ընծայել նաեւ երկրորդ հատոր մը:
«Ա.».- Հրապարակի վրայ սիրուած ներկայութիւն են Համազգայինի մանկապատանեկան խաղերն ու հրատարակութիւնները: Ի՞նչ նորութիւններ բերուած են ցարդ այս մարզին մէջ:
Զ. Ք.- Հոս կ՛ուզեմ յայտնել, որ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ունի մանկապատանեկան արդիական ծրագիրներու բաժանմունք: Այս նախաձեռնութիւնը սկսած է 2015 թուականին, որուն նպատակն է որակեալ, արդիական եւ գրաւիչ ծրագիրներու ստեղծում` երեք տարեկանէն սկսեալ հայ մանուկներուն համար: Խաղեր կը պատրաստուին մասնագիտացած խմբակի մը միջոցով, եւ հայ մանուկներ խաղերու միջոցով, կը սորվին հայ լեզուն: Ցարդ չորս խաղեր պատրաստուած են` Գոյներու աշխարհ, Ձեւերու աշխարհ, Թիւերու աշխարհ եւ Գիրերու աշխարհ: Ներկայիս կը պատրաստուի 5-րդ ուսուցողական խաղը:
Այս բոլորին կողքին, խմբակը պատրաստած է զանազան խաղալիքներ (ինչպէս` Լալայի ու Արայի խօսող պուպրիկները) եւ ուսուցողական գիրքեր ու աշխատանքային տետրակներ, ինչպէս նաեւ` տարեդարձի գունազարդ հաւաքածոն: Բաժանմունքը ստեղծած է նաեւ մանկական արդի ձեռագիր տառատեսակ, որ կարելի է անվճար ներբեռնել` www.hamazkayin.com/arti
Հոս տեղին է յիշել նաեւ ՄՏԱՄԱՐԶ խաղը: 10 տարեկանէն վեր անհատներուն համար պատրաստուած այս խաղը, որ, ըստ էութեան, հայերէն լեզուով զարգացման մրցումի բնոյթ ունի, կարելի է ներբեռնել iOS եւ android գործիքներուն վրայ եւ փափաքողներուն անվճար կը տրամադրուի Համազգայինի կողմէ: Այս խաղը ունի 3 մակարդակ` դիւրին, միջակ եւ դժուար, եւ բաժնուած է 7 նիւթերու:
«Ա.».- Մամուլի եւ ընկերային ցանցերու մէջ մեծ տեղ յատկացուեցաւ Համազգայինի երիտասարդական ծրագիրներու իրագործումին: Ի՞նչ է նպատակը անոնց, ու ինչպէ՞ս կը գնահատէք զանոնք:
Զ. Ք.- Համազգայինի երիտասարդական ծրագիրները` «Ֆորումը», «Եութլինքս»-ը եւ «Արթլինքսը» եւ պատանեկան մեր ծրագիրներէն «Փեթակ»-ը նպատակ ունին մշակութային հայախօս մթնոլորտի մը մէջ հաւաքել տարբեր երկիրներու մէջ հասակ առած եւ կազմաւորուած մեր երիտասարդները: Տարիներու ընթացքին իրենք զիրենք հաստատած ու յաջողութիւններ արձանագրած ծրագիրներ են ասոնք, որոնցմէ «Ֆորում»-ը արդէն երեսուն տարիներէ ի վեր կը կազմակերպուի եւ այս տարին յոբելենական է: «Ֆորում»-ը համագաղութային բնոյթ ունի եւ նախապէս տեղի կ՛ունենար Լիբանանի մէջ: Վերջին աւելի քան տասնամեակի մը ընթացքին ան տեղի ունեցած է Հայաստանի ու Արցախի մէջ: Վերջին երկու տարիներուն, երբ կորսնցուցինք Արցախը, Գիւմրիի մէջ: «Եութլինքս»-ն ու «Արթլինքս»-ը, որոնք նոյնանման ծրագիրներ են, տեղայնական բնոյթ ունին: Առաջինը տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի մէջ եւ կը հաւաքագրէ Եւրոպայի երիտասարդութիւնը, իսկ երկրորդը Ամերիկաներու եւ Քանատայի երիտասարդութեան համար է: Նախանձելի բան է, երբ հայ երիտասարդներ տարբեր երկիրներէ եւ քաղաքներէ քով-քովի կը համախմբուին եւ կը հանդիպին հանրային մեծ ճանաչում ունեցող մշակոյթի դէմքերու հետ, կ՛առնչուին իրենց արմատներուն, շատ յաճախ կը սիրահարին իրարու, կը ստեղծեն միջհամայնքային բարեկամութիւն եւ ապահովաբար մշակութապէս հարստացած կը վերադառնան իրենց ապրած երկիրները: Մենք վստահ ենք, որ երիտասարդ տարիքի մեր երիտասարդական այս ծրագիրներու բովէն անցած մեր տղաքն ու աղջիկները այնուհետեւ տարբեր գիտակցութեամբ պիտի ապրին հայեցի իրենց կեանքը, ո՛ւր որ ալ գտնուին: Իսկ «Փեթակ» ծրագիրը պատանիներու յատուկ արեւմտահայերէնի ամառնային երկշաբաթեայ ճամբար է, որ տեղի կ՛ունենայ Արեւելեան Ամերիկայի մէջ: «Փեթակ»-ին մասնակցելու համար կարելի է դիմել բոլոր երկիրներէն:
«Ա.».- Իբրեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ` միութեան 95-ամեայ յոբելենական հանդիսութեանց առիթով, առիթ ունեցաք այցելելու կարգ մը գաղութներ: Ի՞նչ տպաւորութիւններ կրնաք կիսել ընթերցողին հետ:
Զ. Ք.- Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին այցելութիւնները դէպի զանազան շրջաններ` Համազգայինի 95-ամեակի ձեռնակներուն առիթով թէեւ ունէին բանախօսական բնոյթ, սակայն միաժամանակ առիթ էին ծանօթանալու` շրջաններու գործունէութեան, ստեղծագործական խումբերուն եւ անոնց ղեկավարներուն, վարչական կազմերուն, անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու խնդիրներուն: Քանի մը խօսքով կատարելու համար շարք մը ընդգծումներ` յայտնեմ, որ հայաշատ քաղաքներու մէջ Համազգայինը յաջողած է ստեղծել եւ պահել որակեալ պարախումբեր, երգչախումբեր ու տեղ-տեղ ալ` թատերախումբեր, որոնք արհեստավարժ մակարդակի կը յաւակնին: Մինչ աւելի քիչ հայ բնակչութեամբ քաղաքներու մէջ մեր ստեղծագործական խումբերը ունին շատ կարեւոր առաքելութիւն մը` գեղարուեստի միջոցով սատարել հայապահպանութեան կարեւոր գործին: Թէ՛ արհեստավարժ եւ թէ՛ սիրողական ստեղծագործական խումբերուն պարագային, հաւասարապէս կարելի է ըսել, որ մեծ ջանքերով, մեծ նուիրումով, կազմակերպական մեծ գործով ստեղծուած է հայեցի ու դրական ջերմ մթնոլորտ մը, որուն մէջ կ՛աճի մեր դեռատի սերունդը: Անոնք բոլորն ալ առաւելագոյնս կը ծառայեն Համազգայինի հիմնադիր սերունդին իսկ առաջադրած առաքելութեան ու նպատակակէտին: Բնականաբար, բոլոր շրջաններէն նոյն մակարդակի գործունէութիւն ու կենսունակութիւն կարելի չէ ակնկալել, սակայն այցիս ընթացքին ականատես եղայ տարաբնոյթ երեւոյթներու եւ կացութիւններու, մեծաւ մասամբ` դրական: Մեր խնդիրն է նուազ հայութեամբ բնակեցուած շրջաններու Համազգայինի գործունէութիւնը, այնուամենայնիւ, աշխուժացնել: Հոս մատնանշելի է, որ Արեւմտեան Ամերիկայի մեր կառոյցը, շնորհիւ տարիներէ ի վեր թափուած մեծ ճիգին, արդէն իսկ իրողութիւն դարձուց մշակութային կեդրոնով մը օժտուելու իր երբեմնի երազը: Շուտով Համազգայինի մեր ստեղծագործական խումբերը իրենց հերթական փորձերը կը կատարեն իրենց սեփական տան մէջ: Նոյնը կարելի է ըսել վարչական ժողովներու ու տարաբնոյթ միութենական աշխատանքներուն գծով: Քանատայի շրջանը, իր ստեղծագործական որակեալ խումբերու կողքին, յատուկ հոգածութեան տակ կ՛առնէ հայրենագիտական դասընթացքը, որ եզակի ու ողջունելի նախաձեռնութիւն է, երիտասարդական գրական ու ասմունքի խմբակներ, որոնք շատ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն իրենց տեսակին մէջ եւ դժբախտաբար հազուագիւտ են: Ուշադրութեան արժանի են Արեւելեան Ամերիկայի շրջանի պարախումբերը, որոնց հետ կարեւոր աշխատանք տարած է ազգագրական պարերու հայրենի եզակի գիտակ ու պարուսոյց, վաղամեռիկ Գագիկ Գինոսեանը: Քուէյթի շրջանը, որ մեր երիտասարդ շրջաններէն մէկն է ու իր ստեղծման տասնամեակի սեմին կը գտնուի, օժտուած է բացառապէս երիտասարդ վարչական կազմով մը, որ նշանակալից աշխատանք կը տանի` կենսունակ պահելու շրջանի պատանեկան ու երիտասարդական զոյգ երգչախումբերն ու պարախումբերը, ինչպէս նաեւ` թատերախումբը: Մոսկուայի մեր կառոյցը նոյնպէս երիտասարդ է: Բացի մանկապատանեկան երգչախումբ ու պարախումբ ունենալէ` շրջանի շաբաթօրեայ դպրոցներու թիւը հետզհետէ կ՛աճեցնէ: Բազմահարիւր հայ մանուկներ իրենց ծնողներուն հետ, հեռաւոր տարածութիւններ կը կտրեն հասնելու համար շաբաթօրեայ մեր դպրոցները, որոնց թիւը անցեալ տարուան չորսի փոխարէն` այս տարեշրջանին արդէն հասած է եօթնի: Մոսկուայի Համազգայինի դպրոցներուն թիւը աճելու միտում ունի: Շուրջ երեք տասնեակ նուիրեալ ուսուցչուհիներ, որոնցմէ շատեր անցնող ամրան Հայաստանի մէջ որակաւորման ծրագրի մը մասնակցեցան, հայերէն լեզուով, Հայոց պատմութեամբ ու հայ մշակոյթով կը սնուցանեն իրենց բազմահարիւր աշակերտները: Իսկ Սուրիոյ եւ Լիբանանի շրջաններու գործունէութիւնը եթէ մէկ բառով բնութագրելու ըլլանք, անվարան ու առանց չափազանցութեան` հերոսական կրնանք յորջորջել:
«Ա.».- Քիչ մը աւելի մանրամասնելով` կրնա՞ք կեդրոնանալ Լիբանանի եւ Սուրիոյ շրջաններու կատարած գործունէութեան վրայ:
Զ. Ք.- Երբ կը խօսիմ զոյգ շրջաններուն գործունէութիւնը հերոսական նկատելու մասին, նկատի ունիմ անոնց կատարած գործունէութեան ծաւալները` քաղաքատնտեսական ծանօթ դժուարին կացութեան համեմատութեամբ: Հակառակ իր մարդուժի տեսակէտէն «արիւնաքամ» վիճակին` Սուրիոյ շրջանը կը պահէ իր մշակութային գործունէութեան կենսունակութիւնը: Կը շարունակեն գործել Սուրիոյ շրջանի բոլոր երգչախումբերը, պարախումբերը, թատերախումբերը: Գեղարուեստի դպրոցներու դասաւանդութիւնները կը շարունակուին կանոնաւոր կերպով, միութենական-ժողովական կեանքը եռուն է: Իր կարեւոր գործառոյթը կայուն կը պահէ նաեւ Համազգայինի Սուրիոյ Հայագիտական հիմնարկը, որուն, յոյսով եմ, շուտով առցանց կերպով կրնան միանալ նաեւ այլ երկիրներէ ուսանողներ: Վերջին տարիներուն, հակառակ տիրող տարբեր տեսակի դժուարութիւններուն, Լիբանանի շրջանի գեղարուեստական դպրոցներն ու ստեղծագործական խումբերը նոյնպէս եղան առաւել բեղուն: Այժմ Լիբանանի մէջ տիրող պատերազմական դրութիւնը մեծապէս կը սրէ արդէն իսկ դժնի կացութիւնը, սակայն արդէն իսկ վերաբացուած են Գեղարուեստի դպրոցներն ու սկսած` զանազան խումբերու փորձերը: Աղէտալի կացութեան մէջ գտնուող զոյգ երկիրներու մեր զոյգ շրջանները ցարդ մեծ հաւատքով, նուիրումով ու ճիգով յաղթահարեցին առկայ տագնապները: Իւրաքանչիւր երկրի մեր աշակերտներուն ու ստեղծագործական խումբերու մասնակիցներուն թիւը անցաւ 800-ի սահմանները: Ասիկա արդէն լուրջ ցուցանիշ է: Համազգայինը ո՛չ միայն իրերայաջորդ Կեդրոնական վարչութիւններու, այլեւ Համազգային գերագոյն` պատգամաւորական ժողովի մակարդակով ու որոշումով, յատուկ ուշադրութեան տակ կը պահէ այս բոլորը: Անցնող տարուան ընթացքին պատահեցաւ, որ քանի մը այլ շրջաններ եղբայրական ձեռք մեկնեն` աջակցելով նիւթաբարոյապէս, սակայն ակնկալելի է, որ գեղեցիկ այս արարքները ո՛չ միայն կրկնուին, այլեւ, մանաւանդ այս օրերուն, անոնց օրինակին հետեւին այլ շրջաններ եւս:
«Ա.».- Ինչպիսի՞ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէք ձեր գործունէութեան ընթացքին:
Զ. Ք.- Խօսիլ դժուարութիւններու մասին` կը նշանակէ մատնանշել լիբանանեան քաղաքատնտեսական տագնապն ու դրամատնային ծանօթ տագնապը: Խօսիլ դժուարութիւններու մասին` կը նշանակէ մատնանշել արեւմտեան Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանի մէջ հանգրուանած գաղթականներուն ստեղծած տագնապը: Խօսիլ դժուարութիւններու մասին` կը նշանակէ մատնանշել այսօրինակ բազում խնդիրներ: Դժուարութիւններու մասին խօսիլը յարիր չէ աւելի քան 95 տարիներու ահեղ դժուարութիւններ յաղթահարած միութեան մը: Երբ կը գտնուինք դժուարութիւններու դէմ յանդիման, անպայմանօրէն կը յիշենք մեր հիմնադիր սերունդի մեծութիւնները, որոնք Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան կերտիչներն էին միաժամանակ, եւ որոնք` անկախութեան կորուստէն ետք վտարանդի էին ու տարագիր: Սակայն աննկարագրելի դժուարութիւններուն առջեւ անոնք չընկրկեցան, չկքեցան ու չնահանջեցին, այլ այն օրերուն, երբ դեռ տակաւին կազմաւորուած իսկ չէին սփիւռքի համայնքները, յաղթահարելով տարագիրի ու վտարանդիի իրենց հոգեբանութիւնն ու կազմակերպական անսահման դժուարութիւնները, մարգարէաբար մտայղացան ստեղծել Համազգայինը, որուն դժուարութիւնները միշտ ալ հարթուած են` շնորհիւ աշխարհատարած հաւատաւոր ու աննկուն համազգայնականներու հաւաքական ճիգին ու տքնանքին, ու նաեւ` շնորհիւ Համազգայինի առաքելութեան հաւատացող հայորդիներու նիւթաբարոյական մշտանորոգ նեցուկին:
(Շար. 2 եւ վերջ)