Յօդուածներ

Գիրք Ծախելը Մուրալու Չափ Դառն Է

Գիրք Ծախելը Մուրալու Չափ Դառն Է

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող «Ազդակ» օրաթերթը իր ուրբաթ, 6 սեպտեմբեր 2024-ի թիւին մէջ կը հրատարակէր զաւարեանական երիտասարդի մը Տիր ստորագրութեամբ «Մուրացկան մտաւորականները» խորագրեալ գրութիւնը. գրողը իր յօդուածը կը վերջացնէ քիչ մը «ծանր» հնչող հետեւեալ տողով. «Մտաւորական ըլլալ` կը նշանակէ «պատուական» մուրացկան դառնալ»: Հիմա հարցական է, թէ մենք մեզ որքանո՞վ մտաւորական կ՛ընդունինք, եւ եթէ կ՛ընդունինք, արդեօք մե՞նք ալ այդ...

Ուոթըրթաունի Մէջ Տեղադրուեցաւ Կոմիտասի Կիսանդրին

Ուոթըրթաունի Մէջ Տեղադրուեցաւ Կոմիտասի Կիսանդրին

Հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր շաբաթ, նոյեմբեր 9-ին, Ուոթըրթաունի (Մասաչուսեց) Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնին մէջ, որուն մուտքին տեղի ունեցաւ հայ մեծ երգահան, երգիչ, երաժշտագէտ, վարդապետ եւ ուսուցիչ` Կոմիտասի (Սողոմոն Սողոմոնեան) կիսանդրիին բացման հանդիսութիւնը: Անոր ծննդեան 155-ամեակին առիթով Ուոթըրթաունի Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնի յանձնախումբը մտայղացումը ունեցաւ տեղադրելու այս կիսանդրին, որ կը պատկանի քանատաբնակ հանրածանօթ քանդակագործ տոքթ. Մկրտիչ Տարագճեանին (ծնեալ...

ՎԱՀԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Անցնող շաբաթը նշանաւորուեց ԱԺ-ում տեղի ունեցած բուռն քննարկումներով. 2025 թ. պիւտճէի քննարկման ժամանակ, ի թիւս իշխանութեան չափազանց վտանգաւոր ուղեգծի մատնանշման, ընդդիմադիր պատգամաւորների կողմից եղան նաեւ բազմաթիւ բացայայտումներ ու կարեւոր դիտարկումներ, որոնք ամբողջական են դարձնում անցնող եւ գալիք պիւտճէական տարիներին առկայ գործընթացները: Այսպէս, պարզուեց` ընթացիկ պիւտճէական տարուայ 2-րդ եռամսեակում աշխատատեղերը ոչ թէ աւելացել, այլ կրճատուել են թէ՛ պետական, թէ՛...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Երեւանէն Պոլիս Մեկնած Քանատացի Լրագրող Նիլ Հաուըրի Թուրքիա Մուտքը Արգիլած Են` «Սեւ Ցուցակ»-ին Վրայ Ըլլալուն Պատճառով

Անոր Վերջին Տեղեկագիրին Խորագիրն Է` «Քոփ-29 Հիւրընկալող Ազրպէյճանը Յանցաւոր Է 2023-ին Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Ունեցած Յարձակումներու Ընթացքին «Ցեղային Մաքրագործումի» Մէջ» ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Երեւան հաստատուած քանատացի ազատ լրագրող Նիլ Հաուըր (Neil Hauer) 24 նոյեմբեր 2024-ին «ՔՈՓ 29 հիւրընկալող Ազրպէյճանը յանցաւոր է 2023-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած յարձակումներու ժամանակ «Ցեղային մաքրագործումի» մէջ - Աւելի քան 100 հազար ազգութեամբ հայեր լքած...

Ընկերական Զրոյց.   Գործի Եւ Խօսքի Խաչմերուկին

Ընկերական Զրոյց. Գործի Եւ Խօսքի Խաչմերուկին

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Հաւաքական եւ հանրային կեանքի բոլոր բնագաւառներուն ու բոլոր ժամանակներուն մէջ նպատակի կամ ծրագիրի մը քարոզչութեան, ժողովրդականացման ու հանրայնացման եւ անոր շուրջ դրական ու քաջալերական լիցք հաղորդող եւ մթնոլորտ ստեղծող հիմնական գործօնը տուեալ ծրագիրի իրականացման համար ներդրուած ճիգը եւ անկէ բխած արդիւնքն է, եւ ո՛չ թէ` ծրագիրի մասին յաճախ անդրադառնալն ու զայն խօսքով անիմաստ  ծանրացնելը: Խօսքը կենսաւորող ու զայն...

Առաքեալներ Հայկական

Առաքեալներ Հայկական

ԱԶԱՏ ԱԲՂ. ՖԻԼԻՔԵԱՆ Այսօր տօնն է Հայ եկեղեցւոյ առաջին լուսաւորիչներուն եւ Բանին կենաց նախընթաց աւետիսը բերողներուն, որոնք նահատակուեցան հաւատքի եւ ճշմարտութեան համար: Տօնն է Աստուծոյ առաքեալներուն, որոնք կոչուեցան ճշմարիտ լոյսը Հայաստան աշխարհ բերելու: Անոնք ծնած էին նահատակուելու այն ժողովուրդին կողմէ, որ առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը պիտի դառնար. դարձան լոյսի տարածիչը հեթանոս աշխարհին մէջ եւ կոչուեցան առաքեալք Հայաստան աշխարհի: Տօնն է Հայոց...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Քաղցկեղը Եւ Մենք

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անարդար Աշխարհ

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Պատմութեան մէջ գրուած է տարբեր տեսակի անարդարութիւններու մասին, որոնց գինը միշտ վճարած է տկարը: Հզօր պետութիւններ ամէն տեսակ միջոցներու դիմած են եւ կը դիմեն հասնելու համար իրենց նպատակին: Քաղաքականութիւնը միմիայն հիմնուած է շահերուն վրայ` պետութիւններու կամ քաղաքական կողմերու, որոնք պատրաստ են ամէն բան զոհելու իրենց նպատակին հասնելու համար: Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդած 110 տարուան ընթացքին շատ աւելի անարդարութիւններ...

Տունդարձ` Թէկուզ Առանց Տունի

Տունդարձ` Թէկուզ Առանց Տունի

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Այսօր (27 նոյեմբեր) տարբեր օր է, այսօր տարբեր մթնոլորտ է լիբանանեան անխտիր բոլոր շրջաններուն մէջ: Լիբանանի երկինքին մէջ ու երկրին վրայ: Շատ ծանր ու անխիղճ ամիսներու, շաբաթներու եւ յատկապէս վերջին օրերու թանձր մշուշը ի վերջոյ իր տեղը տուաւ խաղաղութեան ծիածանին: Այդքա՛ն սպասուած զինադադարը հասաւ: Երկինքը վերագտաւ իր անդորրը, հողը գտաւ իր հանգիստը: Մարդիկ գրկեցին խաղաղութիւնը, ամուր, շա՜տ ուժգին:...

1890-ականներու Թրքական Ջարդերէն Վերապրածներու 8000 Նամակներ Բացայայտող Գիրք Մը

1890-ականներու Թրքական Ջարդերէն Վերապրածներու 8000 Նամակներ Բացայայտող Գիրք Մը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Վերջերս ստացայ առաջին հատորը 2021 թուականին Երեւանի մէջ լոյս տեսած արժէքաւոր գիրքի մը, որ առաջին անգամն ըլլալով հանրութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ քանի մը նամակներ 8000 ձեռագիր նամակներէն, որոնք կը պատկանին 1894-96 թուականներուն սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կազմակերպուած 300 հազար հայերու թրքական ջարդերէն փրկուածներու: Այս եզակի գիրքը, որուն հեղինակն է Վերա Սահակեանը, եւ որ`...

Փիւնիկը Կրկին Կը Բարձրանայ

Փիւնիկը Կրկին Կը Բարձրանայ

ԽԱԺԱԿ ԳՈՒԼԱՃԵԱՆ «Ա՜խ վաթան, վաթան, քու հողին ղուրբան, Քո ծխին ղուրբան, քո ջրին ղուրբան, Է՞ս փառքն ունէիր, Է՞ս պատիւն առաջ, Որ հմիկ աւիրուել, մնացել ես անջան»: Խ. ԱԲՈՎԵԱՆ  Պատմութեամբ եւ ողբերգութեամբ յատկանշուող ծննդավայրս կրկին ստացաւ խաղաղութիւն վայելելու առիթը: Իր անցեալը` իբրեւ Փիւնիկէ, քաղաքակրթութեան եւ դիմացկունութեան օրրան, այսօր եւս կ՛արձագանգէ լիբանանցիներուն սրտերուն մէջ: Հազարամեակներու վայրիվերումներու ընդմէջէն լիբանանցին փաստած է, որ ինք,...

Բեղմնաւորութեան Համաշխարհային Ճգնաժամ

Բեղմնաւորութեան Համաշխարհային Ճգնաժամ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Աշխարհի բնակչութեան թիւը պիտի աւելնա՞յ, թէ՞ նուազի: Ենթադրութիւնները տարաբնոյթ են, եւ ամէն գլուխէ ձայն մը կ՛ելլէ: Նաեւ պարզ է, որ կան ընդհանրական մտահոգութիւններ, որոնց մասին կը գրեն մասնագէտներ: Բրիտանական «Կարտիըն» թերթի կայքը այս հարցին անդրադարձող յօդուած մը հրապարակած է վերջերս: Ն. Աւելի Նուազ Թիւով Երեխաներ Լա՞ւ Են, Թէ՞ Վատ. Մասնագէտները Տարակարծիք Են Բրիտանիոյ ծնելիութեան մակարդակը կը գտնուի բոլոր...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Մեծ Բանավէ՞ճ, Թէ՞ Մեծ Խեղկատակութիւն

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԷԱՆ «... Բաւակա՛ն է, չպէ՛տք է լռել» Հայաստանի պատկերասփիւռի Հ1 կայանը կիրակի, 24 նոյեմբերին ներկայացուց «Մեծ բանավէճ» խորագրեալ հանդիպում մը, որ վրան բաց խեղկատակութիւն էր` հետեւութեամբ «բաց պատարագ» հասկացողութեան: Հայաստանի իրաւական-դատական մարզի բարեփոխման մեկնակէտով (ի՞նչ եղած է, ի՞նչ պէտք է ըլլայ) տեսակէտներ յայտնելու հրաւիրուած էին վեց անձնաւորութիւններ: Շարժառիթը այս համակարգին մէջ ՔՊ-ապետին նորագոյն կամայականութիւնն էր: Հաղորդումը կը վարէին կայանի...

Առաջնագիծին Կանգնած Բանաստեղծը

Առաջնագիծին Կանգնած Բանաստեղծը

ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ «Բանաստեղծութեամբ իրազեկուող մարդը իրաւունք չունի չէզոք դիրքերէ գործելու: Բանաստեղծութիւնը կարեւոր է բոլոր անոնց համար, որոնք առաջնագծին վրայ են» ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Մօտ մէկուկէս ամիս առաջ հրաւիրուած էի խօսք առնելու մէկ այլ շնորհահանդէսի բեմէն: Թէեւ հեղինակի գործին ծանօթ էի, բայց եւ այնպէս,  բաղդատած միւս ելոյթ ունեցողներուն, անպատրաստ կը զգայի, քանի որ, ի տարբերութիւն միւս խօսողներուն, անձամբ չէի ճանչցած օրուան հեղինակը:...

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԱ.)

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԱ.)

ԳԱՌՆԻԿ Ա. ՔՀՆՅ. Գ. Թ.- Ինքնութիւն Բանավիճուած եւ բանավիճուող յղացք մըն է ա՛յս եւս: Օգտակա՞ր յղացք է, թէ՞ ոչ: Երեւոյթը, որուն կը յղուի, կա՞յ, թէ՞ չկայ: Ինքնութիւնը իրականութեան մէջ անինքնութի՞ւն մըն է: Եւ եթէ կայ երեւոյթը, ապա անոր համար ճշգրի՞տ յղացք է, թէ՞ անորոշ: Եթէ անորոշ է, ապա պէտք չէ՞ որ աւելի մեկին յղացքներ օգտագործել, քան` այս մէկը... Անշուշտ այս...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Լոյսդ Անմար, Լիբանան

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Լոյսդ Անմար, Լիբանան

ԱԶՆԻՒ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Արեւն իր ոսկի Ցոլքերը փռեց Մեր երկրի վրայ. Յափշտակեցի Իր փայլքը վերջին, Որուն կարօտ է Սիրտս միայնակ Մեղմելու թաքուն Յոյսերս վերջին: Այնտեղ կայ աղօթք, Խունկ, սէր ու երազ. Աստղերն չեն մարած Դեռ ամենեւին, Թէեւ խաւար է Ու անօգնական, Ձեռքն ինկած թշուառ Բախտագուշակին: Կործանեցին մեր Պէյրութը պայծառ, Չարութիւն բերին... Ա՛լ խօսքեր չկան... Ա՜խ, մարդիկ, մարդիկ, Ինչպէ՞ս թող ժպտան: Բայց...

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Մեծարուեցաւ Գոհաբանական Տօնախմբութեան Ընթացքին

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Մեծարուեցաւ Գոհաբանական Տօնախմբութեան Ընթացքին

Կիրակի, 24 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան աւանդական տօնախմբութիւնը, որ նուիրուած էր բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի ծառայութեան 40ամեակին Թեմէս ներս։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաւօտուն Ս. Պատարագ մատուցանեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւնը Terrace on the Park համալիրին մէջ։ Թեմի տարբեր շրջաններէն (Շիքակոյէն, Պոսթընէն, Սփրինկֆիլտէն, Փրաւիտընսէն,  Գընէթիքըթէն, Ֆիլատելֆիայէն, Ուաշինկթընէն) եկած...

«Ալիք»-ի Խմբագրական.  Պահպանել Ազգային Գաղափարները Եւ Տեսլականը. Օրակարգային Պահանջ` Ճգնաժամը Յաղթահարելու Համար

«Ալիք»-ի Խմբագրական. Պահպանել Ազգային Գաղափարները Եւ Տեսլականը. Օրակարգային Պահանջ` Ճգնաժամը Յաղթահարելու Համար

Գաղտնիք չէ, որ Նիկոլ Փաշինեանի գրեթէ բոլոր հանրային ելոյթների առանցքը հակագաղափարն է եւ, ինչպէս քաղտեխնոլոգներն են նշում, հակագաղափարները` որպէս հայեցակարգ, նրա մօտ արտայայտւում են հանրային գիտակցութեան մէջ արմատացած գաղափարներին, մտածողութեանը եւ արժեհամակարգին հակադրուելով, աւելի ստոյգ` դրանց ոչնչացմամբ: Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան հետ նրա վերջին աղմկայարոյց հարցազրոյցը եւ դրանում առաջ քաշուած ամենակարեւոր հակագաղափարը նոյնպէս տեղաւորւում է վերը նշուած սահմանման տրամաբանութեան շրջանակում: «Նեղւում...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Յուզիչ Եւ Ոգեւորող Պատումի Մը Առիթով (Հայկազեան Համալսարանի Առօրեայէն)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ     Իր հիմնադրութեան 70-ամեակի սեմին գտնուող Հայկազեան համալսարանի մասին յիշատակելի գրականութեան մը առընթեր գոյութիւն ունեցած են, տակաւին կան այնպիսի պատումներ, որոնք եթէ երբեք արձանագրուին սպիտակ էջերու վրայ եւ արժանանան տպագրութեան, վստահ որ պիտի լեցնեն բազմաթիւ հատորներ: Ի դէպ, պահ մը զանց առնելով սփիւռքի տարածքին գտնուող հայկական միակ համալսարանին պատուաբեր առաքելութեան բազմաոլորտ շերտերը, ակադեմական կրթութիւն ջամբելու իրողութիւնն ու գիտական միջավայր...

Թուրքերը Որոշած Են Վերականգնել Մարութավանքը

Թուրքերը Որոշած Են Վերականգնել Մարութավանքը

«Ակունք» թրքական մամուլէն առնելով` թարգմանաբար կը հաղորդէ, որ պաշտօնապէս ներկայիս Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ գտնուող Պաթման նահանգի Սասուն գաւառի Մարութայ լերան գագաթին կառուցուած հայկական Բարձր Աստուածածին վանքի վերականգնման որոշում տրուած է:  Այդ մասին յայտնած է Պաթմանի նահանգապետ Էքրեմ Ճանալփը: Պաթմանի նահանգապետը նշած է, որ 2973 մեթր բարձրութիւն ունեցող Մարութայ լերան հայկական եկեղեցին պիտի վերանորոգէ յատուկ վարչութեան գլխաւոր քարտուղարութիւնը: Թուրք նահանգապետը նաեւ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ «Մենք Ենք Գիւմրին» Ձեռնարկին Հաւաքուած 20 Հազար Տոլարը Կ՛ուղղուի Երիտասարդական Ծրագիրներուն «Մենք ենք Գիւմրին» նախաձեռնութիւնը տասը տարի շարունակ հնարաւորութիւն տուած է գիւմրեցի հարիւրաւոր երիտասարդներու` անվճար օգտուելու բազմաբնոյթ ծրագիրներէն, որոնք կը նպաստեն տարբեր ուղղութիւններով իրենց առաջընթացին: Ասիկա հնարաւոր կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու բարերարներու շնորհիւ, որոնք վերահաստատեցին ծրագիրի վերաբերեալ իրենց նուիրումը` 7 նոյեմբերին տեղի ունեցած «Մենք ենք Գիւմրին»...

Page 144 of 1110 1 … 143 144 145 … 1,110

Արխիւներ