«Ա՜խ վաթան, վաթան, քու հողին ղուրբան,
Քո ծխին ղուրբան, քո ջրին ղուրբան,
Է՞ս փառքն ունէիր, Է՞ս պատիւն առաջ,
Որ հմիկ աւիրուել, մնացել ես անջան»:
Խ. ԱԲՈՎԵԱՆ
Պատմութեամբ եւ ողբերգութեամբ յատկանշուող ծննդավայրս կրկին ստացաւ խաղաղութիւն վայելելու առիթը: Իր անցեալը` իբրեւ Փիւնիկէ, քաղաքակրթութեան եւ դիմացկունութեան օրրան, այսօր եւս կ՛արձագանգէ լիբանանցիներուն սրտերուն մէջ: Հազարամեակներու վայրիվերումներու ընդմէջէն լիբանանցին փաստած է, որ ինք, ինչպէս առասպելական փիւնիկը, կրնայ յառնիլ մոխիրներէն: Ասիկա պարզապէս գոյատեւելու փաստ չէ, այլ վկայութիւն` անկոտրում ոգիի, կեանքի հանդէպ սիրոյ եւ ապագայի հանդէպ անսահման յոյսի մասին:
Պէյրութը` Լիբանանի սիրտը, տեսած է այնպիսի աւերումներ, որոնք կրնային որեւէ քաղաք վերածել ուրուականի: Երկրաշարժները, քաղաքացիական պատերազմները, ներխուժումներն ու պայթումները բազմիցս խորտակած են զայն: Սակայն ամէն անգամ քաղաքը յառնած է նորովի` իր փողոցներուն մէջ վերածնելով կեանքը: Պատահական չէ. լիբանանցիներու դիմացկունութիւնը բնատուր ուժ է, որ կը սնուի յիշողութենէն նախնիներուն, որոնք կառուցած են նաւեր` ծովեր նուաճելու, գրած են առաջին այբուբենները եւ աշխարհին սորվեցուցած են առեւտուրն ու դիւանագիտութիւնը:
Այսօր, երբ խաղաղութիւնը (հպանցի՞կ) կը վերազարդարէ ծննդավայրս, անհնար է չհիանալ լիբանանցիին անխոնջ ոգիով: Սակայն Լիբանանի պատմութիւնը միայն վերակառուցումի մասին չէ, այլ տուեալ վայրին հոգին չմոռնալու մասին, նոյնիսկ երբ ան ֆիզիքականօրէն քանդուած է: Լիբանանցիները պարզապէս չեն վերակառուցեր շէնքեր, կը վերականգնեն ինքնութիւններ, մշակոյթներ եւ պատմութիւններ: Միայն թէ այս անգամ նաեւ կառուցեն հայրենասիրութիւն, հողի պաշտամունք, որ չդառնայ Լիբանանը թշնամիին կեր` վերջնականապէս:
Աշխարհագրականօրէն ոչ շատ հեռու Լիբանանէն, նման իրավիճակ կ՛ապրի հայրենիքս Արցախը` քաղաքները դատարկ, կոթողները` վնասուած, եւ ժողովուրդը` ցրուած ու տարագիր, ռազմագերիները թշնամիին բանտերուն մէջ:
Լիբանանի եւ Արցախի միջեւ զուգահեռները զարմանալի են:
Երկու տարածքներն ալ փոքր են, բայց հզօր:
Երկուքն ալ յատկանշուած են իրենց ժողովուրդներու դիմացկունութեամբ, ստեղծագործութեամբ եւ ազատ երկինքի տակ իրենց երեխաներուն ապագան երազելու անկոտրում յոյսով:
Երկուքն ալ օժտուած են մոխիրներէն բազմիցս յառնելու կարողութեամբ:
Այսօր` նայելով Լիբանանին, կը տեսնենք յոյս:
Յոյս, որ իւրաքանչիւր արցախցի երեխայի սրտին մէջ է:
Յոյս` վերադառնալու եւ վերականգնելու:
Յոյս` պատերազմով երբեք լիովին չջնջուած հայրենիքը կրկին վերակերտելու:
Մինչ կը նշենք Լիբանանի դիմացկունութիւնը, պէտք է միասնակամ աշխատանք տանինք Արցախի համար, որպէսզի անոր փիւնիկը չուշանայ յառնելու, որպէսզի անոր երեխաները վերադառնան իր հովիտները, որպէսզի անոր երաժշտութիւնը լեցնէ օդը, եւ իր եկեղեցիներուն մէջ հնչեն յոյսով լի ժողովուրդիս աղօթքները:
Թող անոր ոգին մնայ անսասան, եւ անոր ապագան խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն բերէ:
Որովհետեւ իւրաքանչիւր ազգի սրտին մէջ կայ կայծ մը, զոր ոչ մէկ փոթորիկ կրնայ մարել:
Եւ այդ` դիմացկունութեան, յիշողութեան եւ պահանջի կայծն է:
Այսօր այդ կայծը վառեցաւ Լիբանանի մէջ. վաղը, մեր աշխատանքով ու պահանջով, պիտի վառի Արցախի մէջ:



