Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անարդար Աշխարհ

Նոյեմբեր 30, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Պատմութեան մէջ գրուած է տարբեր տեսակի անարդարութիւններու մասին, որոնց գինը միշտ վճարած է տկարը: Հզօր պետութիւններ ամէն տեսակ միջոցներու դիմած են եւ կը դիմեն հասնելու համար իրենց նպատակին: Քաղաքականութիւնը միմիայն հիմնուած է շահերուն վրայ` պետութիւններու կամ քաղաքական կողմերու, որոնք պատրաստ են ամէն բան զոհելու իրենց նպատակին հասնելու համար:

Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդած 110 տարուան ընթացքին շատ աւելի անարդարութիւններ տեղի ունեցած են, քան` անկէ առաջ, որովհետեւ ցեղասպանը անպատիժ մնացած է մինչեւ օրս: Ամէն տեսակի եւ ժամանակի անարդարութիւններուն գինը մեծ մասամբ վճարած են անմեղ մարդիկ: Շնորհիւ օրէ օր յառաջացած զէնքերուն` շատ անգամ կարողացած են կարճ ժամանակին ընթացքին հսկայ թիւով  մարդ ոչնչացնել արդիականացած ռումբերով: Հին ժամանակ լրատուական միջոցներու լուրերու տարածման անկարողութեան պատճառով շատ մը անարդար արարքներ ծածուկ կը մնային: Այդ ժամանակ կը կարծուէր, թէ նման քայլերու ծածկուած մնալուն պատճառով բազմատեսակ ուրիշ անարդար արարքներու առիթ կը տրուէր: Բայց այսօր նոյնիսկ յառաջացած լրատուական ցանցերուն օրով ալ անարդարութիւնը կը գործուի ամէն տեղ եւ ամէն վայրկեան` ամբողջ աշխարհի տարածքին:

Ժամանակին մարդկային արժանիքներու կարեւորութիւն կը տրուէր, դժբախտաբար այս դարուս արժանիք չէ մնացած, եւ նոյնիսկ մարդ արարածը կարծես ընտելացած է անարդար իրավիճակին: Ժողովուրդներ, կարծէք, յանձնուած են այս իրողութեան` ականատես ըլլալով մարդոց  իրաւանց համաշխարհային մարմիններու անտարբերութեան: Մեր առօրեային մէջ այնքան բազմատեսակ ու անհաւատալի լուրեր կը կարդանք ու կը լսենք, տեսարաններ կը դիտենք, որ կարծես ժապաւէններու ծանուցումներ կամ պարզապէս երեւակայածին ժապաւէններ ըլլային անոնք: Մարդը այսօր կ՛ապրի կեղծ աշխարհի մը մէջ, որ կ՛անջատէ զինք իրականութենէն եւ կը մոլորեցնէ զինք շաքարով պատուած սուտերով: Արդիականացումը նոր աշխարհի մը հիմնաքարը դնելով` մարդկութեան արժանիքները կը քանդէ եւ մարդը դէպի անդունդ կ՛ուղարկէ:

Մարդկութեան սկիզբէն կրօնը եղած է արժանիքները որոշ չափով պահպանողը եւ կապը` մարդուն ու անոր ստեղծիչին հետ: Արդիականացած աշխարհը կրօնն ու պատկանելիութիւնը քանդելով` մարդուն տուած է նոր կերպարանք մը, որ շատ թէ քիչ կը նմանի անասնական աշխարհին, միայն մէկ տարբերութեամբ, որ անասնական աշխարհը իր բնազդին կառչած մնացած է, բայց մարդը նոյնիսկ իր բնազդն ալ կորսնցուցած է եւ կարծէք մեքենայացած էակներու վերածուելով` եղած է գերին արդիականացման: Կրօնական պատասխանատուներ կը հաստատեն, որ այս աշխարհին մէջ արդարութիւն չկայ, այլ անդի աշխարհին մէջ միայն կարող կ՛ըլլանք արդարութիւն ձեռք ձգելու: Հոգեւորականին մօտեցումը ճիշդ կրնայ ըլլալ, բայց եւ այնպէս, մարդ իր մարդկային իրաւունքներուն տիրանալու համար երկրային արդարութիւն կը պահանջէ նախքան հասնիլը երկնայինին: Մարդը բնաւ պէտք չէ յանձնուի անարդարութեան եւ անդադար պայքարի տիրանալու համար իր իրաւունքին, հոգ չէ թէ պայքարի ուղին ըլլայ փշոտ. բայց եւ այնպէս, վստահ եմ, որ օրը պիտի գայ, եւ պայքարող մարդը տիրանայ իր իրաւունքին, երբ միջավայրին պայմանները եւ դերակատար ղեկավարները ըլլան արդար եւ ճամբայ հարթեն աւելի նպաստաւոր փուլի մը:

 

Նախորդը

Անասունները Ինչպէ՞ս Կ՛անցընեն Ձմեռը

Յաջորդը

Առաքեալներ Հայկական

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?