Թ.- Ինքնութիւն
Բանավիճուած եւ բանավիճուող յղացք մըն է ա՛յս եւս: Օգտակա՞ր յղացք է, թէ՞ ոչ: Երեւոյթը, որուն կը յղուի, կա՞յ, թէ՞ չկայ: Ինքնութիւնը իրականութեան մէջ անինքնութի՞ւն մըն է: Եւ եթէ կայ երեւոյթը, ապա անոր համար ճշգրի՞տ յղացք է, թէ՞ անորոշ: Եթէ անորոշ է, ապա պէտք չէ՞ որ աւելի մեկին յղացքներ օգտագործել, քան` այս մէկը… Անշուշտ այս եւ այլ խնդիրներու տեղը չէ իմ առաջադրութիւնը: Ակնարկեցի լոկ նշելու համար, թէ նիւթը նոր իմն գորդեան հանգոյց մըն է խուզարկողին առջեւ…
Իսկ հոս` տեսնենք, թէ ի՛նչ խորհած է Թէօլէօլեան, որ դասախօսութիւն մը տուած է Երեւանի մէջ, 2013-ի մարտին: (Դասախօսութիւններուն վայրկեաններով ճշդուած տեւողութիւնները յաճախ պատճառ մը կ՛ըլլան այնքան մը սահմանափակելու եւ ամփոփելու միտքերը, որ միայն կարելի կ՛ըլլայ քանի մը հայեացքներ նետել: Այնպիսին է վիճակը Թէօլէօլեանէ պարզուածին):
Թէեւ «ինքնութիւն» բառը շատ կը գործածուի, եւ սովորաբար կը թուի պարզ ըլլալ, բայց «առեղծուածային» բառ մըն է, ըսած է Թէօլէօլեան: Կը մէջբերեմ բացատրութիւնը. «Առօրեայ կեանքին մէջ ինքնութիւնը առեղծուածային չի թուիր (… Բառը) ամէնուրեք (…) կը գործածուի իր պարզ, կոպիտ, բեւեռացնող տարազներով. սա հայ է, ան` թուրք, սա կին է, ան` այր մարդ, սա ճերմակ է, ան` սեւամորթ, սա քրիստոնեայ է, ան` իսլամ, եւ այլն»: Անկասկած բառին «պարզ» իմաստով գործածութիւնը միշտ չէ, որ «կոպիտ, բեւեռացնող» նշանակութեամբ է: Բայց քանի կը գործածուի նաեւ ինքնութեան կորուստի տագնապէ բռնուածներու կողմէ, ապա «կոպիտ, բեւեռացնող» ոգին մտատանջութեան կու տայ թանձրութիւն մը, որուն այնքան պէտքը կը զգայ: «Պարզ, կոպիտ, բեւեռացնող տարազներ»-ը` դեռ «առեղծուածային» չեն, կամ կը թուին չըլլալ:
Ինքնութիւնը, ըսած է Թէօլէօլեան, «առեղծուածային» է, որովհետեւ տարբեր գիտակարգեր զայն փորձած են եւ կը փորձեն սահմանել իրենց բառամթերքով, ենթադրեալներով եւ մեթոտներով: Ըստ իրեն, անիկա առաջնահերթաբար համաստեղութիւն մըն է, զոր այլազան գործօններ կը կերպաւորեն: Այն գործօններուն սուրբ երրորդութիւնը` տարբերութիւնը, նոյնութիւնը եւ յիշողութիւնն են: Նկատի ունենալով, որ «ինքնութիւն»-ը անձին կամ հաւաքականութեան նոյնութեան իմաստը ունի, փորձութիւն մը պիտի ըլլար կարգը դասաւորել այսպէս` նոյնութիւն, տարբերութիւն եւ յիշողութիւն: Սակայն հարկ է հետեւիլ մտաւորականին տրամաբանութեան:
Տարբերութեան գործօնը: Տարբերութիւնը ինքնութեան «հիմնաքար»-ն է: Ինչո՞ւ: Իր լուսաբանութիւնը. «Իւրաքանչիւր մանուկ եւ պատանի, կամայ թէ ակամայ, որոշ չափով կ՛ընդունի, կը հնազանդի, եւ ուրեմն անոր ինքնութիւնը կը կառուցուի հաւաքականութեան ու պետութեան նախընտրած կաղապարներու հետեւողութեամբ»: Այսինքն իւրաքանչիւր անհատի ինքնութիւնը կը կառուցուի իրմէ դուրս ձեւաւորուած տարբերութեան, կարելի է աւելցնել նաեւ` տարբերութիւններու կաղապարներով: Արտաքին տարբերութեան կամ տարբերութիւններուն ձեւաւորիչ կաղապարները կը մասնակցին «անհատական ինքնութիւն» կոչուած երեւոյթին կառուցման: Այլեւս արտաքին տարբերութիւնը կամ տարբերութիւնները անհատի «սահմանին (…) դուրսը» չեն գտնուիր միայն, այլեւ` ներսը: Այս մտքին համար ինքզինք առաջարկած է որպէս օրինակ, եւ այսպէս` «Ես հայ ե՞մ, ունի՞մ հայու ինքնութիւն: Կը կարծեմ` այո՛: Սակայն ամերիկացի՞ եմ: Նորէն` այո՛. այսինքն առօրեայիս ընթացքին` իբրեւ համալսարանի անգլիախօս փրոֆէսէօր, միայն մակերեսայնօրէն ամերիկացի չեմ խաղար: Ամերիկեան ինքնութիւնը զգեստ մը կամ դիմակ մը չէ միայն, որ առտուն կը հագուիմ եւ երեկոյեան կը հանեմ: Ամերիկեան որոշ արժէքներ ի՛մ ալ արժէքներս են, վարուելակերպեր` նոյնպէս: Այլ խօսքով, օտարը, տարբերը միայն դուրսը չեն, այլեւ` ներսը, մասնիկ ու բաղադրիչ ինքնութեան մը, որ թէ՛ հայկական է, թէ՛ ամերիկեան»: Նկատողութիւն մը. եթէ կ՛արտօնուի, իր պարագային, ինչպէս` ուրիշներու, օտարին ներսութիւնը համարկուած է, կը համարկուի շնորհիւ զօրութեան տարբերին, որ էին եւ են, մինչդեռ հասարակութիւններու պարագային, փակ շրջանակներէ հեռու օտարին ներսութիւնը կրնայ լուծիչ ըլլալ տարբերին, որ էին: Սփիւռքի տարտղնուած վայրերուն մէջ հայ հաւաքականութիւնները ենթակայ են իրենց միջավայրերու եւ պետութիւններու հոգեբանական, կրթական, ընկերային, մշակութային, քաղաքական եւ տնտեսական զօրաւոր ազդեցութիւններուն: Այդ ազդեցութիւնները երկուութիւն կը ստեղծեն. անձ մը թէ՛ հայ կ՛ըլլայ, եւ թէ` օտար, միաժամանակ: Եթէ անձ մը կրնայ այս երկուքը նոյն ատեն ըլլալ, ապա յաջողած կ՛ըլլայ համարկումին մէջ, եւ եթէ` ոչ… պարզապէս կ՛օտարանայ:
Իսկ ինչպէ՞ս է, որ անձերը հաւաքականութիւն մը կը դառնան: Պատասխանը հաւաքական նոյնութեան եւ յիշողութեան գործօններով տուած է:
Նոյնութեան գործօնը: Անիկա այլոց հետ, հասարակութեան մը հետ յատկանիշներու, արժէքներու եւ փորձառութիւններու բաժնեկցութեան կը վերաբերի: Անհատներ «կը հաւատան», որ իրենք ուրիշներու հետ «կը կիսեն հասարակաց որոշ յատկանիշներ», արժէքներ եւ փորձառութիւններ: Անոնց բաժնեկցածները «կրնան ըլլալ` ֆիզիքական, կրթական, յաճախ պատմական, օրինակ` ցեղասպանութիւն մը, բնաջնջման վտանգը, վերապրելու փորձառութիւնը, խոցը»:
Ըստ այս մտքին, կարելի է ըսել, որ սփիւռքի տարբեր վայրերու հայ հաւաքականութիւններուն նոյնութիւնը կը հիմնուի հաւատքին վրայ, որ` այլ վայրերու հաւաքականութիւններուն հետ հասարակաց յատկանիշներ, արժէքներ եւ փորձառութիւններ «կը կիսեն»: Եւ քանի յատկանիշներ, արժէքներ եւ փորձառութիւններ յաւիտենական եւ անփոփոխ իսկութիւններ չեն, ուրեմն տարբերութիւններ են, ապա նոյնութեան գործօնը եւս էապէս տարբերութեան գործօն մըն է:
Յիշողութեան գործօնը: «Հաւաքական փորձառութիւններ, ըլլան անոնք ահաւոր, ինչպէս` ցեղասպանութիւնը, կամ` փառաւոր նուաճումներ, միայն զանոնք ապրող սերունդի փորձառութիւններ չեն», ըսած է: Պատումներու եւ պատմագրութեան «զօդուած ճիգերու շնորհիւ»` փորձառութիւններու յիշողութիւնը կը հիմնաւորէ այլ սերունդներու յիշողութիւնը, զոր ամերիկեան մասնագիտական լեզուն` «պոստմեմորի» կ՛անուանէ: Ինք եզրը թարգմանած է յետյիշողութիւն: Այս յիշողութիւնը է «անձի մը չապրած փորձառութեան յարատեւումը»: Յիշողութեան գործօնը «արհեստական» է, ըսած է: Կը հասկնամ` կը ստեղծուի: Քանի կը ստեղծուի, ապա տարբերութիւն ծնանող է:
Ինքնութիւնը ասոնցմէ զատ` այլ գործօններու ալ ազդեցութեան տակն է. ինչպէս` ազգականական կապեր, կրօն, լեզու եւ այլք: Անիկա ի մի խօսք` «համաստեղութիւն» մըն է, ուժական գործօններու կերպարանաւորութիւն մը, եւ ոչ` անշարժ, անփոփոխ թանձրութիւն մը:



