Այսօր տօնն է Հայ եկեղեցւոյ առաջին լուսաւորիչներուն եւ Բանին կենաց նախընթաց աւետիսը բերողներուն, որոնք նահատակուեցան հաւատքի եւ ճշմարտութեան համար: Տօնն է Աստուծոյ առաքեալներուն, որոնք կոչուեցան ճշմարիտ լոյսը Հայաստան աշխարհ բերելու: Անոնք ծնած էին նահատակուելու այն ժողովուրդին կողմէ, որ առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը պիտի դառնար. դարձան լոյսի տարածիչը հեթանոս աշխարհին մէջ եւ կոչուեցան առաքեալք Հայաստան աշխարհի: Տօնն է Հայոց առաքեալներուն` Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթուղիմէոսի:
Առաքեալ կոչուեցան, որովհետեւ կատարեցին ճշմարիտ առաքելութիւնը: Ի՞նչ էր ճշմարիտ առաքելութիւնը: Ճշմարիտ առաքելութիւնը կը բացատրէ երկինքէն երկիր առաքուողը` Քրիստոս: Ան կը պատուիրէ երթալ քաղաքէ քաղաք, քարոզել ու յայտարարել, թէ երկնքի արքայութիւնը եկած է. հիւանդներ բժշկել, բորոտներ մաքրել եւ չար ոգիներ հանել: Աւելի՛ն. կը թելադրէ չմտահոգուիլ առօրեայ պէտքերով եւ քարոզել Աւետարանը բոլորին հաւասարապէս (Մատթէոսի Աւետարան 10.5-15): Քրիստոս այս սորվեցուց իր առաքեալներուն, որոնցմէ երկուքին շնորհիւ ողջ է տակաւին թէ՛ աւետարանը եւ թէ՛ մեր հայրենիքը:
Աւետարանը ողջ պահելու համար առաքեալներ պէտք են` ճշմարտութիւններ քարոզելու եւ Քրիստոսի լոյսը վառ պահելու: Հայրենիքը ողջ պահելու համար դարձեա՛լ առաքեալներ են պէտք, որոնք հայրենիքի սէրը իրենց սրտերուն մէջ ունենալով` հայրենիք կը պաշտպանեն:
Առաքեալը աշակերտ է, իսկ աշակերտը` հետեւող: Աշակերտը կը հետեւի ուսուցիչին, իսկ առաքեալը` վարդապետին: Վարդապետը ուսուցիչ է, որ առաքեալներ կը պատրաստէ տեսլականի մը համար: Մոգեր Բեթղեհէմէն Քրիստոսի աստղը տեսան, հետեւեցան եւ հասան իրենց նպատակին` խանձարուրուած Թագաւորին: Նոյնն է պարագան բոլո՛ր աստղերուն, բոլո՛ր նպատակներուն: Ազգն ու հայրենիքը ունին իրենց նպատակները. այդ նպատակները իրագործողն ու հայրենիքը պանծացնողը հայ առաքեալն է: Աւետարանը, եկեղեցին եւ հաւատացեալը պահողը եւս հայ առաքեալն է: Ուրեմն այսօրուան անհրաժեշտ ծրագիրն է պատրաստել հայ առաքեալներ` նոր մարդուժ, որոնք հեղինակները պիտի հանդիսանան մեր պատմութեան նոր էջերուն:
Հիմնական ու մնայուն հարցադրումը հետեւեալն է. ո՞վ պիտի պատրաստէ հայ առաքեալներ, եւ ո՞ւր պիտի պատրաստուին անոնք: Պատասխանը կը մնայ նոյնը: Հո՛ն, ուր տարիներ շարունակ պատրաստուեցան հայ առաքեալներ… հո՛ն, ուր կը քարոզուի ճշմարիտ Աւետարանը… հո՛ն, ուր կը պահպանուին հայ արժէքներն ու մշակոյթը… հո՛ն, ուր կը պատրաստուին առաքեալները նոր ժողովուրդին…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքն է այն վայրը, ուր կը պատրաստուին նո՛ր առաքեալներ` հա՛յ առաքեալներ: Դպրեվանքի նպատակն է ողջ պահել թէ՛ Աւետարանը եւ թէ՛ հայրենիքը: Ամէն առաւօտ, նոյն գաղափարին հետեւող, աշակերտող եւ ուխտող առաքեալները` դպրեվանքի ուխտեալ աշակերտները, քայլերգի ժամանակ միաբերան կ՛արտասանեն «Կրօնի հուրն եւ ազգի սէրն» բառերը` զանոնք իրենց սրտերուն մէջ արմատաւորելու համար: «Կրօնի հուր»-ը եւ «ազգի սէր»-ը զոյգ իղձեր են դպրեվանեցիին համար եւ իրարմէ անբաժան: Դպրեվանեցիք ամէն օր կը պատրաստուին վսեմ առաքելութեան մը` ողջ պահելու թէ՛ Աւետարանը եւ թէ՛ հայրենիքը, որպէսզի առաջին լուսաւորիչներուն` Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս առաքեալներուն լոյսը անշէջ մնայ մեր ազգի հաւաքական կեանքի երկնակամարին վրայ:



