Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Մեծարուեցաւ Գոհաբանական Տօնախմբութեան Ընթացքին

Նոյեմբեր 28, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 24 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան աւանդական տօնախմբութիւնը, որ նուիրուած էր բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի ծառայութեան 40ամեակին Թեմէս ներս։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաւօտուն Ս. Պատարագ մատուցանեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւնը Terrace on the Park համալիրին մէջ։ Թեմի տարբեր շրջաններէն (Շիքակոյէն, Պոսթընէն, Սփրինկֆիլտէն, Փրաւիտընսէն,  Գընէթիքըթէն, Ֆիլատելֆիայէն, Ուաշինկթընէն) եկած եկեղեցականներ, համայնքային ղեկավարներ եւ ծխականներ, Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզի համայնքներուն կողքին, եկած էին իրենց երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը յայտնելու Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի երկարամեայ վաստակին ու ծառայութեան համար։

Յայտագրի ընթացքին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիրը ընթերցեց Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան։ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, եւ Կրօնական Ժողովի փոխ-ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան, խօսք առին ի գնահատում Սրբազան Հօր ծառայութեան։ Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ այս առթիւ պատրաստուած յատուկ տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը, իսկ աւարտին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շնորհակալութեան ու գնահատանքի սրտի խօսքը արտասանեց։

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (28 Նոյեմբեր 2024)

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Լոյսդ Անմար, Լիբանան

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հովուապետական Այցելութիւնը Քանատա
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հովուապետական Այցելութիւնը Քանատա

Հոկտեմբեր 29, 2025
Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?