ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Իր հիմնադրութեան 70-ամեակի սեմին գտնուող Հայկազեան համալսարանի մասին յիշատակելի գրականութեան մը առընթեր գոյութիւն ունեցած են, տակաւին կան այնպիսի պատումներ, որոնք եթէ երբեք արձանագրուին սպիտակ էջերու վրայ եւ արժանանան տպագրութեան, վստահ որ պիտի լեցնեն բազմաթիւ հատորներ:
Ի դէպ, պահ մը զանց առնելով սփիւռքի տարածքին գտնուող հայկական միակ համալսարանին պատուաբեր առաքելութեան բազմաոլորտ շերտերը, ակադեմական կրթութիւն ջամբելու իրողութիւնն ու գիտական միջավայր ըլլալու հանգամանքը, աւելի՛ն. հայագիտական ամպիոնի գոյութիւնն ու անոր հրատարակչական բեղուն աշխատանքը, սեմինարներու եւ այլազան թեմաներ ընդգրկող ձեռնարկներու մերթ ընդ մերթ կազմակերպումը, պատկառելի գրադարաններու ներկայութիւնը, կ՛արժէ, նաեւ անդրադառնալ համալսարանի կեանքին մէջ առկայ հետաքրքրական երեւոյթներու եւ առօրեայ պատումներու:
Պատումներ, թէեւ անսեթեւեթ իրենց բովանդակութեամբ, այդուհանդերձ անոնք իրենց մէջ կ՛ընդգրկեն մարդկայնական տրոփներ ու պատիւ բերող երեւոյթներ:
Միւս կողմէ, նաեւ մտահան պէտք չէ ընել ու միշտ գնահատել Հայկազեան համալսարանի մարդասիրական լո՜ւռ ու կենսաշող աշխատանքը, տարիներէ ի վեր, յատկապէս աղէտներու (երկրաշարժ, պայթում), տնտեսական տագնապի թէ անբարենպաստ կացութիւններու ընթացքին, երբ ականատես կը դառնանք, կարելիութեան սահմանին մէջ, համալսարանի ցուցաբերած օժանդակութիւնը հայ թէ տեղացի ընտանիքներու` տրամադրելով ամէն տեսակի նպաստ, աջակցութիւն եւ ամէնէն էականը` օրհնաբեր վկայութիւն:
Լիբանան դարձեալ կ՛ապրի իր գոյութեան ամէնէն դաժան օրերը: Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմը, ցարդ ամէնէն վայրագ, կործանիչ ու սարսափելին կը թուի ըլլալ, երբ աւելի քան ամիսէ մը ի վեր թշնամի բանակը կը հարուածէ Լիբանանը, առանց խտրութեան եւ խղճմտանքի: Փաստօրէն, կարգ մը շրջաններ ու բազմաթիւ սահմանային գիւղեր արդէն հիմնայատակ կործանած են, աւելի քան մէկ միլիոն քաղաքացի տեղահան եղած են ու կ՛ապրի սարսափելի պայմաններու մէջ:
Ճիշդ է, որ ի տես այս ահռելի վիճակին` առկայ է նաեւ իրերօգնութեան եւ կամ լիբանանցի աղէտահար եղբօր հասնելու գիտակցութիւնը, այդուամենայնիւ, ծանր է ստեղծուած քաղաքական թէ զինուորական կացութիւնը, անորոշ է ապագան, իսկ գալիքի հաշուոյն, գերակշիռ են Լիբանանի պետութեան եւ քաղաքական այրերու կողմէ տրուելիք համարձակ քայլերն ու առողջ որոշումները:
Արդ, ստորեւ ներկայացուած պատումին մենք ականջալուր եղանք Հայկազեան համալսարանի երկարամեայ տնօրէն, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանէն, երբ ան, ըստ սովորութեան, կը ճեմէր համալսարանի շրջափակին մէջ: Ինչպէս միշտ, ան գողտրիկ հանդիպումներ կ՛ունենայ այս կամ այն աշակերտին, պաշտօնեային թէ դասախօսին հետ. կը զրուցէ, որպիսութիւնն ու առօրեայ կեանքին մասին քանի մը բառ ու նախադասութիւն փոխանակելէ ետք կը վերադառնայ իր գրասենեակը, յար եւ նման այլ օրերու, շարունակելու իր աշխատանքը:
Ան վերջերս հանդիպեցաւ, սակայն դէմքին ունէր խոր արտայայտութիւն մը. թախիծի ու նոյն ատեն հպարտութեան շղարշ մը: Սկսաւ պատմել:
Քանի մը օր առաջ, համալսարանի կանաչապատ մէկ փակին մէջ կը հանդիպի տեղացի ուսանողուհիի մը: Բարեւի փոխանակումէ ետք, վերապատուելին հարց կու տայ ուսանողուհիին, թէ այս օրերուն ինչպէ՞ս կ՛ընթանայ համալսարանի կեանքը: Ուսանողուհին ինքնավստահօրէն կը պատասխանէ, թէ աչալուրջ կը հետեւի իր դասերուն (թէեւ հեռակայ կարգով) ու ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ, որ պահէ լաւագոյն նիշերը եւ միշտ գտնուի պատուոյ ցանկին վրայ:
Վերապատուելին, քաջալերական խօսք ուղղելէ ետք, հարց կու տայ, թէ ո՞ւր կը բնակի եւ ինչո՞ւ համալսարան եկած է, ուսանողուհին կը սկսի պատմել:
Նախ` ան կ՛ակնարկէ, թէ հաւանաբար պէտք է ըսել, ո՞ւր կը բնակԷԻ, որովհետեւ իր բնակարանը գտնուելով Պէյրութի Հարաւային արուարձանին մէջ, արդէն հիմնովին կործանած է, ու շէնքը փլատակ դարձած, իսկ իրենք ընտանեօք տեղահան են աւելի ապահով շրջան: Ան նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ կորսնցուցած է հարազատ մը, որ ուղղակի թիրախ դարձած է ահաւոր ռմբակոծումի` իր իսկ տան մէջ:
Վերապատուելին, պահ մը ազդուած յուզիչ պատումէն, աւելի՛ն. անակնկալի եկած` կը փորձէ իր հայրական խօսքն ու պատգամը փոխանցել` մաղթելով լաւն ու բարին:
Սակայն, պատումին հոգեշարժ բաժինը կ՛ըլլայ այն, երբ ուսանողուհին կ՛ըսէ, թէ եկած է համալսարան պարզապէս իր նիւթական պարտաւորութիւնը կատարելու` արձանագրուելով յառաջիկայ կիսամեակի դասընթացքին:
Վերապատուելին` ապշած ու խորապէս ազդուած եղելութենէն, հազիւ զսպած մէկ կողմէ` ալեկոծ ներաշխարհը, եւ միւս կողմէ` ներքին հպարտութիւնը, կարմրաւուն աչքերով` յաջողութիւն ու ամենայն բարիք մաղթելէ ետք կը վերադառնայ գրասենեակ, լուռ եւ ինքնամփոփ, յուզուած պատումէն եւ հոգեպէս լիացած լսածի մարդկային ազնիւ ու հոգեպարար վերաբերումէն:
Ըստ վերապատուելիին, հաւանաբար շատեր զարմանալի ոչինչ կրնան գտնել այս պատումին մէջ, այդուհանդերձ, մեզ ներշնչողն ու հպարտութեամբ պարուրողը այս ու նման ուսանողներու ընտանեկան դաստիարակութիւնն է, վստահութիւնն ու երախտագիտութիւնը հանդէպ համալսարանին, որ, պատուաբեր վարկ ու փառք ունենալու զուգահեռ նաեւ ամբողջ շրջապատի մը ուշադրութեան կիզակէտին է` իր ազգային պատկանելիութեամբ, կարգախօսով եւ սկզբունքայնութեամբ:
Պատումին եզրափակիչ տարողութիւնը այն է, որ նմանատիպ ուսանողներու առընթեր կան նաեւ որոշակի տոկոսով հայ թէ տեղացի ուսանողներ, որոնք, ցաւ ի սիրտ, ստեղծուած կացութիւններ օգտագործելով կը զլանան իրենց նիւթական պարտաւորութիւնը կատարել եւ չքմեղանք ցոյց տալով` կը խուսափին գիտակից կեցուածքէ, հակառակ այն իրողութեան որ անոնք կ՛ապրին յարաբերաբար ապահով միջավայրի ու շրջաններու մէջ, ու արդէն իսկ տարիներէ ի վեր կ՛օգտուին իրենց ընծայուած համալսարանի կրթական նպաստէն:
Խօսքը չի վերաբերիր նիւթապէս ապահովութիւն կամ կարելիութիւն ունեցող ուսանողներու, այլ` պարտաւորութեան գիտակից եւ յարգանք ցոյց տուողներու, որոնք ամէն քայլափոխի չեն զլանար իրենց երախտագիտութիւնն ու սէրը յայտնելու Հայկազեան համալսարանին, որ` յանձն առնելով նիւթաբարոյական ամէն զոհողութիւն, կը շարունակէ գոյերթը եւ կառչած կը մնայ իր առաքելութեան:
Առաքելութիւն, որ ժառանգուած է հիմնադիրէն եւ իրերայաջորդ հոգաբարձու մարմիններէ, որոնք ամէն ջանք կը թափեն կանգուն եւ առողջ պահելու այս կառոյցը` ի փառս քրիստոնէական հաւատամքին ու հայ ժողովուրդին:
Վերոնշեալը հազարումէկ իրական պատումներէն մէկն է, որ կ՛առնչուի հայկական այս կառոյցին, որ եօթը տասնամեակէ ի վեր լծուած է սերունդներու ակադեմական կրթութիւն ջամբելու եւ հայաբոյր մթնոլորտ ստեղծելու աշխատանքին:
18-11-2024


