Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանէն Պոլիս Մեկնած Քանատացի Լրագրող Նիլ Հաուըրի Թուրքիա Մուտքը Արգիլած Են` «Սեւ Ցուցակ»-ին Վրայ Ըլլալուն Պատճառով

Նոյեմբեր 30, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անոր Վերջին Տեղեկագիրին Խորագիրն Է` «Քոփ-29 Հիւրընկալող Ազրպէյճանը Յանցաւոր Է 2023-ին Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Ունեցած Յարձակումներու Ընթացքին «Ցեղային Մաքրագործումի» Մէջ»

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Երեւան հաստատուած քանատացի ազատ լրագրող Նիլ Հաուըր (Neil Hauer) 24 նոյեմբեր 2024-ին «ՔՈՓ 29 հիւրընկալող Ազրպէյճանը յանցաւոր է 2023-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած յարձակումներու ժամանակ «Ցեղային մաքրագործումի» մէջ – Աւելի քան 100 հազար ազգութեամբ հայեր լքած են վիճելի շրջանը յարձակումի ընթացքին» խորագիրով եւ 8 փաստացի լուսանկարներով տեղեկագիր մը հրատարակած է Քանատայի պետական Սի. Պի. Սի. Նիուզ կայքէջին մէջ (1): Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ հեղինակին տեղեկագիրը` օգտագործելով նաեւ յղում կատարած նկարներով.

1. Հայաստան ապաստանելու յոյս ունեցող հայերը հաւաքուած են Ստեփանակերտի հրապարակը 25 սեպտեմբեր 2023-ին` Ազրպէյճանի ռազմական յարձակումին պատճառով: Հայերուն դէմ յարձակումները ուսումնասիրող նոր զեկոյցը կը փաստէ, որ Ազրպէյճան «Ցեղային զտումներ» կատարած է: 2. Ստեփանակերտի մէջ յարկաբաժին մը` ռմբակոծուած Ազրպէյճանի բանակին կողմէ, 19 սեպտեմբեր 2023-ին:

«Ազրպէյճանը «ցեղային զտումներ» գործադրեց հայ բնակչութեան դէմ 14 ամիս առաջ` Լեռնային Ղարաբաղի վիճելի տարածքին վրայ յարձակումներու ժամանակ, կ՛եզրակացնէ Ուաշինկթընի մէջ գործող «Ֆրիտըմ Հաուզ» ոչ հասութաբեր կազմակերպութեան նոր զեկուցումը» (2): 131 էջ զեկուցումին խորագիրն է. «Ինչո՞ւ հայեր չկան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» լոյս տեսած 11 նոյեմբեր 2024-ին, «Why Are There No Armenians In Nagorno-Karabakh?»*:

«Համապարփակ զեկոյցը, որ հրատարակուած է ՔՈՓ 29-ի` ՄԱԿ-ի Կլիմայական համաժողովին առաջին օրը, որ այս ամիս տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի մէջ, հիմնուած է աւելի քան 300 ղարաբաղցի հայերու հետ հարցազրոյցներու վրայ: Գագաթնաժողովը, որ սկսաւ նոյեմբեր 11-ին, աւարտեցաւ այս շաբաթավերջին երկրին մայրաքաղաք Պաքուի մէջ` հովանիին տակ նոյն կառավարութեան, որ կը մեղադրուի մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ կատարելու մէջ:

«Իրաւապաշտպան խումբերը, բնապահպան ջատագով Կրեթա Թունպերկը եւ Քանատայի ու Միացեալ Նահանգներու քաղաքական գործիչները հիասթափութիւն եւ տագնապ արտայայտողներէն էին, քանի որ համաժողովը տեղի կ՛ունենար  քարիւղ արտադրող այս երկրին մէջ, ուր մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կասկածելի է: Մեղադրանք մը, որ Ազրպէյճանի քաղաքական առաջնորդները «նողկալի» եւ «քարոզարշաւ» կ՛որակեն:

«Քանատայի ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն մեծ մասը հրաժարած է մասնակցելէ Ազրպէյճանի մէջ կայանալիք կլիմայի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի համաժողովին` պատճառաբանելով երկրին մարդու իրաւունքներու մասին մտահոգութիւններ (3):

«Մոնրէալի հայերը սրտցաւ են, որ Քանատան կը մասնակցիլ Ազրպէյճանի հիւրընկալած ՔՈՓ 29-ին (4):

1. Հայ ծերունի մը 25 սեպտեմբեր 2024-ին Ստեփանակերտի իր բնակարանին առջեւ նստած` կը յուսայ Հայաստան փախչիլ: 4. Տնազուրկ դարձած աղջնակ մը` Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ…

«Ֆրիտըմ Հաուզ»-ի զեկոյցը կը ներառէ անցեալ աշնան ռազմական գործողութիւններէն փրկուածներու պատմութիւնները, որոնց մէջ` այս կնոջ կողմէ յարձակումին սկիզբի վկայութիւնը. «Սեպտեմբեր 19-ի կէսօրին տուն եկայ ճաշելու: Տղաս ըսաւ, որ պայթումի ձայն լսեր է: Պատուհանէն տեսայ, որ կը կրակէին բնակելի թաղամասին վրայ»:

«Երկու շաբաթ չանցած` այս կինը, անոր երեխան եւ աւելի քան 100 հազար այլ հայեր գաղթականներ դարձան, զոհերը` բռնի տեղահանութեան, որ վերջ դրաւ Ղարաբաղի աւելի քան հազարամեայ հայկական բնակեցման (5):

«Ֆրիտըմ Հաուզ»-ի «Ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայեր չկան» խորագիրով զեկոյցը սպառիչ մեղադրանք է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին եւ անոր կառավարութեան դէմ:

«Ֆրիտըմ Հաուզ»-ի եւ վեց գործընկեր կազմակերպութիւններու հետազօտողներուն կողմէ` այսպիսի աշխատանքի փորձ ունեցող չորս հայաստանեան խումբերու, ուքրանական ՈԿԿ-ի ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը, որ կեդրոնացած է ռուսական ռազմական յանցագործութիւններու վրայ, եւ Պրիւքսելի մէջ գործող խումբի մը եզրակացութիւնները, առանց բառերը ծամծմելու, կատարուածը կը բացայայտեն:

«Անցեալ տարի ազրպէյճանական զօրքերուն Ղարաբաղի վրայ վերջին 24-ժամեայ յարձակումը «տարիներ տեւած իրենց բուռն արշաւին գագաթնակէտն էր», որուն ընթացքին յանցագործները «դիտումնաւոր կերպով սպաննեցին խաղաղ բնակիչներ` բացարձակ անպատժելի մնալով», կ՛ըսէ զեկոյցը: «Ազրպէյճանի  պետութեան գործողութիւնները ցեղային զտում կը համարուին` բռնի տեղահանումը իբրեւ միջոց գործածելով:

5. Ղարաբաղէն փախած հայեր Գորիսի մէջ վրանաբնակավայրի մը մօտ 30 սեպտեմբեր 2023-ին, երբ 97.700 հայեր արդէն տեղահանուած էին:
6. Սիւնիքի Գորիս քաղաք հասած ղարաբաղցի ընտանիք մը կը սպասէ…

 «Գրեթէ ամբողջ բնակչութեան զանգուածային արտագաղթը:

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը նախկին Խորհրդային Միութեան ամէնէն երկարատեւ վէճերէն մէկն էր: Բնիկ հայերը, Հայաստանի աջակցութեամբ, 1990-ականներուն սկիզբը յաջող պատերազմ մը մղեցին նորանկախ Ազրպէյճանէն  անջատուելու համար: Ազրպէյճանը պատասխան հարուած հասցուց 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին` գրաւելով տարածքին երեք քառորդը: Պատերազմէն ետք ռուս խաղաղապահները երկրամաս մտան, սակայն անկարող դարձան կանգնեցնելու Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի իննամսեայ շրջափակումը, կամ ռազմական յարձակումը` 19 սեպտեմբեր 2023-ին, որ պատճառ դարձաւ Ղարաբաղի ամբողջական գրաւումին եւ գրեթէ ամբողջ բնակչութեան տեղահանութեան (6):

«Ազրպէյճանը մահացու ռմբակոծումի կ՛ենթարկէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը վերջին մագլցումին ժամանակ (7):

«Սարսափով կը կարդանք այս իրադարձութիւններուն մասին «Ֆրիտըմ Հաուզ»-ի նոր զեկոյցին հարիւրաւոր վկայութիւնները:

««Մարդիկ սովամահ էին եւ ուշաթափ կ՛ըլլային հացի հերթերուն», կ՛ըսէ զրուցակիցներէն մէկը` նկարագրելով Ազրպէյճանի կողմէ շրջափակման ժամանակ սովի նման պայմանները: Անոնք փակած էին երթեւեկը դէպի արտաքին աշխարհ, նաեւ` սնունդի կարեւոր մատակարարումները: «Շատ դժուար էր գոյատեւելը, կը խորհէինք, որ ի վերջոյ սովէն պիտի մեռնինք»:

«Ազրպէյճանի վերջին յարձակումին եւ անոր յաջորդած գաղթին մասին վկայութիւնները ալ աւելի վատ պատկեր կը ներկայացնեն: Երեխաներով շրջապատուած էի ու կը փորձէի խուճապը կանխել,- կ՛ըսէ Սառնաղբիւր գիւղէն կին մը: – Ես անոնց ըսի, որ չվախնան, եւ առաջարկեցի աղօթել: Եւ ճիշդ այդ պահուն մեր մօտ պայթում մը լսեցինք», կ՛ըսէ ան` նկարագրելով, թէ` ինչպէ՛ս ազրպէյճանական ռմբակոծումը սպաննած է հինգ խաղաղ բնակիչներ, որոնց երեքը` երեխաներ:

7. 84-ամեայ վիրաւոր ղարաբաղցի Սաշան հասած է Հայաստան: 8. Սի. Պի. Սի.ի տեսանիւթին նկարը:

«Ուրիշներ կը մանրամասնեն, թէ ինչպէ՛ս ազերի զինուորները կը ծաղրէին եւ կը հետապնդէին զիրենք, երբեմն նոյնիսկ կը ծեծէին կամ կը գողնային իրենց ոսկեղէնը, երբ անոնք կը փախչէին դէպի Հայաստան` վտանգաւոր ուղեւորութեան ժամանակ: «Ազերիները բարձրացուցին իրենց երաժշտութիւնը եւ մեր վրայ կը պոռային, միաժամանակ մատներու շարժումներով կը վիրաւորէին մեզ` գոռալով. «Հեռացէ՛ք, հեռացէ՛ք», կը վկայէ այլ տեղացի մը:

«Աշխարհը ոչինչ ըրաւ», երբ ուժասպառ գաղթականները կը փախչէին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի բռնաճնշումներէն (8):

«Հետազօտողները կ՛ըսեն, որ այս վկայութիւններուն սաստկութիւնը` յուզիչ եւ անմարդկային, նոյնի՛սկ  փորձառու զեկոյց պատրաստողներուն ընկալումը դժուարացուց:

«Ղարաբաղցի հայերուն կողմէ սահմռկեցուցիչ վկայութիւններ կան, որոնք նոյնիսկ մեզի համար դժուար էր կարդալ,- ըսաւ «Ֆրիտըմ Հաուզ»-ի հայաստանեան ներկայացուցիչ Անդրանիկ Շիրինեանը: – Մտաւոր եւ հոգեբանօրէն այս զեկոյցին վրայ աշխատիլը դժուար եղաւ բոլոր մասնակիցներուս համար»:

«Տեղեկագիրին փաստերը` իբրեւ «Միջոցներ ձեռք առնելու կոչ»:

«Ազրպէյճանի կառավարութեան բոլոր գործողութիւններուն հանրագումարը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անոնց կողմէ ստեղծուած անբնակելի միջավայրը հիմք կը հանդիսանան «Ֆրիտըմ Հաուզ»-ի կողմէ երկրամասին մէջ ցեղային զտումներ կատարուած ըլլալու ստոյգ յայտարարութեան:

«Ցեղային զտումը» սահմանուած իրաւական եզր չէ, այլ քաղաքական եզր է, որ կը գործածուի տուեալ շրջանի մը մէջ տեղի ունեցած վայրագութիւններու ահաւորութիւնը շեշտելու համար», ըսաւ Շիրինեանը:

«Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն աւելի քան 80 տոկոսը փախաւ (9):

«Մենք վերլուծեցինք երեք ժամանակաշրջաններ` 2020-ի յետպատերազմեան շրջանը, ապա շրջափակումը եւ արտագաղթը: Այս քննութիւններուն ընթացքին հանդիպեցանք` արտադատական սպանութիւններու, խոշտանգումներու, մարդու իրաւունքներու ոտնակոխումներու եւ մարդկային իրաւանց ծանրակշիռ խախտումներու: Մենք անդրադարձանք, որ Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ միջավայր մը ստեղծած է, որ չ՛արտօներ հայկական համայնքին այնտեղ մնալ եւ արժանապատիւ կերպով ապրիլ»:

«Ֆրիտըմ Հաուզ»-ը իր գնահատականը մասամբ հիմնած է նախկին Եուկոսլաւիոյ համար Միջազգային քրէական դատարանին իրաւական եզրակացութիւններուն վրայ, որ կը դատէր 1990-ականներուն Պալքանեան կռիւներու ժամանակ կատարուած պատերազմական ոճիրները:

«Դիտէ աւելի քան 100 հազար հայերու արտագաղթը Լեռնային Ղարաբաղէն» (10): Այստեղ Սի. Պի. Սի.ի 5:25 վայրկեան տեսերիզի մը կապը դրուած է (11):

«Անոր բնակչութեան կէսէն աւելին տեղահանուած է: Շուտով Լեռնային Ղարաբաղը այլեւս գոյութիւն չ՛ունենար (12):

«Եուկոսլաւիոյ ռազմական ոճիրներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի կառավարութեան գործողութիւններուն նմանութիւնները «ցեղային զտումներ» եզրին ճշգրիտ դրսեւորումն են, կ՛ըսեն մարդու իրաւունքներու այլ մասնագէտներ:

«Ֆրիտըմ Հաուզ»-ի խոր հետաքննութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն 2023-ի սեպտեմբերի յարձակումը նման է բռնի տեղահանութեան միջազգային դատարաններուն կողմէ քննարկուած նմանատիպ ոճիրներուն», կ՛ըսէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն Սթիւ Սուերտլոն` մարդու իրաւունքներու իրաւաբան եւ միջազգային յարաբերութիւններու փրոֆեսէօր:

«Անոնք կը ներառեն նախկին Եուկոսլաւիան, ինչպէս նաեւ` աւելի նոր դէպքեր, ինչպիսիք են Միանմարի կողմէ ռոհինկաներու ցեղային զտումները: Այս զեկոյցին դատապարտող փաստերը կոչեր են միջազգային ատեաններուն` անպատժելիութեան դէմ գործողութիւններ կատարելու»:

«Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մինչեւ տեղեկագիրիս հրապարակման պահը չէր պատասխանած մեր մեկնաբանութեան խնդրանքին:

9. Բռնի տեղահանութիւն: 10. Գորիսի մէջ գաղթական ղարաբաղցիներ օժանդակութեան կը սպասեն:

«Հիմա իսկապէ՛ս վերադարձի վայր չունիմ»:

«Վայրագութեան պայմաններու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած շուրջ 2000 անդամ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը պարզապէս կանգնած էր եւ կը դիտէր, կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ: Շատ են դէպքերը, որոնք կը նկարագրեն անոնց անտարբերութիւնը եւ ազրպէյճանական բռնութեան դէմ դնելու մերժումը:

«Մենք տեսանք այնքան շատ դէպքեր, երբ ռուս զինուորները պարզապէս կանգնած էին, մինչ ազերի զինուորները կը սպառնային Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն ապրուստին,- ըսաւ Շիրինեանը: – Կարելի է վստահաբար ըսել, որ ռուս խաղաղապահները չեն կրցած, կամ չեն ուզած կատարել իրենց պարտականութիւնները»:

Շիրինեանը ըսաւ, թէ յոյս ունի, որ զեկոյցը կ՛օգնէ գոնէ երկարաժամկէտ հեռանկարով որոշ պատասխանատուութեան ենթարկելու Ազրպէյճանի կառավարութիւնը, հակառակ անոր որ Պաքուն այժմ զբաղած է տարածաշրջանին մէջ հայկական ներկայութեան բոլոր հետքերը ջնջելով (13):

«Շատ մը ղարաբաղցիներ այսպիսի յոյս կորսնցուցած են:

«Մինչեւ վերջերս փոքրիկ յոյս մը ունէի, որ հիմնուած էր հայերու Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալու միջազգային կոչերով», կ՛ըսէ, այժմ դատարկ մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն` լրագրող Լիլիթ Շահվերդեանը:

«Քանի մը օր առաջ քանդեցին մեր տունը, ինչպէս նաեւ` ամբողջ թաղամասը, ուր մեծցած եմ: Անհամար այլ բնակելի շէնքեր ամէն օր կը յափշտակեն», ըսաւ ան:

«Ես հաստատապէս կը հաւատամ, որ Ալիեւի նպատակն է ջախջախել մեր վերադարձի որեւէ յոյս… Հիմա իսկապէս վերադառնալու տեղ չունիմ»:

Դժբախտաբար Հայաստանի այս անարժան ու թշնամիներուն ծառայող վարչապետն ու վարչախումբն ալ լծուած են Ալիեւի բոլոր փափաքները իրականացնելու գործին:

Սակայն այսօր, 27 նոյեմբեր 2024-ին Լիբանանի մէջ վկայեցինք շուրջ երկու ամիս տեւած ամերիկեան օդանաւերով եւ հրթիռներով Իսրայէլի ցեղասպանական ռմբակոծումներէն ետք եւ Պէյրութ քաղաքի ու զանազան այլ շրջաններու հազարաւոր բնակարանները քանդելէ ետք հերոս լիբանանցիներուն առաւօտեան ժամը 4:00-էն սկսեալ, զինադադարը հազիւ հաստատուած, յաղթական վերադարձը իրենց փլատակ թաղերը:

Սիրելի՛ Լիլիթ, հիմա իսկապէս վերադառնալու տո՛ւնդ չունիս, սակայն վերադառնալու յոյսը երբե՛ք պէտք չէ կորսուի, վկա՛յ լիբանանցին, որ պարտութեան մատնեց «հզօր» կոչուած Իսրայէլը` Ազրպէյճանի դաշնակիցը, որ մասնակից էր Արցախի ցեղասպանութեան:

27 նոյեմբեր 2024

haroutchekijian.wordpress.com

————-

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին:

 

  1. https://www.cbc.ca/news/world/azerbaijan-ethnic-cleansing-report-1.7391467
  2. comprehensive report
  3. https://www.cbc.ca/news/politics/bloc-critic-says-the-un-has-chosen-fossil-fuel-producing-hos-1.7374818
  4. https://www.cbc.ca/news/canada/montreal/nagorno-karabakh-artsakh-cop29-armenian-montrealers-1.7383163
  5. https://www.cbc.ca/news/world/nagorno-karabakh-refugees-1.6979410
  6. https://www.crisisgroup.org/europe-central-asia/caucasus/armenian-azerbaijani-conflict-armenia/armenia-struggles-cope-exodus
  7. https://www.cbc.ca/news/world/azerbaijan-armenia-nagorno-karabakh-1.6971115
  8. https://www.cbc.ca/news/world/nagorno-karabakh-refugees-1.6979410
  9. https://www.cbc.ca/news/world/azerbaijan-nagorno-karabakh-exodus-1.6983642
  10. https://www.cbc.ca/news/world/azerbaijan-nagorno-karabakh-exodus-1.6983642
  11. https://www.youtube.com/watch?v=HoH0uRBFhZ0
  12. https://www.cbc.ca/news/world/nagorno-karabakh-evacuation-1.6980696
  13. https://acleddata.com/2024/09/20/destruction-of-armenian-heritage/
Նախորդը

Ընկերական Զրոյց. Գործի Եւ Խօսքի Խաչմերուկին

Յաջորդը

Եուրոփա Լիկ. Ամորիմ Եւ Եունայթըտ Լաւ Ելոյթ Ունեցան Եւ Յաղթանակ Մը Տօնեցին

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?