Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Նոյեմբեր 28, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

«Մենք Ենք Գիւմրին» Ձեռնարկին Հաւաքուած 20 Հազար Տոլարը Կ՛ուղղուի Երիտասարդական Ծրագիրներուն

«Մենք ենք Գիւմրին» նախաձեռնութիւնը տասը տարի շարունակ հնարաւորութիւն տուած է գիւմրեցի հարիւրաւոր երիտասարդներու` անվճար օգտուելու բազմաբնոյթ ծրագիրներէն, որոնք կը նպաստեն տարբեր ուղղութիւններով իրենց առաջընթացին: Ասիկա հնարաւոր կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու բարերարներու շնորհիւ, որոնք վերահաստատեցին ծրագիրի վերաբերեալ իրենց նուիրումը` 7 նոյեմբերին տեղի ունեցած «Մենք ենք Գիւմրին» նախաձեռնութեան ամէնամեայ ընթրիքի ժամանակ: Երեկոյի ընթացքին հանգանակուած 20 հազար ամերիկեան տոլարը հնարաւորութիւն կու տայ շարունակելու երիտասարդներու զարգացման ծրագիրները:

Օրուան հանդիսավար Նազելի Խոդաբախշ երախտագիտութիւն յայտնեց բարերար համայնքին: Ան դիտել տուաւ, որ սոյն հաւաքը հաւաքական քայլ մըն է մեր երիտասարդութեան համար աւելի լուսաւոր ապագայ ապահովելու ուղղութեամբ,  աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր նուիրատուութիւն կը խորհրդանշէ մեծ ներդրում Գիւմրիի երիտասարդ միտքերու կրթութեան եւ հզօրացման գործին մէջ:

Երեկոյի ընթացքին ներկայացուեցան կեդրոնին կողմէ առաջարկուած բազմազան ծրագիրները` ընդգծելով, որ անոնք հասանելի են իւրաքանչիւր երեխայի, յատկապէս` Արցախէն բռնի տեղահանուած պատանիներու համար, նաեւ` հոգեբանական նախաձեռնութիւններու մասին:

ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արմէն Կ. Յովհաննիսեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հիւրերուն եւ նուիրատուներուն` իրենց աջակցութեան համար, ընդգծելով «Մենք ենք Գիւմրին» ծրագրի առանցքային դերն ու ազդեցութիւնը եւ կարեւոր նկատելով անհատներու անգնահատելի ներդրումը, որոնք ստեղծած են նախադէպեր, դիմած են զոհաբերութիւններու եւ ոգեշնչած են սերունդներ` աշխատելու ընդհանուր նպատակներու ուղղութեամբ:

Ձեռնարկին գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ երաժիշտ Արա Տապանճեան իր քառեակով:

Ամերիկեան Ծովուժի Բժիշկ Ստեփան Եագուպեան Կը Մեծարուի Ճափոնի Կողմէ

Վերջերս Միացեալ Նահանգներու ծովուժի բժիշկներէն Ստեփան Եագուպեան յատուկ մեծարանքի արժանացաւ Ճափոնի զինուորական ուժերուն կողմէ:

Մեծարումը տեղի ունեցաւ Ամերիկա-Ճափոն միացեալ «Քին Սուորտ» ռազմափորձերու աւարտին, որոնք տեղի ունեցան Ճափոնի Օքինաուա քաղաքի ամերիկեան ռազմակայանին մէջ:

Կլենտէյլէն Ստեփան Եագուպեան վիրաբուժ է: Ան մաս կը կազմէ Պըրպենքի «Փրովիտընս Ս. Ժոզեֆ մետիքըլ սենթըր»-ի անձնակազմին:

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան Պարգեւատրեց Ռոստոմ Այնթապլեանը Եւ Կարպիս Պէզճեանը

Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան 31 հոկտեմբերէն 5 նոյեմբեր հովուական այցելութիւն տուաւ Սան Ֆրանսիսքօ:

31 հոկտեմբերին ան հասաւ Սան Ֆրանսիսքօ: Նոյն օրը երեկոյեան ան գլխաւորեց պաշտօնական հանդիպում եւ ընթրիք` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծուխին, հոգաբարձութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի կազմերուն հետ եւ մօտէն առնչութիւն ունեցաւ անոնց աշխատանքային առօրեային, ծրագիրներուն եւ իր հովուական այցելութեան մանրամասնութիւններուն:

1 նոյեմբերին սրբազանը դիւանագիտական հանդիպում մը ունեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի կաթողիկէ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Սալվատորէ Քորլէոնի հետ: Հանդիպումը նպաստեց փոխադարձ ծանօթացման եւ բարեմաղթութիւններու փոխանակման, նաեւ  ընդգրկեց յատկապէս քրիստոնեայ եւ մասնաւորաբար ամերիկեան աշխարհը յուզող հարցերու անդրադարձ` երկու եկեղեցիներու հիմնարար սկզբունքներու փոխադարձ ծանօթացման լոյսին տակ:  Գեղամ արք. Խաչերեան արքեպիսկոպոսին նուիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի The Armenian Church գիրքէն օրինակ մը եւ հայկական փոքր չափի խաչքար մը:

2 նոյեմբերին սրբազանը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց երեկոյեան ժամերգութիւնը, որուն ընթացքին կատարեց կիսասարկաւագաց եւ դպրաց աստիճանի տուչութիւն: Իր պատգամին մէջ առաջնորդը գնահատեց ընծայեալներուն գիտակից վերաբերումը` Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին նկատմամբ եւ յայտնեց իր շնորհաւորութիւնները:

3 նոյեմբերին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ` հանդիսապետութեամբ առաջնորդ սրբազանին, որ նաեւ  կատարեց սարկաւագաց ձեռնադրութիւն:

Իր քարոզին մէջ սրբազանը ընդարձակելով ծառայութեան խորհուրդը` բացատրեց, որ բոլոր քրիստոնեաները հրաւիրուած են ծառայելու Քրիստոսի եկեղեցւոյ, իսկ սարկաւագութիւնը,  պարտաւորութիւն ըլլալով հանդերձ, նաեւ պատիւ է, որովհետեւ Աստուծոյ եւ հոգեւոր տան ծառայութեան մէջ ըլլալը մարդ արարածին տրուած մեծագոյն պատիւը եւ շնորհն է:

Յայտնենք, որ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան խնդրանքով առաջնորդը նաեւ նախագահեց Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի հանգուցեալ բոլոր ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան պաշտօնին, որ սրբազանին տնօրինումով կատարուեցաւ նաեւ Քալիֆորնիոյ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:

Նոյն օրը, ի պատիւ առաջնորդին եւ իր նախագահութեամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-կալա` կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին:

Սրբազան հօր ուղղուած բարի գալուստի խօսքէն ետք բարի երթի մաղթանք կատարուեցաւ ընթացաւարտ հովիւ Սմբատ վրդ. Սապունճեանի, ապա Արամ Ա. կաթողիկոսի կոնդակին ընթերցումով առաջնորդը «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշան շնորհեց համայնքի կեանքին մէջ ծառայութեան վաստակ ունեցող երկու ազգայիններու` ազգային երեսփոխան եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթապլեանին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պէզճեանին:

Սրբազանը իր խօսքին մէջ հնգօրեայ իր այցելութիւնը Սան Ֆրանսիսքոյի համայնքին` որակեց «ծառայութեան համանուագ», նկատի ունենալով, որ հովուական այս այցելութեան ծրագիրը բեղուն է ազգի ու Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքի ծառայութեան նուիրուած հոգեւոր, ծխական, կրթական եւ ղեկավար անձերու ու կազմերու հետ հանդիպում-գնահատանքով: Սրբազանը նաեւ գնահատեց  Սմբատ վրդ. Սապունճեանին ծառայութիւնը եւ անոր մաղթեց բարի երթ, ապա Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան Ազգային առաջնորդարանի անունով յիշատակի նուէր մը յանձնեց հայր սուրբին:

4 նոյեմբերին առաջնորդը Սան Ֆրանսիսքօ իր հովուական այցելութիւնը եզրափակեց` այցելելով Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական ազգային վարժարան, ուր շրջեցաւ վարժարանէն ներս եւ զրոյցներ ունեցաւ աշակերտներուն հետ:

Սրբազանը Լոս Անճելըս վերադարձաւ 5 նոյեմբերին:

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Օծման 61-Ամեակին Առիթով

10 նոյեմբերին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ 61-ամեակին առիթով մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք` ձեռամբ թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:

Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ Աստուծոյ տեսութեան արժանի ըլլալու պայմանն է մաքուր սիրտ ունենալը, աւելցնելով, որ ամէնէն մաքուրները եկեղեցւոյ սուրբերն են, որոնց կեանքերը կլանուած են Աստուծոյ կամքով, որ կը սահմանուի Աստուծոյ կամքը կատարելու արարքով ու աստուածահաճոյ ապրելակերպով:

Առաջնորդ սրբազանը անդրադառնալով Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ անուանումին ու Ամենայն Սրբոց  տօնին` ըսաւ, որ տօնը Աստուծոյ կողմէ մարդկութեան ուղղուած կոչ մըն է` մաքուր սիրտ ունենալու եւ զայն անարատ պահելու համար, մինչեւ իսկ` նահատակութիւն աչք առնելու:

Քանատա

Իրաքահայերու Տոհմիկ Օր Թորոնթոյի Մէջ

Նախաձեռնութեամբ Թորոնթոի ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին, թորոնթոհայութիւնը շաբաթ եւ կիրակի 9 եւ 10 նոյեմբեր 2024-ին վայելեց ամէնամեայ 30-րդ «Տոհմիկ օր»-ը, որ այս տարի նուիրուած էր Իրաքի հայ գաղութին:

«Տոհմիկ օր»-ի կազմակերպումը գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է, որուն կը ձեռնարկէ Թորոնթոի ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը` սկսելով Տիգրանակերտէն, անցնելով Կիլիկիոյ եւ պատմական Հայաստանի քաղաքներէն, հասնելով մինչեւ Իրաք:

Շաբաթ, 9 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ խրախճանք մը, ուր Թորոնթոյէն եւ այլ քաղաքներէ, ի միջի այլոց` նաեւ Լոս Անճելըսէն, 600-է աւելի հայ որդիներ խմբուած էին Հայ կեդրոն մեծ սրահին մէջ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից: Անոնք ճաշակեցին իրաքահայերու յատուկ զանազան աղանդերներ եւ ճաշեր, որոնք յատուկ պատրաստուած էին այդ օրուան համար: Սրահի մուտքին կը հանգչէր Բաբելոնի առիւծին փայտեայ կրկնօրինակը, իսկ ներսը զարդարուած էր Բաբելոնի «Աշթար» դրան կրկնօրինակով:

Բարի գալուստի խօսքէն եւ Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներէն ետք արտասանուեցաւ բացման խօսքը, որուն հետեւեցան Քանատայի թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք.  Չարեանի եւ Իրաքի թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի արձանագրուած պատգամները:

Տոհմիկ օրերու 30-ամեակի ոգեկոչման տեսերիզը թարմացուց բոլորին անցեալի յիշատակները, եւ այս առիթով իրաքահայերու տոհմիկ օրուան ձեռնարկի գլխաւոր նուիրատուներ Արմէն եւ Պերճուհի Նալպանտեանները պարգեւատրուեցան յատուկ յուշանուէրով:

Երաժշտական տեսերիզի ցուցադրութիւնը, իրերայաջորդ մեղեդիներու շարքը եւ մեներգները յաւելեալ ուրախութեան եւ հրճուանքի մթնոլորտ ստեղծեցին սրահին մէջ.  անոնց աւարտին ներկայացուեցան արձագանգներ Իրաքի հայ գաղութէն, ապա մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը ներկաները վայելեցին երաժշտական կատարումներ` բարձր տրամադրութիւններով աւարտելով խրախճանքը:

Կիրակի, 10 նոյեմբերը նուիրուած էր մշակոյթի եւ արուեստի: Սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք հոգեհանգիստի պաշտօն կատարուեցաւ իրաքահայ ննջեցեալներու եւ զոհերու յիշատակին, եւ մատաղ հրամցուեցաւ ներկաներուն:

Ժամանակը հասած էր մշակութային երեկոյին, երբ հիւրերը ճաշակեցին «Տոհմիկ օր»-ի յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութիւնը:

Օրուան բանախօսներն էին Միացեալ Նահանգներէն հրաւիրուած երկու դասախօսներ` Համբարձում Աղպաշեան, որուն նիւթն էր` «Իրաքահայերու արդի պատմութիւնը», եւ դոկտ. Շանթ Քենտերեան, որուն նիւթն էր` «Հայու մը կեանքի ճանապարհորդութիւնը Իրաքի եւ Ամերիկայի միջեւ»:

Հ. Աղպաշեան քանի մը գիրքերու հեղինակ է, որոնցմէ վերջինը իրաքահայերու պատմութեան մասին է: Ան փաուըր փոյնթի միջոցով համառօտ կերպով անդրադարձաւ իրաքահայութեան 4000 տարուան պատմութեան, ապա շեշտեց գաղութի օրինաւոր հիմնադրութեան մասին` 1605 թուականէն ետք. յետոյ յիշեց` իրաքահայ գաղութի բազմացումը 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք, հայկական նոր թաղամասերու հիմնադրութիւնը, հայկական եկեղեցիները, վարժարանները, միութիւնները, մարզական եւ մշակութային կեանքը, եւ այլն: Անոնց հետեւեցան իրաքահայ գործատէրեր եւ արհեստաւորներ, բժիշկներ, դեղագործներ եւ ճարտարագէտներ` իրենց երկար ցանկերով, նաեւ յիշուեցան արուեստագէտներ: Ելոյթը փակուեցաւ «Lord» տոքթ. Արա  Թէրզեանը եւ գիտնական Գրիգոր Արամի Գուրզադեանը յիշելով: Ելոյթը ողջունուեցաւ յոտնկայս ծափահարութիւններով:

Դոկտ. Քենտերեան, իր կարգին, փաուըր փոյնթի միջոցով անդրադարձաւ իր կեանքի ամենադժուար տարիներուն, երբ ան 17 տարեկան հասակին Միացեալ Նահանգներէն կը վերադառնայ Իրաք` երկու շաբթուան համար, իր հօր այցելութեան նպատակով: Յանկարծ Իրաք-Իրան պատերազմը կը ծագի, անոր ճամբորդութիւնը կ՛արգիլուի, եւ ան 10 տարիներ կը մնայ Իրաք` ուսումը շարունակելով այնտեղ: Իրաք կը ներխուժէ Քուէյթ, իսկ Շանթը զինծառայութեան կը կոչուի եւ պատերազմի ընթացքին ան ռազմագերի կ՛ըլլայ ամերիկացիներու մօտ. այդ ժամանակ կը սկսին` անոր 1001 գիշերուան պատմութիւնը, մղձաւանջը, տառապանքներն ու չարչարանքները:

Սակայն ան Տիրոջ կամքով, իր հաւատքով, խառնուածքով ու զգայնութեամբ կը յաջողի գերութենէն ազատիլ, վերապրիլ եւ կեանքը շարունակել Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ան ներկայիս ԱՄՆ հաստատուած է, տիրացած է PHD վկայականի եւ գիտնական է NASA-ի մէջ:

Պատմական տարազներու ցուցադրութեամբ, երգերու ու երաժշտութեան կատարումներով, ինչպէս նաեւ փունջ մը ազգային երգերով երեկոն հասաւ իր աւարտին եւ փակուեցաւ «Պահպանիչ»-ով:

Պէտք է նշել, որ այս առթիւ հաստափոր` 452 էջով գիրք մը պատրաստուած էր իրաքահայութեան մասին, եւ անիկա բոլոր ներկաներուն նուիրուեցաւ անվճար:

Չեխիա

Տօնական Համերգ` Ղեկավարութեամբ Հայկ Ութիճեանի

Կազմակերպութեամբ  Չեխիոյ բարձրագոյն թեքնիք համալսարանին, թաւշեայ յեղափոխութեան 35-ամեակի` ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան համար պայքարի օրուան  եւ Ուսանողութեան միջազգային օրուան առիթով, 17 նոյեմբերին Փրակայի 1391 թուականին կառուցուած Բեթղեհեմեան մատուռի պատմական մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կարլի համալսարանի նուագախմբի եւ երգչախումբի  տօնական  համերգը` ղեկավարութեամբ Հայկ Ութիճեանի:

Բարի գալուստի խօսքերով ելոյթ ունեցան համալսարանի նախագահ Վոյտեխ Պետրաչեկ եւ Հլաւկովներու հիմնադրամի նախագահ փրոֆ. Վացլաւ Պավլիչեկ:

Յայտագիրի ընթացքին հնչեցին չեխ հանրայայտ երաժիշտներ Եոզեֆ Սուքի, Հանս Քրասայի եւ Պետրիխ Սմեթանայի ստեղծագործութիւնները:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ինչո՞ւ Ճափոնցի Երեխաները Աւելի Հանդարտ Են Եւ` Հաւասարակշռուած

Յաջորդը

Թուրքերը Որոշած Են Վերականգնել Մարութավանքը

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?