ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը եւ ռազմական միջամտութիւնը Սուրիոյ տարածքին վերջին տասնամեակին դարձած են առանցքային գործօններ, որոնք ուղղակի ազդեցութիւն կը գործեն տարածաշրջանային հաւասարակշռութեան վրայ: Սոյն յօդուածին մէջ պիտի քննարկուին Թուրքիոյ աճող ազդեցութեան պատճառները, քրտական հարցին շուրջ քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր նոր-օսմանեան գաղափարախօսութեան դերը եւ տարածքային նկրտումները` մասնաւորաբար Սուրիոյ տարածքին:
Թուրքիան եւ Սուրիոյ խորացող ճգնաժամը
2011-ին Սուրիոյ մէջ սկսած քաղաքացիական պատերազմը Անգարային առիթ տուաւ ընդարձակելու իր ազդեցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ: Թուրքիան մեծապէս օգտուեցաւ Սուրիոյ անկայուն վիճակէն` նպատակ ունենալով պաշտպանել իր ազգային շահերը, ինչպէս, օրինակ, սահմանային ապահովութիւնը, ներքին կայունութիւնը եւ ռազմավարական դիրքերու ամրապնդումը:
Ռազմական իմաստով Թուրքիան Սուրիոյ հիւսիսը իրականացուցած է շարք մը ռազմական գործողութիւններ, որոնք կը ներառեն «Ձիթենիի ճիւղ» (Աֆրին, 2018) եւ «Խաղաղութեան ակունք» (Թել Ապիատ եւ Ռաս Ուլ Այն շրջաններ, 2019) արշաւները: Անոնց հիմնական նպատակն էր չէզոքացնել քրտական ուժերը, մասնաւորաբար` Սուրիոյ ժողովրդային պաշտպանութեան ջոկատներու (YPG) ազդեցութիւնը:
Թուրքիան կը ձգտի Սուրիոյ հիւսիսը ստեղծել ապահովութեան գօտիներ, ուր կարելի պիտի ըլլայ վերաբնակեցնել Թուրքիոյ մէջ գտնուող 4 միլիոնէ աւելի սուրիացի գաղթականներուն մէկ մասը: Այս քաղաքականութիւնը նպատակ ունի մեղմացնել ներքին ընկերային եւ տնտեսական ճնշումները, որոնք պայմանաւորուած են գաղթականներու ներկայութեամբ:
Դիւանագիտական մակարդակի վրայ Թուրքիան աշխուժ մասնակցութիւն ունի Սուրիոյ տագնապին լուծման գործընթացներուն մէջ, մասնաւորաբար Աստանայի բանակցութիւններուն` համագործակցելով Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ: Սակայն այս դաշինքը յաճախ կը հակասէ կողմերու շահերուն` ստեղծելով բարդութիւններ, որոնք կ՛ազդեն տարածաշրջանին վրայ:
Քրտական հարցը եւ Թուրքիոյ ապահովական ռազմավարութիւնը
Քրտական ինքնավարութեան հարցը Թուրքիոյ տարածաշրջանային քաղաքականութեան հիմնական բաղադրիչներէն մէկն է: Ժողովրդային պաշտպանութեան ջոկատները (YPG), որոնք Սուրիոյ քրտաբնակ շրջաններու հիմնական ռազմական ուժն են, Անգարայի կողմէ կը նկատուին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) շարունակութիւն: Թուրքիան մտահոգ է, որ Սուրիոյ հիւսիսը քրտական ինքնավարութեան հաստատումը քաջալերէ անջատողական տրամադրութիւններ Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ: Այս մտահոգութիւնը ի յայտ եկած է ռազմավարական եւ ապահովական բազմաթիւ պատճառներով, որոնցմէ հիմնականն է այն, որ Թուրքիան պայքար կը մղէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ տասնամեակներ շարունակ` հետեւելով զինեալ ահաբեկչական գործողութիւններու: Թուրքիան քրտական հարցը կը համարէ իր ներքին անվտանգութեան սպառնալիք եւ կը հետապնդէ տարբեր ռազմավարութիւններ` այդ սպառնալիքը չէզոքացնելու համար:
Այս ծիրին մէջ Թուրքիան իր ռազմական գործողութիւնները կը հիմնաւորէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջանակին մէջ, սակայն այդ մօտեցումը միջազգային աջակցութեան բացակայութեան կը հանդիպի, յատկապէս` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կողմէ, որոնք քրտական ուժերը կը դիտեն որպէս ռազմավարական դաշնակից «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին մէջ: Այս հակասութիւնը ի յայտ կու գայ այն փաստէն, որ Թուրքիան Ժողովրդային պաշտպանութեան ջոկատներուն դերը չի դիտեր իբրեւ ազատագրական շարժում, այլ զայն կը նկատէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան աջակից ուժ, հետեւաբար այս հարցը դարձեալ վերածուեցաւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան բարդ խնդիրի:
Այսօր քրտական հարցը չի սահմանափակուիր միայն Սուրիայով: Անիկա կը ծաւալի Իրաքի եւ Իրանի մէջ, ուր քրտաբնակ տարածքները նաեւ կը հանդիսանան շարունակական քաղաքական եւ ապահովական մարտահրաւէրներ: Իրաքի հիւսիսը, ուր քրտական ինքնավարութիւնը գոյութիւն ունի, Թուրքիան յաճախակի գործողութիւններ կը կատարէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալները թիրախաւորելու համար, իսկ Իրանի հետ սահմանին քրտական շարժումներն ու խումբերը տակաւին առկայ են պարբերաբար` կապուած համատեղ ահաբեկչական եւ զինուած գործողութիւններուն հետ:
Այս ծիրին մէջ քրտական հարցը կը հանդիսանայ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն մասերէն մէկը, որ կապ ունի ներքին անվտանգութեան մարտահրաւէրներու հետ, եւ ունի անմիջական ազդեցութիւն Թուրքիոյ ռազմավարական կապերու վրայ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի հետ:
Նոր-օսմանական գաղափարախօսութիւնը եւ Սուրիոյ յատուկ դերը
Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական բնորոշիչներէն մէկն է նոր օսմանական գաղափարախօսութիւնը, որ ուղղուած է Միջին Արեւելքի մէջ իր պատմական ազդեցութեան վերականգնման:
1.- Նոր-օսմանական մօտեցում: Թուրքիոյ իշխանութիւնները, մասնաւորաբար` նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, յաճախ կը վերհանեն Օսմանեան կայսրութեան փառքը: Այս գաղափարախօսութիւնը կը ներառէ ոչ միայն ռազմական, այլ նաեւ մշակութային եւ կրօնական ազդեցութեան տարածում:
2.- Սուրիոյ հիւսիսային տարածքներու վերահսկում: Թուրքիան Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները կը նկատէ որպէս իր պատմական ազդեցութեան գօտի` հիմնաւորելով այս նկրտումները Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանի քաղաքական քարտէսով:
3.- Փափուկ ուժի (Soft Power) գործածութիւն: Թուրքիան աշխուժ կերպով կը կիրառէ կրօնական եւ մարդասիրական գործիքներ` տարածաշրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը ամրապնդելու նպատակով: Ասոնք կը ներառեն` կրթական ծրագիրներ, մզկիթներու կառուցում եւ մարդասիրական օգնութիւն տեղացիներուն:
4.- Միջազգային հակազդեցութիւններ: Թուրքիոյ նոր-օսմանական քաղաքականութիւնը կը հանդիպի թէ՛ տարածաշրջանային, թէ՛ միջազգային ուժերու հակազդեցութեան: Ռուսիա, Իրան, արաբական պետութիւններ եւ Ամերիկա` բոլորը կը քննադատեն Անգարայի քայլերը` զանոնք համարելով ապակայունացնող գործօն:
Տարածաշրջանային հետեւանքներ
Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը ունի շարք մը տարածաշրջանային հետեւանքներ.
1.- Ռուսիա-Թուրքիա մրցակցութիւն: Հակառակ Աստանայի գործընթացին մէջ համագործակցութեան, բայց եւ այնպէս, Ռուսիան եւ Թուրքիան տարբեր շահեր կը հետապնդեն Սուրիոյ հարցին մէջ: Մասնաւորաբար երբ Մոսկուան կը պաշտպանէր Ասատի վարչակարգը, որ կը հակասէր Անգարայի նպատակներուն:
2.- Իրանի վերաբերմունք: Իրան, որ Ասատի վարչակարգի հիմնական դաշնակիցն էր, Թուրքիան կը նկատէր տարածաշրջանային մրցակից, ինչ որ կը սրէր անոնց յարաբերութիւնները:
3.- Միջազգային դիւանագիտութիւն: Թուրքիան իր դիրքորոշումը Սուրիոյ հարցին մէջ կը գործածէ որպէս լծակ` Եւրոպական Միութեան, ՕԹԱՆ-ի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու մէջ: Ասիկա յատկապէս կը դրսեւորուի փախստականներու հարցին մէջ, ուր Թուրքիան ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս Եւրոպայի անվտանգութեան հիմնական երաշխաւոր:
Եզրակացութիւն
Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը եւ ռազմական գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ կ՛արտացոլացնեն անոր ձգտումը` դառնալու տարածաշրջանային գերիշխող ուժ: Քրտական հարցը եւ նոր-օսմանական գաղափարախօսութիւնը կը խորացնեն հակամարտութիւնները թէ՛ տարածաշրջանային, թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ: Սակայն Անգարայի գործողութիւնները կը բախին ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու, որոնք երկարաժամկէտ ազդեցութիւն պիտի ունենան Միջին Արեւելքի քաղաքական եւ ռազմավարական քարտէսին վրայ: