Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեանը Կը Մերժէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Իր Յանցագործութիւնը

February 8, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ցիւրիխի մէջ խումբ մը զուիցերիահայերու հետ հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Հայոց ցեղասպանութեան փաստերուն մասին անտեղի հարցումներ բարձրացնելու խայտառակ փորձէն ի վեր ան եւ անոր կոյր հետեւորդները կը փորձեն արդարացնել անոր ամօթալի յայտարարութիւնները:

Փաշինեան զուիցերիահայ խումբին դիմաց ամենայն անտարբերութեամբ ըսաւ. «Մենք Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեանն էլ պէտք է վերադառնանք: Պէտք է հասկանանք` լա՛ւ, ի՞նչ է տեղի ունեցել եւ ինչո՞ւ է տեղի ունեցել»: Ցնցիչ է, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 110 տարի ետք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը կը ձեւացնէ, թէ չի գիտեր` «Ի՞նչ է տեղի ունեցել եւ ինչո՞ւ»: Չեմ կարծեր, թէ պատճառը անոր գիտելիքներու պակասն է: Ան շատ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ կ՛ըսէ եւ ինչո՛ւ:

Ան շարունակեց` աւելի շինծու հարցումներ ուղղելով. «Ինչպէ՞ս ենք մենք դա ընկալել, ո՞ւմ միջոցով ենք ընկալել, ո՞նց է, որ 1939 թուին Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգ չի եղել, եւ ո՞նց է, որ 1950-ին Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգ յայտնուել է»: Փաշինեանին պէտք է ըսել, որ 1950-էն եւ 1939-էն շատ առաջ, տակաւին 1921-ին Ամենայն Հայոց Գէորգ Է. Սուրէնեանց կաթողիկոս ապրիլ 24-ը սահմանեց իբրեւ «Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակի օր»:

Փաշինեան անցեալին եւս նման կասկածելի յայտարարութիւններ կատարած է: Հանրութիւնը շփոթի մատնելու համար ան պարբերաբար կը հերքէ իր նախորդ յայտարարութիւնները եւ կը պնդէ, որ զինք սխալ հասկցած են: Քանի մը բան հաստատ է. ազրպէյճանցիներն ու թուրքերը ցնծութեան մէջ են, որ Հայաստանի վարչապետը համաձայն է անոնց` «Ցեղասպանութիւնը կասկածի տակ դնելու մէջ»:

Փաշինեանը արդարօրէն դատապարտեցին ամբողջ աշխարհի նշանաւոր հայերն ու կազմակերպութիւնները: Ան խիստ քննադատութեան ենթարկուեցաւ` Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն, տարբեր պատմաբաններու եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցերով մասնագէտներու, Լեմքինի հիմնարկին եւ Զուիցերիոյ, Պելճիքայի ու Հայաստանի հայկական կազմակերպութիւններուն կողմէ:

Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Փաշինեան անարգած է հայ ժողովուրդին բոլոր սրբազան խորհրդանիշները` Արարատէն մինչեւ Հայաստանի զինանշանը, եւ` բազմիցս պնդած, որ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը դրսեւորուած է արտաքին ուժերու կողմէ` նկատի ունենալով Խորհրդային Միութիւնը, ան ընդհուպ մօտեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան փաստերու ժխտման, որ Հայաստանի մէջ կը նկատուի յանցագործութիւն, եւ որուն համար կը տրուի 2-5 տարուան բանտարկութեան պատիժ:

Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ ինչո՛ւ Հայոց ցեղասպանութիւնը 1939 թուականին օրակարգի վրայ չէ եղած, եւ որ` անիկա օրակարգի վրայ յայտնուած է միայն 1950 թուականին, շատ պարզ բացատրութիւն ունի: Դաւադրական տեսութիւններու կարիք չկայ: Տապալումէն ետք Ստալինի բռնատիրական վարչակարգին, որ կը պատժէր ազգայնականութեան դրսեւորումները` բանտարկութեամբ, աքսորով եւ նոյնիսկ մահապատիժով, ճնշիչ միջավայրը սկսաւ աստիճանաբար մեղմանալ, ինչ որ կարելիութիւն ընծայեց Խորհրդային Հայաստանի մէջ Սարդարապատի եւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրները կառուցելու:

Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս` 1939 թուականէն առաջ, այնպէս ալ 1950-էն ետք սփիւռքահայերը ոգեկոչած են Հայոց ցեղասպանութիւնը` Թուրքիայէն պահանջելով ճանչնալ զայն եւ վերադարձնել բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանը: 1940-ականներու աւարտին ՄԱԿ-ին եւ գերտէրութիւններուն ներկայացուեցան յուշագիրներ եւ միջնորդութիւններ: Տասնեակ հազարաւոր հայեր բողոքի ցոյցեր կատարեցին Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ  Ամերիկայի տարբեր քաղաքներուն մէջ` պահանջելով իրենց պատմական իրաւունքները:

2009 թուականի օգոստոս 20-ին Փաշինեան յօդուած մը գրած է «Բանտային օրագիրը. ցեղասպանութեան մեխանիկա» վերնագիրով եւ նախորդ շաբաթ ալ զայն կրկին հրապարակեց Դիմատետրի իր էջին վրայ. «Հայ աւանդական մտածողութիւնը «ցեղասպանութիւն» հասկացութիւնը նոյնացնում է «թուրքի», այսինքն` թշնամու, արտաքին աշխարհի թշնամական գործողութիւնների հետ: Նոր հայաստանեան մտածողութիւնը երեւոյթը փորձում է ընկալել ինքնահայեցման միջոցով, փորձում է ընկալել երեւոյթի ներքին պատճառները, որ թաքնուած են ցեղասպանուած ժողովրդի, այսինքն` մեր իսկ մտածողութեան հիմքում»: Շատ տարօրինակ է, որ Փաշինեան Ցեղասպանութեան մեղքը կը բեռցնէ զոհերուն վրայ:

Կ՛ուզեմ Փաշինեանին ուշադրութիւնը հրաւիրել երկու առանցքային փաստաթուղթերու վրայ.

1) Հայաստանի Խորհրդային Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդին կողմէ 22 նոյեմբեր 1988-ին որդեգրուած օրէնքը. մենք` «Դատապարտում ենք 1915 թուականին օսմանեան Թուրքիայում հայերի ցեղասպանութիւնը որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութիւն, եւ ապրիլի 24-ը յայտարարում հայերի ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակի օր»:

2) Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 136-րդ յօդուածը. «Ցեղասպանութիւնը կամ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները հրապարակայնօրէն հերքելը, արդարացնելը, դրանք քարոզելը կամ դրանց վտանգաւորութիւնը նսեմացնելը.

«ա/ Ցեղասպանութիւնը կամ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները հրապարակայնօրէն հերքելը, արդարացնելը, դրանք քարոզելը կամ դրանց վտանգաւորութիւնը նսեմացնելը, եթէ դա կատարուել է ռասայական (ցեղապաշտական) պատկանելիութեան, մաշկի գոյնի, ազգային կամ էթնիկ (ցեղային) ծագման կամ կրօնական պատկանելիութեան հիման վրայ` անձի կամ անձանց խմբի նկատմամբ ատելութիւն, խտրականութիւն կամ բռնութիւն հրահրելու նպատակով` պատժւում է տուգանքով` քսանապատիկից քառասնապատիկի չափով, կամ հանրային աշխատանքներով` հարիւր յիսունից երկու հարիւր յիսուն ժամ տեւողութեամբ, կամ ազատութեան սահմանափակմամբ` առաւելագոյնը երեք տարի ժամկէտով, կամ կարճաժամկէտ ազատազրկմամբ` մէկից երկու ամիս ժամկէտով, կամ ազատազրկմամբ` առաւելագոյնը չորս տարի ժամկէտով:

 

բ/ Սոյն յօդուածի «ա» մասով նախատեսուած արարքը, որը կատարուել է`

«- Հրապարակայնօրէն ցուցադրուող ստեղծագործութիւններով, զանգուածային լրատուութեան միջոցներով կամ տեղեկատուական կամ հաղորդակցական տեխնոլոգիաներն (արհեստագիտութիւնը) օգտագործելով

«- Իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ դրանցով պայմանաւորուած ազդեցութիւնն օգտագործելով` պատժւում է ազատազրկմամբ` երկուսից հինգ տարի ժամկէտով»:

Ցաւօք, Փաշինեանի յայտարարութիւնները նոյնանման են Թուրքիոյ կառավարութեան ժխտողական ռազմավարութեան: Թուրքերը համանման հարցեր կը բարձրացնեն կասկածի տակ դնելու համար Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը:

Քանի որ Հայաստանի դատական համակարգը ներկայիս կը գտնուի Փաշինեանի վերահսկողութեան տակ, ոչ մէկ դատաւոր կը համարձակի զայն մեղաւոր նկատել: Բայց երբ ան այլեւս իշխանութեան ղեկին չըլլայ, անկախ դատաւորը զայն պիտի պատժէ Ցեղասպանութեան ժխտման վերաբերող օրէնքը խախտելուն համար:

 

 

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Սիմոն Զաւարեանի «Անտիպ Նամակներ»-ու Կտակով…*

Յաջորդը

Թուրքիոյ Աճող Ազդեցութիւնը Սուրիոյ Մէջ Եւ Տարածաշրջանային Հետեւանքները

RelatedPosts

Սուրիա` Նոր Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Իրան` Կործանման Եզրի՞ն

January 20, 2026
Ա՛յս Է Միակ Լուծումը
Անդրադարձ

Ա՛յս Է Միակ Լուծումը

January 20, 2026
Պաշտօնական Կողոպուտը Որքա՞ն Կրնայ Շարունակուիլ
Անդրադարձ

Պաշտօնական Կողոպուտը Որքա՞ն Կրնայ Շարունակուիլ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.